ԵՐԵՒԱՆ-ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՆՈ՞Ր ԷՋ ԿԱՄ ՇԱՀԵՐՈՒ ԴԻՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Նոր տարին նոր անակնկալներ բերաւ Հայաստանին։ Խօսքը կը վերաբերի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ ստորագրուած ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագրին, որուն համար Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այցելեց Ուաշինկթըն։ Ան եւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն ստորագրեցին համաձայնագիրը։ Նախքան Հայաստանի կողմէ այս ուղղութեամբ ակնկալիքներուն մասին խօսելը, հարկ է նշել, որ մի քանի առումով ԱՄՆ-ի այժմու վարչախումբին առած այս քայլը ունի բազմապիսի դրդապատճառներ, որոնց մեծ տոկոսը կապուած է ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան ու անոր կարեւորագոյն հանգոյցներուն եւ օղակներուն հետ։ ԱՄՆ, որուն այժմու վարչախումբը օրեր անց պիտի լքէ Սպիտակ տունը, էական խնդիր դրած է իր առջեւ։ Առաջինը Մերձաւոր Արեւելքի կարեւոր կրակի օճախներու հանգեցումն է, ինչ որ գէշ-աղէկ տեղի ունեցաւ ու անկէ ետք «ճուտերը գարնան կը հաշուեն» առակ-խօսքին վերագործակումը։
Երբ կը խօսինք կամ կ՚ակնարկենք ԱՄՆ-ի դաշնակիցներուն կամ դաշնակիցի թեկնածուներու մասին, ապա մեր դիմաց կը պարզուի բաւականին մեծ, աղօտ համայնապատկեր մը։ Իսրայէլէն, Անգլիայէն, Ֆրանսայէն բացի, յստակ է, որ ԱՄՆ-ի դաշնակիցներու ցուցակը միշտ ալ կ՚ենթարկուի յարացոյց ձեւափոխումներու, յաւելումներու, նուազումի, հանումի կամ աւելացումի։ Իրենք են տէրութիւնները, որոնք յաճախ կը հեռանան մշտականութեան մը ճանապարհը կըտ-րած դաշինքներէն, ինչպէս տեղի ունեցաւ Վրաստանի պարագային։ Նոյնը չենք կրնար ըսել Թուրքիոյ պարագային, որ հակառակ ամէն տեսակ ցնցումի՝ կամեցաւ եւ կարողացաւ պահել իր յարաբերութեան բարձր մակարդակը, նախագահ Պայտընի վարչախումբի ժխտական մօտեցումներով հանդերձ։ Այս մեծ պատկերին վրայ յստակ է, որ ԱՄՆ արտաքին յարաբերութիւններու մեծ ուռկանը կը նետէ՝ մասնաւորապէս հաշուի առնելով տուեալ երկրի կամ երկիրներու յարաբերութիւնները առաջին հերթին Ռուսաստանի հետ։ Տեսանք Վրաստանի պարագան, դիտարկեցինք Թուրքիոյ պարագան եւ հիմա մեր դիմացն է Հայաստանի պարագան։ Ու եթէ տեղ մը այս բոլորը իրար կապենք, ագուցենք, ապա պիտի հասկնանք, որ ամերիկացիներուն համար ամենաէականը թարմ միաւորներ խլելն է այն գօտիներուն մէջ, ուր խարխլած է Արեւելքի, բայց մանաւանդ՝ Ռուսաստանի դերն ու ներկայութիւնը։ Հետեւաբար, այս պարագային անմիջական թիրախ կը դառնայ Հարաւային Կովկասը, ուր տեղի կ՚ունենան բաւական արագ եւ մեծ կտրուածքներով իրադարձութիւններ։ Հայաստանի իշխանափոխութիւնը, ապա ժողովրդավարական կարգերու հաստատումը, վարչապետ Փաշինեանի կառավարութեան դէպի Արեւմուտք թեքելու որոշումն ու նշանները այդ առումով, յետոյ Արցախի պատերազմն ու հայաթափումը, այս բոլորէն ետք ալ Ռուսաստանի ներկայութեան տկարացումը, ինչ որ դեռ կը շարունակուի։
Ուրեմն, կը խօսինք զիրար լրացնող երկու ուղղութիւններու մասին։ Մէկ կողմէ Հայաստան (գոնէ առ երեւոյթ) կը փոխէ իր ուղղութիւնը եւ կը փորձէ թեքիլ դէպի հաւաքական Արեւմուտք, իսկ միւս կողմէ Ռուսաստան ինչ-ինչ պատճառներով կը հեռանայ Հարաւային Կովկասէն։ Ու այս բոլորէն բացի Վրաստանի բաւական տրամաթիք դէպքերը, որոնք ԱՄՆ-ի համար եղան խթան՝ աւելիով ամրացնելու իր դիրքերը Կովկասի մէջ։ ԱՄՆ-էն Հայաստանի սպասումները, բնականաբար, պէտք չէ պարփակուին միայն վերջերս կնքուած համաձայնագրի տողերուն կամ էջերուն մէջ, այլ դուրս պէտք է գան հոնկէ ու վերածուին իրական գործերու։ Յստակ է, անշուշտ, որ Հայաստանի ԱՄՆ-էն առաջին եւ հիմնական ակնկալիքն է անվտանգային համակարգի, ապահովութեան ու Հայաստանի սահմաններու պահպանման խնդիրը, որ ներկայ պահու դրութեամբ յառաջ կը տարուի՝ բացառապէս հայկական ուժերու ներկայութեամբ։ Հոն եւս կան կարեւոր հարցադրումներ այն մասին, թէ արդեօք ռուսները ամբողջապէս հեռացա՞ծ են Հայաստանի սահմանային շրջաններէն կամ ոչ։ Ասոր կողքին կը ծագի մեծ հարցումը, որ կը վերաբերի ամերիկացիներուն ու, անշուշտ, կը խօսի այն մասին, թէ ԱՄՆ ինչքանո՞վ պատրաստ է մասնակցիլ Հայաստանի պաշտպանութեան գործին եւ արդեօք այդ պաշտպանութիւնը միայն քաղաքակա՞ն ազդակներու միջոցաւ պիտի ըլլայ, կամ ԱՄՆ պիտի ունենայ իր մշտական ներկայութիւնը (ռազմական խարիսխով) Հայաստանի մէջ։
Այն ինչ, որ տեղի ունեցաւ վերջին ամիսներուն՝ ցոյց կու տայ, որ Հարաւային Կովկասը բոլոր առումներով կարեւոր եւ կենսական նշանակութիւն մը ունի Հայաստանի համար։ Իսկ օրեր առաջ կնքուած համաձայնութիւնը, անշուշտ, կը փաստէ, որ Պայտընի վարչախումբին օրով ԱՄՆ-ի կողմէ առնուած որոշումները, մշակուած ծրագիրները պիտի շարունակուին նաեւ վերընտրեալ նախագահ Թրամփի իշխանութեան օրերուն։ Ճիշդ է, որ Հայաստանի պարագային իրավիճակը բաւական նուրբ է եւ սա կը վերաբերի քանի մը հիմնարար գործօններու, բայց եւ այնպէս, շատ դանդաղ քայլերով պայմանաւորուած այս յարաբերութիւնը պիտի շարունակուի եւ դեռ ալ աճի։ Կայ ԱՄՆ-Ռուսաստան օրակարգը եւ հոնկէ բխած նոր իրավիճակ մը, կայ Թուրքիոյ եւ Ատրրպէճանի նկատմամբ նոր վարչակազմի համակրանքը, կայ Ռուսաստան-Թուրքիա-ԱՄՆ նոր դերաբաշխումի եւ նոր յարաբերութեան կարեւոր էջը։ Բայց, այս բոլորը մեծ հաշուով պիտի չըլլան ի հեճուկս Հայաստանին։ Նախագահ Թրամփ, եթէ նոյնիսկ ունի շեշտուած նախասիրութիւններ, սակայն իր սեղանին վրայ կամ մտքին մէջ չէ դրած փոքրիկ Հայաստանը պատժելու կամ անկէ վրէժ լուծելու խնդիր մը։
Այս բոլորէն անդին շատ կարեւոր է, նաեւ որ Իրանի հետ այսքան մեծ լարուածութեան ֆոնին՝ ԱՄՆ իսկապէս ոտք մը ունենայ կամ ոտաչափ հողի կտոր մը Հարաւային Կովկասի մէջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան