ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Մարդ պէ՞տք է ինքզինք գովէ:

Պատասխան. Առակացի մէջ կը կարդանք. «Քեզ ուրիշը թող գովէ եւ ոչ թէ՝ քու բերանդ, օտարը՝ ո՛չ թէ քու շրթունքներդ» (Առ 27.2):

Այնքան պարզ ու յստակ է Առակացի իմաստուն հեղինակին խրատ-թելադրութիւնը, թէ մարդուն բերանն ու շրթունքները չե՛ն, որ պէտք է զինք գովեն, այլ՝ ուրիշները:

Այսօրուան պատկերը, սակայն, ամբողջութեամբ հակառակն է: Այսօրուան մարդը ինքնագովութեան մոլուցքէն տարուած, նոյնիսկ կը խօսի ու ինքզինք կը գովէ ա՛յն բաներուն համար, որ չէ՛ իսկ գործած:

Յաճախ կը հանդիպինք մարդոց, որոնք առաջին իսկ վայրկեանէն կը սկսին խօսիլ իր գործած «սխրանք»ներու մասին՝ ներկայացնելով, թէ ի՜նչ դժուարութիւններէ եւ նեղութիւններէ անցած են, բայց շնորհիւ իրենց դրսեւորած կամքին եւ յամառութեան, յաջողած են յաղթահարել բոլոր արգելքները եւ այս, այս, այս բաները ըրած են…: Վստահաբար շատեր հանդիպած են նմանատիպ մարդոց եւ պարտաւորուած կերպով լսած են անոնց գործած «քաջագործութիւն»ներու մասին: 

Բնականաբար նման մարդիկ եւ իրենց խօսակցութիւնը արգահատանք կը պատճառեն զիրենք լսողներուն, որովհետեւ ինչպէս առակագիրն ալ կը թելադրէ, մարդ պէտք չէ՛ իր ըրածներուն մասին խօսի, այլ ձգէ, որ ուրիշները տեսնելով իր գործածը՝ գնահատեն եւ գովեն զինք:

Հեռու պէտք է մնալ ինքնագովութենէ, որովհետեւ ինքնագովութիւնը հպարտութեան ծնունդն է, իսկ հպարտութիւնը մահացու մեղքերուն պարագլուխն է, որմէ կը սկսին ամէն տեսակի մահացու մեղքերը: 

Ինքնագովութեան եւ հպարտութեան մասին Սուրբ Օգոստինոսը այսպէս կը գրէ. «Եթէ գոռոզ կը թուիմ քեզի, ատիկա այն պատճառով է, որ ինքզինքիս մասին կը վկայեմ: Արդարեւ, իւրաքանչիւր մարդ որ ինքն իրեն համար կը վկայէ, գոռոզ եւ հպարտ կ՚երեւայ մարդոց աչքին: Ատոր համար գրուած է. “Մտերիմիդ բերանը թող գովէ քեզ, ո՛չ թէ քու բերանդ”»: Նոյն բանին վերաբերեալ, Սուրբ Կիւրեղ Մեծը կը գրէ. «Ոչ ոք թող ինքզինք գովաբանէ, որովհետեւ այն մարդը, որ ինքզինք կը գովաբանէ, իրաւամաբ ծաղրի առարկայ կը դառնայ, քանի որ գրուած է. “Ձգէ որ մտերիմդ գովէ քեզ, ո՛չ թէ քու բերանդ, օտարը՝ եւ ո՛չ թէ շրթունքներդ”: Բայց, հակառակ անոր որ կեղծաւորները կրնան ծածուկ մնալ եւ մարդոցմէ պատիւ կը ստանան, սակայն կ՚ըսէ. “Աստուած գիտէ՛ ձեր սիրտերը”: Դատաւորին կարելի չէ՛ խաբել. Ան մեր միտքերուն խորքը կը տեսնէ եւ գիտէ, թէ ո՛վ է իրաւ պայքարողը եւ թէ ո՛վ է, որ խաբեբայութեամբ այն արժանապատուութիւնը կը գողնայ, որ ուրիշ մը իրաւամբ արժանի է ատոր»: Իսկ Սուրբ Եփրեմ Ասորին կը գրէ. «Մեր հոգիները սուրբ հարսեր են այն Փեսային՝ որ չի՛ մեռնիր, իսկ հարսանքիը՝ աստուածային խորհուրդներն են…: Դուն քեզ լսէ, սենեակդ անբիծ պահէ եւ կարօտ զգայ ընդունելու Երկնաւոր Փեսան, Քրիստոս Թագաւորը, որպէսզի Իր գալստեան օրը Իր Հօր հետ միասին քու ներսիդին տուն շինէ, որ քեզի համար փառաւոր գովասանք մը կ՚ըլլայ սուրբ հրեշտակներուն եւ հրեշտակապետներուն դիմաց, ինչպէս նաեւ մե՜ծ ուրախութեամբ դրախտ կը մտնես»:

Ա՛յս է ուղիղ ճամբան ճշմարիտ գովութիւն ստանալու, ինքզինք ուրանալ, պարզ եւ խոնարհ ըլլալ եւ թոյլ տալ ո՛չ միայն մեր մտերիմները եւ ուրիշները մեզ գովեն, այլ անոնց առաջ եւ աւելի կարեւոր, Տէր Յիսուս Ի՛նք գովէ մեզ, արժանի ընելով յաւիտենական հանգիստին:

Ինքնագովութիւնը, արդարեւ, մեզ կը տգեղցնէ, իսկ խոնարհութիւնը՝ կը գեղեցկացնէ:

Ինքնագովութիւնը՝ կը մերկացնէ մեզ, իսկ խոնարհութիւնը՝ երկնային անանց զարդերով կը զարդարէ:

Ինքնագովութիւնը՝ կը խամրեցնէ մեր մէջ աստուածային պատկերն ու նմանութիւնը, իսկ խոնարհութիւնը՝ մեր դէքմը արեգակի նման կը պայծառացնէ, մեր մէջ ցոլացնելով աստուածային պատկերն ու նմանութիւնը:

Ինքնագովութիւնը՝ սատանայի հետեւորդ եւ անոր ժառանագակից կը դարձնէ մեզ, իսկ խոնարհութիւնը՝ Աստուծոյ զաւակներ եւ Քրիստոսի ժառանգակիցներ:

Ինքնագովութիւնը ձեւով մը կը նմանի բարեգործութեան: Այսինքն, ինչպէս որ մարդիկ փառք փնտռելու մարմաջէ տարուած բարեգործութիւն կը կատարեն փողեր ու շեփորներ հնչեցնելով, ճիշդ նոյն կերպով, երբ մարդ ինքն իր գործերուն մասին խօսի եւ ինքնագովութեամբ զբաղի, իր խօսքը կը վերածուի այդ փողերու եւ շեփորներու ձայներուն, որոնք ականջ կը ծաղկեն եւ մարդոց տհաճութիւն կը պատճառեն:

Հեռու մնալ է պէտք ինքնագովութենէ եւ լռութեամբ կատարել մեզի բաժին հասած աշխատանքը, այն գիտակցութեամբ, թէ՝ «անպիտան ծառաներ ենք, ինչ որ պարտաւոր էինք ընել՝ կատարեցինք» (Ղկ 17.10):

Հ. Ինչպէ՞ս պէտք է հասկնալ առակացի հետեւեալ համարը. «Յայտնի յանդիմանութիւնը ծածուկ սէրէն աղէկ է» (Առ 27.5):

Պ. Յայտնի յանդիմանութիւն ըսելով, պէտք է հասկնալ մեղքերու պատճառով կատարուած յանդիմանութիւնը, կամ սխալ արարքները, կամ սխալ ուղղութիւնը ուղղելու համար կատարուած յանդիմանութիւնը կամ քննադատութիւնը, որ մեր սիրելիին կամ մտերիմին հանդէպ բարեացակամ ըլլալու մտավախութենէն մղուած շատ աւելին կ՚արժէ, որովհետեւ այդ յայտնի յանդիմանութիւնը օգո՛ւտ կու տայ մեր սիրելիին ու մտերիմին, մինչ ծածուկ սէրը, մի միայն վնաս կը պատճառէ:

Յաճախ կը հանդիպինք մարդոց, թերեւս մեզմէ շատերուն հետ ալ պատահած ըլլայ, որ գիտնալով մեր կողքինին սխալը, լուռ կը մնանք, մտածելով, որ մեր սէրը աւելի մեծ է քան անոր գործած սխալը: Այդ ճիշդ է, երբ մարդ-մարդ փոխայարաբերութեան մէջ ինչ որ սխալ կամ թիւրիմացութիւն պատահած ըլլայ, սէրը այդտեղ հաստատ կերպով աւելին կ՚արժէ քան յանդիմանութիւնը: 

Այստեղ, սակայն, հարցը ո՛չ միայն մարդ-մարդ յարաբերութեան կը վերաբերի, այլ մարդ-Աստուած յարաբերութեան: Այսինքն, երբ մեր մտերիմին գործած սխալը իր հոգիին վնաս կը պատճառէ եւ մենք մեր ունեցած «սէր»էն մղուած լուռ մնանք, ապա այդ պարագային միմիայն վնաս կը պատճառենք անոր: Նման պարագաներու պէտք է վճռակամ գտնուինք եւ եթէ կարիք կայ յանդիմանելու, անպայմանօրէն յանդիմանենք՝ նպատակ ունենալով մեր մտերիմին ու սիրելիին հոգիին փրկութիւնը եւ ո՛չ թէ ժամանակաւոր այս աշխարհի վրայ ունեցած մեր մտերմութիւնը: 

Առակացի վերոնշեալ համարին մասին այսպէս գրած են Եկեղեցւոյ սրբազան հայրերը: Սուրբ Բարսեղ Մեծը կը գրէ. «Հաստատ կերպով յստակ է, որ ծածուկ մեղքը կը նպաստէ որ հիւանդ մարդը մեռնի, որովհետեւ մահուան փուշը մեղքն է (Ա. Կր 15.56), ինչպէս կ՚ըսէ Գիրքը: Նաեւ՝ “Յայտնի յանդիմանութիւնը ծածուկ սէրէն աղէկ է”: Երանի՜ թէ ոչ ոք ծածուկ չի՛ պահեր մեղքը՝ սիրաշահելու համար իր դիմացինը, որպէսզի եղբայրական սիրոյ փոխարէն եղբայրասպանութիւնը տեղ չգրաւէր»:

Սուրբ Ամպրոսիոսը կը գրէ. «Յանդիմանութիւնը իրաւացի է, եւ յաճախ լուռ ընկերութենէն աւելի լաւ է: Նոյնիսկ եթէ ընկերդ կարծեց, թէ վնաս մը պատահած է իրեն, յանդիմանէ՛ զինք: Իսկ եթէ բարեփոխելու դառնութիւնը վիրաւորած է իր միտքը, դարձեալ յանդիմանէ՛ զինք եւ մի՛ վախնար: Որովհետեւ, ընկերութիւնը սիրոյ մէջ պէտք է հաւատարիմ ու հաստատ ըլլայ»:

Սուրբ Օգոստինոս կը գրէ. «Մենք, որ իսկական դրախտի երանութենէն վռնտուեցանք, մեր հաճոյքներու համարձակ ցանկութեան պատճառով, պէտք է վերադառնանք՝ խոնարհութեամբ համբերելով դժուարութիւններուն. մենք՝ փախածներս մեր գէշ գործերուն պատճառով: Այնտեղ արդարութեան հակառակ գործեցինք, այստեղ՝ կը ցաւինք արդարութեան համար»:

Սուրբ Կիպրիանոսը կը գրէ. «Եթէ Աստուած Իր սիրածները կը դաստիարակէ, ապա Ան կը դաստիարակէ՝ որպէսզի ուղղութեան բերէ: Ապա, վայել է եղբայրներուն, յատկապէս քահանաներուն, որ չատենք զանոնք՝ որոնք կը դաստիարակեն զիրենք՝ որպէսզի ուղղութեան բերեն: Արդարեւ, Աստուած նախապէս Երեմիայի միջոցով մարգարէացաւ մեր ներկայ ժամանակին մասին, ըսելով. “Ձեզի Իմ սիրտիս յարմար հովիւներ պիտի տամ, որոնք ձեզ գիտութեամբ եւ հանճարով պիտի հովուեն” (Եր 3.15)»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 132

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Փետրուար 18, 2025