ԽԵՆԹԸ

Ես դարձուածքէն հինգ լայն քայլ ետեւ կը կկզիմ, արմուկս ծունկիս կը դնեմ, դունչս կը յարմարցնեմ ափիս մէջ, աչքերս կը գոցեմ քիչ մը եւ մարդոց կը նայիմ, սակայն, անոնք զիս չեն տեսներ:

Այստեղ կը կկզիմ այն ժամանակէն ի վեր, երբ այլեւս շուն ըլլալէ դադրեցայ: Այս տեղը իմս է. ինձմէ բացի ուրիշ ոչ ոք կը կկզի այստեղ, մինչեւ հիմա ո՛չ ոք գտած է զայն…: Առաւօտեան կու գամ այստեղ եւ կկզած կը մնամ, մինչեւ որ արեւը դեղնորակ տղուն տան ետեւը իյնայ…: Դեղնորակ տղայ կու գայ, մատներուն վրայ դանդաղ կը քալէ, աչքիս ծայրով կը տեսնեմ զինք եւ թոյլ չեմ տար, որ ան զիս տեսնէ. դարձուածքին կը հասնի, ուտելիքը կը դնէ եւ դէպի իր տան աստիճանները կը վազէ: Դուռը կը բանայ եւ ինծի կը նայի՝ մինչեւ ելլեմ ուտելիքը առնեմ եւ արագ կերպով տեղս վերադառնամ: Կը գոչէ.

-Ե՞րբ դարձեալ շուն պիտի ըլլաս:

Այս տեղը իմս է. ես չեմ պատասխաներ անոր…: Ես չեմ քնանար մինչեւ որ երեկոյեան նամազը չլսեմ: Ես գիտեմ նամազ ընողը, սակայն կը զգուշանամ, որ զիս չճանչնայ: Ես երեկոյեան կը քնանամ, որովհետեւ մարդիկ այդ ժամանակ չեն քնանար, այդ պատճառով ամբողջ աշխարհին մէջ միայն ե՛ս եմ, որ այդ ատեն կը քնանամ…: Երբ կը քնանամ աչքերս կը գոցեմ, գլուխս պատին կը կռթնեցնեմ եւ լաւ երազներ կ՚երազեմ: Անգամ մը երազեցի, թէ կով մը ինծի կտոր մը պանիր հիւրասիրեց՝ բայց ես անօթի չէի, եւ երբ կերայ զայն՝ զգացի, թէ կաթի համին նման է անոր համը. կովը սկսաւ խնդալ եւ ապա փախչեցաւ՝ պոչը վիզիս վրայ նետուած ձգելով…: Անգամ մըն ալ երազեցի, թէ գեղեցիկ փոքր կատուի մը դիմաց կանգնած եմ… նայեցաւ ինծի ու վախցաւ, ապա սկսաւ վազել ու լալ… ես ալ վախցած էի եւ յանկարծ արթնցայ ու նկատեցի, թէ տեղէս հեռացած եմ եւ աճապարանքով վերադարձայ տեղս. փոքրիկները դարձուածքին մօտ կանգնած էին եւ բարակ ձայնով կը գոչէին.

-Ե՞րբ շուն պիտի ըլլաս:

Սակայն, ուշադրութիւն չդարձուցի անոնց. երեկոյ էր, այդ պատճառով քունիս վերադարձայ ու անոնց պոռչտուքը չլսեցի…: Նախքան երեկոյ ըլլալը շուն մը միշտ կ՚անցնի այստեղէն. անոր աչքերուն մէջ միշտ փոքր, լայն աչքերով եւ բերանը բաց մարդ մը կը նստի: Շունը ո՛չ մէկ բան գիտէ… եթէ գիտնայ, ապա կու գայ եւ իմ տեղս կը նստի…: Ա՜հ, եթէ օր մը գիշերով գայ ու զիս այստեղ չտեսնէ, անմիջապէս տեղս պիտի նստի, իսկ կէսօրին դեղնորակ տղան պիտի ուտէ՝ եթէ անոր ուտելիք բերէ…: Եթէ շունը գայ ու տեղս գրաւէ, անոր գլուխն վրայ փոքրիկ քար մը պիտի նետեմ… մեծ քար մը պիտի չնետեմ անոր գլխուն, քանի կ՚ուզեմ, որ ան շուն մնայ…: Ես չեմ սիրեր շուները. մայրս կը սիրէ շուները…: Օրին մէկը շունի մը հետ ամուսնացաւ, բայց յետոյ ամուսնալուծուեցաւ՝ որովհետեւ ուրիշ շունի մը հետ գացած էր…:

Բոլորն ալ շուներ էին…, շուներ՝ սեւ զգացումներով, լայն աչքերով. ես ալ փոքր շուն մըն էի, նախքան մօրուքիս բուսնիլը. շուներուն մօրուքը չի՛ բուսնիր…:

Փոքրիկ շուն մը…: Ինչպէ՞ս էր աշխարհը այն ատեն: Փոքրիկ պայուսակ մը կը շալկէի ու դպրոց կ՚երթայի. երբ կը վերադառնայի, մայրս քնքշօրէն կռնակս կը շոյէր ու կը ժպտար…, հայրս ալ կը ժպտար… Փոքրիկ շուն մը եւ կեանքը գեղեցիկ էր…: Կը սիրէի բոլորը… Այգի մը ունէինք, զայն ալ կը սիրէ…: Ամէն օր բազմաթիւ անգամներ կ՚ուտէի եւ մայրս ամէն օր կը սիրէր զիս…, հայրս ալ կը սիրէր զիս:

Դեղնորակ տղան, շուն չէր: Անգամ մը ըսաւ ինծի.

-Շո՞ւն էիր, թէ՞ կատու:

Ապա վազեց, նախքան ըսելս որ շուն էի…, եւ երբեք կատու չեմ եղած…: Ես կը սիրեմ կատուները…: Չկա՛յ շուն մը, որ կատուները սիրէ…: Ես վստահ եմ, թէ շուն էի…: Կը կարծուի, թէ կատու էի: Ո՛չ. ես ո՛չ մէկ օր կատու եղած եմ. թերեւս քոյրս կատու էր…, իսկ ես՝ երբեք չեմ եղած. այո՛, այս մէկը հաստատ է… Քոյրս կատու էր… եւ շուները չեն սիրեր կատուները…: Բոլոր շուները չեն սիրեր բոլոր կատուները:

Մեր տունը պզտիկ կատու մը կար եւ բոլորը կը սիրէին զայն… Ես ալ երբեմն կը սիրէի զայն, հակառակ անոր որ շուն էի…: Անգամ մը, կատուն մեր տան աւազանին վրայ կանգնած էր… մեծ աւազան մը՝ կարծէք մեծ ծով մը ըլլար…: Բայց շուները չեն սիրեր կատուները…, նոյնիսկ փոքրիկ գեղեցիկ կատուները: Փոքրիկ շունը ոտքի մատներուն վրայ մօտեցաւ. կատուն չտեսաւ զայն, ապա անոր մօտ հասաւ, առանց որ ան զգար: Լսեց անոր ձայնը. «Քըղ…, ղղ…, ղղ…», եւ ջուրին կը նայէր: Իր ձեռքերով հրեց զայն եւ աւազանին մէջ ինկաւ…: Կատուները շուներուն նման լողալ չեն գիտեր…. սկսաւ գոռալ, կանչել, սակայն շունը չփախաւ…, որովհետեւ չի՛ սիրեր կատուները:

Շունը վախցաւ քիչ մը…, այո՛, վախցաւ, սակայն կատուն չիմացաւ, որ ան վախցաւ եւ շարունակեց պոռալ ու գոռալ…:

Մայրս կը սիրէր այդ կատուն…, շատ կը սիրէր… վազելով եկաւ, մինչ կատուն ջուրի պղպջակներ կը հանէր դէպի վեր…: Մայրս կատուն հանեց, նայեցաւ անոր, ապա սկսաւ բարձր ձայնով լալ, հագուստները պատռել եւ կլոր կլոր դառնալ… Այն ատեն փոքրիկ շուն մըն էի, սակայն շատ չվախցայ…: Մայրս նայեցաւ ինծի, ապա զարկաւ գլխուս ու ես դրան ետեւ վազեցի…:

Մայրս ինչո՞ւ կը սիրէ կատուները: Այդ օրէն ի վեր բնաւ չխօսեցաւ հետս եւ այլեւս կռնակս չէր շոյեր…: Դպրոցէն կը վերադառնայի, փոքրիկ պայուսակը կը դնէի, ոտքի մատներուս վրայ քալելով պարտէզ կ՚երթայի եւ գունաւոր ճանճներ կ՚որսայի ու կը դնէի ապակիէ գլուխն ի վար դրուած գաւաթի մը մէջ… Բոլորն ալ կարմրած աչքերով կը նայէին ինծի…, իսկ ես շատ չէի վախնար… Սակայն, շուն մնացի…: Ամէն օր բազմաթիւ անգամներ կը հարուածէին զիս. գլխուս կը զարնէին, միշտ գլխուս…: Զարկած ատեն կ՚ըսէին ինծի.

-Սատկեցուցի՛ր զայն, ա՜յ շուն…:

Անգամ մը, մայրս մեծ աթոռով մը զարկաւ գլխուս, որով գունաւոր ճանճը սկսաւ լալ…, ես ալ կու լայի…, սակայն շուն մնացի…: Անգամ մը, հայրս նռնագոյն թաց պարանով մը կապեց զիս պարտէզին մէջ մինչեւ առաւօտ. գիշերը անձրեւ տեղաց, որով քիչ մը մեծցայ…: Առաւօտեան, կարճ մօրուք ունեցող մարդ մը եկաւ ու հօրս ըսաւ.

-Մեղք է:

Անօթի էի, կը մսէի, կու լայի, սակայն փոքրիկ շուն մնացի…: Մայրս աւազանին ծայրը ուտելիքը կը դնէր եւ չէի ըսեր, թէ՝ «ասիկա քուկդ է»…:

Անգամ մը չկերայ… անօթի էի, բայց չկերայ: Մայրս ուտելիքը ջուրին մէջ թափեց. ուտելիքը ջուրի պղպջակներ հանեց դէպի վեր…:

Փոքրիկ շուն մըն էի, որ ամէն օր կու լար…: Քնացած ատենս ալ կու լայի եւ միշտ երազ կը տեսնէի, որ փոքրիկ տղայ մը գիշեր-ցերեկ կու լար եւ անոր արցունքներուն համը լեմոնատի համ ունէին…, եւ մայրս առաւօտեան կ՚ըսէր ինծի.

-Կը խնդրեմ Աստուծմէ, որ առնէ քեզ:

Մայրս կը սիրէ լալ…: Երբ քոյրս մեռաւ, մայրս շատ լացաւ, այնքան որ աչքերը մեծցան ու սեւցան…:

Անգամ մը, մայրս հօրս ըսաւ, թէ վարդ կ՚ուզէ, որպէսզի գերեզման տանի…: Ըսաւ, թէ կ՚ուզէ զայն քրոջս գերեզմանին վրայ դնել: Ես դուրս ելայ պարտէզ եւ մեծ դեղին ծաղիկ մը քաղեցի ու զայն մօրս բերի՝ որպէսզի չլայ…, այլ՝ որպէսզի խնդայ…, սակայն, մայրս դեղին ծաղիկը առաւ ու նետեց զայն, ապա մեծ աթոռով մը գլխուս զարկաւ… Դրան մօտի անկիւնը գացի, սալայատակին վրայ նստայ. փոքրիկ շուն մըն էի, սկսայ լալ, ապա սալայատակին նայեցայ ու ըսի.

-Ո՜վ Տէր, ես չեմ ուզեր փոքրիկ շուն մնալ:

Ատկէ ետք բազմաթիւ փոքրիկ շուներ տեսայ, շատ փոքրիկ շուներ. իւրաքանչիւր շուն ձեռքի մատէ մը փոքր. շուները սալայատակին վրայ դիմացս կանգնեցան ու ըսին.

-Ինչո՞ւ պատանի չես ըլլար:

Ըսի.

-Այո՛, կ՚ուզեմ պատանի ըլլալ…, չեմ ուզեր մնալ շուն մը, որ կատուները չի՛ սիրեր:

Շուները ըսին.

-Մեր հետ կու գա՞ս:

Փոքրիկ շուներ էին, անոնցմէ իւրաքանչիւրը ձեռքի մատի մը չափ…:

Ըսի.

-Սակայն, դուք ո՞ւր կ՚երթաք:

Ըսին.

-Մեր հետ եկուր…:

Ըսի.

-Սակայն շա՜տ փոքրիկ էք…:

Ըսին.

-Այո՛, որպէսզի ո՛չ ոք տեսնէ մեզ…:

Ըսի.

-Լա՛ւ, ձեր հետ պիտի գամ…:

Անոնց խումբին ամենէն փոքրիկ շունը, որ իր շատ փոքր ըլլալուն պատճառով չէի տեսներ զայն, ըսաւ.

-Դուռը բաց…, մենք շատ փոքրիկ ենք եւ չենք կրնար բանալ զայն…:

Կանգնեցայ…, եւ այլեւս շուն չէի…, եւ այլեւս մայր չունէի…: Դուռը բացի եւ փողոց դուրս ելայ… Ո՛չ ոք տեսաւ զիս… Քալեցի եւ քալեցի…, առանց որ ոեւէ մէկը տեսնէր զիս… Շա՜տ քալեցի, այնքան որ մայրս յոգնեցաւ… Ապա, նայեցայ փոքրիկ շուներուն, բայց չգտայ զանոնք, խոտերուն մէջ կորսուած էին…: Այս վայրը հասայ, ոչ ոք գտած էր զայն ցարդ, որով նստայ այստեղ. ես կկզած կը նստիմ, որպէսզի հագուստս չաղտոտի… Եւ տեղս բնաւ չեմ ձգեր…: Փոքրիկ շուները ատկէ ետք այլեւս բնաւ չտեսայ…: Անգամ մը փոքրիկ շուն մը տեսայ, սակայն այդ միւս շուներէն աւելի մեծ էր…: Ըսի անոր.

-Փոքր էիր ու մեծցա՞ր:

Ըսաւ.

-Այո՛:

Ըսի.

-Ո՞ւր են ընկերներդ. անո՞նք ալ մեծցան:

Ըսաւ.

-Այո՛:

Ըսի.

-Ո՞ւր գացին:

Ըսաւ.

-Ամէն մէկը տեղ մը գտաւ…:

Ըսի.

-Ես ալ տեղ մը գտայ…:

Ըսաւ.

-Լա՛ւ…:

Ըսի.

-Ես դարձեալ շուն պիտի ըլլա՞մ:

Ըսաւ.

-Ո՛չ:

Փոքրիկները դարձուածքին մօտ կը կենան ու կ՚ըսեն.

-Շուն պիտի ըլլա՞ս:

Ես չեմ պատասխաներ անոնց. անոնք շատ փոքր են եւ անոնք շուներէն չեն վախնար…: Ես ալ չեմ սիրեր շուները…, կատուներն ալ չեմ սիրեր…: Ես ոչինչ կը սիրեմ, բացի իմ տեղէս…: Փոքրիկ երեխաները լաւ են, սակայն ես զանոնք ալ չեմ սիրեր…, եւ չես սիրեր զարնել անոնց: Դեղնորակ տղան, ինծի ուտելիք կը բերէ եւ հեռուն կը կենայ. ան չի՛ տեսներ զիս, որովհետեւ չեմ նայիր անոր. եթէ յոգնի զիս փնտռելէն՝ կը կանչէ զիս…, եւ երբ երթայ՝ բոլոր ուտելիքը կ՚ուտեմ եւ պնակները զգուշութեամբ կը լուամ, եւ զայն դարձուածքին մօտ՝ իր տեղը կը դնեմ: Անգամ մը չկերայ… Ես կը սիրեմ դեղնորակ տղան… Հեռուն կանգնեցաւ ու ապա գոռաց.

-Ինչո՞ւ չկերար:

Առանց անոր նայելու, ըսի.

-Որովհետեւ անօթի չեմ:

Ան գնաց, առանց ինծի ըսելու՝ «դարձեալ շո՞ւն պիտի ըլլաս», ինչպէս միշտ կ՚ըսէր…: Երբ դուռը գոցեց՝ ուրախ էի…, ան այդ նախադասութիւնը չէր ըսած…

Շա՜տ խնդացի…: Ապա երեկոյեան նամազը լսեցի… եւ քնացայ:

Պէյրութ - 1961

(«12-րդ անկողինին մահը»)

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Յունիս 18, 2025