ԱԿՆԱՐԿ - 135 -ՆԵՐԿԱՅԻ ԴԱՍԱԳԻՐՔԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

1 սեպտեմբերէն սկսեալ դպրոցական կեանքը իր հունին մէջ մտած է արդէն Հայաստանէն ներս եւ մեր զաւակները դպրոց կը յաճախեն ուսումի եւ գիտելիքի մարմաջով տոգորուած:

Ուսումնական տարեշրջաններու սկիզբը միշտ ալ հետաքրքրական եւ ոգորող կ՚ըլլան, մէկ կողմէ աշակերտութեան համար, միւս կողմէ ուսուցիչներուն, նաեւ որոշ պարագաներու ծնողներուն համար: Այս եռանկիւնը եթէ կարենայ ու յաջողի ուսումնական ամբողջ ընթացքը առողջ եւ շինիչ կապ մը պահել, ապա կրթութեան եւ ուսումնառութեան ընթացքը բաւական բարեյաջող կ՚ընթանայ:

Ինչպէս աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, այսօր մեր երկրի մէջ ալ դպրոցական դասագիրքերը մնայուն կերպով փոփոխութիւններու կ՚ենթարկուին, կը բարելաւուին, եթէ բացթողումներ եղած են՝ կը լրացուին եւ կ՚ամբողջացուին, եթէ սխալներ սպրդած են, այդ սխալները կը սրբագրուին, եւ այլն: 

Վերջին շրջանին սակայն, ներկայիս ապազգային եւ արժէքներէ զուրկ իշխանութիւններու շնորհիւ, մեր կրթական-ուսումնական ծրագիրին մէջ աւերներ կը գործուին՝ «բարելաւումի» քօղին տակ: Պատմութեան դասագիրքը ամբողջութեամբ կ՚աղաւաղուի, աղաւաղելով հանդերձ մեր պատմութիւնը: Հայ գիրի ու գրականութեան դասապահերը կամաց կամաց կը նուազին: Մայրենիի դասաւանդումը անհասկնալի եւ տարօրինակ ձեւերով կը կատարուի (QR քոտ)եր, եւ այլն: Թուաբանութեան հերոսները չե՛ս գիտեր ինչ մոլորակէ եկած են, կամ ո՛ր մոլարակին կը պատկանին:

Այսպէս, այս տարի փոքր զաւակս մուտք գործեց դպրոց, դառնալով առաջին դասարան: 2 սեպտեմբերին երբ գացի զինք դպրոցէն տուն բերելու, ոգեւորուած կը պատմէր ըսելով իր տպաւորութիւններուն մասին, եւ մէյ մըն ալ ըսաւ.

- Պա՛պ. գիտես Պրպտիկը տղան է, Մտմտիկը աղջիկը…:

Զարմացայ, թէ ինչ կը խօսի, Պրպտիկն ու Մտմտիկը ո՞վ են… Երբ հարցուցի անոր, ըսաւ, թէ մեր մայրենիի հերոսներն են…: 

Եւ իրապէս, երեկոյեան երբ անոր այբբենարանը ձեռքս առի ու սկսայ թերթատել, հանդիպեցայ Պրպտիկին ու Մտմտիկին… Փաստօրէն, հայկական անունները՝ Անի, Արարատ, Արփի եւ Արամայիս, կամ որեւէ մէկ այլ հայկական անուն չե՛ն գտած սա այբբենարանի հեղինակները, եւ հնարած են ինչ որ Պրպտիկներ ու Մտմտիկներ…: 

Ոմանք թեթեւութեամբ կը նային այս հարցին ու կ՚անցնին: Թերեւս ես ալ նոյն ձեւով անցնէի եթէ մեծ տղուս՝ արդէն հինգերորդ դասարան, թուաբանութեան դասագիրքին մէջ չհանդիպէի թուաբանութեան հերոսներուն՝ Ադիին, Բուդիին, Գուդիին, Դուբիին եւ Եգիին… Պարզապէս ողբերգութիւն: Հայերէն անունները այստեղ ալ չեն բաւարարած հեղինակներուն, եւ փոխանակ Իսկուհի, Լուսիկ, Փառէն, Վարսամ, Պարոյր եւ այլ անուններ օգտագործէին, օգտագործած են Ադիններ ու Դուբիներ…: 

Նման անուններու գործածութեան արդարացումը կը դիտուի յանցանքէն աւելի ծանր, որով հերսներու այդ անուններու ընտրութեան մասին հետեւեալը գրուած է դասագիրքին սկիզբը.

«Դասագրքում ձեզ ուղեկցելու է Մաթեմեանների ընտանիքը: Ընտանիքի ծնողներն են Ադին եւ Բուդին: Նրան ունեն 3 երեխայ՝ 10-րդ դասարանցի Գուդին, 5-րդ դասարանցի, Դուբին եւ 4-ամեայ Եգին: Բնականաբար կը հարցնէք, թէ որտեղ է բնակւում այդպիսի անուններով ընտանիքը: Նրանք ապրում են Հայաստանում, իսկ նրանց անունները փոխել ենք, որովհետեւ ցանկացան մնալ անանուն: Իսկ ինչո՞ւ են նրանց անուանել առաջին հայեացքից տարօրինակ անուններով: Երկու պատճառներով.

1) Եթէ Դուբիի փոխարէն գրէինք, օրինակ, Նարեկ, ապա ամբողջ ուսումնական տարուայ ընթացքում Նարեկի արկածները երբեմն զաւեշտալի իրավիճակում կը դնէին ձեր համադասարանցի Նարեկին:

2) Մեծից փոքր տան անդամների անունները սկսւում են այբուբենի 5 հաջորդական տառերով՝ Ադի, Բուդի, Գուդի, Դուբի, Եգի: Այդպէս արագ ու հեշտ կ՚ընտելանաք, թէ ով է մեծը, ով՝ փոքրը. Եգին՝ Ե-ն այբուբենի 5-րդ տառն է, ուրեմն Եգին ամենափոքրն է…» (էջ 3):

Պարզապէս յիմարութիւն: Այս ի՞նչ արդարացում կամ չքմեղանք: Այսքան տարի է հայկական անուններով անցած են սերունդներու դասերը, ո՛չ ոք զաւեշտի կամ ծաղրի չէ՛ ենթարկուած այդ պատճառով, որովհետեւ դասաւանդող ուսուցիչները ճիշդ եւ առողջ մօտեցում ցուցաբերած են: Հիմա երբ նման պատճառաբանութիւններ յառաջ կը բերուի, կամ այն է որ մեր ուսուցիչները այդքան ալ հմտութիւն չունին  (ինչը կասկածելի է), կամ երկրորդը՝ որ ըստ մեզի աւելի տրամաբանական կը թուի, յատուկ ծրագիր կայ ապազգայնացնելու մեր երեխաներուն մտածելակերպը:

Աւելին, դասագիրքին մէջ տեղ գտած պատճառաբանութիւնները որպէս արդարացում, միայն եւ միայն կը նսեմացնեն հայոց լեզուն ու անունները, որոնք դարեր շարունակ եղած են մեր ինքնութեան եւ մշակոյթի սիւները։ Յատկապէս դպրոցական դասագիրքերուն մէջ, ուր երեխային առաջին գաղափարները կը ձեւաւորուին, անուան ընտրութիւնը պէտք է ըլլայ գիտակցուած ու արժէքաւորուած։ Ո՛չ թէ «անմեղ»ի հագուստ հագած պատճառաբանեն, թէ այդպիսով փորձ կը կատարուի զգուշանալ ոեւէ մէկուն անյարմարութիւն պատճառելէ, այլ՝ աւելի գիտակցուած կերպով մօտենան այս հարցին եւ փոխանակ այդպիսի անկապ անուններ օգտագործեն, օգտագործեն հայկական անուններ, միաժամանակ ճիշդ կողմնորոշելով ուսուցիչները: Անդին, երբ հայկական անուններուն փոխարէն կը ներմուծուին քմահաճ անուններ եւ արհեստական բացատրութիւններ, կը վտանգուի ո՛չ միայն աշակերտի լեզուական ճաշակը, այլեւ ազգային մտածողութիւնը։ Այս երեւոյթը պէտք չէ թերագնահատել եւ թեթեւութեամբ անցնիլ անոր կողքով՝ ըսելով, թէ այդքան պէտք է ծանրանալ այս անուններուն վրայ, ընդհակառակը, պէտք է պահանջք ներկայացուի եւ հանրային քննարկման դրուի, հեղինակները, ինչպէս նաեւ Կրթութեան նախարարութիւնը պատասխանատուութեան ենթարկուին, որովհետեւ անոնց կատարածը ուղղակիօրէն մեր սերունդներուն ապազգայնացման կը միտի: 

 

Յ.Գ.- Բնականաբար եթէ հանրային քննարկումի դրուի, Կրթութեան նախարարութիւնը իր գլխաւոր ղեկավարին գլխաւորութեամբ ամէն տեսակի արդարացումներ պիտի բերեն եւ առանց ո՛չ մէկ փոփոխութիւն իրականցնելու, պիտի շարունակեն յաջորդ տարիներուն եւս նոյն անուններով նոր դասագիրքեր հրատարակել: Բայց երբ խօսելու սկսին, կը բարձրաձայնեն, թէ իրենք կը լսեն ժողովուրդին ձայնը, նկատի կ՚ունենան անոնց նկատառումները… բայց եկուր եւ տես, որ այդ բոլորը խօսքի սահմանէն անդին չե՛ն անցնիր, եւ իրենք իշու յամառութեամբ կը շարունակեն իրենց ազգակործան գործունէութիւնը: Ամօ՛թ, հազա՜ր ամօթ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

15 սեպտեմբեր 2025, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2025