ՎԵՐՑՈՒԱԾԸ

Ո՜վ ընտիր մազեր՝ ինչպէս հօրս հազը:

Ո՜վ հին մազեր՝ ինչպէս մանկութիւնս եւ ձեռքիս վրայ եղող դաջուածքը:

Գլուխդ այս մայթին վրայ դիր եւ լսէ՛ զիս ո՜վ հացը, աղը եւ մտրակները ուրացող:

Մանկութեանս փորձեցի մսավաճառ դառնալ, սակայն ձախողեցայ, որովհետեւ միս ծախելէն աւելի՝ կ՚ուտէի:

Փորձեցի դերձակ դառնալ, դարձեալ ձախողեցայ, քանի որ ասեղը հագուստին մէջ մխրճելէն աւելի, զայն կը մխրճէի յաճախորդին մարմինին վրայ, մանաւանդ եթէ յառաջդիմական ըլլար:

Փորձեցի մարզիկ եւ ֆութպոլային աշխարհի աստղ դառնալ, դարձեալ ձախողեցայ, որովհետեւ կը կարծէի, թէ այդ խեղճուկ գնդակը ոտքով հարուածելէն առաջ, ուրիշ շա՜տ բաներ կան հարուածելու:

Փորձեցի ժողովրդական երգիչ դառնալ, չյաջողեցայ, քանի որ ինծի ըսին, թէ իմ ձայնալարերս ապրանքներ տեղափոխելու համար աւելի յարմար են [նկատի ունի մեծ վաճառական կեդրոններէ ներս բարձր ձայնով գոռացողները, որոնք անցնող դարձողներուն ուշադրութիւնը կը փորձեն գրաւել], ո՛չ թէ զգացումներ եւ զգայնութիւններ արծածելու:

Ապա փորձեցի աշխարհէն հեռանալ եւ սուֆի դառնալ՝ Տէրս պաշտելու համար, սակայն ձախողեցայ, որովհետեւ արաբական ամբողջ երկիրներուն մէջ փոքրիկ տեղ մը չկրցայ գտնել ճակատիս չափով, որպէսզի ծունկի գայի եւ աղօթէի:

Ի վերջոյ, փորձեցի քաղաքական առաջնորդ դառնալ, որպէսզի մսավաճառը, դերձակը, երգիչը, մարզիկն ու սուֆին հետեւին ինծի, բայց բացի գաղտնի սպասարկութենէն ո՛չ ոք հետեւցաւ ինծի:

Եւ այդ օրերուն երբ կարիք ունէի, որ մէկը զիս կերակրէր՝ կերակրեցի քեզ, կարիք ունէի մէկու մը, որ զիս պատսպարէր՝ պատսպարեցի քեզ, ինչպէս նաեւ լեզուովս չորցուցի քեզ ցեխէն, անձրեւէն ու արցունքներէն, ինչպէս անասունը կը վարուի իր ձագերուն հետ:

Գիրքերէն վռնտուած էի, բառարաններէն՝ գաղթած, ու կը բնակէի քաղաքներուն, դպրոցներուն եւ համալսարաններուն կողք եղող ժամանակաւոր վրաններուն մէջ, սպասելով վերադարձի: Եւ առանց ազատագրութեան կազմակերպութեան, կամ գագաթաժողովներու, կամ օդանաւերու ձայներու, մէկ գիշերուան մէջ վերադարձուցի քեզ՝ ուրախութեան արցունքները դէմքիս, հագուստներուս եւ տետրակներուս…, որովհետեւ կը հաւատայի վերադարձիդ, եւ ո՛չ թէ զայն դրամագլուխի վերածած էի:

Ի՞նչ եղաւ արդիւնքը. ո՛չ մէկ օր կամ գիշեր ձգեցիր, որ ուզածիս պէս ուտելիքս կամ քունս վայելեմ, կամ զրոյցս, կամ ողջագուրումս աւարտեմ, կամ յուզիչ պատմութիւնս վերջացնեմ, կամ ոստիկանական ֆիլմ մը նայիմ: Իւրաքանչիւր պատառի հետ, կը յիշեցնես ինծի անօթի մը, իւրաքանչիւր գաւաթի հետ, կը յիշեցնես ինծի բանտարկեալ մը, իւրաքանչիւր համբոյրի հետ կը յիշեցնես ինծի գաղթավայրի շինութիւն մը կամ սիրելիի մը բացակայութիւնը:

Եւ հիմա, երբ կռնակս ու մատիտս կորացան, փոխանակ ձեռքէս բռնես ու օգնես կանգնելու եւ նստելու եւ ընկերս ըլլաս ձմրան երկար գիշերներուն, կ՚ուրանա՞ս եւ կը լքե՞ս զիս:

Ո՛չ, երբեք թոյլ պիտի չտամ քեզի այդ բանը: Եկո՛ւր ցած ձայնով զիրար հասկնանք, եւ այնպէս մի՛ ըներ, որ անցնող դարձողները մեր չորս կողմը հաւաքուին ու սկսին հայհոյել մեզ, որովհետեւ ի վերջոյ երկուքս ալ յուսահատ ձուկեր ենք, որոնք նոյն ցանցին մէջ կը կռուին:

Եկո՛ւր, փոքրիկս, ամէն առտու երեսդ պիտի լուամ, մազերդ պիտի սանտրեմ, կէտերդ ու ստորակէտերդ պիտի կոճկեմ: Եկո՛ւր այցելենք մեր հին փողոցները, հին սրճարանները, հին բանտերը, բայց… հեռուէ՜ն:

Ամենէն առաջ, սակայն, մեծ հօրդ՝ ալ-Մութանապիին գերեզմանը պիտի այցելենք, անշուշտ եթէ գաղտնի սպասարկութեան նկուղի կամ մարտկոցներու գերեզմանի չէ՛ վերածուած: Ճամբու ընթացքին պիտի պատմեմ քեզի աղի սրախօսութիւններ, որոնք քու բացակայութեանդ ընթացքին պատահեցան հետս, թէ ինչպէ՞ս ճամբորդեցի եւ ի՞նչ վիճակով վերադարձայ:

Առաջինն էի, որ օդանաւ բարձրացայ եւ առաջինն ալ էի, որ իջայ անկէ արաբական անապատի խորքերը, մինչ ես կը շօշափէի մատիտս, տետրակներս ու արաբականութիւնս, ինչպէս բռնցքամարտիկը իր մկանները կը շօշափէ նախքան խաղադաշտ մտնելը, որովհետեւ կը զգայի, թէ այս տարիքիս, ժամանակի հետ մրցումի մէջ էի՝ յետամնացութեան, հին ոտանաւորներու, հին թատրոնի, Քամբ Տէյվիտին, ՆԱԹՕ-ի, ինչպէս նաեւ մեր ազգին ու ապագային հակառակող բոլոր ուժերուն հետ: Երկու տարի ետք, իրաւունք չունէի արդէն նոյնիսկ ուղտերու մրցավազքին մասնակցելու:

Տակաւին, այնտեղ ծանօթացայ արաբական աշխարհի ամենէն նշանաւոր գրական, մտաւորական եւ մարտական դէմքերուն, ինչպէս նաեւ իրենց այցերուն դէպի այդ տարածաշրջան, ուր ամբողջ գիշերը կ՚անցընեն բաց եւ փակ ժողովներով, Արաբական միութեան մասին համընդհանուր եւ կողմնակի զրոյցներով, Քամբ Տէյվիտի, ուժերը միախմբելու, պատերազմին անխուսափելիութեան, վերջին ժամկէտի մասին, սակայն առաւօտեան ամէն ինչ կը վերջանայ Ռոլեքսի կամ Սիթիզէնի ժամացոյցով:

Բարձրաձայն մի՛ խնդար: Ուշադրութիւն ըրէ, պահակախումբ մը (պարեկ) կը մօտենայ: Պինդ կաց, մի՛ թրջեր թուղթէ պզտիկ տաբատներդ եւ մեզ խայտառակ ընես հին բանաստեղծութեան եւ հին սերունդին դիմաց: Մի՛ մոռնար, որ մենք յաղթանակի եւ ազատագրութեան սերունդն ենք:

Ո՞ւր ես դուն ընկերս: Ինչո՞ւ չես պատասխաներ: Քայլերուդ եւ սիրտիդ զարկին ձայնը կը լսեմ: Ո՛չ, այսքան դիւրութեամբ պիտի չփախչիս ինձմէ: Միլիոնաւորներու ծաղրանքին դիմաց միսս պիտի չուտես ու ոսկորներս ձգես: Կողքս կանգնէ, գլխուս վրայ կեցիր, զիս Ֆիլիփ Հապիպի1 պայուսակին մէջ առանձին մի՛ ձգեր, որովհետեւ իմ մատներս առանց քեզի առանց բանաստեղծութեան են…, գանկի ճանկերուն նման սարսափեցնող:

Դանդաղէ, չեմ կրնար հասնիլ քեզի, եւ կամ դուն եւ աշխարհի բոլոր գրականութիւնները դժոխք գացէ՛ք, վրադ կը խնդայի եւ պարզապէս ժամանակ կ՚անցընէի հետդ: Իմ խնդիրս քեզի հետ եւ առանց քեզի, հին բանաստեղծութեան եւ առասպելին, աւանդական թատրոնին եւ թափառաշրջիկ թատրոնին, ձախակողմեանին եւ աջակողմեանին, այս պարբերականին եւ այն օրաթերթին հետ է: Իմ խնդիրս ցամաքին ու երկինքին մէջ է, հայրենիքին եւ աքսորին մէջ. վախցող արծիւ մը կամ ապահով մուկ մը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ


1 Լիբանանեան արմատներով դիւանագէտ, ծնած է 1920-ին, ԱՄՆ, մահացած է 1992-ին, Ֆրանսա: 1982-ին իր անունը աշխարհով մէկ տարածում գտած է, որվհետեւ յաջողած է հրադադարի պայմանագիր կնքել տալ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի Ազատագրական կազմակերպութեան միջեւ 1981-ի պատերազմին: Նմանատիպ պայմանագիր մը կնքել տուած է նաեւ 1982-ին, դարձեալ երկու կողմերուն միջեւ: Այս պայմանագրերու լոյսին տակ բաւական լարուած յարաբերութիւններ ունեցած է ԱՄՆ-ի օրուան արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Հէյքի հետ, որ աջակողմեան մը ըլլալով, կը զօրակցէր Իսրայէլին՝ Լիբանանի պատերազմի ընթացքին:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 19, 2025