ՄԱՐՍԵԼ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ
Լիբանանի մէջ օր ըստ օրէ թէժացող խօսոյթը լաւ բան չի յուշեր։ Խօսքը, անշուշտ, մէկ կողմէ «Հիզպուլլահ»ին եւ միւս կողմէ ալ քաղաքական հակառակ ենթաշերտին միջեւ ծաւալած վիճաբանութեան մասին է, որ ունի խորունկ արմատներ։ Լիբանանի ներքին խնդիրներուն տեղեակ հանրութեան համար բնաւ զարմանալի չէ, անշուշտ, որ երկիրը այսօր ունի անդրկրօնական բաժանում մը, որ հետեւանքն է անցեալ քսան-քսանհինգ տարիներու բաւական թէժ իրադարձութիւններուն։ Այդ առումով անկիւնադարձ մըն էր երկրի սիւննի վարչապետին՝ Ռաֆիք Հարիրիի դէմ մահափորձը, որ եղաւ հիմնաքարը այդ բաժանումին։
Մէկ կողմէ Սէուտական Արաբիա, իսկ միւս կողմէ Իրան կը համարուին այս ներքին պայքարի երկու հիմնական պարագլուխները։ Զարմանալի է, անշուշտ, որ դաւանական հակամարտութեան կիզակէտին յայտնուած այդ երկու տէրութիւնները այսօր իրարու հետ լեզու գտնելու համոզիչ փորձեր կ՚ընեն։ Բայց եւ այնպէս, Լիբանանի եւ տարածաշրջանի այլ դերակատարներուն վրայ անոնց ազդեցութիւնը կը շարունակուի նոյն սաստկութեամբ եւ իրերամերժութեամբ։
Լիբանանի մէջ «Հիզպուլլահ»ի հովանաւորը Իրանն է, որ մասնաւորապէս՝ վերջին պատերազմէն ետք կը փորձէ մարսել պարտութիւնը եւ խաղի նոր կանոններով մասնակցիլ գործընթացներուն։ Նոյնը չենք կրնար ըսել «Հիզպուլլահ»ի մասին, որ տակաւին պատրաստ չէ մարսելու պարտութիւնը եւ կը շարունակէ իր պայքարը նոր կանոններով։ «Հիզպուլլահ»ի դէմ պայքարի դուրս եկած սիւննի, նաեւ քրիստոնեայ խմբաւորումները կը հաւատան այն հին սկզբունքին, որ ուժեղ պետութիւն մը կերտելու սկզբունքն է։ Ու այդ պետութեան մէջ, ոեւէ մէկը իրաւունք պիտի չունենայ զէնք-զինամթերք պահելու։ Ի դէպ, Լիբանանի մէջ առկայ ապօրինի զէնքի հարցը նորութիւն մը չէ։ Խնդիրը ունի արմատներ եւ նախապատմութիւն։ Բոլորին համար այսօր բացայայտ է, որ մինչեւ Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ այս վերջին պատերազմը, ո՛չ ոք կրնար այս նիւթին մասին հանգիստ կերպով խօսիլ։ Ճիշդ է՝ խօսոյթը կար, «Հիզպուլլահ»ի հակադիր քաղաքական կողմերուն համար սա մահ ու կենաց հարց մըն էր, բայց, խօսոյթ ըլլալէ անդին որեւէ կերպով չէր համարուեր իրականալի։
Եւ այսօր, երբ շիի կազմակերպութիւնը յայտնուած է բաւական վիրաւոր եւ ընկճուած վիճակի մը մէջ, հասարակութեան ու քաղաքական շրջանակներու մեծամասնութեան համար ապօրինի զէնքի հարցը դարձած է առանցքային։ Աւելի ճիշդը՝ հարցը ո՛չ թէ զէնքն է, այլ՝ անոր զէզոքացումը, որ դարձած է նախապայման։
Թէ՛ արեւմտեան պլոքի եւ թէ Արաբական ծոցի երկիրները, բայց, մանաւանդ՝ Ամերիակայի Միացեալ Նահանգներուն համար «Հիզպուլլահ»ի զուտ քաղաքական միաւորի մը վերածուիլը կը համարուի կարեւորագոյն օրակարգ։ Ի հարկէ, միջազգային հանրութեան այս խօսոյթը պէտք է փոխառընչել Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ամբողջական խաղաղութիւն կերտելու մօտեցման հետ, որուն յառաջատարը կը համարուի ԱՄՆ։
Այդ խաղաղութեան մասին խօսելու ժամանակ անպայմանօրէն պէտք է հաշուի նստիլ ԱՄՆ-ի կողմէ յղացուած «Աբրահամի համաձայութեան» հետ։ Այստեղ հիմնական արգելքն էր «Հիզպուլլահ»ը, իսկ գործընթացի հիմնական շահառուն՝ Իսրայէլը։ Այս բոլորի լոյսին տակ, հարկ է նշել, որ այս ամբողջ նախապատմութեան աւարտին այսօր Լիբանան դարձեալ կանգնած է նոր պատերազմի մը վտանգին ընդառաջ։ Այնքան ատեն «Հիզպուլլահ» կը փորձէ խուսանաւելով մէկ կողմ չդնել իր զէնքը՝ Լիբանանի դէմ նոր պատերազմի մը հաւանականութիւնը կը մեծնայ։
Զարմանալի է, բայց, նաեւ իրա՛ւ է, որ արաբական աշխարհին մէջ եւս կայ «պատերազմ ընդդէմ խաղաղութեան» խօսոյթը ու մեծ պայքար մը կ՚ընթանայ։ Հարցը չի վերաբերիր միայն Կազզէին ու այնտեղ պաղեստինցիներու կրած մեծ տառապանքներուն։ Այստեղ կան շատ աւելի խորքային դրոյթներ, որոնք կերպով մը կը բանան անցեալի վէրքերը։ Արաբներու մեծամասնութիւնը յոգնած է պատերազմելէ ու սկսած է հաւատալ, թէ հնարաւոր է խաղաղ գոյակցութիւն մը ստեղծել հարեւան Իսրայէլի հետ։
Եգիպտոսի եւ Յորդանանի մասնակցութիւնն ալ շատ կարեւոր եւ ուղենշային եղած է Իսրայէլի դէմ պայքարներուն։ Սուրիան ալ ազդեցիկ եղած է մինչեւ մօտաւոր անցեալին։ Այժմու նոր շրջանին արաբական աշխարհին մէջ կը թելադրէ Սէուտական Արաբիան, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի հետ կը համարուի ըլլայ արաբներու նոր սիրտը, ուղեղը եւ արիւնատար երակը։ Այս պատճառով ալ խօսոյթի մեծ փոփոխութիւն կայ եւ անցեալի յարատեւ պայքարին փոխարէն արաբները կը փնտռեն լուրջ առիթներ՝ երկխօսելու եւ բանակցելու համար Իսրայէլի հետ։
Այս բոլորը, անշուշտ, կը բախին Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիյահուի մօտեցումներուն՝ մինչ ամէն օր մատաղ կը դառնայ Պաղեստինի անզէն ժողովուրդը։ Հիմա արաբները բաւարար ժամանակ չունին հասկնալու կամ վերաընթերցելու համար իրենց կեցուածքները։ Միայն յստակ է, որ ինչպէս բոլոր խաղերուն մէջ՝ այս պարագային ալ մեծագոյն զոհը կ՚ըլլան՝ «Համաս»ի նման խաղի կանոնները չհասկացողները։ Նեթանիյահուի կողքին, անոնք ալ պիտի դասուին գլխաւոր պատասխանատուներու շարքին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան