ԽԱՂԻ ԻՍԿԱԿԱՆ ՏԷՐԸ

Նոր Իրանի մը ճանապարհը երեւցած է արդէն այս նոր պատրեազմով: Վստահաբար, Այեթուլլահ Խամանէյի սպանութիւնը կարեւոր շրջադարձ մը ըլլայ: Անկասկած, որ 1 մարտ 2026-էն ետք Իրան նոյնը պիտի չըլլայ՝ ինչ որ էր։ 

Իսրայէլի կողմէ ընթացք տրուած պատերազմը, որ քանի մը օրէ ի վեր կը շարունակուի, շօշափելի արդիւնքներու հասաւ։ Նշեցինք Իսրայէլի անունը՝ որպէս պատերազմի նախաձեռնած հիմնական կողմ, որովհետեւ գրոհներու առաջին ժամերուն որեւէ լրատուական միջոց չհաղորդեց, որ գործողութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ միացեալ բնոյթ մը ունի: Եւ այս մօտեցումն ալ ունէր իր համոզիչ պատճառները։

Թէ ի՞նչ պատճառներով այս պատերազմը պիտի դառնայ նոր դարձակէտ մը Իրանին համար: Այս ենթադրութեան հիմնական պատճառը Իսրայէլի ձեռամբ եւ ԱՄՆ-ի յատուկ ծառայութիւններու նեցուկով իրականացուած յատուկ գործողութիւնն է, որուն հետեւանքով (եւ հաւանաբար առաջին տարերային հարուածով) կը զոհուէր Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գերագոյն հոգեւոր առաջնորդը՝ Այեթուլլահ Ալի Խամանէյ։ Որպէս կերպար, որպէս ներկայութիւն, մանաւանդ՝ որպէս երկրի իսկական առաջնորդ՝ Խամանէյ անփոխարինելի էր։ Հաւանաբար այդ անփոխարինելիութեան պատճառով, հակառակ իր յառաջացած տարիքին եւ առողջական խնդիրներուն՝ Խամանէյ մինչեւ իր սպանութիւնը շարունակեց մնալ պաշտօնի գլուխ ու մեծ պրիսմակով մը կառավարել երկիրն ու քաղաքական կեանքը։ Այն վարկածը, ըստ որու՝ Խամանէյի սպանութենէն ետք Իրանի մէջ նոր կարգավիճակ մը պիտի ստեղծուի, անպայման չի նշանակեր, որ շուրջ յիսուն տարուան անցեալով շիի հանրապետութիւնը ամբողջապէս պիտի տապալի: 

Ի հարկէ, Իրանի եւ մեծ հաշուով Մերձաւոր Արեւելքի մէջ առկայ այս պատերազմի պարագային շատ են ու տարաբնոյթ վերլուծումները։ Այդ առումով ալ շատ ծանր բեռ ու պարտականութիւն է իւրաքանչիւր լրագրողի համար՝ յստակ կանխատեսումներ կամ ճշգրիտ վերլուծումներ կատարելը։ Կը գրուին հարիւրաւոր նիւթեր, կը լսուին տարատեսակ ելոյթներ, կը հնչեն սպառնալիքներ ու փոխադարձ սպառնալիքներ, սակայն, ամենակարեւոր խօսքը գետնի վրայ տեղի ունեցած եւ տակաւին տեղի ունենալիք իրադարձութիւններն են։ Այս մօտեցումով վերջին խօսքը կը պատկանի գործնական դէպքերուն, որոնց ցարդ ամենէն տարերայինը Խամանէյի սպանութեան շրջադարձային դէպքն է։

Գալով ԱՄՆ-ի իրական նպատակներուն… Եթէ ճիշդ դիտարկենք ու պահ մը մօտիկ անցեալին վերադառնանք, ապա մեզմէ շատերուն համար պարզորոշ կերպով երեւելի կը դառնայ, որ Արեւմուտքին ու յատկապէս՝ «խաղի տիրոջ» ԱՄՆ-ի համար ամիսներէ ի վեր արդէն կար յստակ որոշում մը, թէ Իրանի պարագային այդքան ծամծմուած, երկարձգուած եւ տարբեր առիթներով ալ յետաձգուած բանակցութիւնները պէտք է տապալին։ Անոնք, որոնք այդ բոլորին ականատես դարձան, դիտարկեցին բանակցութիւնները, կարդացին ու վերլուծեցին անոնց դադարի պահերուն հնչած յայտարարութիւնները, լաւապէս հասկցած էին, որ նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին համար բանակցութիւններու վիժեցումը շատ աւելի կարեւոր էր՝ քան որեւէ գործարքի մը կնքումը։ Ու իրաւամբ, ԱՄՆ Իրանի դիմաց դրաւ այնպիսի պայմաններ, որոնք որեւէ կերպով պիտի չընդունուէին Իրանի պահպանողական թեւին կողմէ, որ մինչեւ հիմա ալ կը շարունակէ կառավարել այդ երկիրը։ Սոյն հարցը, անշուշտ, Իրանի հեռահար (պալիսթիք) հրթիռներու թղթածրարն էր, որ բոլոր առումներով ալ կարմիր գիծ էր Թեհրանի համար։ Այսքանը ընկալելէ ետք յստակ էր, անշուշտ, որ ԱՄՆ այդ կարծր կեցուածքին դիմելով՝ պիտի ուզէր մէկ քարով երկու թռչուն որսալ։ Հետեւաբար, այդ խստութենէն ետք ԱՄՆ արդէն ունէր երկրորդ հիմնարար ծրագիր մը, որ պատերազմն էր։ Այսօր արդէն իրականութիւն դարձած «պատերազմ-ծրագրով» ԱՄՆ նախ պիտի հանգստացնէր Իսրայէլը (այս առումով կան նաեւ երկրորդական, բայց, նոյնքան կարեւոր հիմնահարցեր) ու ապա վերջնականապէս պիտի փակէր Իրանի «հիւլէական երկիր» դառնալու բոլոր մակարդակի մտադրութիւնները։ 

Այստեղ պէտք չէ մոռնալ նաեւ այն կարեւոր հանգամանքը, որ պայմանաւորուած է անցեալ տարուան յունիսին տեղի ունեցած 12 օրուան պատերազմով, երբ ԱՄՆ միացաւ Իսրայէլի յատուկ գործողութեան ու ծանրագոյն հարուածներ հասցուց Իրանի՝ ուրանիումի հարստացման ամենակարեւոր կայաններուն։ Այդ օրերուն ԱՄՆ-ի նախագահը, առանց վարանելու կը յայտարարէր, որ իրենց համար առիւծի բաժինը Իրանի կորիզային ներուժը կամ ուրանիումը հարստացնելու դրութիւնները ոչնչացնելն էր: Ոեւէ մէկը չէր խօսեր Իրանի մէջ իշխանափոխութիւն իրականացնելու կարեւորութեան մասին։

Այսօր, այս բոլորը մեր ետին են ու յստակ է, անշուշտ, որ Իրանի անցեալ ամիսներու ներքին խլրտումներու ընդհանուր համայնապատկերին վրայ ԱՄՆ եւ Իսրայէլ հասկցած են, որ այդ երկիրը «ներս»էն փոխելու բոլոր տեսակի ընտրանքները պիտի չյաջողին ու այդ էր հիմնական պատճառը, անշուշտ, որ բանակցութիւններու տապալման օրակարգը աւելիով կը զօրանար ու ճանապարհ կը հարթէր այս նոր պատերազմին, որուն վերջնական հետեւանքներուն կամ նոյնիսկ ընդհանուր ընթացքին մասին շատ դժուար է յստակ կանխատեսումներ կատարել։ Հետեւաբար, այսօր կարեւորագոյնը Իրանի ներքին արձագանգն է: Անշուշտ, հարկ է դիտարկել Իրանի մէջ տեղի ունենալիք իրադարձութիւններուն նշանակութիւնը։ Ի վերջոյ, Իրան պիտի կարողանա՞յ ճիշդ ընտրութիւն մը կատարել ու ճիշդ կշռել իր ունեցած քարերը ու անոնց վրայ յենլով՝ աւելի ճիշդ ու տեղին որոշումներ առնել։ 

Խամանէյ այլեւս չկայ ու շատ հաւանական է, որ ներկայ փուլին Իրան չի կրնար ունենալ նոյն ազդեցութեամբ կեդրոնական դէմք մը։ Ճիշդ է, որ Իրանի նման համակարգով երկիրներու պարագային չկան անփոխարինելի առաջնորդներ, բայց եւ այնպէս, այդ մեկնակէտը կամ տեսութիւնը աշխատող չէ՝ բազում առումներով մեծ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման մնացած այս շիի տէրութեան համար։ 

Անշուշտ, կան առաջին նախանշանները, թէ Իրան ընտրած է «վատ ճանապարհ»ը: Թեհրանէն ցարդ հասած լուրերը (քաղաքական, կրօնական կամ նոյնիսկ ռազմական գործիչներու փոխարինման առումով) կը մերկացնեն, որ Իրան վճռական է իր պայքարին մէջ ու ասոր դիմաց մենք կրնանք տեսնել դաշնակից երկեակի եւ մանաւանդ՝ ԱՄՆ-ի աւելի ծանր եւ կործանարար հակազդեցութիւնները։ Որպէս օրինակ՝ նշենք, որ Արաբական ծոցի երկիրներուն դէմ Իրանի առած քայլերն ու տուած հարուածները իրեն որեւէ օգուտ չեն կրնար տալ։ Աւելի՛ն, այդ սխալները տեղ մըն ալ պիտի մերկացնեն եւ ի չիք դարձնեն այն մեծ սպառնալիքները, որոնց մասին վերջին շաբաթներուն յայտարարած էր՝ նոյնիսկ սպաննուած Խամանէյ։ Տակաւին կան վերլուծութիւններ, ըստ որոնց՝ Իրանի ուժերու կշիռին մասին ցարդ եղած գնահատականները սխալ եւ ուռճացուած էին, որովհետեւ Քուէյթի նորակերտ օդակայանը հարուածելու կամ Տուպայի շքեղ պանդոկներէն մէկը հրոյ ճարակ դարձնելու քաջութիւնը որեւէ կերպով չեն կրնան ամրագրել Իրանի՝ արդէն իսկ յոգնատանջ վարչակարգին դիրքերը։

Եզրակացութիւնն ու վերջին խօսքը պիտի պատկանին Իրանի ժողովուրդին, որ մեծ անցեալ ունի եւ կրնայ իսկապէս հունաւորել երկրի ապագայի նոր մօտեցումները, որոնք կրնան դարձեալ ոտքի հանել՝ այդ մեծ ներուժով, բայց, ցաւալիօրէն վիրաւոր եւ տկարացած երկիրը։ 

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 2, 2026