ՍՏՐՈՒԿՆԵՐՈՒ ԲԵՐԴԸ

Եթէ միայն հագուստներուն տեսքը այդքան անփոյթ եւ տխրեցնող չըլլար, անոր մասին պիտի ըսէին, թէ բանաստեղծ է…: Արդարեւ, վայրը ուր ընտրած էր, որպէսզի կառուցէր իր տախտակէ եւ թիթեղէ համեստ հիւղակը, ընտիր վայր է…: Ատկէ մի քանի մեթր անդին, ամեհի ծովուն ամբարտաւանութիւնը կը քսուի՝ սուր ժայռերուն ոտքերուն տակ, խոր եւ միապաղաղ ձայնով…: Անոր դէմքը նիհար էր, իսկ սպիտակ մօրուքը՝ որու մէջ մի քանի սեւ մազիկներ կային՝ կ՚աւելցնէին իր խեղճութիւնը. իր աչքերը խորասուզուած էին փորագրուած երկու յօնքերու տակ, իսկ այտերը՝ ցցուած էին ինչպէս երկու ժայռեր, որ պատահականութեամբ ինկած են մեծ բլուրի մը շուրջ բոլորը, որ իր քիթն էր:

Ինչո՞ւ այդ վայրը գացինք. հիմա չեմ յիշեր…: Մեր փոքրիկ ինքնաշարժով խորտուբորտ եւ ցեխոտ ճամբայ մը կտրեցինք, որ ո՛չ մէկ տեսք ունէր: Մեր ճանապարհորդութիւնը երեք ժամէ աւելի տեւեց…: Ապա, Սապէթը ինքնաշարժի պատուհանէն իր ձեռքով նշան ըրաւ եւ ծակող ձայնով պոռաց.

-Ահաւասիկ «Ստրուկներու բերդ»ը…:

«Ստրուկներու բերդ»ը մեծ ժայռ մըն էր, որ ալիքները իր հիմքը կերած էին եւ սկսած էր նմանելու մեծ թռչունի մը թեւին, որ իր գլուխը աւազին մէջ թաղած է, իսկ թեւը երկարած է ծովու թոհուբոհին վրայ…:

-Ինչո՞ւ զայն «Ստրուկներու բերդ» կոչած են:

-Չեմ գիտեր, թերեւս կայ պատմական դէպք մը, որ այս անունին փակցուած է… Կը տեսնէ՞ք այդ հիւղակը:

Սապէթը անգամ մը եւս այդ փոքրիկ հիւղակին նշան ըրաւ, որ հսկայ ժայռի շուքին տակ ինկած էր եւ մարեց ինքնաշարժը ու իջանք…:

-Կ՚ըսեն, թէ կէս խենթ ծերուկ մը կը բնակի անոր մէջ…:

-Ի՞նչ կ՚ընէ առանձինն այս ամայութեան մէջ:

-Այն ինչ որ միտքէդ եկած ոեւէ մէկ կէս խենթ կ՚ընէ:

Տեսանք ծերուկը -հեռուէն- ծունկերուն վրայ նստած իր հիւղակի շեմին, գլուխը ափերուն մէջ առած՝ դէպի ծով կը նայէր…:

-Չե՞ս կարծեր, որ այս ծերուկը իր յատուկ պատմութիւնը ունի: Ինչո՞ւ կը պնդես, թէ կէս խենթ մըն է ան:

-Չեմ գիտեր. այդպէս լսած եմ իր մասին…:

Սապէթը հասած էր իր ընտրած տեղը. հաւասարեցուց աւազը, ջուրի շիշերը նետեց, տոպրակէն ուտելիքները հանեց ու նստաւ:

-Կ՚ըսեն, թէ հայր էր չորս զաւակներու, որոնց բախտը խնդացած է եւ հիմա այս տարածաշրջանին ամենէն հարուստներէն են…:

-Յետոյ ի՞նչ:

-Զաւակները հակառակեցան, թէ իրենց հայրը ո՞վ պիտի պահէր իր մօտ…, եւ վճիռ կայացնելը անոնց կիներուն ձեռքը անցաւ, որով ծերուկը որոշեց փախչիլ ու այստեղ հաստատուիլ…:

-Ամէն օր կատարուող պատմութիւն մըն է…, եւ կարիք չկայ, որ ծերուկը կէս խենթ դարձնես…:

Սապէթը անիմաստ նայեցաւ ինծի, ապա կարգ մը փայտեր՝ որոնցմէ կրակարան մը ըրած էր՝ վառեց, ջուր լեցուց թէյամանին մէջ ու դրաւ զայն կրակին վրայ…:

-Կարեւորը այս պատմութեան մէջ, որ համաձայնինք. իր այստեղ փախչիլը իր կէս խենթ վիճակէ՞ն էր, թէ՞ իր կէս խելօք վիճակէն:

-Ահաւասիկ, քեզմէ մի քանի մեթր այն կողմ է…, ինչո՞ւ անոր մօտ չես երթար ու իրեն չես հարցներ:

Սապէթը փչեց կրակին, ապա սկսաւ աչքերը շփել ծունկի գալով…

-Ես չեմ կրնար տանիլ այն մտածումը, որ իր տեսքը մտածել կու տայ ինծի…

-Ի՞նչ մտածում:

-Որ մարդ մը եօթանասուն տարի ծանր կեանք մը անցընէ, աշխատի, յոգնի, որ օր օրի, ժամ ժամի ներկայութիւն ըլլայ, որ եօթնասուն տարի իր ափերուն քրտինքով ուտէ, որ այս օրը ապրի՝ յոյս ունենալով աւելի լաւ վաղուան, որ եօթանասուն տարիներ իւրաքանչիւր գիշեր քնանայ… ինչո՞ւ. որպէսզի իր մնացած կեանքին տարիները ապրի շան նման վռնտուածի մը պէս, առանձինն, այսպէս նստած… Նայէ՛ անոր…, կարծես բեւեռային անասուն մըն է, որ իր մուշտակը կորսնցուցած է… Կը պատկերացնե՞ս, որ մարդ եօթանասուն տարի ապրի, որպէսզի այս վիճակին հասնի… Ես չե՛մ կրնար համբերել:

Դարձեալ նայեցաւ մեզի, ափերը երկարեց ու սկսաւ գոռալ.

-Պատկերացուր. անօգուտ եօթանասուն տարիներ: Առանց իմաստի…: Պատկերացուր, թէ եօթանասուն տարի մէկ ճանապարհով քալած ես, նոյն ուղղութեամբ, նոյն կողմերը, նոյն հորիզոնը, ամէն ինչ նոյնը… անտանելի բան մըն է:

-Թերեւս ծերուկը հակառակի քեզի քու կարծիքիդ հետ… Թերեւս կը կարծէ, թէ իր ապրած կեանքէն տարբեր վիճակի մը հասաւ իր կեանքի աւարտին…, թերեւս կը սիրէ իր այս աւարտը…, ինչո՞ւ չես հարցներ անոր:

Կանգնեցանք, որպէսզի անոր մօտ երթանք…: Երբ հասանք անոր տեղը, աչքերը բարձրացուց եւ սառնութեամբ պատասխանեց մեզի, ապա հրաւիրեց մեզ, որպէսզի նստինք…: Դիմացի դռնէն կրցանք հիւղակը ներսէն ալ տեսնել…: Անոր մաշած անկողինը դրուած էր անկիւնը, որու վրայ չբացուած խեցգետիններու կոյտ մը կար: Պահ մը լռութիւնը տիրեց մեր վրայ. այդ լռութիւնը կտրեց ծերուկը իր թոյլ ձայնով.

-Քիչ մը խեցգետին կ՚ուզէ՞ք: Ես խեցգետին կը ծախեմ…:

Եւ երբ որեւէ մէկ պատասխան չունէին, Սապէթը հարցուց անոր.

-Դո՞ւն կ՚որսաս զանոնք:

-Մակընթացութեան կը սպասեմ, որով բաւական խորը կ՚երթամ, կը հաւաքեմ զանոնք, ապա կը ծախեմ զանոնք անոնց՝ որոնք կ՚ուզեն անոնց մէջ մարգարիտ գտնել…:

Իրարու երես նայեցանք, ապա Սապէթը հազիւ կրցաւ հարցնել այն հարցումը, որ մեր բոլորին գլուխներուն մէջ կը դառնար…

-Ինչո՞ւ դուն չես փորձեր մարգարիտ գտնել այս խեցգետիններուն մէջ:

-Ե՞ս:

Այնպէս ըսաւ այդ բառը, կարծես առաջին անգամ գիտակցէր, թէ ինք եւս գոյութիւն ունէր…, կամ այդ մտածումը երբեք չէր անցած իր միտքով… Ապա, շարժեց գլուխը եւ լռեց…:

-Ինչքանո՞վ կը ծախես այս կոյտը:

-Շատ արժան գինով… բաղարջով մը, կամ երկու բաղարջով…:

-Փոքրիկ խեցգետին է, վստահաբար անոր մէջ մարգարիտ չկայ…:

Ծերուկը իր փորագրուած յօնքերուն տակի մարած աչքերով նայեցաւ մեզի եւ սուր շեշտով մը ըսաւ.

-Խեցգետինէն բան կը հասկնա՞ս դուն: Ո՞վ հասկցնել կու տայ քեզի, թէ անոր մէջ մարգարիտ կայ, կամ չկայ:

Կարծես մտածեց, թէ աւելի կը բորբոքի ու կը կորսնցէ վաճառքը…, լռեց…:

-Իսկ դուն կրնա՞ս գիտնալ:

-Ո՛չ. ոչ ոք կրնայ գիտնալ:

Սկսաւ իր առջեւը գտած խեցիի պատեանով մը զբաղիլ՝ անտեսելով մեր ներակայութիւնը, կարծէք այնտեղ չըլլայինք…:

-Լա՛ւ, ծախէ՛ մեզի կոյտ մը:

Ծերուկը դարձաւ եւ ցոյց տուաւ այն կոյտը, որ քառակուսի ժայռին վրայ շարուած էր եւ թաքնուած ուրախ ձայնով մը ըսաւ.

-Երկու բաղարջ տուր եւ ե՛լ ու այդ կոյտը վերցուր…:

Երբ մեր տեղը վերադարձանք՝ խեցգետիններու կոյտ մը շալկած, վէճը ետ իր ընթացքը առաւ: Սապէթը ըսաւ.

-Ես կը կարծեմ, որ կէս խենթ չէ եւ ո՛չ ալ հարուստ զաւակներ ունի… իրականութիւնը այն է, որ աղքատ մըն է, որ իր արժանապտիւ մուրալու ձեւը գտած է…:

-Այլ կը կարծեմ, թէ այդ աչքերը խենթի աչքերէ բացի ուրիշ բան չեն, այլապէս, ինչո՞ւ համար չի՛ բանար խեցգետինները, թերեւս մարգարիտ մը գտնէ:

-Թերեւս ձանձրացած է կատարած փորձերէն, որով նախընտրած է նայողի եւ շահողի դիրքին մէջ ըլլայ միաժամանակ…:

Կէս օրը ամբողջ անցուցինք խեցգետինները բանալով մինչեւ վերջացուցինք կոյտը… Մեր չորս կողմը բլուրի նման լեցուած է խեցգետիններուն դատարկ փորերը: Ապա սկսանք խնդալ մեր խենթութեան վրայ:

Երեկոյեան, Սապէթը առաջարկեց ինծի, որպէսզի ծերուկին գաւաթ մը թէյ տանիմ, թերեւս այդ անոր կուրծքին մէջ ուրախութիւն մը մտցնէր…:

Թէյ տարի անոր… Փոքր վախ մտաւ մէջս, սակայն ան հրաւիրեց զիս, որպէսզի նստիմ եւ սկսաւ իր թէյը ոգեւորութեամբ խմել…:

-Խեցգետիններուն մէջ բան մը գտա՞ք:

-Ո՛չ…, ոչինչ գտանք: Մեր վրայ խնդացիր…:

Գլուխը ցաւով շարժեց, թէյէն կում մըն ալ խմեց եւ ըսաւ՝ կարծէք ինքն իր հետ կը խօսէր.

-Երկու բաղարջով ձեր վրայ խնդացի:

Դարձեալ սկսաւ իր գլուխը շարժել…, ապա յանկարծ նայեցաւ ինծի եւ սուր շեշտով մը պոռաց.

-Եթէ այս խեցգետինները կեանքդ ըլլային, ըսել կ՚ուզեմ, եթէ իւրաքանչիւր խեցգետին կեանքիդ մէկ տարին ըլլար եւ զանոնք մէկ առ մէկ բանայիր ու դատարկ գտնէիր, պիտի նեղուէի՞ր երկու բաղարջ կորսնցնելուդ համար:

Սկսայ դողալ… Պահ մը վստահութեամբ կարծեցի, թէ իրապէս խենթի մը առջեւն եմ. անոր աչքերը՝ փորագրուած յօնքերուն տակ, սուր շանթով մը կը փայլէին ու անբնական էին, իսկ մաշած հագուստը երեկոյեան լոյսին տակ կը թօթուըէր… Ո՛չ մէկ բառ գտայ, որպէսզի կարենամ ըսել անոր: Փորձեցի կանգնիլ, սակայն, ան ձեռքս բռնեց եւ զգացի անոր փոքրիկ ափին զօրութիւնն ու պրկուածութիւնը…, ապա լսեցի անոր ձայնը.

-Մի՛ վախնար, ես խենթ չեմ՝ ինչպէս կը կարծես… նստէ՛, կ՚ուզեմ քեզի բան մը ըսել… Առօրեայիս ամենէն ուրախ պահը այն է, որ դիտեմ այս տեսակի յուսահատութեան պատկեր մը…

Դարձեալ նստայ, այս անգամ ապահովութեան զգացում մը ունենալով…, մինչ ան դարձեալ սկսաւ նայիլ հորիզոնին՝ անտեսելով ներկայութիւնս, կարծէք ինք չէր որ պահ մը առաջ հրաւիրեց զիս նստելու… ապա դարձաւ դէպի ինծի.

-Գիտէի, որ ոչինչ պիտի գտնէիք…: Այս խեցգետինները տակաւին երեխաներ են, այդ պատճառով անկարելի է, որ որեւէ մէկ մարգարիտ ունենան իրենց ներսիդին…, սակայն ուզեցի գիտնալ…

Եւ դարձեալ լռեց… ու սկսաւ ծովուն նայիլ, ապա ըսաւ՝ կարծէք ինքն իր հետ կը խօսէր.

-Այս գիշեր մակընթացութիւնը շուտ պիտի սկսի…, եւ ես պէտք է խեցգետիններու կոյտ մը հաւաքեմ, որովհետեւ վաղը ուրիշ մարդիկ պիտի գան…:

***

Կանգնեցայ՝ զարմանքս ետեւէս քաշելով…: Ստրուկներու բերդը մութ էր մայրամուտին. ընկերներս դատարկ խեցգետիններու կոյտի կողքին թէյ կը խմէին, մինչ ծերուկը մակընթացութեան ետեւէն կը վազէր, մերթ ընդ մերթ կը կկզէր, որպէս ջուրէն դուրս եկած խեցգետինները բռնէր…:

«12-րդ անկողինին մահը»
Քուէյթ, 1960

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 2, 2025