ԶԻԱՏ ՌԱՀ­ՊԱ­ՆԻՆ, ԼԻ­ԲԱ­ՆԱ­ՆԸ, ՄԻ­ՋԻՆ Ա­ՐԵ­ՒԵԼՔՆ ՈՒ Ա­ՐԱ­ԲԱ­ԿԱՆ ԱՇ­ԽԱՐ­ՀԸ

Հռչակաւոր ու անզուգական լիբանանցի երգչուհի Ֆէյրուզի որդին, որ նոյնպէս մեծութիւն մըն է արաբական աշխարհին մէջ, հեռացաւ կեանքէն: Լիբանանը եւ ամբողջ արաբական աշխարհը կը սգայ կորուստը Զիատի, որ ո՛չ միայն մեծ երաժիշտ մըն էր, այլեւ՝ քաղաքական ու հասարակական գործիչ եւ մշակութաբան:

Այո՛, մեծերը կը վաւերացնեն ու կը հանգրուանեն երկիրներու, տեղերու պատմութիւններն ու ապրուածութեան ուժականութիւններն ու տարողութիւնները, իսկ աշխարհի անվերջանալի բացումն ու պեղումը կ՚ըլլայ մեծահոգիներու միջոցաւ։ Ինչքան ալ տեղային ու ժողովրդային դրուածքները կը պատեանացնեն ամէն ինչ, բայց չէ՞ որ բոլորս ի վերջոյ տեղի մը, պատեանի մը, դատի մը եւ պատկանելիութեան մը մէջ պիտի ծնինք, ուր մնաց երբ բարդագոյն, առաքելագոյն, տրտմագոյն ու նոյնիսկ  խնդրային ու գոյութենական դիտաւորեալ կամ ոչ զանցառնումներով կը ծնինք որոշակի տեղեր, վեհագոյն առաքելութիւններով: Բացառութիւն չէ հոս Զիատը, կամ ալ միաժամանակ մեծ բացառութիւն է, քանի ծնաւ երկրի մը մէջ եւ ապրեցաւ աշխարհագրութեամբ մը՝ զայն  նկարագրելով, առաքելացնելով կամ նոյնիսկ զոհաբերելով մարդկայինի գագաթնակէտին։

Զիատ Լիբանանի ամենացայտուն դէմքերէն մին էր վերջին քառասուն տարիներուն։ Լիբանանը չենք կրնար բացատրել ու գծել, երգել ու յաւերժացնել, հաստատօրէն գեղեցկացնել առանց իրեն ու իր մօրն ու հօրը: Լիբանանը, որ Մերձաւոր Արեւելքի գոհարներէն էր, երգեց իր շուրթերով ու իր ապրուստածին երաժշտութեամբ ան ինքզինքը իրապէս գտաւ Զիատին մէջ, Ճպրանէն ու Սուրբ Շարպելէն վերջ: Այն սակաւաթիւ երկիրներէն է Լիբանանը, որ տարածքի հասկացողութիւնը ալեցուցած է. ան Սուրիան է, Պաղեստինն է, Միջին Արեւելքն է, արաբական աշխարհն է ու Արեւելքը ինքնին՝ իր ամենափոքրիկ, բայց, հսկայ ու անծայրածիր բջիջայնութեամբ: Զիատը այդ Լիբանանն էր։ Զիատի հոգեւորի հասնող հեգնանքը նոյն Լիբանանէն ու Լիբանանով ինչո՞ւ առաքինի էր, որովհետեւ վեհօրէն անոր միջոցաւ վեհօրէն նուաճած էր արուեստմշակոյթն ու ընկերաբանութիւնը, ուր կար թէ՛ հանճարեղութիւնը եւ թէ պարզագործութեան կեանքոտ նեկտարը: 

Զիատ կ՚ըսէր. «Այսքան փոքրիկ երկիր (իմա Լիբանան), որ չ՚երեւիր աշխարհի քարտէսին վրայ, իրաւունք չունի այսքան խնդիրներ ունենալու»։ Այս կէտին ան զիս ներգրաւեց՝ պետական ու երկիրներու մակարդակով խնդրականութեան հարցով։ Լիբանանը այն երկիրներէն է, որ տպաւորութիւնն ու ապրումը կու տայ մարդկային ամէն տեսակի խնդրականութիւնները ստեղծելու-հարթելու վաստակուած իրաւունքը։ Մենք աշխարհի մէջ ենք խնդրականութիւն ապրելու առընթեր, նաեւ լուծելու զայն, իսկ Լիբանանը հարթեցնող է ապրուստը իր խորագոյն փտածութեամբ, իր դասակարգայնութեամբ ու դաւանանքաբանութեամբ, իր հասկնալի ու անհասկնալի դրամատիրութեամբ ու ընկերվարութեամբ: Լիբանանի ունեցած ապրուածութիւնը, կեանքը, ջիղայնութիւնը, տարփանքն ու ամէն տեսակի մարդկային առօրէականներու համադրումները կը շողան՝ միջերկրականեանով, արաբականով, փիւնիկականով, արեւելեանով ու արեւմտեանով: Հոն  կայ շողք ու կեանքի երանգ մը, որ վաւերական է իր ամենամեղսագործութեամբ ու սիրով, տարօրինակ է իր տարերքներով ու կրօնազարդմամբ եւ որ անկեղծութիւն կը ծորի (ուզենք կամ չուզենք), կեանքագործում մը ունի յորդուն, որուն նմանը չկայ Թոքիոյէն-Իսթանպուլ, Շանկհայէն-Տուպայի:

Հաւանաբար, Զիատի կերպարով Լիբանանի արաբական քրիստոնէականութիւնը ըս-տացաւ մեծագոյն հենք, արաբ-քրիստոնէական մշակոյթով մը, որ արեւմտականացումով մաղեց փոշին արեւելքի ձախողման, միեւնոյն ատեն զոհը չեղաւ արեւմտականացման ու լիբանանեան փոքրիկ, բայց, ազնիւ ու կուռ հակաձուլմամբ արաբա-իսլամականացումն ալ արժեւորեց։

Եթէ Ֆէյրուզը Լիբանանի սիրտն է, ապա տղան՝ Զիատը անոր խիղճն է։ Չկայ միջազգային արուեստի, գրականութեան ու նոյնիսկ քաղաքական կեանքին մէջ այսպիսի երկուութիւն մը, որ իրական է ու ինքնեկ, ապրելի է ու ճշմարիտ, սրբացնող է ու միեւնոյն ատեն ջինջ առօրէական: Ֆէյրուզը, Զիատն ու Լիբաբանը մէկ միասնութիւն են: Լիբանանի նուաղումն  ու յիշատականացումը ինչքան ալ շօշափենք, ան կը մնայ առաքելութիւն։ Զիատը հեռացաւ, իսկ իր ձայնն ու հոգին, կերպարն ու գործը անմահ են, պայծառ ու առաքելածին:

 Ննջէ խաղաղութեամբ մեծ լիբանանցի:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Օգոստոս 2, 2025