ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԻՆՉԻ՞ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԵՏ ՆՈՐ ԷՋ ՄԸ ԲԱՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Սուրիոյ քաղաքական ընդհանուր իրադրութիւնը հարկ է բաժնել երկու մասի. արտաքին կապերը, յարաբերութիւնները եւ նոր իշխանութիւններուն բռնած դիրքը եւ միւս կողմէ ալ ներքին պատկերը եւ այդ առումով ի յայտ եկած հարցադրումները, տեսակ մը անորոշութիւնը եւ ծաւալող մտավախութիւնները։ Յստակ է, անշուշտ, որ Սուրիոյ այս վիճակը օդէն չինկաւ։ Սա արդիւնքն է երկարատեւ պայքարի մը, որ ապրեցաւ տատանումներ, նահանջ եւ հարցադրական վիճակներ։ Սակայն, այսօր ստեղծուած պատկերը բոլոր առումներով կը պարունակէ յուսադրիչ նշաններ, որոնք, յամենայնդէպս, պէտք է ուղղորդուին՝ գլխաւոր առանցք դարձնելով երկրի ներքին անվտանգութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը։

Մինչ այդ, Սուրիոյ վերաբերեալ քննարկումներու ամբողջին մէջ հետզհետէ աւելի յաճախակի հարց կը տրուի, թէ ինչո՞ւ Երեւան պէտք է վայրկեան առաջ կապ հաստատէ Դամասկոսի նոր իշխանութիւններուն հետ։ Այսպէս, այդ քայլը պէտք է առնուի բարձրագոյն մակարդակով, որովհետեւ սոսկ պետական յարաբերութիւններ մշակելու կամ առկայ յարաբերութիւնները վերանորոգելու մասին չէ խօսքը, այլ առկայ է մեծ ու կարեւոր դրամագլուխ մը, որ կը կոչուի սուրիահայութիւն։ Այդ դրամագլուխը (բառին բուն եւ փոխաբերական իմաստներով) կարիքն ունի նեցուկի, սփիւռքի նիւթաբարոյական ու մանաւանդ՝ Հայաստանի պետական աջակցութեան։ Տարիներ առաջ Երեւան մէկդի դրաւ անկեալ Էսատի մանաւանդ՝ հաւաքական Արեւմուտքի աչքին օրինականութեան խնդիրը եւ Հալէպ ուղարկեց մարդասիրական առաքելութեան խաղաղապահներու խումբ մը։ Այդ օրերուն յատկապէս Հալէպի հայկական համայնքը եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ հայութիւնը հպարտութիւն եւ ապահովութիւն զգաց։ Արեւմուտքը, որ այս քայլին դիմաց կրնար խորթ հայեացքով մը նայիլ Հայաստանին,չըրաւ այդպէս, այլ իմանալով խնդրին նրբութիւնն ու հասկնալով Սուրիոյ հայութեան առանձնայատկութիւնը՝ կերպով մը անտեսեց այդ առաքելութեան գոյութիւնը։ Ճիշդ է, որ վարչապետ Փաշինեանի կառավարութեան այդ նախաձեռնութիւնը կը կատարուէր գոհացում տալու համար Մոսկուային ու ցոյց տալու, որ Հայաստան պատրաստակամ է ըլլալ այն թէժ կէտերուն վրայ, ուր կան Ռուսաստանի շահերը։ Սակայն, եղելութիւնը արժեւորուեցաւ նաեւ՝ դիտուած հայկական ընդհանրական շահերու տեսանկիւնէն։ Դերի պատմականութիւնը, Հալէպի հայկական գաղութի անցեալը, մինչեւ Սուրիոյ աղէտալի պատերազմի սկիզբները տեղւոյն հայութեան ապրած ոսկեայ ժամանակները անպայման կը խօսէին հայկական գործօնի մը մասին, որուն կպակցութեամբ ապահովաբար Հայաստանի իշխանութիւնները գիտէին։ Մինչ այդ, հազարաւոր սուրիահայեր եկած-հասած էին Հայաստան եւ դրական երանգ մը բերած՝ մանաւանդ Երեւանի առօրեային։ Այդ օրերուն եւս Հայաստանի պատկան մարմինները, գլխաւորութեամբ երբեմնի սփիւռքի նախարարութեան, կարեւոր գործ կատարեցին օգնելու համար՝ իրենց բնօրրանէն զրկուած ու Հայաստանի երկինքին տակ նոր ու ապահով երդիք մը որոնող սուրիահայերուն։ Սա, անշուշտ, որպէս պատմական փաստ, որմէ յետոյ ալ 2018 թուականի իշխանափոխութենէն ետք Սուրիան եւ սուրիահայութիւնը շարունակեցին մնալ երկրի սփիւռքի կառոյցներու ուշադրութեան կեդրոնին։ Պաշտօնեաներ հերթաբար այցելութիւն տուին Սուրիա՝ Հալէպի մէջ տեղւոյն վրայ ծանօթանալու համար մայր գաղութի խնդիրներուն եւ դժուարութիւններուն։ Բաց աստի, հետաքրքրութեան կարեւոր փուլ մը ապրեցաւ սուրիահայութիւնը 2023 թուականին, Թուրքիան հարուածած երկրաշարժէն անմիջապէս ետք։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Անգարա այցելելէ ետք մեկնեցաւ Դամասկոս։ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց Հալէպ եւ օժանդակութիւն ապահովուեցաւ փո երկրաշարժէն տուժած շրջանակներուն։ Այս բոլորը, անշուշտ, արդիւնքն են երկարատեւ ջանքերու, որոնք նաեւ Հայաստան-Սուրիա (Խորհրդային Միութեան ժամանակներէն) երկարամեայ յարաբերութիւններու եւ բարեկամական կապերու շարունակական շղթայի օղակները կը համարուին՝ որպէս երկու բարեկամ պետութեանց միջեւ նուիրականացած եւ անմիջական յարաբերութիւններու ընդհանուր շրջանակագիծ։ Հայաստան, ճիշդ է, չէ խառնուած, միջամուխ չէ եղած կամ չէ քննադատած Էսատ ընտանիքն ու անոր ծլարձակած ու բազում մեղքերով ծանրաբեռնուած իշխանութիւնները, բայց եւ այնպէս, անոր համար միշտ ալ անգիր օրէնք համարուած է յարգել Սուրիոյ ժողովուրդի որոշումները։

Պատմական մեծ հոլովոյթներէ անցած Սուրիոյ ժողովուրդը, կամ նոյնինքն սուրիահայութիւնը գո՞հ էր արդեօք այդ դժխեմ վարչակարգէն, այլ հարց։ Եւ այլ հարց, թէ Հայաստանի իրերայաջորդ իշխանութիւնները ինչպէ՞ս, ի՞նչ տուեալներով եւ ի՞նչ յարաբերութիւններու մակարդակով պահպանած են կապը այդ երկրին հետ՝ միշտ վեր դասելով սուրիահայութեան շահերը։ Այսօր եւս պէտք է գիտակցիլ ու հասկնալ, թէ ի՛նչ տեսակի իշխանութիւններ ալ հասած ըլլան Սուրիոյ մէջ պետութեան ղեկին, Հայաստան դարձեալ պէտք է մտածէ միայն ու միայն հայ-սուրիական բարեկամութեան ակնոցով ու մօտիկ ըլլալով, հոգատար ըլլալով՝ մանաւանդ երկրի հայութեան, հանդերձ անոր իրավիճակով։ Հայաստանի իւրաքանչիւր հետաքրքրութիւնը, նեցուկը, քաղաքական խօսքը կամ դիւանագիտական քայլը, մեծ հաշուով, պիտի հոսի յարաբերութիւններու ուղիի մը մէջ, որուն մէկ ծայրը կայ պատմական յիշողութիւնը եւ միւս ծայրին ալ հայկական համայնքը ամուր, բարգաւաճ եւ կանգուն տեսնելու մտածումը՝ իր պատմական տեղանքին վրայ։ Հասկնալի է, անշուշտ, որ Սուրիոյ մէջ ստեղծուած նոր պատկերը չունի եւ պիտի չունենայ մօտիկ անցեալի երանգները՝ այն իմաստով, որ եթէ անցեալին երկրէն ներս հիմնական դերակատարներն էին Էսատ ընտանիքի անդամները, անոնց «Պաաս» կուսակցութիւնը, կամ մօտիկ անցեալին այնտեղ դեր վերցուցած էին Իրանը, Լիբանանի «Հիզպուլլահ»ն ու Ռուսաստանը, այսօր կան նոր խաղացողներ, որոնց գլխաւորը Թուրքիան է։

Սուրիահայութիւնը եւս պարտաւոր է գիտակցիլ ներկայ վիճակը ու այս բոլորը հասկնալով փոխել իր տրամագիծերը եւ, աւելին, այլեւս Հայաստանին պահանջատիրական կոչեր պէտք չէ հասցէագրուին։ Խելացի պէտք է վարուիլ։ Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու մեծ ծիրին մէջ Հալէպը, Սուրիան եւ Դամասկոսի նոր իշխանութիւնները պէտք է վերածել երկխօսութեան նոր պատուհանի մը՝ առանց մեծ ակնկալութիւններու, նաեւ պահել պահպանելով սուրիահայութեան մեծ շահերն ու մանաւանդ՝ անվտանգութիւնը։

Հնարաւորի արուեստն է քաղաքականութիւնը եւ Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան ներուժը կարեւոր գործօն է՝ խօսելու համար արաբներու լեզուով, գործելու անոնց հետ եւ մօտեցնելու Հայաստանը իր բնական եւ օրկանական աւազանին՝ մանաւանդ, որ Սուրիոյ մէջ ընթացք առած փոփոխութիւնները իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան ո՛չ միայն Լիբանանի, Արաբական ծոցի երկիրներու, այլեւ՝ արաբա-իսրայէլեան հակամարտութեան վրայ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունուար 20, 2025