ԱԿՆԱՐԿ - 105 - ԹԵՐՀԱՍ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ

Գաղտնիք չէ, որ Հայաստանի իշխանութեան գլուխը գտնուող անհատները, որոնք կը կոչուին իշխանութիւն, մեծամասնութեամբ թերհասներ են, չըսելու համար կեանքին մէջ չկայացած անձնաւորութիւններ են, երկրի առաջին դէմքէն սկսած, մինչեւ որեւէ մէկ նախարարութեան ամենէն յետին ՔՊ-ական պաշտօնեան:

Փաստերը շա՜տ են: Պահ մը ուշադրութիւն դարձուցէք անոնց խօսքերուն, անոնց օգտագործած բառապաշարին, ապա դիւրութեամբ պիտի համոզուիք վերը գրածիս: Եթէ թերհաս ու չկայացած չըլլային, ապա նման կերպով չէին խօսեր, կամ նման բառապաշար չէին գործածեր ո՛չ Ազգային ժողովէն ներս, ո՛չ կառավարութենէն, ներս եւ ընդհանրապէս ո՛չ մէկ տեղ իրենք իրենց թոյլ կու տային նման կերպով ելոյթներ ունենալու: 

Արժանապատիւ եւ արժեհամակարգ ունեցող մարդը ինքն իրեն երբեք թոյլ չի՛ տար նման կերպով խօսելու: Արժանապատուութիւն ունեցող մարդը, այս պարագային որեւէ մէկ իշխանաւոր անձ, նախ եւ առաջ կը յարգէ այն ժողովուրդը, որ իրեն վստահելով քուէ տուած է, որպէսզի զինք ներկայացնէ ազգային (ինչքան ալ բարբանջեն ըսելով, թէ պետական) այդ կառոյցներէն ներս, եւ ամէն ինչ կ՚ընէ, որպէսզի արժանի ըլլայ այդ վստահութեան:

Ներկայիս, սակայն, ճիշդ հակառակն է, որ կը տեսնենք: Երկրի առաջին դէմքէն սկսելով, անցնելով Ազգային ժողովի նախագային, անցնելով կրթութեան նախարարին (եթէ այդպիսի գոյութիւն ունի), հասնելով արտաքին գործերու նախարարին…, եւ այսպէս շարքը կարելի է երկարել: (Երեւանի քաղաքապետին եւ անոր հօր մասին ալ չանդրադառնամ…):

Ներկայիս իշխանութիւնները անցնող աւելի քան վեց տարիներու իրենց ղեկավարման տարիներու ընթացքին, մեր ժողովուրդին գլխուն բերին այն, ինչը մեր հակառակորդը երկա՜ր դարերով աշխատած էր բերել, սակայն չէր յաջողած: Ատելութիւնն ու չարակամութիւնը, որոնք այս իշխանութիւնները սերմանեցին մեր ժողովուրդին մէջ, արդէն անցած է տրամաբանութեան սահմանները եւ առողջ դատողութիւն ու մտածելակերպ ունեցող մարդը չի՛ կրնար ըմբռնել կամ հասկնալ կատարուածին տարողութիւնը:

Իշխանութեան եկած օրէն իսկ նախկիններու մասին ի՜նչ ըսէք չըսին, ի՜նչ մեղադրանք ըսես չներկայացուցին, բայց եկուր տես, որ անոնք արձակ համարձակ կ՚ապրին, աւելին՝ քաղաքական գետնի վրայ գործունեայ են, ինչը կը փաստէ, որ այս իշխանութիւնները պարզապէս նախկիններու արտադրութիւնն են, եւ ո՛չ աւելին:

Ինչ ձախողութիւն որ կ՚ունենան, նախկիններու վիզին կը բարդեն, մոռնալով իրենց իսկ կատարած յայտարարութիւնները, թէ իրենք զերոյէն կը սկսին, իրենք իրենց յատուկ մարտավարութիւնը ունին եւ նման հազար ու մէկ խաբեբայութիւններ:

Ցաւալին այն է, որ Հայաստանի ժողովուրդը նախկիններուն պարտադրած անմարդկային կեանքի պայմաններն ու բռնաճշումները ճաշակած ըլլալով, տեսակ մը բթացումի հասած է, եւ ասոնց բառին բուն իմաստով հակազգային եւ հակահայ գործողութիւնները դիւրութեամբ կը մարսեն, աւելին՝ այդ բոլորը կը կարծեն, որ իրենց օգուտին է…: 

Պարզապէս սարսափելի է այս իրավիճակը, որ քայլ առ քայլ մեզ անդունդին կը մօտեցնէ, աւելին, առիթ կու տայ մեր հակառակորդներուն իրենց ձեռքերը ծալելու, որովհետեւ կը տեսնեն, թէ ինչպէս հայ ժողովուրդին ծոցէն բուսած յուդաներն ու վասակները իրենց փոխարէն իրենց ուզածը կը գործադրեն, այն ալ ի՜նչ հեզասահ ընթացքով…:

Պահը, որ կ՚ապրի մեր ժողովուրդը ահաւոր դժուար ու ճակատագրական է: Եթէ մեր ժողովուրդը ուշքի չգայ եւ շարունակէ այս անտարբերութեամբ ընթանալ, ապա ըստ երեւոյթին մեր ազգի պատմութեան մայրամուտը այդքան ալ հեռու չէ, այլ հորիզոնին վրայ է…: 

Գործող իշխանաւորիկներուն մասին աւելի պիտի չգրեմ, որովհետեւ անիմաստ է, միւս կողմէ ի՞նչ կարելի է սպասել այդ իշխանիկներէն, երբ անոնցմէ մէկը, որ Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնը կը զբաղեցնէ, ինքզինք փողոցի «ջահել»էն ո՛չինչով կը տարբերէ եւ առանց ամչնալու իր ազգակիցին երեսին կ՚ըսէ, թէ պահէիք Արցախը, ինչո՞ւ դուրս եկաք… Լո՞ւրջ, ձեր ապազգային քաղաքականութեան շնորհիւ Արցախը ոսկէ ամանի վրայ հրամցուցիք հակառակորդին, եւ ապա առանց ամօթի զգացում իսկ ունենալու, առանց իսկ յարգելու հազարաւոր նահատակները, կը վայրահաջէք ըսելով, թէ ինչո՞ւ չպահեցիք Արցախը, մնայիք այնտեղ…:

Հայաստանի ժողովուրդը եթէ չսթափի եւ զգաստութեան չգայ, ապա դարձեալ կը կրկնեմ, որ մեր դարաւոր պատութեան մայրամուտը հորիզոնի վրայ է եւ մե՜ծ սիրով վերջին արարին վարագոյրը պիտի իջեցնէ, առ յաւէտ փակելով Հայ Ժողովուրդի պատմութեան էջը: 

Սթափի՛նք ժողովուրդ, քանի դեռ ուշ չէ:

Իսկ գործող իշխանաւորիկներուն համար մաղթենք, որ օրին մէկը կը կայանան, կը հասուննան եւ գիտակցելէ ետք իրենց գործած հակազգային ու հակահայ ոճիրներուն, մեղա՜յի կու գան Հայ Ժողովուրդին դիմաց…:

Յ.Գ. Վերջին մի քանի տողերը ճի՛շդ է, որ ես գրեցի, բայց թերահաւատութեամբ եւ մասամք սորին…:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

16 փետրուար 2025, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Փետրուար 20, 2025