ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Թշնամիները սիրելու կամ անոնց օգտակար ըլլալու մասին, որեւէ մէկ բան գրուա՞ծ է Հին կտակարանին մէջ:
Պատասխան. Առակացին մէջ կը կարդանք. «Եթէ թշնամիդ անօթի է, անոր հաց կերցուր ու եթէ ծարաւ է, անոր ջուր խմցուր» (Առ 25.21): Իմաստունին այս տողերը կարդալով, ընթերցողը անպայմանօրէն պիտի յիշէ Տէր Յիսուսի հետեւեալ թելադրութիւնը, թէ՝ «լսեր էք արդարեւ որ ըսուած է. «Սիրէ՛ ընկերդ եւ ատէ՛ թշնամիդ»։ Իսկ Ես կ՚ըսեմ ձեզի. սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, օրհնեցէ՛ք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք ձեզ ատողներուն եւ աղօթեցէք անոնց համար, որոնք ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն։ Այսպիսով դուք ձեր երկնաւոր Հօր զաւակները պիտի դառնաք, որովհետեւ Ան Իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը տեղացնէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ մեղաւորներուն վրայ։ Եթէ միայն ձեզ սիրողները սիրէք, Աստուծմէ ի՞նչ վարձատրութիւն կրնաք սպասել։ Մաքսաւորներն ալ նոյնը չե՞ն ըներ։ Նմանապէս, եթէ միայն ձեր ազգակիցներուն հետ բարեկամութիւն ընէք, հեթանոսներէն աւելի ի՞նչ ըրած կ՚ըլլաք։ Անոնք ալ նոյնը չե՞ն ըներ։ Արդ, դուք կատարեալ եղէք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր հայրը կատարեալ է» (Մտ 5.43-48):
Թշնամիները սիրելու Տէր Յիսուսի այս կոչը յաճախ սխալ հասկցուած է եւ կը հասկցուի: Շատեր այս կոչը տկարութեան եւ թուլութեան որպէս հրաւէր կ՚ընկալեն, մինչ այս կոչը զօրութեան հրաւէր է, որովհետեւ զօրաւորներն են միայն, որոնք կրնան իրենց թշնամիները սիրել, օրհնել, կերակրել, խմցնել, բարիք ընել եւ օգնել անոնց: Հոգիով եւ հաւատքով զօրաւորներն են, որոնք կը յաջողին այդպէս վարուիլ, ճիշդ հասկնալով Տէր Յիսուսի ըսած խօսքերը: Մեր Տէրը մեզմէ չի՛ պահանջեր մեր թշնամիին դիմաց մեր գլուխները խոնարհեցնել, այլ՝ պարզապէս չարիքին չարութեամբ չպատասխանել կը պատուիրէ, որովհետեւ այդպիսով մարդ շատ աւելի դիւրութեամբ յաղթութեան կը հասնի, քան թէ վերջ չունեցող վէճերու եւ վիճաբանութիւններու մէջ մտնելով:
Առակացի իմաստուն հեղինակը, կը թելադրէ անօթի եւ ծարաւ թշնամիին հաց ու ջուր տալ՝ «քանզի այսպէս ընելով անոր գլխուն վրայ կրակի կայծեր պիտի դիզես եւ Տէրը քեզի հատուցում պիտի ընէ» (Առ 25.22): Յաճախ բարութեամբ վարուիլը, կամ չարին չարով չպատասխանելը աւելի ազդու յաղթանակ է, միաժամանակ ազդող միջոց՝ թշնամին ենթարկեցնելու եւ կամ հանգստացնելու: Իսկ թշնամիներուն հետ բարութեամբ վարուողները նոյնիսկ եթէ անոնց կողմէ չարիքի հանդիպին, ապա պէտք չէ մտահոգուին կամ նեղուին, քանի որ իմաստուն հեղինակը կ՚ըսէ, թէ իրենց թշնամիներուն հետ բարութեամբ վարուողներուն Տէրը Ի՛նք պիտի հատուցէ:
Պօղոս առաքեալ թելադրելով չարիքին չարիքով չպատասխանել, հետեւեալը կը թելադրէ մեզի. «Ոեւէ մէկուն չարիքին՝ չարիքով մի՛ հատուցանէք։ Ջանացէք ընել այն՝ ինչ որ բոլոր մարդոց աչքին բարի է։ Որքան կրնաք՝ ամէնուն հետ խաղաղ ապրեցէք։ Սիրելինե՛ր, երբեք դուք անձամբ վրէժ լուծելու մասին մի՛ մտածէք, այլ ձգեցէք որ Աստուծոյ բարկութիւնը ընէ ատիկա. որովհետեւ Տէրը Սուրբ Գիրքին մէջ կ՚ըսէ. «Ի՛մս է դատելու եւ պատժելու իրաւունքը. Ե՛ս պիտի հատուցանեմ», իսկ ուրիշ տեղ կ՚ըսէ.-
«Եթէ թշնամիդ քաղցած է՝ հաց տուր իրենց.
եթէ ծառաւ է՝ ջուր տուր։
Այսպէս վարուելովդ արդէն ամօթը զինք կ՚այրէ»։
Մի՛ պարտուիր չարէն, այլ՝ բարիով յաղթէ չարին» (Հռ 12.17-21):
Ա՛յս պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր մարդու, մանաւանդ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի նշանաբանը՝ չպարտուիլ չարէն, այլ՝ բարիով յաղթել չարին:
Տ. Մակար Արքեպիսկոպոս Աշգարեան հարցնելով, թէ՝ ո՞րն է այն արարքը, որ մարդս (հաւատացեալը) երկնաւոր Հօր որդի կը դարձնէ եւ անոր նման՝ կատարեալ: Այսպէս կը պատասխանէ սրբազան հայրը.
* Պատասխան. Երկնաւոր Հօր զաւակ եւ Անոր նման կատարեալ ըլլալու համար, հաւատացեալը պէտք է սիրէ իր թշնամին, օրհնէ զինք անիծողը, բարիք ընէ զինք ատողին եւ աղօթէ անոր համար, որ զինք կը չարչարէ ու կը հալածէ (Մտ 5.44-48):
Ինչպէս տեսանք նախորդ հարց-պատասխանի բացատրութեան մէջ, եթէ երբեք Աստուծոյ կողմէ որոշ թոյլտուութիւն մը եղած էր չարիքը հաւասար չարիքով փոխադարձելու արարքին գծով, ատիկա պարզապէս իրենց խստասրտութեան համար էր, ինչպէս նաեւ՝ յատուկ դաստիարակչական մօտեցումով, որպէսզի անոնց սիրտին ու հոգիին մէջ պատրաստէ կատարելութեան ճամբան։ Ինչո՞ւ, որպէսզի սիրէ իր մարդ ընկերը։ Ասոր օրինակները կը գտնենք Հին կտակարանին մէջ, թէեւ նուազ ուժգնութեամբ, նոյնինքն Աստուծոյ կողմէ թելադրուած կարգ մը պատուէրներու մէջ, ինչպէս օրինակ՝ «եթէ քեզ ատողին էշը բեռի տակ ինկած տեսնես, զգուշացիր, զայն մի՛ լքեր, անոր հետ ազատէ էշը» (տե՛ս Ելք 23.4, 5), կամ «չըլլայ որ Եդովմայեցին ատես, քանզի անիկա քու եղբայրդ է, ոչ ալ Եգիպտացին, քանզի անոր երկրին մէջ պանդուխտ էիր» (տե՛ս Բ. Օր 23.7), հակառակ այն իրողութեան, որ յիշեալ երկու ժողովուրդներն ալ իրենց մեծագոյն թշնամիներն էին։
Արդ, Քրիստոս կը թելադրէ Իր հաւատացեալներուն, որ Սուրբ Հոգիով, սիրոյ աստիճաններէն վեր բարձրանան եւ սիրեն նոյնիսկ իրենց թշնամիները, բարիք ընեն զիրենք ատողներուն եւ աղօթեն զիրենք չարչարողներուն ու հալածողներուն համար եւ, այսպիսով, անոնք իրենց երկնաւոր Հօր պատկերը կը կրեն։ Ս. Յովհան Ոսկեբերան (In Matt. hom. 18.6) կ՚ըսէ, թէ Քրիստոս այդպէս կը թելադրէ, որպէսզի սիրոյ կատարելութեան բարձրացնէ մեզ, որ իրեն համար 9-րդ աստիճանը կը համարուի.
1) Որ մարդ իր եղբայրը չանիրաւէ։
2) Եթէ մարդ անիրաւուեցաւ, իր վրէժը աւելի վատ անիրաւութեամբ չլուծէ, այլ բաւարարուի աչքի դէմ աչքով եւ ակռայի դէմ ակռայով (Մովսիսական Օրէնք)։
3) Չհակադարձէ զինք չարչարողին նոյնանման չարութեամբ, այլ հոգիի խաղաղութեամբ ընկալէ զայն։
4) Մարդ անտեսէ իր անձը եւ պատրաստ ըլլայ համբերութեամբ տանելու այն ցաւը, որ կը կրէ անիրաւութեան եւ թշնամութեան պատճառով:
5) Այս հանգրուանին ո՛չ միայն պէտք է համբերէ տառապանքին, այլ ներքնապէս պատրաստ պէտք է ըլլայ ընդունելու նոյնիսկ յաւելեալ նեղութիւններ, որ անիրաւողը կ՚ուզէ ընել իրեն. եթէ շապիկդ առնելու ըլլայ, բաճկոնդ ալ տուր անոր եւ եթէ բռնադատէ, որ իր բեռը շալկած մէկ մղոն քալես հետը, երկու մղոն ալ գնա (տե՛ս Մտ 5.40-41):
6) Անիրաւողի յաւելեալ բռնադատումին կը համբերէ, առանց որեւէ ներքին ատելութիւն ծաւալելու անոր հանդէպ։
7) Հարցը կանգ չ՚առներ միայն չատելու սահմանին վրայ, այլ անդրանցնելով զայն, կը հասնի մինչեւ սիրոյ... «Սիրեցէք ձեր թշնամիները»:
8) Թշնամիներուն հանդէպ սէրը գործի վերածուելով կը յանգի բարիք ընելու. «Բարիք ըրէք ձեզ ատողներուն», չարը բարիով դիմակալենք։
9) Հաւատացեալը կ՚աղօթէ զինք չարչարողին ու հալածողին համար։
Այսպիսով հաւատացեալը կը հասնի այն աստիճանին, որ ո՛չ միայն պատրաստ է ընդունելու տառապանքներն ու նախատինքները, այլ գործնական սիրով կը փոխադարձէ անոնց, իբրեւ բոլոր մարդկութեան գթոտ հայր եւ կ՚աղօթէ բոլորին համար, խնդրելով հաշտութիւն եւ ողորմութիւն, որով կը նմանի իր Աստուծոյն՝ համայն մարդկութեան Հօր։
Եւ եթէ Աստուծոյ նպատակը իր զաւակներուն համար անոնց մէջ Իր պատկերը տեսնել է եւ Իր սիրով միացած՝ Իր գրկին մէջ յաւիտենական կեանքը ապրիլն է, ուստի եւ մեր հոգեւոր կեանքին ու Իր հետ միացման նպատակն ալ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ վայելել Իր Հայրութիւնը եւ արժանանալ քալելու Իր հետքերով եւ ըլլալու կատարեալ, ինչպէս որ Ինք կատարեալ է (տե՛ս Մտ 5.48). (Մակար Արք. Աշգարեան, «Աստուած մարդ յարաբերութիւնը Քրիստոսով. Մատթէոսի Աւետարանը, Ա. հատոր, գլուխներ 1-18», Հալէպ, 2024, էջ 148-149):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 128
Վաղարշապատ