ՄԷԿ ՓՈՂՈՑ ՀԱՅՐԵՆԻՔԷՆ ՀԵՌՈՒ

Շարքային իսրայէլացին սկսաւ օրօրուիլ գրութեան եւ հացին միջեւ: Ան կ՚ըսէր խոստացուած երկիր «վերադարձայ», իրականացնելով հրէական հզօր ազգի պատմական պատգամը: Նուազ կարեւորութիւն ունեցող պարագաներու կ՚ըսէր ապահովութեան երկիր «եկայ», որպէսզի մորթս ազատեմ նացիական հալածանքներէն. «Օտարները հայրենիք ունին, իսկ ես հայրենիք չունիմ»: Իսկ աւելի իրապաշտ իրավիճակներու մէջ կ՚ըսէ, Իսրայէլի հողին վրայ «կ՚ապրիմ», եւ ուրիշ ոչ մէկ նպատակ ունիմ բացի ապահովութիւնը եւ խաղաղօրէն ապրիլը: Անշուշտ, ան չէ՛ կարդացած ըսուած առածը. «Արդարացիօրէն վարուեցայ, ինքզինքս ապահով զգացի եւ ապա քնացայ»:

Իսրայէլեան ազգայնական զգացումը թեթեւցաւ յունիսէն առաջ, երբ իրականութեան դէմ յանդիման գտնուեցաւ այն տարբերութեան, որ մանկապատանեկան երգերու մէջ կը լսէր «խոստացուած երկրի», «իւղի եւ մեղրի երկրի, ինչպէս նաեւ հրէական խնդիրի լուծման» մասին, եւ իրականութեան միջեւ, որ շատ դաժան կարգավիճակ ստացաւ մայիսին, երբ անգործութիւնն ու սղութիւնը վտանգաւոր աստիճանի մը հասան: Իսկ Իսրայէլէն դուրս եւ ներս արտագաղթը վերածուեցաւ արծարծուած խնդիրի մը, միաժամանակ թարմացաւ հրէական թեթեւսոլիկութեան զգացումը իսրայէլացիին մօտ, որ կ՚ըսէ. «Կը խնդրուի վերջին ճամբորդողէն, որ չմոռնայ օդակայանին լոյսը մարել»: Սիոնիստական-ազգայնական բոլոր գիրքերը, որոնք կը ծաղրէին վարչապետը՝ յափշտակուեցան: Արդարեւ, իւղի ու մեղրի երկրին մէջ հաց ու կարագ չկայ: Ապա, տնտեսական ճգնաժամը դէմ յանդիման ելաւ նաեւ չափազանց լարուածութեան սահմանին վրայ, եւ այս անգամ, շարքային իսրայէլացին սկսաւ օրօրուիլ տնտեսական ու ֆիզիքական պահանջներուն միջեւ, եւ իսրայէլեան թերթերը սկսան մեղադրել գործադուլ յայտարարած բանուորները, թէ անոնք գործակալ են պաղեստինեան ֆիտայական կազմակերպութիւններուն: Դիտորդը այլեւս կրնար նկատել, թէ իսրայէլացիներուն դժգոհութիւնը իրենց հաստատութեան նկատմամբ կ՚ուղղորդուէր դէպի սահման:

Նախ եւ առաջ՝ ապահովութիւնը, երկրորդ՝ հացը: Իսկ իսրայէլեան հաստատութիւնը մնայուն կերպով կ՚աճեցնէ հրէական վախի զգացումը, որպէսզի մէկ նպատակը աւելի իրագործէ. մարդոց տնտեսական պահանջները ներծծէ եւ զանոնք ծառայեցնէ պատերազմի խնդիրին: Իսրայէլացիները ուղղուեցան վայրագօրէն կռուելու հետեւեալ պատրուակով. «Ինքնապաշտպանութիւն՝ բնաջնջումի վտանգէն մղուած». միաժամանակ, իսրայէլեան հաստատութիւնը արտաքին աշխարհին ալ այնպէս ներկայացուց, թէ ինք կը վախնայ արաբական ասպատակութենէ մը (աւելին՝ ինք այդ վտանգին տակ է):

Փողոցի մարդը վախցած էր, իրապէս վախցած էր:

Իսրայէլացի ընկերներդ ամէն գիշեր կ՚այցելէին քեզի: Գինովնալու աստիճան կը խմէին՝ կարծէք կեանքն է, որ կը խմէին: «Ով գիտէ, թերեւս վաղը պատերազմը ծագի ու այլեւս չենք վերադառնար»: Հայրենիքը իրենց մօտ աղէտի կը վերածուէր, այսպիսի վախճանի մը համա՞ր եկանք:

Ողջ եղող իսրայէլացին մեռած իսրայէլացիէն աւելի լաւ չէր այլեւս: Իսկ դուն կը հարցնէիր. ինչպէ՞ս կրցաւ իսրայէլեան հաստատութիւնը զանոնք թատերական այս տիպի վախով լեցնել: Անոնք իրապէս ներկայացումի մը նման՝ կը խաղային: Թերեւս անոնց մեծամասնութիւնը չէր ալ գիտակցեր, դէպի մահ, յուսահատութիւն…, յուսահատութիւն ճամբորդողի թատերգութիւնը: Յուսահատութիւնը պայթունավտանգ ներուժ ունի: Եւ կը հարցնէին քեզի, թէ ինչպէ՞ս ազատինք: Իսկ դուն անոնց կը խօսէիր ուրիշներու իրաւունքներու մասին, որով կը նեղանային ու կը յայտարարէին. կռուելէ բացի ուրիշ ճար չունինք: Փախուստ չկայ: Առանց զէնքի պիտի չմեռնինք: Կռուի դաշտին վրայ մեռնիլը աւելի լաւ է, քան մեռնիլը տան մէջ: Անոնց անձնասպանական բնազդները կը շարժին: Ագահութեամբ կը խմեն, կարծէք կեանքն է, որ կը խմեն: Սիրահարը իր սիրուհիին հետ կը հաշտուի: Կոյսերը զարմանալի արագութեամբ մայրերու կը վերածուին: Ամուսնալուծուածը իր կնոջ կը վերադառնայ: Ընդդիմադիր կուսակցութիւնները կը բարեկամանան, որով ազգայնական ճակատ մը կը գոյանայ եւ ազգային հերոս մը կը փնտռեն:

Հրաժեշտ կ՚առնեն քեզմէ եւ այլեւս չեն վերադառնար:

***

Եւ երբ քաղաքի փողոցներով կը քալես, առանձին կ՚ըլլաս: Ո՛չ գոյնդ կը յայտարարէ ինքնութիւնդ եւ ո՛չ ալ ոստիկաններուն հետապնդումը: Փողոցը ի՛նք կը հալածէ քեզ ու կը յայտարարէ ինքնութիւնդ, որովհետեւ միակ երիտասարդն ես: Այդ օրերուն ով որ փողոցը կը քալէր, արաբ կ՚ըլլար: Փոքրերն ու ծերերը կ՚անիծէին քեզ, որով կ՚ամչնայիր փողոցները քալելէ: Ֆալաֆելի եւ բրդուճներու կրպակները դատարկ են: Սինեամաները դատարկ են: Ամբողջ երկիրը դատարկ է երիտասարդներէ: Բազմաթիւ թերթեր չունին մէկը, որ կարդայ կամ բաժնէ զիրենք, բայց դպրոցական երեխաներ կը տեսնես, որոնք կաթի շիշերն ու նամակատան նամակները կը բաժնեն: 

Սորվեցուցին քեզի զգուշանալ ուրախութենէն, որովհետեւ անոր դաւաճանութիւնը դաժան է: Ուրկէ՞ հասաւ քեզի յանկարծ:

Կը մօտենայ պայթումի սպասումը: Մայրդ կը թելադրէ քեզի հոգ տանիլ դուն քեզի: Իսկ ճակատագիրը… իւրաքանչիւր ճակատագիր կապարի մը տեսքը կը ստանայ: Պատերազմը կը տեսնես, բայց մահ չես տեսներ: Յիշատակները մէկ անգամէն դուրս կու գան քեզմէ: Ժամանակ չկայ գալիքը երեւակայելու: Յանկարծ կը յիշես, թէ Պաղեստինը երկիրդ է: Կորսուած անունը քեզ դէպի կորսուած դարեր կը տանի: Կարծես Միջերկրականի ափին քնացած այս կինը յանկարծ կ՚արթննայ՝ երբ զինք իր հմայիչ անունով կը կանչես: Քեզ զրկեցին դպրոցական հին երգերէն, յեղափոխականներու անցած ուղիէն, ինչպէս նաեւ այն բանաստեղծներէն՝ որոնք անոնց մասին պատմեցին քեզի: Անունը կը վերադառնայ…, վերջապէս կը վերադառնայ յարութեան ճանապարհէն: Կը բանաս անոր քարտէսը, կարծես առաջին սիրուհիիդ հագուստին կոճակները կը քակես առաջին անգամ: Բան մըն էր, որ արծաթի կը նմանէր… Տիբերիան էր: Երուսաղէմը կը բարձրանայ մինչեւ Աստուծոյ մէջքը: Սաֆատը1 թռաւ դէպի իր առաջին համբոյրը: Իսկ Աքքայի մէջ սէրը նստեցուց քեզ ծովու ժայռին վրայ: Կը նայիս քարտէսին եւ ուրախ, ուրախ երաժշտութիւն մը կը սուլես: Կը մոռնաս Եաֆան, քանի որ միշտ կը մոռնաս սիրտդ: Խորունկ անկեղծութիւն մը կը զգաս օրերուն հետ: Այդքան ալ դաժան չէին, ինչպէս կը պատկերացնէիր, սակայն, անոր կատակը երբեմն անքաղաքավար էր: Աշխա՜րհ: Եւ հողին վրայ չե՛ս կանգնիր: Լողացող…, լողացող առեղծուածով հմայուած: Եւ կը յիշես դաժան մանկութիւնդ եւ ապագայի մանկութիւնն ու ծառերը: Ապա Աքքայի փողոցները կը կտրես եւ երկա՜ր կը կանգնիս Պէյրութի փողոցին մօտ: Հրաշք կը զգայիր, երբ մեծ ընկերներդ կը պատմէին քեզի իրենց շաբաթական դրութեամբ ունեցած պտոյտները դէպի Դամասկոս, Պէյրութ եւ Գահիրէ: Եաֆայէն կը նստիս շոգեկառք, որ կ՚անցնի ալ-Արիշէն2 ու քեզ Գահիրէ կը հասցնէ: Փոխադրող մեքենայ մը կ՚առնես Աքքայէն եւ ամենէն ուշը մէկ ժամ ետք, ալ-Պուրճի3 հրապարակը կ՚ըլլայիր: Ապա երեկոն կը շարունակես ալ-Պարատայի4 ափին, զոր կը պատկերացնէիր որպէս ուրախութեան աղբիւր: Կը հարցնես անոնց. Պէյրութը, Գահիրէն եւ Դամասկոսը այդքա՞ն մօտիկ էին իրարու: Այո…, մօտիկ էին: Պաղեստինը արեւելքի հանդիպման վայրն էր: Այնտեղ երգած է Ապըտ ալ-Ուահապը, Ում Քալսումը: Եթէ բուրգերուն վրայ կանգնէիր ու քար մը նետէին, ապա Պաղեստին կը հասնէր որպէս թռչուն: Իսկ հիմա ի՞նչ: Թռչուն մը կ՚ելլէ Պաղեստինէն եւ գաղթականներու երամներ կ՚ածէ Դամասկոսի արուարձաններուն մէջ: Մեզ պատռեցին, եւ որպէս գաղթականներ բազմացանք: Բան մը ներսը եւ բան մը դուրսը: Դուրսը… փոքրերը կը մեծնան սնելով UNRWA կաթով, որով այն իրենց երակներուն մէջ պաղեստինեան արիւնի կը փոխուի: Իսկ ներս Պըն Ումարի արտերու ցորենէն կ՚ուտես եւ կը դառնաս «իսրայէլեան քաղաքացի», եւ կէս կեանքդ կ՚անցընես, որպէսզի գոնէ մէկ խոստովանութիւն մը գտնես, թէ դուն «պաղեստինցի քաղաքացի» ես, ու չես գտներ: Եւ այն օրը, երբ առաջին մարդը լուսին իջաւ, զբաղած էիր սիրային նամակներ գրելով իսրայէլացի ոստիկանին, որպէսզի քեզի արտօնութիւն տայ ճամբորդելու ընտանիքիդ գիւղը: Դուրսէն կը նախանձին քեզի, որովհետեւ դուն հայրենիքիդ մէջ ես, իսկ իրենք՝ գաղթականներ են: Կը հասկցնես անոնց, թէ ջուրին տեսքը ծարաւը չի՛ յագեցներ, այլ՝ կ՚արիւնէ զայն: Հիմա, հողէդ քեզ բաժնողը մէկ փողոց է, որ եթէ անցար զայն՝ կը ձերբակալուիս, ինչպէս նաեւ կը մեղադրուիս, թէ փորձ կատարած ես ներխուժել եւ յարձակիլ պետական սեփականութեան վրայ: 

Կանգնէ՛ փողոցի մայթին եւ չոր ծառի մը վերածուէ: Քու եւ մահուան միջեւ դանակի սայր մը կայ: Եւ երբ կը տեսնես, որ անոնք հողդ կը հերկեն, արօրը լեարդիդ մէջ կ՚իջնէ, իսկ երբ ցաւէն կը գոռաս, կը մեղադրեն քեզ, թէ թշնամի ես սեմականութեան: Այս է ահա բանաստեղծութիւնը, իսկ գետը հեռու է: Բանաստեղծութիւնը կ՚ազդէ գետը անցնելուն: Երես առած քննադատները կը դատապարտեն քեզ այնպիսի յայտարարութիւններու համար, որ չես ըրած, չես ընտրած եւ առընչութիւն ալ չես ունեցած անոնց հետ: Հրապարակային մերժումը կը նշանակէ հրապարակային հերքում: Այսպէս, հաւասարումը մահացու կ՚ըլլայ. այսպիսով, ես կը մերժեմ թշնամիներս, կը նշանակէ, որ ես կը մերժեմ գոյութիւնս: Ճարպիկութիւնդ կը գործածես, որպէսզի գոյութիւնդ պահպանես: Եւ այսպէս, բանաստեղծութիւնը կը նախընտրես, քան՝ գետը անցնիլը: Այս անգամ ալ երես առած քննադատները կը դատապրտեն քեզ ազգային դաւաճանութեան մէջ, իսկ թշնամիներդ ալ կը մեղադրեն քեզ՝ սեմականութեան թշնամի ըլլալուդ…:

Կանգնէ՛ փողոցի մայթին եւ չոր ծառի մը վերածուէ: Եւ երբ տեսնես զանոնք, որոնք հողդ ջուրով կը ջրեն, անձրեւին ղրկած ուրախութիւնները կը բազմանան: Կարեւորը հողը չծարաւնայ, նոյնիսկ եթէ դուն ծարաւէն մեռնիս: Այդպէս կ՚ընէր մեծ հայրդ: Իր կեանքին մնացած մասը անցուց փողոցի մայթին վրայ կանգնած մնալով՝ դանակի սայրի հարեւանութեամբ: Եւ մինչ չոր ծառի կը վերածուէր եւ անձրեւ գալուն ուրախութեամբն ու արօրին լերադին մէջ իջնալուն միջեւ, սիրտը կանգ առաւ ու մեռաւ: Գրել սիրող եղբայրդ անոր դամբանականը կարդաց եւ խոստացաւ, թէ յաջորդ յուղարկաւորութիւնը աւելի բախտաւոր պիտի ըլլայ քան առաջինը: Չոր ծառը կը թաղէիք… մեծ հայրդ իր փափաքած գերեզմանին մէջն է: Ողջերը զրկուած են իրենց տուներէն ու հողէն, իսկ մեռելները զրկուած են իրենց գերեզմաններէն:

Այդ օրերուն այլեւս քաղաքի փողոցները չէիր ելլեր: Սենեակին մէջ կը նստէիր եւ քաղաքներուդ անուններուն վրայէն փոշին կը սրբէիր: Յայտնաբերեցիր, որ Պաղեստին է անունը, եւ սէրը վերադարձաւ քեզի:

(«Տխրութեան սովորական օրագիր»)

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ


1 Պաղեստինեան պատմական քաղաք մը, Գալիլիայի շրջանին մէջ:

2 Քաղաք մը Եգիպտոսի մէջ, Միջերկրականի ափին:

3 Լիբանանի մայրաքաղաք՝ Պէյրութի մեծագոյն հրապարակներէն մէկը, որ ներկայիս կը կոչուի՝ Նահատակներու հրապարակ:

4 Գետ մը, Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ:

Չորեքշաբթի, Յունուար 21, 2026