ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՐԳԻ ՓՈՓՈԽՄԱՆ ՄԻՏՈՒՄՆԵՐՆ ՈՒ ՆԱԽԱԴՐԵԱԼ ԵԱՀԿ-Ի ՎԵՐԱԳՈՐԾԱՐԿՄԱՆ

Արցախեան շարժման օրերուն աշխարհակարգի փոփոխութիւններու նախադրեալները հետզհետէ տեսանելի կը դառնային: Խորհրդային Միութեան ղեկավարութեան յայտարարած փերեսթրոյքան եւ կլասնոսթը կայծակնային արագութեամբ նոր իրավիճակներ կը ստեղծէին ներխորհրդային դաշտին եւ, բնականաբար, նաեւ արտաքին աշխարհին մէջ: Երկբեւեռ աշխարհակարգի շրջումի նախանշաններն էին եւ անոնք նոր հունաւորում կը խոստանային յետագայ ընթացքներուն:

Միջազգային քաղաքագիտական վերլուծաբանութեան մէջ ուշագրաւ է այն տեսութիւնը, թէ Խորհրդային Միութեան փլուզման առարկայացման առաջին փուլը Հայաստանէն կը մեկնէր: 88-ի երկրաշարժը պատռեց երկաթեայ վարագոյրը եւ աշխարհը փութաց Հայաստանի դռնէն մուտք գործելու Խորհրդային Միութիւն, ուր նկատուեցաւ շինարարութեան դիւրաբեկ ըլլալը: Այս խաւաքարտութեան հետ առերեսումը կազմեց փիլիսոփայութիւն եւ տարածուեցաւ ամբողջ Խորհրդային Միութեան տնտեսաքաղաքական համակարգին վրայ՝ արմատաւորելով թերակառուցուածքի համոզումը:

Գրեթէ զուգահեռ՝ Արցախի մէջ ծայր առաւ Ստեփանակերտի բողոքի ցոյցը եւ կենսոլորտի ապականման դէմ, նաեւ «Նայիրիտ»ի փակման պահանջով հայրենի շարժումը: Կը կոտրուէին կարծրատիպերը եւ ժողովուրդը կ՚արտայայտէր իր կամքը տարբեր առիթներով:

Աշխարհակարգի փոփոխման միտումներուն առընթեր, Արցախի շարժումը ծաւալ կը ստանար, կը վերածուէր ինքնապաշտպանութեան մարտերու, ապա ընդհանուր ազատամարտի եւ կը յանգէր Արցախի Հանրապետութեան կերտումին:

Այս նախաբանը կարեւոր է այն առումով, որ ներկայ մռայլ պայմաններուն մէջ, աշխարհակարգի փոփոխութեան նախադրեալներ սկսած են յայտնուիլ: Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հանդիպումը կը խօսի՝ երկու երկիրներու սառեցուած յարաբերութիւնները վերականգնելու մասին: Կանխահաս է, անշուշտ, արձանագրելը, որ կտրուկ ձեւով ամէն ինչ կը վերադառնայ բնականոն հուն: Հանգոյցը Ուքրայնայի պատերազմն է, բայց, երկու երկիրները շատ ուրիշ օրակարգեր ունին քննարկելու միասին՝ մոլորակի աշխարհագրական տարբեր տարածաշրջաններուն վերաբերեալ:

Չի բացառուիր, որ միջազգային ատեաններու եւ կառոյցներու մէջ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան բացակայութիւնը վերափոխուի ներկայութեան եւ անոնք վերսկսին համատեղ ձեւաչափերով աշխատիլ:

Ճիշդ է, որ փոխուած են հանգամանքները: ՆԱԹՕ-ի ուժերը մօտեցած են Ռուսաստանի սահմաններուն: Ռուսաստանի սահմանամերձ երկիրներ ՆԱԹՕ-ի անդամ են: Ճիշդ է նաեւ, որ Ռուսաստան այս պարագային Միջին Արեւելքի մէջ նոյն ռազմական ներկայութիւնը չունի այլեւս: Յետխորհրդային հանրապետութիւններու մէջ զգալի է ռուսական նահանջը եւ, ընդհանրապէս, Արեւմուտքի կողմէ տարբեր միջավայրերու մէջ տարուող ռուսական գործօնի դուրս մղման քաղաքականութիւնը:

Այս շարքին է նաեւ Հարաւային Կովկասը: Աւելի մօտեցնելով խնդիրը՝ Արցախը: Եւ եթէ միջազգային կառոյցներու մէջ ԱՄՆ-Ռուսաստան համատեղ աշխատելու ձեւաչափերու վերականգնման նախադրեալներ կ՚արձանագրուին, ապա անոնցմէ կարեւորագոյնը կրնայ ըլլալ ԵԱՀԿ-ը կամ մեր պարագային՝ Մինսքի խումբն ու Արցախի հակամարտութեան լուծման համար լիազօրուած եռանախագահութիւնը:

Եռանախագահութիւն, որ ի դէպ լուծարուած չէ պաշտօնապէս: Ատրպէյճանը հազիւ իր կողմէ Արցախը լուծած ըլլալու փաստի արձանագրումը կատարեց, անմիջապէս արծարծեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի լուծարման պահանջը: Անարձագանգ մնալով՝ Երեւանէն պահանջեց համատեղ դիմել լուծարելու եռանախագահութեան ձեւաչափը: Նոյնիսկ նախապայմաններուն ներառեց այս պահանջը, որովհետեւ միայն այդ պարագային էր, որ միջազգային ընտանիքը արձանագրած կ՚ըլլար հակամարտութեան վերջնական լուծումը: Երեւանի արձագանգը միանշանակ եւ յստակ չէր: Պահ մը յայտարարուեցաւ, որ խաղաղութեան պայմանագրի կնքումէն ետք կարելի է կատարել դիմումը. վերջերս ալ խօսուեցաւ ընդառաջելու մասին, քանի որ Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսաստանի Դաշնակցութիւնը իրարու հետ չեն աշխատիր…

Սէուտական Արաբիոյ մէջ կայացած հանդիպումը նախանշեց, որ կրնան աշխատիլ մինչեւ այդ խզուած յարաբերութիւններու մէջ գտնուող երկիրները: Ռիատի հանդիպումը նախանշեց նոր իրավիճակի ձեւաւորման նախագործընթացները՝ հեռանկար ցոյց տալով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի եռանախագահութեան վերագործարկման: Իսկ ԵԱՀԿ կը նշանակէ Հելսինքեան հռչակագիրի սկզբունքներ՝ տարածքային ամբողջականութիւն, ինքնորոշման իրաւունք, ուժի բացառում եւ իրաւահաւասարութիւն, որոնց վրայ ալ կ՚ընթանային Արցախի հակամարտութեան լուծման բանակցութիւնները:

Ահա՛ թէ ինչու Երեւան պէտք չէ համաձայնութիւն տայ ԵԱՀԿ-ի լուծարման Պաքուի պահանջին: Արցախեան հակամարտութեան էջը չէ՛ փակուած:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

*

Սոյն յօդուածը գրի առնուած է Արցախի շարժման 37-րդ տարեդարձին առթիւ, որ կը նշուի այս օրերուն։

Ուրբաթ, Փետրուար 21, 2025