ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Շողոքորթութիւնը ի՞նչ հետեւանքներ կ՚ունենայ:
Պատասխան. Իմաստունը կը գրէ. «Իր ընկերին շողոքորթութիւն ընող մարդը, անոր քայլերուն որոգայթ կը լարէ» (Առ 29.5):
Շողոքորթութիւնը ո՛չ մէկ դրական բան կրնայ տալ մարդուն, ընդհակառակը, կ՚եղծանէ մարդուն կերպարը:
Մարդը պէտք է քաջալերէ իր նմանը, պէտք է խրախուսէ զինք, գովէ իր լաւ արարքներուն համար, բայց ուշադիր պէտք է ըլլայ, որպէսզի այդ բոլորը շողոքորթութեան չվերածուի, քանի որ այդ պարագային թէ՛ ինք, թէ՛ իր դիմացինը կը սայթաքին եւ իրենք զիրենք կորուստի կը մատնեն: Շողոքորթողը, որովհետեւ ինչ ինչ նպատակներով ճշմարտութիւնը քօղարկելով կը խաբէ ու կեղծաւորութիւն կ՚ընէ, իսկ դիմացինը՝ կը կարծէ, որ իր բռնած ուղին, կամ կատարած գործը, կամ որդեգրած կեցուածքը ճիշդ են, այն ինչ սխալ ընթացքի մէջ կ՚ըլլայ, եւ փոխանակ ճիշդ ճանապարհը ցոյց տրուի իրեն, ընկերաբար ըսուի իրեն իր սխալը, որպէսզի գիտակցի եւ ինքզինք սրբագրէ, ճիշդ հակառակը կը պատահի, երբ շողոքորթեն զինք: Այս է, որու մասին Առակագիրի իմաստուն հեղինակը կը գրէ, ըսելով, թէ իր նմանին շողոքորթողը՝ անոր թակարդ է, որ կը լարէ: Սուրբ Ներսէս Շնորհալին այս ուղղութեամբ կը գրէ. «Մարդիկ կան, որոնք աւելի սուտ գովաբանութիւնը կը սիրեն, քան ճշմարտութիւնը: Այսպիսիները կը կուրնան եւ կը կորսուին շողոքորթ խօսքերէն: Այս պատճառով ալ իմաստունը խստութեամբ դատապարտեց շողոքորթ լեզուն»:
Սաղմոսացի հեղինակը կը յայտնէ, որ Տէրը շողոքորթողներու լեզուն պիտի կտրէ: Կը կարդանք. «Ամէն մարդ սուտ կը խօսի իր ընկերին. շողոքորթող շրթունքներով ու կրկին սրտով կը խօսին: Տէրը պիտի կտրէ բոլոր շողոքորթող շրթունքները ու մեծախօս լեզուն…» (Սղ 12.2-3): Մարդ ինչքա՜ն ուշադիր պէտք է ըլլայ, ուրեմն, որպէսզի ինքզինք կորուստի չմատնէ եւ Տիրոջ կողմէ պատիժի չենթարկուի:
Հաւատքի կեանքին մէջ եւս մարդ պէտք է ուշադիր ըլլայ, մանաւանդ ներկայ ժամանակներուն, երբ ինքնաբոյծ «քարոզիչ»ներ կը վխտան ամէնուր եւ իրենց կեղծ ու շողոքորթող լեզուներով մարդիկը կը մոլորեցնեն ճշմարիտ ճանապարհէն, զանոնք Աստուծմէ հեռացնելով: Պօղոս առաքեալ կը պատուիրէ մեզի հեռո՛ւ փախչիլ այդպիսներէն: Հռոմայեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ ան կը գրէ. «Կը խնդրեմ, եղբայրնե՛ր, որ զգուշանաք անոնցմէ՝ որոնք երկպառակութեանց եւ գայթակղութեանց պատճառ կ՚ըլլան՝ շեղելով այն վարդապետութենէն, որ դուք սորվեցաք: Հեռո՛ւ փախէք անոնցմէ, որովհետեւ այդպիսիները մեր Տիրոջ՝ Քրիստոսի չէ որ կը ծառայեն, այլ՝ իրենց որովայնին, քաղցր խօսքերով եւ կեղծ գովասանքներով [շողոքորթութեամբ] պարզամիտները խաբելով» (Հռ 16.17-18):
Սուրբ Յովհան Մանդակունի Հայրապետը կ՚ըսէ, թէ շողոքորթութիւնը սատանայական գործ է: Կը կարդանք. «Լեզուն, որ սիրտին արտայայտութիւնն է, եթէ սուտ եւ շողոքորթ կը դառնայ, ապա խաբէութիւն կը կաթի անոր մէջէն: Ասիկա սատանայական գործ է»:
Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կը գրէ.
* Շողոքորթը աւելի մեծ թշնամի է, քան ան, ով բացայայտ կերպով կը զրպարտէ քեզ: Զրպարտողը կրնայ ցաւ պատճառել, բայց շողոքորթը՝ քու միտքդ կը շեղէ ճշմարտութենէն:
* Ան, ով մարդոց գովասանքը կը փնտռէ, իր վարձքը հիմա կը ստանայ, բայց Աստուծմէ՝ ոչինչ կը ստանայ:
Սուրբ Գրիգոր Նիւսացին կը գրէ.
* Շողոքորթութիւնը հոգիի կեղծ բժշկութիւն է, որ ցաւը կը քօղարկէ, բայց չի՛ բուժեր:
Սուրբ Օգոստինոսը կը գրէ.
* Շողոքորթութիւնը սիրոյ զգեստով սուտ հագուած է:
* Երբ մարդուն հաճելի բաներ կ՚ըսեն ո՛չ թէ անոր փրկութեան, այլ՝ անոր հաճոյանալու համար, ատիկա կը զեղծէ սէրը ու զայն կործանումի գործիքի կը վերածէ:
Սուրբ Կիւրեղ Աղեքսանդրացին կը գրէ.
* Խօսքը պէտք է պարզ ու ճշմարիտ ըլլայ. լեզուն, որ կեղծ համեստութեամբ լեցուած է, իր խորքին մէջ թոյն կը պահէ:
Սուրբ Կղեմէս Հռոմէացին կը գրէ.
* Հեռու մնացէ՛ք երկերեսներէն ու շողոքորթ լեզուներէն, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ ճշմարտութեան մէջ չեն քալեր:
Մաքսիմոս Խոստովանողը կը գրէ.
* Խուսափէ՛ անոր շրթունքներէն, որ քաղցր խօսքերով հոգիդ կը թունաւորէ: Շողոքորթութիւնը գեղեցիկ ամանի մէջ դրուած հրաշալի թոյն է:
Շնուտա Գ. Պատրիարքը հետեւեալը կը թելադրէ քրիստոնեայ հաւատացեալներուն:
* Քրիստոնեան իր խօսքին եւ գործերուն մէջ պէտք է անկեղծ ու ճշմարիտ ըլլայ, որովհետեւ միայն այդպէս կը կարենայ Աստուծոյ առջեւ ապրիլ՝ առանց շողոքորթութեան կեղծ ծածկոյթին: Շողոքորթութիւնը հոգիի կուրութեան ու բաժանումի կը տանի, որովհետեւ կը խեղաթիւրէ սէրն ու ճշմարտութիւնը:
* Խոնարհութիւնը հոգիի ճշմարիտ գեղեցկութիւնն է: Հոգեւոր մարդը գովասանք չի՛ փնտռեր, չի՛ շողոքորթեր, այլ՝ իր ուրախութիւնը Աստուծոյ կամքին եւ ուրիշներու բարօրութեան համար աշխատելուն մէջ կը գտնէ: Շողոքորթութիւնը հակառակն է, այն մարդասիրութեան փոխարէն՝ հպարտութեան վրայ հիմնուած է:
* Շողոքորթութիւնը հողի վրայ ցանուած սերմ է, որ սէր ու միութիւն չի՛ բերեր, այլ՝ բաժանում եւ կեղծիք: Այն հոգիին համար կործանարար է, որովհետեւ այն կը խանգարէ ազնուութեան ու ճշմարտութեան աճը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 151
Վաղարշապատ