ԱԿՆԱՐԿ - 101 - ԴԱՐՁԵԱԼ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
«Ահա թէ ինչու Հայաստանեայց գրականութիւնը [Հայոց պատմութիւն] հարկ է ազատ տեսնել աշխարհագրական ու ցեղագրական կարգ մը պայմաններուն ստրուկ հետեւակութենէն»
(Յակոբ Օշական)
Առիթով մը անդրադարձանք Հայաստանի պատմութիւն, թէ Հայոց պատմութիւն ըսելաձեւերուն մասին, նկատի ունենալով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աթոռը զբաղեցնողը իր միտքին «փայլուն» գոհարները մէջտեղ հանելով՝ կը պնդէ, կամ կը փորձէ իր անտրամաբանական եւ տղայական փաստերով, անշուշտ եթէ կարելի է այդ ձաբռտուքը թաստեր կոճել, համոզել որ ո՛չ թէ Հայոց պատմութիւն պէտք է ըլլայ, այլ՝ Հայաստանի պատմութիւն:
Օրերս կը կարդայի Յակոբ Օշականի «Հայաստանեայց գրականութիւն» վերանգիրը կրող գրութիւնը, առաջին անգամ տպուած «Մեհեան»ի մէջ (Հանդէս գրականութեան եւ արուեստի), Պոլիս, թիւ 3, 1 մարտ 1914, էջ 38-40: Երկրորդ անգամ, ըստ Մարկ Նշանեանի տուած տեղեկութեան, «Պօղոս Սնապեանի ձեռամբ կազմուած Անգղին կտուցին տակ հատորին մէջ… (Պէյրութ, 2008, էջ 33-42)»: Իսկ երրորդ անգամ Մարկ Նշանեանի խմբագրած «Հանգրուաններ» հատորին մէջ, լոյս տեսած Իսթանպուլ, օգոստոս 2024-ին, էջ 17-23:
Այս գրութեան մէջ Յակոբ Օշական կը խօսի Հայ գրականութեան հատուածի մը, կամ աշխարհագրական վայրի մը չպատկանելու հանգամանքին մասին, այլ՝ անկէ վեր ու անդին, Օշական կը հաստատէ, թէ՝ «մեր գրականութիւնը մէկ է: Ան կու գայ վարէն, հեռաւոր շրջաններէն: Բարբառներու այլազանութեանը տակ նոյն արիւնն է որ կը քալէ, արեցնելով ցեղին մէջ, դարերուն բացուածքներուն վրայ ցոլացիկ մեծութիւններ:
Ան կ՚ելնէ ամբոխին մէջէն երգի, արձանի, գմբէթի ձեւերուն տակ, կը կերպարանաւորէ ցեղին մտքի կեանքը (vie d’esprit), կը բաղադրէ անոր հոգին:
Բոլոր Հայերուն ժառանգութիւնն է ան: Ու ան ունի կեդրոնական նկարագիր:
Մենք կը մերժենք պոլսահայերուն արհամարհոտ ասութիւնները, որոնք մեր գրականութեան միութիւնը կը վտանգեն» («Հանգրուաններ», էջ 17):
Եւ այդպէս է: Կարելի չէ Հայ գրականութիւնը սեփականացնել հատուածի մը կամ վայրի մը մէջ: Միւս կողմէ, նկատի ունենալով Հայաստանի ներկայ մտաւոր թշուառ վիճակը, միաժամանակ կարծելով որ հեռու չէ այն օրը, որ Հայաստանի առաջին դէմքը յառաջիկային օր մը արթննայ եւ որոշէ յայտարարել կամ պնդել, թէ չկա՛յ եւ չի՛ կրնար ըլլալ Հայ կայ Հայոց գրականութիւն, այլ պէտք է ըլլայ Հայաստանի գրականութիւն, ապա մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Օշականի Հայաստանեայց գրականութիւն գրութենէն հատուածներ, անոնց ձգելով եզրակացութիւններ ընել:
Հատուածները մէջբերած ժամանակ [] մէջ պիտի տեղադրենք նաեւ Հայոց պատմութիւն եզրը, որովհետեւ Օշականի ըսածները մեծաւ մասամբ նաեւ կրնան վերաբերիլ այդ թէզին:
Կը կարդանք.
* Հայաստանեայց գրականութիւն [Հայոց պատմութիւն] յղացումը (concept) կը տարածուի հաւասարապէս հայ ցեղին ամէն մասնիկներուն վրայ: Ան կը մերժէ լեզուի անհրաժեշտ կապանքները, բարբառները յոխորտացնող յատկանիշները, վեր է լեզուի գեղագիտական ըսուած երեւոյթներուն որոշադրութենէն:
Ան լայն է սեղմուիլ կարենալու համար գրականութեան երկու հատուածներուն այլամերժ նեղմտութեանը մէջ: Ան ուժով է առանձնապէս ապրելու չափ, առանց տեղական գոյնին, տարազներուն անհրաժեշտ նպաստին:
Հայաստանեայց գրականութիւնը [Հայոց պատմութիւն] ամէն երեւոյթի նման, որ իր վառարանը ունի կենդանի գործարանաւորութեան մը գիրկը, ստիպուած է արդէն ծալքն առնելու այն արտացոլումին, զոր կը ճառագայթեն բոլոր ապրող համախմբումները ու ատով իսկ իր գիծերուն շատ մը մասին մէջ ան կը ներկայանայ անհաւասար հաւատարմութեամբ մը՝ արտայայտութիւնը հայ ցեղին:
Ընդունելով հանդերձ նախնական աւազանին, ցեղային զանգուածին ու զայն տաղաւարող արտաքին պայմաններուն հզօր ներգործութիւնը, պատշաճ հարկը տալով վայրկեանին (moment) եւ տեւողութեան (durée) անխուսափելի որոշադրականութեան, կը խորհինք թէ այդ ամենէն վեր, այդ ամենէն դուրս առանձնապէս անհրաժեշտ են զօրաւոր անհատները, մեծերը, որոնք արդէն կը համադրեն ցեղին հոգին կատարեալ եղանակով:
Ահա թէ ինչու Հայաստանեայց գրականութիւնը [Հայոց պատմութիւն] հարկ է ազատ տեսնել աշխարհագրական ու ցեղագրական կարգ մը պայմաններուն ստրուկ հետեւակութենէն:
Փնտռելով ցեղին հոգին իր մեծ զաւակներուն հոգիին մէջ, մենք մերժած չենք ըլլար բոլոր այն երկրորդական ազդակները, կողմնակի նպաստները, որոնք անհատին հոգեբանութիւնը կր կերպաւորեն, զայն կը մասնաւորեն յատուկ կնիքովը, զայն մէջտեղ կը բերեն առողջ ու կատարեալ կենդանիի մը ձեւին տակ: Ու կը կարծենք, աւելի ճիշդը կը հաւատանք, թէ բոլոր բարձրութիւններուն նման, ցեղին սարսուռներէն ամենէն շատ ազդուողները պիտի ըլլան դարձեալ զօրաւոր ու մեծ անհատականութիւնները։ Բոլոր ձիւները ու բոլոր արեւները ամենէն առաջ լեռները կը համբուրեն (էջ 17-18):
…
Հայաստանեայց գրականութիւնը [Հայոց պատմութիւն] հրաւէր մըն է ցեղին զաւակներուն:
Հրաւէր մըն է ան դէպի այն ափերը, դէպի այդ տարածութիւններն ու բարձրութիւնները, ուր դարաւոր ընտելացման մը հետեւանքով ցեղը ինքզինքը աւելի համարձակ, իր հաճոյքներուն մէջ աւելի սրտազեղ ու տառապանքին ատեն աւելի երկիւղած ու տրոփուն կը գտնէ:
Հրաւէր մըն է ան դէպի հայրենի երկիրը, որ մեզի պէս ստրուկ ցեղերուն մէջ ոտքի վրայ մնացող միակ աստուածութիւնը պէտք է ըլլայ:
Ատել չենք գիտեր։ Այս ահաւոր թերութեան դէմ ճակատող մեծագոյն առաքինութիւնը այն խանդավառութիւնը, երազի այն նոյնութիւնն է, որուն գոյութիւնը վճռական է մեր բախտին տեսակէտէն:
«Ցեղերը կ՚ապրին շատ քիչ թիւով յղացումներու եւ երազներու գօտիի մը տակ», ըսած է ժամանակակից մտածող մը: Մեր գոյութիւնը արդարացնող զսպանակներէն ամենէն հինը այսօր կոտրածի տպաւորութիւնը կը թողու մեր վրայ: Հայ Եկեղեցիները դադրած են մեր ժողովուրդին հոգիին համար բեւեռներ ըլլալէ։
Առանց երազի՝ կարելի չէ կեանքը: Տիեզերական կեղծիքի (faction universelle) քանի մը կարեւոր ձեւեր ստիպողութիւն կը դառնան մեզի համար:
Ու գրականութեան, ինքնորոշումի այս գերագոյն կերպը նախընտրելով ապերախտ սուտէ մը տարուած պիտի չըլլանք: Մենք կը հաւատանք ատոր (էջ 20-21):
Այս հատուածները կարդալով գլխաւոր երկու մտածումներու վրայ պէտք է սեւեռենք մեր ուշադրութիւնը:
Առաջինը՝ այն է, որ թէ՛ գրականութիւն, թէ՛ պատմութիւն եւ թէ մշակոյթ, պէտք չէ փորձել սահմանափակել ինչ որ աշխարհագրական տարածքի կամ ցեղագրական պայմաններու մէջ, որովհետեւ այդ ստրկութեան, ստրկամտութեան արարք կ՚ըլլայ: Այս գաղափարը ձեւաւորուած կը տեսնենք Օշականի սա մի քանի տողերուն մէջ. «…Ահա թէ ինչու Հայաստանեայց գրականութիւնը հարկ է ազատ տեսնել աշխարհագրական ու ցեղագրական կարգ մը պայմաններուն ստրուկ հետեւակութենէն»:
Երկրորդը՝ այն է, որ մեր ներկան կազմող բոլոր ազդակները կու գան, աւելի ճիշդ կը բխին ծառի բունէն եւ ո՛չ թէ ճիւղերէն: Այսօրուան Հայաստանը մեր դարաւոր պատմութեան հաստ բունին մէկ ճիւղն է միայն եւ ո՛չ թէ բունը: Այդ ճիւղը իր սնունդը, իր ուժը կ՚առնէ այդ բունէն, եւ կտրել զայն այդ բունէն, կամ փորձել ճիւղը բունի վերածել, կը նշանակէ թէ՛ բունը եւ թէ ճիւղը անէացումի դատապարտել: Ա՛յս է մեր օրերու քաջ նազարը եւ իր համախոհները կը փորձեն կատարել:
Մեր ինքնութիւնը մեր բունին մէջ պէտք է փնտռենք, որպէսզի ճիւղերը կարենանք իրենց բուն էութեան մէջ տեսնել եւ արժեւորել: Արդարեւ, «փնտռելով ցեղին հոգին իր մեծ զաւակներուն հոգիին մէջ, մենք մերժած չենք ըլլար բոլոր այն երկրորդական ազդակները, կողմնակի նպաստները, որոնք անհատին հոգեբանութիւնը կր կերպաւորեն, զայն կը մասնաւորեն յատուկ կնիքովը, զայն մէջտեղ կը բերեն առողջ ու կատարեալ կենդանիի մը ձեւին տակ»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
18 յունուար 2025, Վաղարշապատ