ԱՐԴԱՐ ԿԱՆՉ ՄԸ ԵՒՍ
Այս տողերուն մէջ կ՚ուզեմ արտայայտել այն բոլորը, որոնք իբրեւ մտահոգութիւն մտքիս մէջ ամբարած էի ինքնածին, իբրեւ մարմաջ, նաեւ՝ ազնիւ ցանկութիւն եւ տրամադրութիւն:
Ազատ երկնքի տակ կ՚ապրինք, բայց կարծես ներկայէն բացակայ ենք: Միւս կողմէ, այս դարու պատմութիւնն ալ հայու մեր դէմքին վրայ բացած է նոր եւ անօրինակ ակօսներ, որոնց իբրեւ արդիւնք՝ մարդկային ամէն տեսակի ցնցումներու ենթակայ դարձած ենք: Կապուած ենք միջավայրին եւ զինաթափ կեցած ենք կեանքի անակնկալներուն առջեւ: Եւ այսպէս մեր դիմաց սկսած է նոր աշխարհ մը բացուիլ: Արդ, արդեօք ունի՞նք որոշ ռազմավարութիւն մը, որ դիմագրաւենք այս «նորութիւնը»: Չեմ գիտեր…: Միայն այն գիտեմ, որ աշխարհի տարածքին մեր կեանքը ամէն տեղ եւ ներքնապէս սկսած է հիւծել մեր ազգին մարմինը:
Ճիշդ է, որ փոխուած են ժամանակները եւ սակայն, իրենց հետ փոխուած են նաեւ մեր ապրելու եւ գոյատեւելու պայմաններն ալ: Գուշակ ըլլալու կարիք չկայ: Ամէն տեղ եւ ամէն ժամ, ճգնաժամային տարիներ կ՚ապրինք: Յոյսերու քայքայում: Կեանքը, մեր հայ կեանքը, կարծես տարբեր ակնկալութիւններով լեցուած է, եւ ազգայինն ալ երազի վերածուած: Խոցելի են մեր «վատնած» ճիգերն ու ջանքերը: Որովհետեւ, շատ յաճախ անտարբեր ենք, մշուշապատ երազներով եւ տեսիլքներով տարուած: Ու այսպէս, կաթիլ առ կաթիլ, առանց մեր կամքին, կը շարադրուի մեր նոր պատմութիւնը: Որովհետեւ, տակաւին չենք հասկցած, որ մեր կեանքին մէջ էական է մեր գիտակցութեան առջեւ պահել մեր ներկան:
Ու անկեղծօրէն, դարձեալ գրիչս աչք ըրած, սիրտ ըրած, եւ միտք ըրած կը քալեմ հասնելու հայ մարդուն մտքին խորը: Անոր համար միշտ կ՚ուզեմ այս բոլորին մասին արտայայտուիլ, գրել, սակայն երբեմն կը մտածեմ.- ի՞նչ սրտով գրել, երբ հայ կեանքը յաճախ մխիթարական շատ քիչ բան ունի:
Ինչպէ՞ս հաւատալ այս կեանքին եւ անոր ազնիւ արժէքներուն: Ահա անկոչ տագնապ մը եւս: Այլ խօսքով, ինքնութեան հաւատարիմ մնալու տեսակ մը կանչ են այս պարբերութիւնները:
Նման հարցերու կամ նիւթերու շուրջ, անվերջ կարելի է խօսիլ: Սակայն հաւատացէ՛ք, գիտեմ որ ո՛չ լսող կայ եւ ո՛չ ալ կարդացող: Բացառութիւնները միշտ յարգելի են: Անոր համար կը վախնամ, որ նման տողեր պարզապէս շատախօսութեան մը սահմաններէն ներս պիտի մնան: Ծանր եւ անիմաստ:
Շատ հաւանաբար քիչեր միայն կը բաժնեն այս մտահոգութիւնները: Ահա թէ ինչո՞ւ շատերու նման իմ միտքս ալ կը տառապի մեր հին ու նոր ցաւերով:
Հիմա հարց է, թէ ինչպէ՞ս պահել հայ կեանքի ջերմութիւնն ու իր աստիճանը:
Որովհետեւ, ճակատագրի դասերէն վանկ մը իսկ չենք կրնար փոխել: Միւս կողմէ ալ «կը ծամենք», եւ «կ՚որոճանք» մեզի հրամցուած լուրերը, առանց տրամաբանելու:
Արդ, ո՞վ է մեղաւորը, եթէ մարդիկ չեն տեսներ, աւելի ճիշդ՝ չեն ուզեր տեսնել այս բոլորը: Անմեղ օրինակ մը տալով, սա մտածումները կ՚անցընէի մտքէս.- հայերէն գիրք, եւ կամ՝ հայերէն թերթ, ամսագիր, դասագիրք, ընթերցելու, կարդալու մասին: Որովհետեւ, տեսանելի է, թէ հայերէն կարդալու հաճոյքի նահանջ կայ ամէն տեղ:
Անմեղ հարցում մը.- աշխարհի հայերը տարին քանի՞ գիրք կը կարդան: Չմոռնանք, որ մեր ազգի յաւիտենականութեան դեղատոմսերն են լեզուն, գիրն ու գիրքը:
Գիտենք, որ այս օրերուն աշխարհը մեզի կը բացուի եւ կը ժպտի համակարգիչի բառերով: Նաեւ գիտենք, որ ամէն օր փոքրերուն կամ պատանիներուն համար համակարգիչի, դիմատետրի, հեռաձայներու վրայ ելէքտրոնիք նոր խաղեր «կը բուսնին», եւ զանոնք հեռատեսիլի կամ այլ ճամբաներով կախարդական կերպով կը հրամցուին, եւ մեր տուներէն ներս կը մտնեն, երբ ինք՝ աշակերտը, կամ պարզ հայը, իր նմանէն օրինակուելով, շուտով անոնց կը կապուի: Ահա թէ ինչո՞ւ նման պատճառներով շատ դժուար ու տքնաժան աշխատանք մը պիտի ըլլայ այս հայերը դէպի ընթերցանութիւն առաջնորդել: Յիշենք.- ամէն բան վարժութենէ կը ծնի:
Տակաւին՝ հայերէն կարդացողներուն թիւը զգալի նահանջ ունի: Տեսանելի է:
Այսօր, մտահոգ հայ գրիչներ, մտքեր եւ հայ մամուլ, ամէն ինչ կ՚ընեն, որ հայերէն գիրքի հանդէպ սէրն ու հետաքրքրութիւնը չմարի: Որովհետեւ, ընթերցում նաեւ կը նշանակէ մտային եւ հոգեկան պաշարի ամբարում: Հաճելի եւ օգտաշատ: Նոյնիսկ իմացական աւիշի մաքուր հոսք: Առանց ընթերցումի որեւէ գիրք, ճերմակի վրայ սեւ մելանով էջերու հաւաքածոյ մըն է: Աւելին՝ չմոռնանք, որ մեր կրթական համակարգին առանցքը կը կազմէ հայերէն գիրքը:
Ամէն առիթով կ՚ահազանգենք, կը խօսինք, շունչ կը վատնենք, երկար-բարակ գրելով կ՚անդրադառնանք հայախօսութեան տկարացման մասին եւ կը մտահոգուինք: Տակաւին՝ հայերէն գիրքի ընթերցման բացակայութիւնը կ՚ահազանգենք:
Արդեօք կրկին յիշեցնել պէ՞տք է, թէ հայ գիրքը, հայ շունչի կողքին, հայ մշակոյթ եւ պատմութիւն կը ներշնչէ: Գոյատեւման տեսակ մը պայքար: Ճիշդ է, որ ներկայիս գիրք եւ մամուլ փնտռողները նուազած են եւ դարձած՝ սակաւաթիւ, բայց տակաւին կան ու կ՚ապրին գիրքին ուժն ու արժէքը գիտցողներ, անոր ներգործութեան հաւատացողներ:
Արդ, որո՞ւ բարձրացնել բողոքը: Բոլորս ալ անխտիր մեր արդար բաժինը ունինք այս հարց-տագնապին մէջ:
Չմոռնանք.- մեր լեզուն, մեր ժողովուրդի հոգիէն բխող կենդանի է եւ հիւթեղ: Մեր լեզուն, մեր հոգիի բանալին է: Եւ որպէսզի մեր լեզուի գիտակցութիւնն ու իմացութեան արժէքը վերականգնուի, պէտք է ծայրայեղութեան գինով արթնցնել հասարակութիւնը: Կեցուածք եւ ըմբռնում պարտադրող ազդակ է պէտք. եթէ կ՚ուզէք:
Գիտակցելու ենք ճակատագրի վտանգաւոր խաղերուն:
Ուստի, մտածելու, խորհրդածելու հրաւիրող այս տողերս կը միտին նաեւ դառնալ հայերէն ընթերցելու ինքնագիտակցութեան առաջնորդող արդար կանչ մը եւս:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ