ՅՍՏԱԿ ԱԶԴԱՆՇԱՆՆԵՐ
Իրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիճանիի վերջերս Լիբանան կատարած այցելութիւնը եւ անոր շուրջ ծաւալուած քննարկումները բացին նոր էջ մը՝ Թեհրան եւ Պէյրութ յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։ Թէեւ այս այցը կարելի էր ներկայացնել՝ որպէս սովորական դիւանագիտական շփում, սակայն, ըստ էութեան, վերածուեցաւ քաղաքական ու հանրային դաշտի ծաւալուն ու յաճախ ալ կրքոտ բանավէճի մը։
Այցելութեան նախապատմութիւնը արդէն հետաքրքրական էր։ Երբ Լարիճանիի օդանաւը Թեհրանէն ճամբայ ելաւ դէպի Պէյրութ, Սուրիոյ իշխանութիւնները արգիլեցին, որ ան այդ երկրի օդային մարզը օգտագործէ։ Այս անսպասելի քայլը ստիպեց, որ օդանաւը թռչի ո՛չ թէ Սուրիոյ, այլ Թուրքիոյ վրայով։ Այս մանրամասնութիւնը, գուցէ արտաքին դիտողի մը համար երկրորդական թուի, սակայն, իրականութեան մէջ շատ աւելի խօսուն է՝ քան բազմաթիւ յօդուածներ։ Ակնյայտ է, որ Թեհրան-Դամասկոս կապերուն մէջ գոյացած են որոշ ճեղքեր եւ Իրանի տարածաշրջանային ազատ տեղաշարժը այլեւս այն չէ, ինչ որ եղած էր տարիներ շարունակ։ Պէտք է յիշել, որ ժամանակ մը առաջ Իրանի քաղաքական վերնախաւը՝ յոխորտալով կը յայտարարէր, որ իր վերահսկողութեան տակ կամ ազդեցութեան դաշտի մայրաքաղաքներն են, բացի Թեհրանէն, Դամասկոս, Պէյրութ, Սանհա եւ Պաղտատ։ Այսօր, սակայն, այդ չորսէն մնացած է միայն երկուքը եւ հաւանական է, որ մօտ ապագային այդ երկուքն ալ ստիպուած ըլլան վերադառնալ իրենց բնական, ինքնուրոյն կացութեան։ Իրանի տարածաշրջանային ազդեցութեան գերագնահատումը միշտ սխալ եղած է՝ ներառեալ Հայաստանի քաղաքական որոշ շրջանակներու համար։
Լարիճանիի Պէյրութ կատարած այցի նպատակը, ըստ տեղական աղբիւրներու՝ ուղղակիօրէն առընչուած էր Լիբանանի կառավարութեան վերջին որոշման հետ։ Այսպէս, «Հիզպուլլահ» պարտաւոր է մինչեւ տարեվերջ յանձնել իր զէնքը երկրի օրինական մարմիններուն։ Այս որոշումը, որ կը կոտրէ տասնամեակներու կարգավիճակը, դժուար թէ ընդունելի ըլլայ «Հիզպուլլահ»ի եւ անոր հովանաւոր Իրանի համար։ Այստեղէն ալ կը ծագի այցելութեան գլխաւոր շարժառիթը՝ փորձել ազդել Լիբանանի քաղաքական ղեկավարութեան վրայ եւ մեղմացնել կամ յետաձգել որոշման գործադրութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, այցելութեան ընթացքն ու ընդունելութեան մակարդակը Պէյրութի մէջ կտրուկ տարբեր եղան Թեհրանի ակնկալութիւններէն։ Լիբանանեան բազմաթիւ թերթեր այցելութիւնը որակեցին տապալած։ Այդ տպաւորութիւնը ծնունդ առաւ ո՛չ միայն հասարակական եւ քաղաքական շրջանակներու սառն կեցուածքէն, այլեւ ուժեղացաւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ժոզէֆ Աունի աննախադէպ յայտարարութեամբ։ Նախագահ Աուն առանց դիւանագիտական ձեւականութիւններու յայտնեց. «Կը մերժենք որեւէ միջամտութիւն Լիբանանի ներքին գործերուն ո՛ր կողմէն ալ գայ այդ մէկը։ Կ՚ուզենք, որ Լիբանանի դաշտը մնայ ապահով եւ կայուն՝ բոլոր լիբանանցիներու շահերուն համար, առանց խըտ-րականութեան։ Վերջին շրջանին Իրանէն որոշ պատասխանատուներէ Լիբանանի հարցերուն մասին հնչեցուած խօսքերը առնուազն օգտակար չեն»։
Այս խիստ եւ ուղիղ կեցուածքը, որ հակադրութեան մէջ է անցեալ երեսուն տարիներու ընդհանուր լռութեան կամ մեղմութեան հետ՝ ցոյց կու տայ, որ ո՛չ միայն Լիբանանի, այլեւ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ ուժային հաւասարակշռութիւնները կը դասաւորուին։ Աունի խօսքերը, քաղաքական դիտորդներու կարծիքով, կրնան նշանաւորել նոր փուլ մը, ըստ որուն՝ Պէյրութ կը փորձէ ազատիլ արտաքին ուժերու ուղիղ վերահսկողութենէն եւ աւելի ինքնուրոյն արտաքին քաղաքականութիւն մը որդեգրել։
Իրանի եւ Լիբանանի յարաբերութիւնները խոր արմատներ ունին։ 1980-ական թուականներուն, Իրանի յեղափոխութենէն անմիջապէս ետք, Թեհրան սկսաւ երեւելի եւ աշխոյժ աջակցութիւն ցուցաբերել նոր ձեւաւորուած շիի զինեալ խումբերուն, որոնք յետագային համախմբուեցան «Հիզպուլլահ»ի դրօշին տակ։ Տասնամեակներ շարունակ Իրան ռազմական, գանձատրական եւ գաղափարական օժանդակութիւն ցոյց տուաւ այդ կազմակերպութեան, որ դարձաւ ո՛չ միայն Լիբանանի ներքին քաղաքականութեան գլխաւոր դերակատարներէն, այլեւ տարածաշրջանային հակամարտութիւններու առանցքային գործիք՝ իր ձեռքին մէջ։ Թէ ի՞նչ էր «Հիզպուլլահ»ի դերակատարութիւնը։ «Հիզպուլլահ», որ ծնունդ առաւ՝ իբրեւ Իսրայէլի դէմ դիմադրական շարժում մը, այսօր ունի լայնածաւալ քաղաքական ներկայութիւն Լիբանանի խորհրդարանին մէջ։ Ան կը վերահսկէ կարեւոր նախարարութիւններ եւ ազդեցութիւն ունի պետական որոշումներուն վրայ։ Յամենայնդէպս, անոր զինեալ թեւը մնաց մշտական հակասութեան կեդրոն՝ Լիբանանի ներսի եւ միջազգային հանրութեան միջեւ։ Նոր կառավարութեան որոշումը՝ զինաթափել այս կազմակերպութիւնը, կը նշանակէ լուրջ մարտահրաւէր մը Իրանի համար, որովհետեւ ան կորսնցուցած կ՚ըլլայ իր ամենահզօր դաշնակիցը՝ Միջին Արեւելքի հիւսիսային ափին։
Լարիճանիի այցի ձախողման մասին խօսելու առիթ տուած ուրիշ հանգամանք մըն ալ կար։ Այսպէս, Լիբանանի մէջ «Հիզպուլլահ»ի հակառակորդները այս այցը օգտագործածեցին՝ որպէս քարոզչական միջոց՝ ընդգծելու, որ Իրանի քաղաքական ազդեցութիւնը նուազման ընթացքի մէջ է։ Իրանի կողմէ Լիբանանի ներքին քաղաքականութեան մէջ ձեւաւորուելիք նոր խաղը, ինչպէս նշեցին որոշ վերլուծաբաններ, կրնայ երկիրը դնել աւելի մեծ վտանգներու դիմաց։
Տարածաշրջանային այս շարժերը նաեւ յստակ ազդանշաններ կու տան Հայաստանի եւ ամբողջ Հարաւային Կովկասի համար։ Իրանի ներգրաւումը՝ Մերձաւոր Արեւելքի հակամարտութիւններուն մէջ, իր սահմանափակեալ շարժման դաշտը եւ ներսէն աճող դժգոհութիւնը կրնան ազդել նաեւ Թեհրանի արտաքին քաղաքականութեան ընդհանուր ուղղութիւններուն վրայ։ Այս իսկ պատճառով, Իրանի դերն ու կարողութիւնները ճշգրիտ գնահատելը կենսական նշանակութիւն ունի թէ՛ տարածաշրջանային գործընկերներու եւ թէ Հայաստանի համար։
Հուսկ, կարելի է արձանագրել, որ Ալի Լարիճանիի Պէյրութ կատարած այցելութիւնը դարձաւ ո՛չ միայն Լիբանան-Իրան յարաբերութիւններու ներկայ հայելին, այլեւ՝ ապագայ հաւանական իրադարձութիւններու իրական ցուցանիշ մը։ Սուրիոյ օդային մարզի փակումը, Լիբանանի ղեկավարութեան սառն ընդունելութիւնը եւ նախագահ Աունի ուղիղ յայտարարութիւնները կը վկայեն, թէ Թեհրանի ազդեցութեան ոսկեդարը վերջացած է։ Իսկ Լիբանան, որ տասնամեակներ շարունակ գտնուած է արտաքին ուժերու ազդեցութեան տակ, ըստ երեւոյթին, պատրաստ է աւելի ինքնուրոյն ուղի մը որդեգրելու՝ հակառակ այն վտանգներուն, որոնք կրնան յառաջանալ այդ ճանապարհին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան