ՏԱՐԱԿՈՒՍԱՆՔՆԵՐՈՒ ՃԵՂՔԸ

Ի՞նչ մատիտներով պիտի գրես տողերդ, որպէսզի կարողանաս ճիշդ թիավարել։ Կայ, անշուշտ, ցաւոտ վարկած մը, ըստ որուն՝ լրագրողը բարոյախօսութիւն ալ պիտի ընէ։ 

Բարոյախօսութիւնը մէկ կողմ, բայց, երբ լրագրողը ամէն ինչ կը զոհէ, որպէսզի դառնայ սիրուած մարդ մը, արդէն այն ատեն երեւելի կը դառնան հազարումէկ արգելքներ՝ ճիշդ ճամբայ մը շարունակելու համար։

Ի սկզբանէ կայ «հանրային կարծիք» կոչուած ուտելիք մը, որուն հետ անկարելի է հաշուի չնստիլ։ Բաժնուած է այդ «ուտելիք»ը մի քանի փոքր նախուտեստներու, որոնք միանալով պիտի կազմեն հայութեան մեծ սեղանի բուն ճաշը։ 

Խնդիրը այդ սեղանին մօտ կամ հեռու ըլլալը չէ, այլ այս օրերուն ամենէն մտահոգիչն է, որ հայութեան «վերջին ընթրիք»ի ժամը իրապէս մօտեցած է։ Ինչքան սէր կար մեր տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի «Վերջին ընթրիք»ի սեղանին, չենք գիտեր։ Գիտենք, սակայն, շատ լաւ գիտենք, որ ինք մեր փրկիչ՝ Յիսուս Քրիստոսը բարութեան եւ սիրոյ Աստուածն է՝ մինչեւ մեր օրերը հատնին, ժամանակները փակուին եւ գայ ու հասնի իրական վկայութեան ժամն ու պահը։ 

Ի հարկէ, սուրբգրային մեկնաբանութիւն մը կատարելու ելած չեմ, պարզապէս ուզեցի ցոյց տալ, որ այսօրուան դրութեամբ մեզմէ ամենաշատ պակսողը՝ Քրիստոսի սէրն է։ Սէր առ Աստուած, սէր առ հայու յաւերժական հայրենիքը ու անկէ անդին ալ՝ սէր մէկս միւսի հանդէպ։

Շատեր կրնան առարկել, որ սէրը սեղանին դրուած «ճաշատեսակներ»ուն մէջ ամենէն քիչն է, որովհետեւ ամենադժուար ճաշն է։

Անոր բաղադրիչները դժուար գտանելի են, անիկա պատրաստելը բարդ է եւ մէկ խօսքով հազուագիւտ։

Ասոնց կողքին սէրը կը նմանի այն պարտէզին, որ ամենօրեայ փորձութիւններուն դիմաց «կը պահանջէ» զոհողութիւն. զոհողութիւն դիմացինին հանդէպ, ներողամտութիւն դիմացինին հանդէպ, նաեւ հասկացութիւն դիմացինին հանդէպ։

Ու եթէ ճիշդ դիտարկել փորձենք այսօրուայ ընթացքները, այսօրուայ երեւոյթները, այսօր մեր կողմէ ներկայացուած առաջադրանքները եւ մեր շուրջի գործընթացները, ապա արագօրէն պիտի յանգինք այն համոզման, թէ սէրն ու մեր կեանքը ելած են կռիւի։

Կեանքը կը փորձէ պարտադրել իր կանոնները, հազարումէկ ուղիներով, հազարումէկ պատրուակներով ու ձեւերով ու անոր դիմաց սէրը, որ կեանքի աղն է, իսկապէս, անկիւն մը նստած կը դիտէ ու կը դիտարկէ, թէ ի՛նչ պայմաններու ներքոյ կը տապալի կեանք ըսածդ։

Խորքին մէջ շատեր պիտի դիտարկեն, որ ո՛չ թէ կեանքն է, որ կը տապալի, այլ մեր կեանքն է, որ կ՚արժեզրկուի, մեր ապրումն է, որ կը պղծուի եւ մեր ժամանակն է, որ կը մտնէ անվերջ որոնումներու մեծ յորձանուտին մէջ։

Խորքին մէջ, մենք է, որ չենք գիտեր մեր ուզածը։ Մենք է, որ կը խարխափենք ու մենք է, որ մեր սխալներով աւելիով կը ծանրացնենք մեր եւ մեր շուրջի մարդոց կեանքը։ 

Անձնականէն հեռանալով ու մտնելով հաւաքականին մէջ՝ մեզմէ իւրաքանչիւրը կը փորձէ իր տեսակէտը պարտադրել, խօսիլ բաներու մասին, որոնք վաղուց արդէն չկան ու ապրեցնել մեզ շրջապատած մարդիկը սուտ եւ փուճ խոստումներով, որոնք իրականութիւն դառնալու որեւէ հաւանականութիւն չունին։

Ու եթէ այս մօտեցումը դնենք մեծ պաստառի մը վրայ, ապա արագօրէն պիտի նկատենք, որ տրուած խոստումները, բարձրագոչ ասքերը, հեղինակային կամ կրկնողական խրատականները, խորքին մէջ, կը ծառայեն նոյն այն մեքենայական ընթացքներուն, որոնց մէջ ալ ինկած ու գլտորած է մեր կեանքը։

Ամէն ոք շահ մը կը փնտռէ այդ հաւաքական ընթացքներուն մէջ ու, խորքին մէջ, եթէ համեմատութիւն մը ընենք խորքային շահ որոնողներուն ու աւուր հացի ետեւէն վազող շահատակներուն միջեւ, ապա աւելիով մեղաւոր պիտի համարենք բոլոր անոնք, որոնք խաբած են ու կը շարունակեն խաբել մեր սերունդները…

Ի հարկէ, ամէն մէկը կը խաբէ իր ուզած ձեւով, իրեն հաճոյ ձեւով, իրեն վայել ձեւով, որպէսզի կարողանայ բաժին մը ուտելիք աւելի ճարել։ Ուտելիքը կը ճարուի, ի հարկէ, բայց, այդ ճարուողը կապ չունի հաւաքական ընթրիքին հետ, որուն մեծ սեղանին շուրջ նստած պէտք է ըլլան ազգի բոլոր ներկայացուցիչները։

Ու հոս է, անշուշտ, որ կը ծնի, հասակ կ՚առնէ եւ միս ու արիւն կը ստանայ այն մեծ տարակուսանքը, որ աճելով կը պատէ մեր հաւաքական աշխարհը։ Մեր իրավիճակը կամ այն ինչ, որուն մէջ ենք մենք՝ մանրապատկերն է ամբողջ մարդկութեան իրականութեան։ Տարբերութիւնը, սակայն, մեծ է մեր ու այդ աշխարհին միջեւ, որովհետեւ մինչ մենք զբաղած ենք «ինքնասիրական խոստովանութիւններ»ով, անդին միւս աշխարհի կարեւոր տարրերուն մօտ ինքնախոստովանութիւնը կամ նմանօրինակ զգացական-բարոյախօսական մօտեցումները շատ մեծ դեր մը չունին։

Մենք կը բանինք սիրողական գործիքներով, իսկ անոնք ո՛չ միայն իրենց ապագան կը ծրագրեն, այլեւ այնպէս մը կ՚ընեն, որ իրենց շուրջի հասարակութիւնները ստիպուած ըլլան հպատակիլ՝ իրենց կողմէ դրուած կանոններուն։

Մենք երազներու ետեւէ ենք, իսկ անոնք այնպիսի վիճակներ կը կերտեն, որ այդ երազները ոտքի կանգնին ու դառնան իրականութիւն։

Մենք կը սպասենք, որ մեր շուրջի գործընթացները տեղ մը դառնան մեր շահերուն համահունչ կամ առնուազն տեղ տան մեր փոքրիկ շահերուն, իսկ անոնք կը ստեղծեն այնպիսի գործընթացներ, որոնց հետ մենք ստիպուած կ՚ըլլանք հաշուի նստիլ։

Մենք կը ծրագրենք մեր տան ննջասենեակը նորոգել ու այդ նորոգութիւնը մինչեւ աշնանամուտ հասցնել իր աւարտին, անդին իրենք կը կերտեն այնպիսի կառուցուածքներ, որոնց մէջ «նորոգութիւն» մը ընելու կարիքը ընդհանրապէս չ՚ըլլար։

Մենք մեր զաւակներուն ուսման վճարը հոգալու համար տիւ ու գիշեր բանելով կը փորձենք խնայողութիւն մը մէջտեղ բերել, իսկ իրենք իրենց փայլուն զաւակներուն համար կը ստեղծեն այնպիսի համակարգեր, ուր ո՛չ միայն կրթաթոշակ ապահովելը խնդիր մը չէ, այլեւ ուսանող սանը սորվելու կողքին կ՚ունենայ բարձր վարձատրութեամբ աշխատանք։

Ու խորքին մէջ ի՞նչ են այն պայմանները, այն տարբերութիւնները եւ այն պարագաները, որոնք մեզ ստիպել կու տան մտածելու, որ մենք եւ իրենք ունինք խորքային տարբերութիւններ եւ այդ տարբերութիւններն են, որ ո՛չ միայն կը դժուարացնեն մեր գործը, այլեւ կ՚արգելակեն, որ մեր տեղքայլ ընելու հիւանդութիւնը շարունակուի եւ դառնայ յարաճուն։

Թերեւս պատասխան մը ունիմ այս բոլորին։ Յստակ սահմանում մը, որ պատճառն է բոլոր հետեւանքներուն, նահանջներուն եւ նօսրացումներուն… Սակայն, շատ պիտի ուզեմ, որ ընթերցողները մտածեն այս բոլորին շուրջ՝ այդ լուծումներու գոյութեան մասին մեր ապրածը դարձեալ դիտարկելով ու, խորքին մէջ, փորձելով քաղել դաս մը գալիք օրերուն համար։

Ի վերջոյ, միայն սիրոյ սեղանի մը բացակայութեան մասին չէ խօսքը, ոչ ալ «Վերջին ընթրիք»ի մասին, որուն պատկերաւոր մէկ դրուագը փորձեցինք ներկայացնել վերը։ Ունինք հրաշալի սերունդ, ունինք փայլուն անուններ, ունինք բազում ոլորտներու մէջ մեծ յաջողութիւններու հասած անուններ, սակայն, այս բոլորի կողքին չունինք մեզ միացնողներ։

Մեր ղեկավարներէն իւրաքանչիւրը կը փորձէ իր ուղին գծել՝ մոռնալով, որ ամենաէականը ու մանաւանդ այս ժամանակներուն մեր ժողովուրդը կարիքն ունի ըլլալու հաւաքականութի՛ւն։

Այսօր մենք հաւաքականութիւն մը չենք, հաւաքուած չենք գաղափարի մը շուրջ, ցիր ու ցան ենք, տարտղնած ու շատ յաճախ մեր ստացած վէրքերէն տակաւին ուշքի չենք եկած… ու հո՛ս է, անշուշտ, խնդիրը՝ բոլոր խնդիրներուն։

Ու այնքան ատեն, որ մենք կը շարունակենք անտեսել հաւաքականութի՛ւն մը դառնալու կարեւորութիւնը, այնքան ատեն պիտի տուժենք ու մանաւանդ՝ տառապինք։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2025