ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

«Հարցումներու պատասխաններ Առակաց գիրքէն եւ բացատրութիւններ» շարքը, որ անցեալ շուրջ երեք տարիներու ընթացքին շաբաթական դրութեամբ հրապարակեցինք ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի սիւնակներուն վրայ, այսօր իր աւարտին կը հասցնենք, մեր սիրելի ընթերցողներուն ներկայացնելով Առակաց գիրքի վերջին երկու գլուխներէն հատուածներ:

Այսպէս, 30-րդ գլուխին 7-33 համարներուն մէջ տրուած են առակներ, որոնք իւրաքանչիւր հաւատացեալի առօրեայ կեանքին հետ այսպէս կամ այնպէս առնչուած է: Կարդա՛նք միասին.

* Քեզմէ երկու բան կը խնդրեմ: Մեռնելէս առաջ զանոնք մի՛ մերժեր:

Ունայնութիւնը եւ սուտ խօսքը ինձմէ հեռացո՛ւր, ինծի աղքատութիւն կամ հարստութիւն մի՛ տար: Իմ սովորական հացո՛վս զիս կերակրէ, որպէսզի չըլլայ թէ կշտանամ եւ քեզ ուրանամ ու «Տէրը ո՞վ է», ըսեմ: Եւ չըլլայ որ աղքատանամ ու գողութիւն ընեմ եւ իմ Աստուծոյս անունը պարապ տեղ բերանս առնեմ:

Ծառան իր տիրոջ առջեւ մի՛ յանդիմաներ, որպէսզի զքեզ չանիծէ եւ դուն յանցաւոր ըլլաս:

Կան անձեր, որոնք իրենց հայրը կ՚անիծեն եւ մայրը չեն օրհներ: Կան անձեր, որոնք իրենց աչքին առջեւ մաքուր են, սակայն իրենց աղտեղութենէն լուացուած չեն:

Մարդ կայ, որուն աչքերը խիստ ամբարտաւան են ու անոր արտեւանունքները բարձրացած են: Մարդ կայ, որուն ակռաները սուրերու պէս են եւ անոր ժանիքները դանակներու պէս են, աղքատաները երկրի վրայէն ու տնանկները մարդոց մէջէն ուտելու համար:

Տզրուկը երկու աղջիկ ունի: «Տո՛ւր, տո՛ւր», կ՚ըսեն: Այս երեքը չեն կշտանար ու չորս բան կայ, որոնք «հերիք է», չեն ըսեր. գերեզմանը, ամուլ արգանդը, երկիրը, որ ջուրով չի կշտանար ու կրակը, որ «հերիք է», չ՚ըսեր:

Այն աչքը, որ իր հայրը կը ծաղրէ եւ իր մօրը հնազանդիլը կ՚անարգէ, ձորերուն ագռաւները պիտի փորեն ու արծիւներուն ձագերը պիտի ուտեն զանիկա:

Այս երեք բաները ինծի զարմանալի կ՚երեւնան եւ չորս բան կայ, որոնք չեմ հասկնար: Օդին մէջ՝ արծիւին ճամբան, ապառաժին վրայ՝ օձին ճամբան, ծովուն մէջ՝ նաւուն ճամբան ու աղջկան քով՝ այր մարդուն ճամբան:

Շնացող կնոջ ճամբան ալ այնպէս է: Կ՚ուտէ ու բերանը կը սրբէ եւ «չարութիւն չըրի» կ՚ըսէ:

Երեք բանի համար երկիրը կը դողայ ու չորս բան կայ, որոնք չի կրնար տանիլ: Ծառան՝ երբ թագաւորէ, յիմարը՝ երբ հացով կշտանայ, ատելի կինը՝ երբ կ՚արգուի եւ աղախինը, երբ իր տիկնոջ ժառնագորդ ըլլայ:

Երկրի վրայ չորս բան կայ, որոնք պզտիկ են, բայց անոնք շատ խելացի են: 

Մրջիւնները զօրաւոր ժողովուրդ մը չեն, բայց իրենց կերակուրը առռուընէ կը պատրաստեն: 

Ճագարները տկար ժողովուրդ մըն են, բայց իրենց տուները վէմերու վրայ կը շինեն: 

Մարախները թագաւոր չունին, սակայն ամէնքը գունդ գունդ դուրս կ՚ելլան:

Մողէսը իր ձեռքերովը պատերուն կը փակչի ու թագաւորներու պալատներուն մէջ կը գտնուի:

Աղէկ քալող երեք բան կայ եւ չորս բան կայ, որոնք գեղեցիկ քալուածք ունին:

Առիւծը, որ բոլոր անասուններէն զօրաւոր է ու բնաւ մէկուն երեսէն ետ չի դառնար:

Մէջքը կպած ձին ու նոխազը, եւ թագաւորը, որուն ժողովուրդը իրեն հետ է:

Եթէ բարձրանալով յիմարութիւն ըրիր, կամ չարութիւն մը մտածեցիր, ձեռքդ բերնիդ վրայ դի՛ր: 

Վասնզի եթէ կաթը ծեծես՝ կոգի կ՚ելլէ, եթէ քիթը ճմլես՝ արիւն կ՚ելլէ, նոյնպէս եթէ բարկութիւնը գրգռես՝ կռիւ կ՚ելլէ (Առ 30.7-33):

Երկրորդ հատուածը Առակացի 31-րդ գլուխի 10-31 համարներն են, ուր կը խօսուի կարող կնոջ յատկութիւններու մասին: Կարդա՛նք.

* Առաքինի կինը ո՞վ կրնայ գտնել: Անոր գինը գոհարներէն շատ աւելի է:

Անոր էրկանը սիրտը անոր վրայ վստահ է ու աւարի կարօտ չ՚ըլլար:

Անիկա իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ անոր բարիք կը բերէ եւ ո՛չ թէ չարիք:

Բուրդ ու քթան կը փնտռէ եւ ուզածը ձեռքովը կը գործէ:

Անիկա վաճառականի նաւերուն կը նմանի: Իր հացը հեռու տեղէ կը բերէ:

Անիկա գիշերով կ՚ելլէ ու տանը մարդոցը՝ կերակուր եւ աղախիններուն գործ կու տայ:

Արտի մը վրայ կը խորհի ու զանիկա ծախու կ՚առնէ: Իր ձեռքերուն պտուղէն այգի կը տնկէ:

Իր մէջքը զօրութեամբ կը պնդէ ու իր բազուկները կը զօրացնէ:

Իր վաստակին աղէկ ըլլալը կը հասկնայ: Անոր ճրագը գիշերը չի մարիր:

Իր ձեռքերը իլիկին կ՚երկնցնէ ու ափովը րոքը կը բռնէ:

Ձեռքը աղքատին կը բանայ ու ձեռքերը կարօտեալներուն կ՚երկնցնէ:

Իր տանը մարդոցը համար ձիւնէն չի վախնար. քանզի բոլոր ընտանիքը կրկին հանդերձ հագած են:

Իրեն ծածկոցներ կը շինէ: Իր հանդերձը բեհեզ ու ծիրանի է:

Անոր այրը կը ճանչցուի դռներուն մէջ, երբ երկրին ծերերուն հետ նստի:

Կտաւ կը գործէ ու կը ծախէ եւ վաճառականներուն գօտիներ կու տայ:

Զօրութիւն ու փառք կը հագնի ու վերջին օրերը պիտի ուրախանայ:

Իր բերանը իմաստութեամբ կը բանայ եւ իր լեզուին վրայ քաղցրութեան օրէնք կայ:

Իր տանը ճամբաները կը քննէ եւ ծուլութեան հացը չ՚ուտեր:

Անոր տղաքը կ՚ելլեն ու զանիկա երանելի կ՚անուանեն: Անոր այրն ալ զանիկը կը գովէ ըսելով. «Շատ աղջիկներ առաքինի եղան, բայց դուն ամենէն գերազանցը եղար»:

Վայելչութիւնը սուտ է ու գեղեցկութիւնը ունայն է, սակայն Տիրոջմէ վախցող կինը պիտի գովուի:

Տուէք անոր իր ձեռքին պտուղէն ու անոր գործերը դռներու մէջ պիտի գովեն զանիկա (Առ 31.10-31): 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 160 եւ վերջ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2025