ԵՍ, ՄՀԵՐԸ, ԴԱՄԱՍԿՈՍԸ, ԼԱՍ ՎԵԿԱՍՆ ՈՒ ԿԵԱՆՔԻ ԱՆԻՒԸ…
Հաւանաբար խորհուրդ խորին մը չպարունակէ այս պատմութիւնը, սակայն, էութեանս մէջ հետք ձգած է զայն ու որոշած էի գրել անոր մասին:
Ձեւով մը կեանքի քաղցրութիւնները պեղելու մեր ջանքերը կը գիտակցուին, երբ վաւերականացման ընթացքի մը կը յանձնենք մենք մեզ, ինչքան ալ մեծ կամ փոքր ըլլան կեանքին հետապնդուած նպատակները, հաւանաբար, ամենահիմնականը մեր գոյութեան ու անկէ բխած ինքնութեան վերջնական ձեւին՝ զուարճանալն ու զուարճանք պատճառելն է: Տիեզերական իմաստով ալ՝ երբ գոյ է որեւէ բան, իր լիագոյն արժէքը կը կայացնէ գեղեցկութիւն կերտելու տարերքով, իսկ երբ մենք գեղեցկութեան մէջ ենք ու մենք մեզ կը դիտենք, մենք զուարթ ենք կամ միաժամանակ զուարճասիրութիւնը մեր գեղեցկութեան հասնելու տենչանքով կը բանի ու անոր համար է, որ մենք կանք: Գեղեցիկը զուարճանքն ու զուարճանքն ալ գեղեցիկն է։ Զուարճանալ ու զուարճացնել, հաւանաբար, այս մէկը մարդկային գործունէութեան մաքրամաքուր կոչումն է, միւս բաները սին են ու շահեկանութեան մէջ բանող: Մարդ ինչքան տառապածին է ու իր տառապահարութիւնը կ՚ուզէ բարձրաձայնել, մշտապէս այդ կանչին դէմ ալ իր ապաքինման-մխիթարման ընթացքը կը սկսի զուարճանալու իր ջանքէն, նաեւ մարդկային զուարճանք ու երջանկութիւն պատճառելու դրոյթէն:
Զուարճալի վէպ մըն ալ կրնանք համարել իմ ու քեռորդիիս՝ Մհերին հետ ապրած մեր պատմութիւնը, ինչպէս կեանքի ամենապարզ կամ բարդ արարքի մէջ եղած երջանկանալու ձգտումը: Դամասկոսի մէջ, 17 տարի առաջ, երբ ցուցահանդէսի մը կը մասնակցէինք, մի քանի գիշեր մնացինք պանդոկ մը։ Մհերը, որ մեզի հետ էր եւ այդ ժամանակ մանկահասակ, մնաց իմ սենեակս: Նախապատուութիւններ չտալով ըսի իրեն. «Դուն այս մեծ անկողնին մէջ քնացիր», բայց ան ըսաւ, որ այդ մէկը մեծ է իրեն համար։ Ի վերջոյ ան քնացաւ փոքր անկողնին մէջ, իսկ ես մեծին։ Հրաշալի ու զուարճագին պահեր էին, երբ կը խօսէինք ամբողջ գիշերը զանազան նիւթերու շուրջ, անկախ տարիքային ու սերնդային տարբերութենէն:
Նոյն այդ պահու զգացումով՝ թէ՛ կերտման եւ թէ վերապրման համար կացութիւն ու ոգեղէն յաւերժական շաղում մը կը ստեղծէի ես: Միշտ այդպէս է, երբ երջանիկ ես ու կ՚երջանկացնես հետիններդ, կ՚ուզես տեղ մը գրկել, ներծծել ու յաւերժացնել այդ զգացումն ու անոր ապրուածութիւնը։ Ձեւով մը անմահութեան անհրաժեշտութեան գաղափարը շատ հաւանական է, որ այդպիսի վիճաներու ոգեղինութեամբ կ՚արդարանայ ու մեզ կը կլանէ, տեւաբար մեր միտքն ու հոգին մոգականացնելով եւ այդ զգացումները վերակերտելու տենչով կը սկսինք բանիլ:
Մեր սենեակը ու Մհերին հետ Դամասկոսի մէջ մեր ժամանցը, ինչպէս ամէն իրադարձում անձնապէս կամ հաւաքական կերտուածք, ունէր իր հազարումէկ հիւսուածքը։ Այդ օրերու աշխարհն ու Սուրիան, Դամասկոսը, ընկերային ու տնտեսական անցուդարձը իր բոլոր թելերով, տարիքները, փոխանցուած ու դեռ նորովի կերտուող մեր նպատակներն ու խմորումները, մարդիկ ու անոնց իրականութիւնները, որոնք հիմա այս գրութեանս մէջ անցեալ պիտի կոչեմ, հաւանաբար, իրենց իրաւականութիւնը անտես մնան անձիս ու Մհերի համար: Ամէն պարագայի անոնք միշտ մեզի հետ են, քանի ծանօթ ու անծանօթ անձեր եւ անոնցմով տոգորուած տուեալ անցուդարձերը բոլորիս համար ընդմիշտ է ու այդ է մարդկային առաքելութիւնը, երբ կը զգաս, որ միայն ներկան չես ներկայացներ, մէջդ կայ գիտակցուած կամ չգիտակցուած անծայրածիր մարդկային հոսանք մը, որ միեւնոյն ատեն չես կրնար բացասականացնել կամ չարացնել, քանի կաս ու ըլլալը երջանիկն է եւ գեղեցիկը:
Տարիներ անցան, քոյրս ընտանեօք փոխադրուեցաւ Ամերիկա, Մհերն ալ արդէն երիտասարդ տղայ դարձաւ: Ամրան մենք ալ իրենց այցելեցինք ու իջեւանեցանք քրոջս տունը։ Օր մը, Մհերը ըսաւ, որ գործով պիտի երթայ Լաս Վեկաս ու առաջարկեց, որպէսզի իրեն ընկերանամ։ Ընդառաջեցի։ Մինչ այդ, սկսայ վերյիշել Հալէպի անթիւ, անհամար յիշատակներն ու յատկապէս մեր միասին կեցութիւնը Դամասկոսի մէջ։
Լաս Վեկասի ճամբորդութիւնը, բնականաբար, ունէր իր խայտաբղէտ երեսակները ու եթէ խօսիմ եւ շարադրեմ զանոնք, գրութիւնը կ՚երկարի եւ տարբեր ուղղութիւն կը ստանայ: Անշուշտ, այս կէտին հիմնականը պատմութեան կրկնութիւնն էր 17 տարի վերջ. իմ, Մհերին եւ մեզմէ դուրս դէպքերու՝ ժամանակի թաւալման հետ:
Լաս Վեկասի պանդոկին սենեակը ունէր երկու անկողին՝ մին փոքր, իսկ միւսը մեծ։ Այս անգամ ալ Մհերին ըսի, որ ես պզտիկ անկողնին մէջ կը պառկիմ։ Մհերը ժպտաց եւ կարծես այդ դասաւորումը ո՛չ թէ Դամասկոսի մեր մնացած օրերու դասաւորման հաւասարակշռումն էր, այլ իրաւաչափօրէն նոյնինքն կեանքին կողմէ նորանոր կշռոյթներու տարածում: Ես չէի պզտիկցած, Մհերը մեծցած էր։ Այս անգամ Մհերը կը ներկայացնէր Լաս Վեկասը այնքան, որքան ես 17 տարի առաջ կը ներկայացնէի Դամասկոսը։ Մեր ապրածը նոյն զուարճանքն էր, այս անգամ ուրիշ քաղաքով ու ժամանակով, ուրիշ ռիթմով ու տարողութեամբ։ Այո՛, մենք փոխուած էինք, բայց կեանքը ակամայ (նոյնիսկ կը կասկածէինք, որ մեր անուղղակի դասաւորումով) ինչպէս հազարումէկ դէպքերով բոլորին հետ պատահած, մեզի կը վերադարձնէր ապագայացած անցեալ, նոյն մանրամասնութիւններով այս անգամ Լաս Վեկասի մէջ: Կարծես մենք թաքնօրէն փափաքած էինք Լաս Վեկասի մէջ Դամասկոսին «կապկումը» ու անհաւատալի ըլլալու չափ մեր ժամանակը նուաճուած կը թուէր մեր իսկ ձեռքով։
Եւ երբ չես ծրագրած կա՛մ կամային հաստատակամութեամբ ձգտած իրագործելու մեծ կամ փոքր ծրագիր մը՝ կը կարծես, որ նախախնամութիւնը տիեզերքի հիմքն է ու տեղ մը դուն քեզ նուիրելով անոր, խորհրդաւոր կամ շօշափելի գոյութեամբ կ՚ուզես կարծել, որ աննիւթեղէն էակ ես ու ինքնափաստարկի հեռացմամբ կ՚ուզես դուն քու խաղովդ մատնուիլ տիեզերականութեան մը պատահականութեան, ինչ որ հաւանաբար չկայ:
Հոն, Լաս Վեկասի իմ եւ Մհերին կրկնուող սենեակի պատմութեան ընդմէջէն, «Թրամփ» պանդոկին մէջ, մենք կ՚ուզէինք, որ ինքզինք ցոյց տայ այդ պատահականութիւնը եւ մեր զուարճանքն ու խնդուքը, խնդալը կեանքին ու պատահականութեան վրայ բազմանայ:
2026 թուականի աշխարհը, Թրամփի նոր ծրագիրները եւ հազարումէկ ամէնօրեայ նորութիւններու հետ մեր երկու՝ Դամասկոսի ու Լաս Վեկասի մէջ սենեակները կը թուէր, թէ իրարու կը կապուէին եւ կ՚ուզէին բանաստեղծացնել բան մը, ժամանակ մը եւ տենչ մը զուարճալի, առաքելապաշտ ու պայծառ…
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան