ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԹՂԹԱԾՐԱՐՆԵՐ

Լիբանանի նոր կառավարութեան առջեւ կան հիմնական խնդիրներ, որոնք կը համարուին առաջնահերթ թղթածրարներ։ Թէ ի՞նչ հիմնական թղթածրարներ կան Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան սեղանին վրայ։ Աւելին, ի՞նչ են այն օրակարգերը, որոնք պիտի դառնան վարչապետ Նաուաֆ Սալամի ամէնօրեայ քննարկումներու հիմնական նիւթերը։

Անշուշտ, ամենաէականը այս փուլին երկրի հարաւային շրջաններու հիմնահարցն է, որովհետեւ մինչեւ այս պահը Իսրայէլ կը շարունակէ իր ուժերը պահել Լիբանանի տարածքէն ներս եւ այդ առումով ալ կարծես չի պատրաստուիր կազմակերպել՝ իր զօրքերու դուրսբերումը։ Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիյահու, որու կառավարութիւնը կառչած է սահմանային շրջաններէն «Հիզպուլլահ»ի զինաթափումը իրականացած տեսնելու նախապայմանէն, լուրջ մտավախութիւններ ունի, թէ Իրանի անմիջական նեցուկին առարկայ այդ կազմակերպութիւնը շատ կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին կը կարողանայ դարձեալ ոտքի կանգնիլ, զինուիլ ու անցնիլ պայքարի նոր մեթոտներու։ Ասոր զուգահեռ՝ Լիբանանի կառավարութեան համար լրջագոյն խնդիր է սահմանային գօտիներու վերակառուցումը եւ պարզ է արդէն, որ Լիբանանին նեցուկ հանդիսանալու հետամուտ տէրութիւնները այդ առումով եւս ունին յստակ պահանջներ։

Այս երկու հիմնահարցերէն բացի, Լիբանանի կառավարութեան համար հիմնական կը համարուի երկրի տնտեսութիւնը վերակառուցելու եւ մանաւանդ՝ հասարակութեան միջին խաւերու դրամատնային աւանդներու վերադարձը ապահովելու հրամայականը։ Չորրորդ մակարդակի հարցը Լիբանանի մէջ տարածուած ապօրինի զէնքերու գոյութիւնն է, ինչ որ տարբեր առիթներով դարձած է երկրի անդորրն ու անվտանգութիւնը վտանգած հանգամանք։ Այդ մէկուն մէջ կայ Պաղեստինի զէնքը, տարբեր խմբաւորումներու զէնքը, բայց, մանաւանդ՝ «Հիզպուլլահ»ի զինամթերքը, որ նոյնպէս կը համարուի արմատական խնդիր մը։ Ի վերջոյ, այս խնդիրի լուծումը Լիբանան կը կարողանայ ապահովել միայն երկխօսութեան ճանապարհով։ Ճիշդ է, որ միջազգային հանրութիւնը այս մասին հանդէս եկած է շատ յստակ ուղերձներով, բայց եւ այնպէս, անոնք երբեք բաւարար չեն, որպէսզի շիի կազմակերպութիւնը հասկնայ ստեղծուած իրավիճակին լրջութիւնը ու այդ առումով ալ անցնի հասկնալի եւ սպասելի քայլերու։

Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի, բայց, մանաւանդ՝ «Հիզպուլլահ»ի դէմ ռազմական գործողութիւնները բաւական խորքային նոր իրավիճակ մը ստեղծեցին Լիբանանի մէջ։ «Հիզպուլլահ»ի հիմնական կեդրոնները Լիբանանի հարաւն ու Պէյրութի հարաւային արուարձանները կը համարուէին։ Անոնք այսօր չունին անցեալի ուժային կշիռն ու փայլը։ Բաց աստի, «Հիզպուլլահ»ը նոյնպէս ունի լուրջ խնդիր իր հանրութեան եւ համակիրներուն հետ, որոնք մինչեւ այս պահը ունին շփոթահար վիճակ մը։ Այս բոլորի կողքին, երկրի ներքին օղակներուն մէջ եւս կայ որոշակի համոզում մը, թէ Լիբանան մտած է էապէս նոր փուլ մը, ուր Իրանի անցեալի ազդեցութիւնը բաւական տկարացած է։

Ի հարկէ, այս բոլորը վերջնական պատասխաններ չեն կրնան տալ, թէ ի՞նչ հունով պիտի ընթանան Լիբանանի մէջ առկայ քաղաքական գործընթացները։ Մեծ հաշուով, սակայն, կայ նոր հորիզոն մը, որ առաւելապէս կը խօսի Արեւմուտքի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ մէջտեղ դրուելիք, կիրառուելիք նոր խաղաոճ մը, որու հիմնական յետագիծը կը խօսի խաղաղութեան մը հասնելու մասին։ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ խաղաղութիւն, նաեւ խաղաղութիւն՝ Լիբանան-արաբական աշխարհ՝ մինչ այդ բաւական խառն համայնապատկերին վրայ։ Լիբանանցիք, որոնք բաւական փրակմաթիք ու արագօրէն համակերպող են, քաղաքական օրակարգերուն առընթեր՝ այսօր մեծ յոյսեր կը փայփայեն, թէ երկիրը իրողապէս պիտի մտնէ նոր եւ բախտաբեր փուլ մը։ Բայց եւ այնպէս, այս բոլորը տակաւին կը կարօտի որոշակի ժամանակի, որու ընթացքին ալ այլ թղթածրարներ պիտի ստանան վերջնական լուծում։

Կարեւոր թղթածրարներու շարքին կը մնայ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի բացայայտումը։ Սուրիոյ զանգուածային լրատուական միջոցները օրերս տարածեցին տեղեկութիւններ, թէ Դամասկոսի մարմինները Պէյրութի իշխանութիւններուն պիտի փոխանցեն անվտանգային կարեւոր թղթածրար մը, որ կապ ունի 2020 թուականի Պէյրութի նաւահանգիստի աղիտալի պայթումին հետ։ Թէ ի՞նչ տեղեկութիւններու մասին է խօսքը, տակաւին պարզ չէ, բայց, կը հաղորդուի, որ այդ տեղեկութիւնները ցնցիչ պիտի ըլլան թէ՛ Լիբանանի եւ թէ Սուրիոյ համար։ Ի հարկէ, տակաւին շատ վաղ է այդ առումով կանխատեսումներ կատարելը եւ հիմնական հարցադրումը այնտեղ պիտի ըլլայ հետեւեալը. արդեօք Լիբանանի մարմինները պիտի հրապարակե՞ն այդ յոյժ գաղտնի համարուած տեղեկութիւնները։ Եթէ հրապարակեն, ապա կը նշանակէ, որ պայթումի թղթածրարին մէջ երեւելի եւ դրական տեղաշարժ մը կրնայ ըլլալ եւ սա, միեւնոյն ատեն, կրնայ ցնցումներ յառաջացնել Լիբանանի ներքին ճակատներուն վրայ։

Առանց այս բոլորին Լիբանան կը գտնուի ահաւոր կերպով բեւեռացուած վիճակի մը մէջ եւ այդ քայլը կրնայ նոր վառելանիւթի տեղ գործածուիլ։ Այս վարկածը, անշուշտ, կրնայ մարիլ, եթէ հաշուի առնենք ԱՄՆ-ի հաստատակամութիւնը՝ Լիբանանի նոր կայունութեան ու զարգացման համար։ Յիշենք, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը տեղի ունեցած էր 2020 թուականի օգոստոսի 4-ին, զոհուած էր աւելի քան 200 հոգի, պատճառ դարձած էր նիւթական մեծ վնասներու։ Մէկ խօսքով, աննախընթաց դէպք մըն էր, որուն հետեւանքով ալ զոհուեցան երկրի բոլոր բաղկացուցիչներուն անդամ քաղաքացիներ (որոնց շարքին նաեւ հայեր)։

Ի վերջոյ, Պէյրութը ցնցած այս պայթումին հանգուցալուծումը եւ այդ ոճրային դէպքի ամբողջական բացայայտումը տարբեր առումներով դրական նոր շունչ մը պիտի բերէ Լիբանանին։ Մարդիկ, որոնք կասկածներով կը մօտենան երկրի նոր իշխանութիւններուն, ձեւով մը պիտի համոզուին, թէ արդարութիւնը տեղ եւ արժէք ունի Լիբանանի մէջ։ Մարդիկ, որոնք կորուստներ ունեցած են, պիտի համոզուին, թէ իրենց հարազատներուն արիւնը ի զուր չէ հեղած։ Անոնք նաեւ պիտի համոզումին, թէ ի վերջոյ Լիբանան այս եւ նման թղթածրարներու փակումով պիտի թեւակոխէ իրական վերականգնումի հանգրուանը։ 

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 24, 2025