ԱԿՆԱՐԿ - 114 - ՀԱՅՐԵՆԻՔ… ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԴԱՐԱՇՐՋԱՆԻ ՄԻՋԵՒ
-Ի՞նչ է Հայրենիքը:
Քարտէսը պատասխան չէ: Ծննդեան վկայականն ալ սկսաւ տարբերիլ: Ոչ ոք այս հարցումը հարցուցած է ինծի, ինչպէս դուն կը հարցնես: Հիմակուընէ մինչեւ մեռնիս, կամ զղջաս, կամ դաւաճանես: Համոզումդ բաւարար չէ, որովհետեւ չի՛ փոխեր, չի՛ պայթեցներ եւ քանի որ լաբիւրինթոսը մեծ է: Միշտ չէ որ անապատը զնտանէն աւելի մեծ է: Եւ ի՞նչ է Հայրենիքը: Հարցում մը չէ, որու կը պատասխանես ու կ՚անցնիս: Կեանքդ ու դատդ միասին: Ատոնցմէ առաջ ու ետք՝ ինքնութիւնդ է: Ամենէն պարզ ձեւով կրնաս ըսել. Հայրենիքս… հոն է, ուր ծնած եմ: Իսկ եթէ ծննդավայրդ վերադարձար, սակայն ոչինչ գտար, ի՞նչ կը նշանակէ ատիկա: Ամենէն պարզ ձեւով դարձեալ կրնաս ըսել, Հայրենիքս… հոն է, ուր կը մահանամ: Սակայն, կրնայ ըլլալ որեւէ մէկ տեղ մահանաս, երկու վայրերու սահմանին. ի՞նչ կը նշանակէ ատիկա: Քիչ ետք… հարցումը աւելի դժուար պիտի ըլլայ:
Ինչո՞ւ գաղթեցիր…, ինչո՞ւ գաղթեցիր: Քսան տարիէ ի վեր դուն կը հարցնես. ինչո՞ւ գաղթեցին: Գաղթը Հայրենիքի չեղարկումը չէ՛: Այլ խնդիրը հարցումի վերածել է. մի՛ պատմագրեր հիմա: Երբ այդ կ՚ընես, անցեալէն կ՚ելլես, մինչ պահանջուածը անցեալը պատասխանատուութեան (հաշուետուութիւն) ենթարկելն է: Բացի վէրքերէդ ուրիշ ո՛չինչ պատմագրէ: Բացի օտարութենէդ ուրիշ ո՛չինչ պատմագրէ: Դուն այստեղ ես… ա՛յստեղ: Ուր որ ծնար եւ ուր որ կարօտը կը տանի քեզ մահանալու: Եւ ի՞նչ է Հայրենիքը. դուն բոլորէն մասնիկ մըն ես եւ բոլորը բացակայ են ու ցեղասպանուելու ներկայացուած են: Ինչո՞ւ համար սկսար վախնալ ըսելէ, թէ Հայրենիքը այն վայրն է, ուր նախահայրերս ապրեցան. որովհետեւ կը մերժես թշնամիներուդ պատրուակը: Այդպէս կ՚ըսեն:
-Ի՞նչ սորվեցար դպրոցին մէջ:
«Ողջո՜յն, արեւի երկրէն դէպի պատուհանիս աքսորին վերադարձած թռչունին: Ո՜վ թռչուն, պատմէ ինծի ընտանիքիս ու նախահայրերուս մասին»:
-Իսկ նախորդ երգը:
Չեղարկեցին զայն:
-Ի՞նչ կ՚ըսէր այն երգը, որ չեղարկեցին:
Ողջո՜յն քեզի, ինձմէ,
Նախահայրերուս երկիր,
Ինծի համար հաճելի է ապրիլ մէջդ,
Ինչպէս նաեւ հաճելի է ինծի երգելս:
Երկու երգերուն միջեւ մեծ տարբերութիւն չկայ, բացի կարօտի տարբերութենէն, որ հեռուէն կու գայ եւ մօտէն ելլող կարօտէն: Երկու երգերն ալ նոյն երկրին սէր կը յայտարարեն, ինչպէս նաեւ երկու երգերն ալ Հայրենիքի հասկացողութիւնը կը սահմանեն նախահայրերուն պատկանելիութեամբ: Առաջինը՝ հրեայ բանաստեղծի մը հեղինակութիւնն է, որ Ռուսաստան ապրած է: Երկրորդը՝ արաբ բանաստեղծի մը հեղինակութիւնն է, որ Պաղեստինի մէջ ապրած է, որ ո՛չ աքսորավայր տեսած է եւ ոչ ալ լսած է անոր մասին: Քիչ ետք առաջին երգը յաղթեց երկրորդ երգին, եւ երկրորդ բանաստեղծը սկսաւ հեռաւոր կարօտի մասին երգել: Արաբ տղաները, որոնք իրենց երկիրներուն մէջ մնացած էին, զրկուած էին երգելէ իրենց բանաստեղծին ոտանաւորը: Անոնց ճանապարհը դէպի ապագայ պայմանաւորուած էր հրեայ բանաստեղծին հմտութեամբ, որ Ռուսաստանի մէջ կ՚ապրէր: Իսկ արաբ ուսուցիչը, որ կը համարձակէր Հայրենիքի սիրոյ երգը սորվեցնել՝ վռնտուած է իր աշխատանքէն, այն մեղադրանքով, թէ Իսրայէլի պետութեան դէմ կը դրդէ (աշակերտութիւնը), ինչպէս նաեւ հակասեմականութեան մեղադրանքով: Ապա, քիչ մը մեծցանք եւ սորվեցուցին մեզի այդ բանաստեղծին դժուար դիւցազներգութիւնները: Ալ-Մութանապիէն ուրիշ բան չառինք բացի՝
«Հակառակութիւնը մէջդ է. դո՛ւն ես հակառակորդը եւ դո՛ւն ես դատաւորը»:
Իրենք են հակառակորդները եւ իրենք են դատաւորները…
Եւ իրենք է, որ կը սահմանեն մեզի, թէ ի՞նչ է Հայրենիքը:
«Մովսէսին հետ փախչելով դուրս կ՚ելլես Եգիպտոսէն: Գաւազանով կը զարնես ծովուն, ծովը կը ճեղքուի: Իսրայէլի որդիները կ՚անցնին եւ ապա ծովը անոնց թշնամիները կուլ կու տայ: Սինայի անապատին մէջ քառասուն տարի կը մնաս: Տիրոջ հետ կը հաշտուիս: Եւ կը վերադառնաս…»:
Իրենք են հակառակորդները եւ իրենք են դատաւորները…
Եւ իրենք է, որ կը սահմանեն մեզի, թէ ի՞նչ է Հայրենիքը:
«Թէոտոր Հերզըլը նստաւ եւ մտածեց իր անիրաւուած ժողովուրդին մասին: Հեղինակեց սիոնիստական մտածումը, որ միակ ճանապարհն է դէպի միակ փրկութեան երկիրը… Հրեաները իրենց նպատակը չիրականացուցին եւ պիտի չկրնան իրագործել հրէական պատմական յարութիւնը, առանց վերադառնալու նախահայրերուն Հայրենիքը…, Պաղեստին»:
Երբ ուսուցիչին կը հարցնես արաբ պաղեստինցի ժողովուրդի ճակատագիրին եւ անոր Հայրենիքին մասին, ականջիդ կը փսփսայ, որ դադրիս դուն քեզ վտանգի ենթարկելէ եւ ժպրհելէ պատմութեան սրբութեան վրայ: Սակայն, երբ ուսուցիչը հրեայ մը ըլլայ, կը թարգամնէ քեզի, թէ Ուայզմանը 1919-ին ի՛նչ ըսաւ Խաղաղութեան խորհուրդին ընթացքին, թէ՝ «Իսրայէլի երկիրը պէտք է հրէական ըլլայ, ինչպէս Անգլիան՝ անգլիական է»:
Իսկ երբ կը պնդես հարցնելով անոր արաբ պաղեստինցիներու ճակատագիրին մասին, ապա կը հանդարտեցնէ ու կը վստահեցնէ քեզի, թէ Ուայզմանը ըսած է նաեւ. «Սիոնիստները ասպատակողներու նման պիտի չմտնեն Իսրայէլի երկիրը: Ո՛չ ոք պիտի վռնտեն»:
Ո՛չ ոք պիտի վռնտեն…:
***
Պատմութեան ուսուցիչին մի՛ հարցներ, ան իր օրուան հացը սուտերէն կը ստանայ: Ինչքան հեռանայ պատմութենէն, սովորութիւն է, այդքանով ստութիւնը կը մօտենայ արդարացումին, ինչպէս նաեւ անոր վնասն ալ կը քիչնայ: Պատմութեան այս ուսուցիչը լաւ մը կը ճանչնայ քեզ: Դպրոցէն հինգ վայրկեանուան հեռաւորութեան վրայ Աքքայէն փողոց մը դուրս կու գայ դէպի արեւելք՝ Սաֆատի ուղղութեամբ: Միայն Աքքայէն ելլես, ձիթապտուղի փոքրիկ անտառի մը կը հանդիպիս՝ բլուր մը շրջապատած, որ տարածուած կանաչ դաշտի մը կը նայի: Այս բլուրին վրայ, քիչ առաջ դուն ծնար: Մանկութիւնդ տակաւին ամէն ինչի մօտիկ է… բլուրին, դաշտին, սեւ փողոցին եւ փամփուշտի առաջին զարկերուն: Եթէ լուսինը չըլլար, ապա այդ գիշեր կը կորսնցնէին քեզ եւ քեզ ուրիշ բանով մը կը փոխարինէին, ինչպէս ըրած էր մայր մը Եաֆայէն, երբ լուսինը բացակայած էր. փամփուշտներն ու սարսափը յարձակած էին իր տան վրայ եւ ան բան մը վերցուցած էր՝ կարծելով, թէ իր զաւակն է ու նետուած էր ամենէն մօտիկ նաւակին մէջ: Ծովուն մէջ՝ դէպի Աքքա հեռանալու ընթացքին, յայտնաբերած է, թէ կարծած երեխան բարձ մըն է: Խենթացաւ: Քանի՜ երեխայ բարձի վերածուեցաւ եւ քանի՜ բարձ երեխայի վերածուեցաւ: Եւ ի՞նչ է Հայրենիքը:
Մօր հայրենիքը իր զաւակն է, իսկ զաւակին հայրենիքը՝ իր մայրը: «Պաղեստինցիները ծախեցին իրենց հողերը ու գաղթեցին», այսպէս կ՚ըսեն թէ՛ ընկերները եւ թէ թշնամիները: Մահը նահատակութիւն չի՛ կրնար ըլլալ, երբ ձրի է: Տէյր Եասինը ծանուցում մը չէր, ինչպէս ոմանք ներկայիս կ՚ըսեն: Անպաշտպան ժողովուրդէ մը մեռնիլ պահանջելը, Հայրենիքի հասկացողութեան ճիշդ յստակացում [կամ սահմանում] չէ: Ասիկա ո՛չ պատերազմ է եւ ո՛չ ալ պայքար, այլ՝ ցեղասպանութիւն: Իսկ անոնք որոնք կ՚ըսեն, թէ պաղեստինցիները իրենց Հայրենիքը ծախեցին, կը կարծէին, թէ Հայրենիքի մէջ մնալը դաւաճանութիւն է, ինչպէս նաեւ կը կարծէին, թէ պատերազմը զբօսախնջոյք մըն է, իսկ հեռանալը՝ պտոյտ մը:
Այդ գիշեր ո՛չինչ հասկցար: Հօրդ հարցուցիր, ան նիւթը փոխեց, զի փոքր էիր եւ քեզ կողքի գիւղը դրին ու գացին: Իսկ պատմութեան ուսուցիչը կը յայտնէ քեզի, թէ անոնք ո՛չ ոք վռնտեցին: Լիբանանի հարաւին գաղթական մը կ՚ըլլաս, որ օգնութեան գործակալութենէն կ՚ուտես ու կը սպասես վերադարձին: Ա՛յս է կորսուած բանը. սպասուած այս վերադարձը: Իսկ երբ մէկ-երկու տարի ետք վերադառնաս այդ կորսուած բանին՝ կը յայտնաբերես, որ դուն կորսուած մը եղած ես:
Ո՛չ ոքի լուր տուր, թէ Լիբանան ես:
-Ո՞ւր էիր ուրեմն:
Պետեւիներու վրաններուն մէջ՝ Պաղեստինի հիւսիսը:
Քիչ ետք, Պաղեստին բառը արգիլուած կ՚ըլլայ: Անունը Իսրայէլ է, որ Մովսէսը շալկեց զայն՝ իր գաւազանով ծովը ճեղքելէն ետք:
-Իսկ ի՞նչ կ՚ըլլայ եթէ ըսեմ, թէ Լիբանանէն եկայ:
Որովհետեւ գաղտագողի վերադարձար եւ աշխարհը փոխուած է: Անձնաթուղթ պիտի չկարենանք ստանալ: Գիւղին մէջ ամէն շաբաթ թաղում կայ: Պարտիզպանները այստեղ կամ այնտեղ դիակ կը գտնեն այն գաղտագողի վերադարձող մարդոցմէ, որ տափաստանները, պաղը եւ փամփուշտը կերած է զանոնք: Իսկ պատմութեան ուսուցիչը կ՚ըսէ քեզի, թէ հրեաները ո՛չ ոք պիտի վռնտեն: Եւ երբ հարցնես անոր. Իսրայէլը ինչպէ՞ս հրէական կ՚ըլլայ, ինչպէս որ Անգլիան անգլիական է, առանց արաբները վռնտելու: Հարցումդ շրջանցելով կ՚ըսէ քեզի. պատմութիւնը պատմութիւն է եւ քաղաքականութիւնը՝ քաղաքականութիւն: Այս գիւղէն հինգ վայրկեանուան հեռաւորութեան վրայ փողոց մը դուրս կու գայ Աքքայէն դէպի Սաֆատ: Այս փողոցը քեզի համար ճանապարհ մը չէ, այլ սահման մը, որ կը զատէ օտարութեանդ հողը եւ Հայրենիքիդ հողի ապաստանէդ: Փողոցին հարաւային կողմը հօրդ եւ մեծ հօրդ հողն է, որ Եմէնէն եկած գաղթականներ կը գործածեն: Այն վայրկեանին երբ անոնք քու հողիդ հասան, սահմանեցին եւ յստակեցուցին թէ՛ իրենց, թէ՛ իրենց զաւակներուն եւ թէ քու ճակատագիրդ: Այն վայրկեանին երբ անոնք քաղաքացի դարձան, դուն փախստականի վերածուեցար: Եթէ ոտքերդ այդ հողին կոխեն՝ հողդ քեզ դէպի դատարան պիտի տանի եւ դատարանէն ալ՝ դէպի աքսոր: Իսկ երբ կը խօսիս անոնց հետ, երբեմն կը մեղադրեն քեզ թշնամական նախայարձակումի եւ երբեմն ալ այլ առապելով մը: Այստեղ երկրորդ անգամ ըլլալով կը հասկնաս, թէ ի՞նչ է Հայրենիքը: Ան մահուան կարօտն է, որպէսզի վերադարձնես իրաւունքն ու հողը: Հայրենիքը սոսկ հող չէ, այլ՝ հողն ու իրաւունքը միասին: Իրաւունքը հետդ է, հողը՝ իրենց հետ: Իսկ երբ հողին ուժով տիրեցին, սկսան ստացած իրաւունքի մասին խօսիլ: Պատմականօրէն եւ յիշողութեան իրենց «իրաւունք»ն էր: Եւ եղաւ հող եւ զօրութիւն: Իսկ դուն անզօր ես. կորսնցուցիր պատմութիւնը, հողը եւ իրաւունքը:
«Տխրութեան սովորական օրագիր»
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ