ՆԵԹԱՆԻՅԱՀՈՒԻ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ
Ի՞նչ հունի մէջ է Մերձաւոր Արեւելքը՝ մանաւանդ Իսրայէլի «ձեռք ձգած» նոր կանաչ լոյսէն ետք։ Հարցադրումը տեղին է ու կարեւոր, որովհետեւ երկու տարուան արիւնալի պատերազմէն ետք Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիյահուի կառավարութիւնը կարծէք ապահոված է որոշակի համաձայնութիւն մը՝ ամբողջական ներխուժման համար Կազզէի ուղղութեամբ։ Ի հեճուկս եւրոպական երկիրներու մեծ վերապահութեան՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները այս փուլին անվերապահ աջակցութիւն ցոյց կու տայ Իսրայէլին, որպէսզի մինչեւ վերջ երթայ Կազզէի մէջ։ Այստեղ կարեւոր հարցումը հետեւեալն է. այս համատարած գրոհը պիտի դառնա՞յ վախճանը «Համաս»ի, որ յայտնուած է բաւականին դժուարին դրութեան մը մէջ։ Միւս կողմէ, ակներեւ է նաեւ, որ Իսրայէլ ունի ներուժը կռուելու բազում ուղղութիւններով։ Այդ ուղղութիւններուն ամենավառն ու ցցունը Եմէնն է, ուր հուսի զինեալները տարբեր առիթներով կը մտահոգեն Իսրայէլը։ Կայ, անշուշտ, Լիբանանի պարագան, ուր թուլացած «Հիզպուլլահ»ը կը շարունակէ իր հռետորաբանութիւնը՝ յաճախ ալ փորձելով խառնել երկրի ներքին գետինը։
Այս բոլորը, անշուշտ, կը լեցնեն տարածաշրջանի պարապութիւնը եւ կերպով մը կը խօսին այն մասին, թէ մօտիկ ապագային Մերձաւոր Արեւելքը պիտի չունենայ ամբողջական խաղաղութիւն։ Բոլորը կը փորձեն ժամանակ շահիլ ու այստեղ ամենէն աւելի վտանգուած է Նեթանիյահուի քաղաքական ապագան։ Եթէ ան չկարողանայ ամբողջութեամբ լուծել «Համաս»ի հարցը ու ստիպուած ըլլայ դադրեցնել Կազզէի դէմ իր՝ այս նոր ու վերջինը համարուած գործողութիւն-գրոհը, ապա այդ ժամանակ քաղաքական մեծ հարուածներու թիրախ պիտի դառնայ։ Երկրի ընդդիմութիւնը ակռաները սրած կը սպասէ յարմար ժամանակի մը՝ տապալելու համար Իսրայէլի այս տժգոյն կառավարութիւնը։ Ու, խորքին մէջ, այստեղ թաղուած է շան գլուխը, որովհետեւ այս փուլին խելքէ վեր բան մը պիտի համարուի Նեթանիյահուի կողմէ զիջումի երթալու որեւէ փորձ կամ քայլ։ Իսրայէլացիներու մեծամասնութիւնը կը սպասէ յարմար առիթի մը՝ վերջնական հարուած տալու համար այս կառավարութեան, որուն «Համաս»ի դէմ մղած առկայ պատերազմը մինչեւ այս պահը յստակ արդիւնք մը չտուաւ։
Քաթարի դէմ յարձակումէն ետք, արաբական եւ իսլամական երկիրներ Տոհայի մէջ գագաթաժողով մը կազմակերպեցին։ Քննարկման գլխաւոր նիւթն էր Իսրայէլի հարուածն ու դատապարտումը այդ արարքին, որ խախտեց միջազգային ընդունուած բոլոր օրէնքները ու ոտնակոխ ըրաւ Քաթարի ինքնիշխանութիւնը։
Ի՞նչ զարգացումներու կարելի է սպասել՝ մա՛նաւանդ, որ արաբական աշխարհի ամենազդեցիկ երկիրները՝ ներառեալ Եգիպտոսն ու Սէուտական Արաբիան, վարժ դարձած են երկար ժամանակէ ի վեր դատապարտումէ մը աւելին չընել ու դատապարտելէ ետք ալ շարունակել իրենց ամեհի լռութիւնը։
Միւս կողմէ, ինչպէ՞ս հասկնալ Թուրքիոյ մասնակցութիւնը այս ժողովին։ Արաբները ակնկալիք ունի՞ն Թուրքիայէն եւ աւարտին ի՞նչ կեցուածքներու սպասել՝ Իրանէն եւ Ատրպէյճանէն։
Քաթարի ենթարկուած հարուածէն ետք, Տոհայի մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովը նոր էջ մը չբացաւ։ Դարձեալ հնչեց դատապարտում, բայց, երեւելի չդարձաւ որեւէ ռազմավարական նոր քայլ։ Թուրքիոյ մասնակցութիւնը այլ երանգ մը տուաւ գագաթաժողովին։ Անգարա կը փորձէ ցոյց տալ, թէ Մերձաւոր Արեւելքի պարագային լուծում չ՚ըլլար՝ առանց իր մասնակցութեան։ Արաբական աշխարհը որոշ ակնկալութիւններ կրնայ ունենալ Անգարայէն՝ մանաւանդ հրապարակային խօսքերու մակարդակով։ Բայց, գործնական գետնի վրայ շատ հաւանական չէ, թէ Թուրքիան պատրաստ ըլլայ որեւէ ցնցիչ քայլի։
Իրան եւս պիտի շարունակէ իր երկակի կեցուածքը՝ խստալեզու յայտարարութիւններով ամրացնելով հակաիսրայէլական դիրքորոշումը, բայց, գործնական գետնի վրայ մնալով զգոյշ։ Իսկ Ատրպէյճան, որ վերջին տարիներուն սերտ կապեր ունի Իսրայէլի հետ, դժուար թէ պատրաստ ըլլայ միանալու խորքային հակաիսրայէլական ճամբարի մը։
Այս բոլորէն վերջ, գագաթաժողովը դարձեալ մնաց խօսքի ճակատի վրայ։ Իրական զսպիչ ուժ մը՝ ո՛չ Իսրայէլի, ո՛չ ալ տարածաշրջանային նոր հրդեհներու դէմ, չնշմարուի։
Իսրայէլ ներկայիս կը մերժէ ցեղասպանութեան մեղադրանքները, որոնք իրեն դէմ կը հնչեն՝ Կազզէի պատերազմին պատճառով։ Ըստ տեղական իշխանութիւններու, զոհուած են աւելի քան 64 հազար պաղեստինցիներ։ Թել Աւիւ կ՚ըսէ, որ կ՚օգտագործէ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը։ Նեթանիյահու կը յայտարարէր, որ Քաթարի մէջ գտնուող «Համաս»ի ղեկավարները պիտի հեռացուին կամ պիտի կանգնին արդարադատութեան առջեւ։ Ըստ իրեն՝ անոնց գոյութիւնը գլխաւոր խոչընդոտն է պատանդներու ազատ արձակման եւ պատերազմի աւարտելուն։
Քաթարը Իսրայէլը մեղադրեց խաղաղութեան ջանքերը խափանելու եւ պետական ահաբեկչութիւն կարելու մէջ։ Ի դէպ, Իսրայէլի յարձակման հետեւանքով սպաննուած էր նաեւ Քաթարի անվտանգութեան ծառայութեան անդամ մը։ Այնուամենայնիւ, Տոհա կը շարունակէ միջնորդի իր դերը, Գահիրէի եւ Ուաշինկթընի կողքին։
Իսրայէլ այսօր իր ամենաբարդ եւ խառնակ փուլերէն մէկուն մէջ է։ Նեթանիյահուի կառավարութիւնը կը փորձէ համոզել, թէ Կազզէի դէմ լայնածաւալ գրոհները պիտի ըլլան վճռական ու վերջնական լուծում պիտի ապահովեն։ Իրականութեան մէջ, Նեթանիյահուի քաղաքական վիճակը աւելի քան երբեք խոցելի է։ Արտաքուստ անոր կը թուի, թէ ունի ամերիկեան անվերապահ օժանդակութիւն մինչեւ վերջ երթալու համար, բայց, ներքին աղաքական հարթութեան վրայ ամէն օր կը կուտակուին դժգոհութիւնները, որոնք կը սպառնան իր իշխանութեան։ Եթէ ռազմական գործողութիւնները չտան շօշափելի եւ հաւաստի արդիւնք, ապա Նեթանիյահուի քաղաքական ապագան կրնայ փլուզուիլ՝ նոյնքան արագ որքան զինուորական ճակատը։ Մարդասիրական ճգնաժամի խորացումը եւ միջազգային քննադատութեան ալիքը կը ստեղծեն այն տպաւորութիւնը, թէ Իսրայէլ քիչ քիչ կ՚երթայ դէպի մեկուսացում եւ դիւանագիտական տկարացում։ Այս պայմաններուն մէջ Նաթանիահուի իշխանութիւնը կախուած է երկու առանցքէ. զինուորական յաջողութեան արագութիւն եւ ամերիկեան աջակցութեան տեւողութիւն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան