ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԸ, ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ԻՆՔՆԱՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱԽԸ

Վերջին ժամանակներուն ընկերային ցանցերու «ընձեռած» դիւրութիւնները յաճախ ընդունուեցան սուիններով։ Մարդիկ, բացի իրենց անձնական կեանքը ներկայացնելու միտումէն, խօսեցան ու գրեցին ամենատարբեր հարցերու մասին։ Պարզ, երբեմն սրտցաւ հայեր կամ ազգայիններ գրեցին եւ խօսեցան իրենց համար մտահոգութեան առարկայ խնդիրներու մասին։ Մէկը լուսանկար մը հրապարակեց եւ գրառում մը կատարեց, միւսը դժգոհութիւն մը հնչեցուց եւ երրորդ մը իր տարակուսանքը յայտնեց։ Այդ բոլորն, անշուշտ, մաս կազմեցին ու կը կազմեն ընդհանուր համակարգի մը, որ մեր այսօրուայ կեանքի, մեր կենցաղի, մեր ապրումներու եւ կենսագրութեան մեծ համայնապատկերն է։ Հոս նաեւ եղան «ճակատամարտեր», իրարու հանդէպ վիրաւորանք ու անուանարկում եւ ամենավնասկարը՝ մեղադրանքներու շարանը, որ դարձեալ մեր հաւաքական կեանքին մեծ հաշուով վնասներ բերաւ։ Այս մարդոցմէ շատեր, այս բողոքաւորներէն շատ-շատեր գրեցին ու դժգոհեցան նաեւ անոր համար, որ իւրաքանչիւր հասարակութեան մէջ հայութիւնը չունեցաւ իսկական, խորքային հարթակ մը. տեղ մը, ուր մարդիկ քով-քովի գալով խօսին ու քննարկեն, քննադատեն ու «կռուին» խնդրի մը մասին ու աւարտին միասին լուծումներու մասին խօսին ու ապա ձեռնարկեն որոշակի քայլերու։

Այդ հարթակը չերեւցաւ ու դժուար է պատկերացնել, որ Հայաստանէն դուրս ապրող հայութիւնն ալ օր մը պիտի ունենայ այնպիսի հարթակ մը, ուր բոլոր խնդիրները բարձրաձայնուին եւ առաւելապէս ալ մարդոց սրտերուն եւ հոգիներու մէջ լեցուած ու կուտակուած դժգոհութիւնը դուրս գայ, դառնայ իրական արտայայտութիւն եւ այդպիսով մարդիկ, սրտցաւ մարդիկ ու ազգայիններ իրողապէս եւ անկեղծ հոգիով մտածեն լուծումներու մասին։

Թանձրացաւ մեր կեանքը ու այսօր ալ կը շարունակէ կոտտալ ու ցաւիլ այդ թանձր քօղին ներքոյ։ Մեր կեանքը դարձաւ պաշտօնական հանդէս, ուր ամէն ոք ուրախ կը ձեւանայ, ամէն ոք որպէս երջանիկ հայ կըներկայանայ ու աւարտին ալ բոլորը գլուխ-գլխի տուած կը լսեն քահանայ հայրիկին կամ լաւագոյն պարագային սրբազան հօր «պահապանիչ»ին ու ապա բոլորով մէկ կը վազեն դէպի իրենց տուները… Այս ձեւաչափը երկար տարիներէ ի վեր կը շարունակուի եւ, սակայն, բողոք մը, մտահոգութիւն մը ունեցող մարդոցմէ, սրտցաւ հայերէկամ ազգայիններէ նօսր խմբակ մը, այս անգամ ընկերային ցանցերու ճամբով, կը ներկայացնէ իր բողոքը, կը գրէիր վախերուն մասին եւ կը յուսայ, թէ այդ կերպ իր խօսքը տեղ հասնի… Ձեւ մըն է, որուն յաճախ կը դիմեն նաեւ լրագրողները՝ մտածելով, որ այդպէս կարելի պիտի ըլլայ նոր յոյս մը աւելցնել, նոր ճանապարհ մը բանալ եւ իրողապէս խորհիլ լաւագոյն լուծումներու մասին։

Թէ ինչքանո՞վ արդիւնաւէտ են այս ձեւերը կամ ընկերային ցանցերու միջոցաւ քննարկումները, տակաւին պարզ չեն։ Պարզ է միայն, որ յատկապէս սփիւռքեան մեր առօրեային մէջ ընդհանրական երկխօսութեան մը բացակայութիւնը կայ եւ այդ բացակայութիւնը կը շեշտուի զիրար մերժելով, իրարու չհանդուրժելով, անհասկնալի քէն մը կապելով եւ իրարու դէմ պայքարի անցնելով։ Յաճախ առանց իրական պատճառներու՝ հասարակութիւնը կը բաժնուի եւ իւրաքանչիւր հատուած կամ խմբաւորում աւելիով կը խցկուի իր իսկ պատեանին մէջ, մէջ տեղը կը ձգէ համատարած անտարբերութեան վիճակ մը, որ առաւելաբար կը խօսի «այսօրն ալ անցընենք, լմնցնենք» հոգեբանութեան մը մասին։

Աւանդական կուսակցութիւնները՝ այսօր… Մուտքը, որ գրուած է խորքին մէջ, նախապատրաստութիւն մը համարեցէք, որպէսզի այս գրութեան տուն տուած իրական նիւթին «նետուինք»։ Քիչ չեն, ի հարկէ, սփիւռքի մեր կեանքը յուզող խնդիրները, որոնց կարեւորագոյններէն մին է, անշուշտ, սփիւռքի հայ աւանդական կուսակցութեանց ընդհանուր վիճակը, այսօր պարզած պատկերը։

Ի դէպ, ամենավատ խնդիրը այդ առումով այդ կուսակցութիւններուն յստակ դիրքորոշումն է՝ ինքնաքննդատութիւն մը, քննադատութիւն մը մարսել չկարենալը կամ կտրականապէս դրժելը։ Նոյն առումով ալ, յանկարծ, եթէ ոեւէ անձ, ոեւէ համակիր կամ նոյնիսկ ոեւէ կուսակցական գրող կամ գործիչ փորձուի (այո՛, փորձուի) իր սիրելի կուսակցութեան մասին քննադատութիւն մը կատարել, մնացեալ բոլորը (առաւելաբար պաշտօնի գլուխ գտնուող խմբագիրներ, գրիչներ, գրչակներ կամ «երեսգիրք»ի (Դիմատետրի) հեղինակներ) իրարու կը միանան ու կրակ կը թափեն այդ քննադատութիւնը հնչեցնողին դէմ։ Ընդունելի են, անշուշտ, բոլոր մակարդակի շարադրութիւնները, գովերգումները, վերջին ժամանակներուն Հայաստանէն աւանդ բերուած բաժակաճառերը, բայց, ոչ երբեք քննադատութիւնը։ Եւ այդպէս կուսակցութիւնը կը դառնայ սրբութիւն սրբոց եւ այդ կուսակցութեան ղեկավարները՝ մէկական չաստուածներ։ Սա, ի հարկէ, նորութիւն մը չէ եւ, սակայն, այսբոլորի կողքին հարկ է նաեւ մատնանշել, որ այդ կուսակցութիւնները (բոլորին մասին է խօսքը) սաստիկ հիւանդեն։ Այդ հիւանդութեան մասին պէտք է հրապարակաւ խօսուի, որպէսզի եթէ կարելիութիւնները կան, ապա բուժումներ կատարուին։ Անշուշտ, յատկապէս սփիւռքի մէջ կայ արդի եւ գիտակից սերունդ մը, որ կը խուսափի կուսակցութիւններէն՝ նոյնիսկ հերքելով իր-իրենց հայրերուն ու մայրերուն մօտիկ «անցեալ»ը եւ այդ հերքումին աւելցնելով «ասոնք բոլորն ալ վերջացած են» մօտեցումը։

Մեղք չէ անոնց գործածը, մօտեցում է արժանի յարգանքի եւ ուշադրութեան՝ պարզապէս հասկնալու համար առկայ հիւանդութիւններուն իրական խորքը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունուար 25, 2025