ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Ինչպէ՞ս պէտք է հասկնալ Առակացի հետեւեալ համարը. «Բարեկամին տուած վէրքերը հաւատարիմ են, բայց թշնամիին համբոյրները առատ են» (Առ 27.6):
Պատասխան. Իրաւ բարեկամները, ընկերները երբ կը տեսնեն իրենց ընկերոջ, բարեկամին սխալ ընթացքը, յարմար առիթ մը կը փնտռեն, զգուշացնելու, խորհուրդ տալու, որպէսզի չշարունակէ նոյն ընթացքով ընթանալ: Մինչ անոնք որոնք ուրիշին բարութիւնն ու լաւութիւնը չե՛ն ուզեր, ապա կը շողոքորթեն, կը ծածկեն որոշ թերութիւններ՝ որոնք տեսած են, որպէսզի իրենց դիմացինը ձախողի, յաջողութեան չհասնի, որով եւ իրենք կարենան յառաջանալ:
Առաջին կեցուածքը քրիստոնէական է եւ մարդ-մարդ յարաբերութեան մէջ բնական երեւոյթ է, որովհետեւ մարդ արարածը չէ՛ կոչուած առանձինն ապրելու, այլ՝ ընկերութեան մէջ կ՚ապրի, որով եւ ընկերային շրջանակը յաճախ կ՚օգնէ մարդու սխալներէ զգուշանալ եւ հեռու մնալ սայթաքումներէ:
Ինչ կը վերաբերի երկրորդ կեցուածքին, ապա ո՛չ միայն հակաքրիստոնէական է, այլեւ հակամարդկային է, որովհետեւ մարդը ըլլալով ընկերային էակ մը, պէտք չէ սպասէ կամ նպաստէ, որ իր դիմացինը իյնայ, ձախողի, որպէսզի ինք յառաջ երթայ, կամ ուրախութիւն եւ բաւարարութիւն զգայ իր դիմացինին ունեցած ձախողութեամբ:
Սուրբ Ամպրոսիոս կը գրէ. «Ո՛չ բոլոր անոնք որոնք կը ներեն՝ ընկեր են, ո՛չ ալ բոլոր անոնք որոնք կը հարուածեն՝ թշնամի են: «Բարեկամին տուած վէրքերը հաւատարիմ են, բայց թշնամիին համբոյրները առատ են»: Պետրոսը վիրաւորեց, իսկ Յուդան համբուրեց: Համբոյրը դատապարտեց Յուդային, քանի որ այն դաւաճանութեան թոյնը կը կրէր, իսկ Պետրոսին պատճառած վէրքը բուժուեցաւ, որովհետեւ անոր մեղքը արցունքներով լուացուեցաւ»:
Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան կը գրէ. «Երբ կը յանդիմանէիր զիս, որպէսզի ճշմարտութիւնը չըսեմ, ես չըսի՞ քեզի. «Ես քեզ շատ աւելի կը սիրեմ, քան քեզ շողոքորթողները, ես քեզ շատ աւելի կը սիրեմ, քան անոնք, որոնք կը յարգեն քեզ»: Տակաւին, քեզի չըսի՞, թէ՝ «բարեկամին տուած վէրքերը հաւատարիմ են, բայց թշնամիին համբոյրները առատ են»: Եթէ համակերպէիր իմ վէրքերուս, ապա անոնց համբոյրները քեզ կործանումի չէին տանիր, քանի որ իմ վէրքերս կը գործեն՝ որպէսզի քեզ բուժեն, իսկ անոնց համբոյրները քեզ դէպի անբուժելի հիւանդութիւն կ՚առաջնորդեն»:
Սուրբ Գրիգոր Նիւսացի կը գրէ. «Ո՞վ է այս բարեկամը, որուն պատճառած վէրքերը աւելի լաւ են, քան թշնամիին համբոյրները: Փրկութեան գաղտնիքը իմացողներուն համար պատասխանը պարզ է. իսկական եւ հաստատակամ ընկերը երբեք չի՛ դադրիր սիրելէ մեզ, նոյնիսկ երբ մենք տակաւին թշնամիներ ենք, մինչ թշնամին (սատանան) դաւաճան ու դաժան է: Ան մեզ մահուան կ՚ենթարկէ, թէեւ մենք վնաս չե՛նք տուած անոր»:
Հ. Առակացի մէջ տեղ մը կարդացած եմ, որ հեղինակը կռուազան կինն ու անձրեւը իրարու կը նմանցնէ: Ի՞նչ նմանութիւն կայ այս երկուքին միջեւ:
Պ. Առակացի 27.15-ին մէջ կը կարդանք. «Անձրեւոտ օրուան շարունակ կաթիլն ու կռուազան կինը իրարու կը նմանին: Զանիկա պահողը հողը կը պահէ եւ աջ ձեռքին մէջ պահուած իւղը զինք կը յայտնէ»:
Ինչպէս երբ անձրեւ կ՚իջնէ ու երկար կը տեւէ, անձրեւներուն կաթիլները կը սկսին նեղութիւն պատճառել իրենց հանած աղմուկով, այդպէս ալ է կռուազան, շատախօս եւ ամէն ինչէն բողոքող կինը, որ իր մնայուն բողոքներով եւ դժգոհանքներով նեղութիւն եւ տհաճութիւն կը պատճառէ իր տան անդամներուն, իր ծնողներուն՝ եթէ տակաւին չէ ամուսնացած, իսկ եթէ ամուսանացած է՝ իր ամուսինին եւ իր զաւակներուն:
Այս տեսակի կիները տուները հանգիստ չեն ձգեր ո՛չ ցերեկը եւ ո՛չ ալ գիշերը իրենց չվերջացող բողոքներով եւ շատախօսութիւններով: Աւելին, այս կիները իրենց զաւակներուն ապագային հետ կը խաղան, անոնց հոգին խաթարելով եւ մնայուն կերպով անսպասելի հարուածներու ենթարկելով, որով երեխաները օրերու ընթացքին կը սկսին կորսնցնել իրենց ներքին հանգստութիւնը, իրենց անդորրութիւնը եւ միւս կողմէ կը սկսին կորսնցնել իր ընդունակութիւնները, վերածուելով միտքով եւ հոգիով թերաճներու:
Առակացի իմաստուն հեղինակը հետաքրքրական կերպով կը բացատրէ, թէ այդպիսի կիներ պահողները, կամ փորձել ծածկել անոնց ունեցած այդ յոռի սովորութիւնը, նման է ձեռքերուն մէջ հով պահելու: Հովը կարելի՞ է պահել ձեռքերու մէջ, բնականաբար ո՛չ, այդպէս ալ կռուազան եւ բողոքող կնոջ պարագային, ինչքան ալ փորձ կատարուի ծածկել զայն արտաքին աշխարհէն, ընկերութենէն, ապա օր պիտի գայ, որ այդ բոլոր երեւան պիտի գայ եւ մարդիկ պիտի իմանան:
Կռուազան, շատախօս եւ մնայուն կերպով ու ամէն ինչէ բողոքող կիներուն պարագային պէտք է փորձել լեզու գտնել անոնց հետ, պէտք է փորձել բացատրել իրենց տարբեր ձեւերով, թէ իրենք այդպիսով իրենք զիրենք է, որ կը տգեղցնեն եւ գէշ կը դարձնեն, աւելին, իրենք կոչուած են բարի եւ գեղեցիկ, անզիւ եւ համեստ ըլլալու, իսկ իրենց այդ պահուածքով իրենք զիրենք կը տգեղցնեն եւ սատանայի գործակից կը դառնան, փոխանակ գիտակցելու իրենց կոչումին՝ Աստուծոյ գործակից ըլլալ, սերնդագործելով իրենց մասնակցութիւնը բերելու Աստուծոյ արարչագործութեան:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 133
Վաղարշապատ