ՄԱՐԴԸ, ՈՐ ՉՄԱՀԱՑԱՒ
Տիկին Զէյնապը երբ պարոն Ալիին կռնակը եւ անոր քունքին ու վիզին փորագրուած վէրքը տեսաւ՝ զգաց, թէ պէտք է անոր ետեւէն վազէ, իր մատներով հպի անոր ուսին, որպէսզի երբ դառնայ դէպի իրեն՝ անոր դէմքին թքէ: Սակայն, հանգստացուց իր բորբոքումը… Պրն. Ալիի տեսքը յիշեցուց իրեն հի՜ն օրեր:
Պրն. Ալին ընդհանուր առմամբ լաւ մարդ մըն էր -այսպէս խօսեցաւ տիկին Զէյնապը ինքն իրեն- բացի ահաւոր կերպով դրամէն կախուածութիւն ունենալէն…: Պարտիզպանները կ՚ըսէին, թէ ան նոյնիսկ պատրաստ է իր մայրը ծախելու, եթէ մէկը լաւ գումար մը առաջարկէր…, եւ անոնք յաճախ կը լսէին անոր գիտցած մէկ հատիկ առածը. «Եթէ ղրուշ մը չունիս, ղրուշ մ՚իսկ չես արժեր…»: Պարտիզպանները սկսած էին համոզուիլ այդ առածով, մինչեւ այն օրը, երբ պարտիզպան մը՝ Ապու Ահմատ կոչուող, պրն. Ալիին ըսածին այսպէս պատասխանեց. «Ոսկիներու ահագին կոյտեր գտան փարաւոնի գերեզմանին մէջ… Փարաւոնը ի՞նչ կ՚արժէ»: Պարտիզպանները անմիջապէս սորվեցան Ապու Ահմատի խօսքը…, որ իրենց համար վերածուեցաւ զէնքի, զոր կ՚ուղղէին պրն. Ալիին դէմ, ամէն անգամ երբ ան փորձէր դասախօսութիւն տալ իրենց՝ իր ղրուշի մասին առածով…: Ամէն պարագայի, պրն. Ալիի վերաբերմունքը վարձակալներուն, երաշխաւորներուն եւ գործընկերներուն հետ ընդհանուր առմամբ լաւ էր. աւելին, ան նոյնիսկ օր մը յոյս փայփայած էր իր աղջիկը՝ Լէյլան ամուսնացնելու անոր տղուն՝ Ահմատի հետ. եւ իրականութեան մէջ, ան իր աղջիկը քաղաք ղրկած էր, որպէսզի ուսանի եւ յարմար ըլլայ պրն. Ալիի տղուն:
Սակայն, հարցերը յաճախ մարդուն ուզածին հակառակ կ՚ընթանան… Իր աղջիկէն՝ Լէյլայէն նամակ մը եկաւ Եաֆայի դպրոցէն, որու մէջ կ՚ըսէր, թէ պրն. Ալին հրեայի մը հետ կը բանակցի իր հողը ծախելու համար…, եւ իր մօրմէն կը խնդրէր, որպէսզի հետաքրքրուի իմանալու համար իրականութիւնը:
Տիկին Զէյնապը, անշուշտ, նեղացաւ այս լուրէն…, եւ անարգանք նկատեց զայն իր փափաքներուն ու մտածումներուն, որ ունէր պրն. Ալիի նկատմամբ…: Եւ երբ յաջորդ օր հանդիպեցաւ անոր, որոշ չափով կը վախնար…, որովհետեւ ուրիշ բան չունէր բացի այն նոյն կրկնութենէն, թէ՝
-Պրն. Ալի, հողդ պէտք չէ ծախես…:
Երբ պրն. Ալին բարկացած ետեւ դարձաւ, ան տարօրինակ թեթեւութիւն մը զգաց եւ հանգիստ շունչ մը քաշեց այդ դիրքը զբաղեցնելու համար գործադրած ջանքերէն ետք…:
Նոյն գիշերը, Լէյլան հասաւ Եաֆայէն, ու ուրախացաւ լսելով, թէ ինչպէս իր մայրը բարկացուցած էր պրն. Ալին, սակայն, ան պնդեց, որ իր եղբայրը՝ Համտանը, սպառնայ պրն. Ալիին մահուամբ, եթէ փորձուի հողը ծախել…, եւ շատ խօսքեր ըսաւ այդ գիշեր…, որ տիկին Զէյնապը չհասկցաւ, բայց հաւատաց, երբ տեսաւ, թէ իր ամուսինն ու տղան հաւանութեան որպէս նշան իրենց գլուխները կը շարժէին իր աղջկան խօսքերուն:
Սակայն, պատահածը, միաժամանակ, ամբողջութեամբ հակառակ էր տիկին Զէյնապի կարգադրածէն…: Արդարեւ, պրն. Ալին յաջորդ օրը իր տուն կը վերադառնար, երբ հասկցաւ, թէ հողը արդէն ծախած է…, եւ անոր խօսքերուն համաձայնեցաւ դողալով… այն ատեն սառնասրտութեամբ ըսաւ անոր. «Շնորհաւոր ըլլայ»:
Գիտէր, թէ ի՛նչ սարսափ անցած էր անոր կուրծքէն…: Արդարեւ, իւրաքանչիւր օր նմանատիպ պատահար մը կը կատարուէր… Մարդ մը հրեաներուն բան մը կը ծախէ, ապա ազգայնականները կը դաստիարակեն զինք մտրակով կամ կապարով…: Հակառակ անոր, որ տիկին Զէյնապ գիտէր, թէ պրն. Ալին լաւապէս չի՛ հասկնար պարտիզպանները, բայց եւ այնպէս, այդքան յիմար չի՛ կրնար ըլլալ, չհասկնալու համար հողը:
Գիշերը, Համտանը իր հին հրացանը վերցուց ու իր հօր եւ քրոջ հետ քալեցին դէպի պրն. Ալիի տունը…:
Տիկին Զէյնապ չէր կարծեր, թէ Համտանը պիտի սպաննէ պրն. Ալին: Ան կը կարծէր, որ կ՚ուզէր միայն սպառնալ անոր, ատոր համար զարմացաւ, երբ կրակոցներու ձայն լսեց… Ան պէտք էր երկար համբերէր մինչ տեսնէր իր ամուսինը դողալով դուռը կը հրէր եւ խռպոտ ձայնով մը կը պոռար.
-Մեռաւ…:
Իր սիրտը ահաւոր կերպով սկսաւ զարնել…, տեսնես ո՞ր սատանան էր, որ մղեց զինք հարցնելու.
-Ո՞վ, պրն. Ալի՞ն…:
Եւ ո՞ր աստուածն էր, որ մղեց իր ամուսինը խռպոտ ձայնով պատասխանելու.
-Ո՜չ… Համտանը:
Գլխապտոյտ եւ բացարձակ լռութիւն զգաց իր չորս կողմը, կարծես ամբողջ կեանքի ընթացքին խօսք լսած չըլլար… Իր ականջները բացարձակապէս կը մերժէին որեւէ մէկ բան լսել…, եւ ինչպէս մէկը որ կ՚երազէ, լսեց իր ամուսինին ձայնը, որ իր աշխարհէն դուրս տեղէ մը կու գար.
-Վերջին փամփուշտը պայթեցաւ, որով պատռեց իր կուրծքն ու դէմքը… մեռաւ…, մեռաւ…:
Տիկին Զէյնապը, սակայն, չշարժեցաւ…, ու տեսաւ իր ամուսինը՝ որ խելագարի մը կը նմանէր, թէ ինչպէս փորելու գործիքները կը հաւաքէր…, փորելու իր զաւակին գերեզմանը… այս բոլոով հանդերձ, աշխարհէն դուրս մնաց…, կարծէք մեծ պատի մը վրայ կախուած պատկեր մը ըլլար, որ առանց հասկնալու կը նայէր… Ապա տեսաւ Համտանի դիակը, որ արեան չոր շերտով մը ծածկուած էր…, ու անոր գլխուն վրայ Լէյլան դողացող լռութեամբ կ՚ողբար…, սակայն եւ այնպէս, չշարժեցաւ: Տեսաւ նաեւ, թէ դիակը կը շալկուէր իր ամուսինին ուսին վրայ ու տունէն դուրս կ՚ելլէր. եւ երբ իր ամուսինը վերադարձաւ ու արցունք կար աչքերուն մէջ մարդու մը, որ մինչեւ հիմա երբեք չէր լացած, միայն երբ իր ամուսինը վերադարձաւ փոշոտած նոր գերեզմանի հողէն…, միայն այն ատեն գետին ինկաւ… Կարծէք հսկայ ձեռք մը կտրեց պատկերին թելը, որ մեծ պատին վրայ կախուած էր, որով ինկաւ:
Պրն. Ալին, սակայն, չմեռաւ…, եւ այնպէս եղաւ, որ դարձեալ տեսաւ զայն, կրկին անգամ կու տար անոր որոշ գումար մը, որպէսզի ատով ապրի՝ եթէ հեռանար հողէն…: Այդ վայրկեանին ան պատկերացուց, թէ իր զաւակին գինը կու տար իրեն…, եւ սկսաւ լալ, բայց վախցաւ, որ յանկարծ յայտնուի իր գաղտնիքը… Առաջին անգամ ըլլալով գիտցաւ, թէ ինչքան կարծր ու ցաւալի է այն վայրկեանը, որու ընթացքին մարդ կ՚ուզէ լալ, հակառակ ատոր, սակայն, չի՛ կրնար…: Ան տեսաւ, թէ ինչպէս դրամները հովին պատճառով թռչեցան…, բայց չշարժեցաւ… Իրեն յստակ դարձաւ առածին ստորութիւնը, որ կ՚ըսէ. «Ով որ ղրուշ մը չունի, ղրուշ մ՚իսկ չ՚արժեր…», եւ ուզեց, որ պրն. Ալին երթայ, որպէսզի պայթելով դառնօրէն երկար լայ…: Պրն. Ալին, սակայն, չշարժեցաւ… Երկար սառեցաւ…, մինչեւ այն պահը, երբ պրն. Ալին հեռացաւ՝ կռթնելով իր սպասաւորին ձեռքէն…:
***
Եւ ահա, դարձեալ, ան կը տեսէ զայն ինքնաշարժէն կ՚իջնէ երկար վէրքով մը, որ փորագրուած է իր քունքին ու վիզին… Չէր գիտեր ինչո՞ւ իր միտքէն չհեռացաւ պրն. Ալիին պատկերը, մինչ ան կը փորձէր թաքցնել այն երկար վէրքը, որ փորագրուած էր իր քունքին ու վիզին…, եւ կարծեց, մինչ ան նստած կը մտածէ, թէ պրն. Ալին կ՚ամչնար այդ վէրքէն, եւ ամօթ կը զգար ամէն անգամ երբ հայելիին դիմաց կը կանգնէր ածիլուելու համար, այնքան՝ որ նոյնիսկ կը փափաքէր թքել իր երեսին, որ հայելիին վրայ դրոշմուած էր:
Եւ, առաջին անգամ ըլլալով՝ իր հողէն հեռանալէն ետք, տեսակ մը հանգիստ զգաց, որ պրն. Ալին չէր մեռած…, եւ թէ տակաւին ողջ էր եւ ամէն առաւօտ կը նայէր երկար վէրքին, որ փորագրուած էր իր քունքին ու վիզին ու կը յիշէր հողը, որ ծախած էր…:
Ճամբուն նայելով ինքն իրեն ըսաւ.
-Պրն. Ալին օր մը պիտի տեսնէ, թէ ինչպէս կը վերադառնանք այն հողը, զոր ինք ծախեց… ու պիտի զգայ՝ իր երկար վէրքին նայելով, որ փորագրուած էր իր քունքին ու վիզին, թէ մահէն աւելի դաժան բան ալ կայ…:
Շա՜տ աւելի դաժան…:
(«12-րդ անկողինին մահը»)
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 2 եւ վերջ
Վաղարշապատ