ԱԿՆԱՐԿ - 123 - ՄՏԱՅԻՆ ԹԵՔԵՐՈՒՄ՝ ՊՈԼՍՈՅ ԱԹՈՌԻՆ ՇՈՒՐՋ ԲԱՐՁՐԱՑԱԾ ԱՂՄՈՒԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Անցեալ շաբաթավերջին Հայաստանի վարչապետը պատուիրակութեան մը հետ ժամանեց Պոլիս, ուր հանդիպում ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հետ: 

Մինչ հանդիպումը ան իր պատուիրակութեան հետ այցելած էր Կապոյտ մզկիթը, Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցին եւ հանդիպում ունեցած էր տեղի հայ համայնքին հետ: 

Ոմանք այս այցելութիւններուն տեղեկատուութիւնը կարդալով, կամ ականատես դառնալով տարածուած տեսանիւթերուն՝ աղմուկ բարձրացուցին ըսելով, թէ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը չէ՛ ընդունած Հայաստանի վարչապետը, Պատրիարքարանին դռները չեն բացած անոր առջեւ, եւ այլն, եւ այլն: Այս աղմուկը բարձրացնողները ամէն տեսակի անարգալից խօսքերով արտայայտուած են, դատափետելով Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը եւ Պոլսոյ հոգեւորականութիւնը: 

Ուրիշ խումբ մը, իր ուրախութիւնը չկարողանալով ծածկել, քաջալերական խօսքերով հանդէս եկաւ, ըսելու համար այդպէս ալ պէտք էր ըլլար, եւ այլն:

Նախքան կարծիքս յայտնելը՝ ըսեմ, թէ այս օրերուն Նորին Ամենապատուութիւնը պաշտօնական այցելութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կը գտնուի եւ բնականաբար չէր կրնար ընդունիլ Հայաստանի վարչապետը: Միւս կողմէ, հոգեւորականներէն ով որ ալ ընդունէր զինք, դարձեալ Պատրիաքութիւնը պիտի մեղադրուէր, ըսելու համար, տեսէք, թէ որո՞ւ յանձնարարած են դիմաւորել Հայաստանի վարչապետը: Եւ այսպէս հազար ու մէկ պոռոտախօսութիւններ մէջտեղ պիտի գային:

Անցնիմ ըսելիքիս: 

Չեմ գիտեր եթէ Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Սահակ Պատրիարք Մաշալեանը Պոլիս ըլլար, պիտի ընդունէ՞ր Հայաստանի վարչապետը կամ ոչ, չեմ ալ ուզեր ենթադրութիւններ կատարել: Բայց, այն ինչ ուրբաթ օր պատահեցաւ, շատ բնական եւ պարզ հետեւանքն էր Հայաստանի վարչապետին վերջին աւելի քան տասն օրերու ընթացքին նախաձեռնած փողոցային յարձակումին, որ կը կատարէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նկատմամբ:

Այստեղ հարցում մը ունիմ բոլորին. 

Եթէ ձեր թաղի, կամ շէնքի դրացիներէն ոեւէ մէկը ամենէն կոպիտ եւ անբարոյ ձեւերով անարգէ ձեզ, կամ ձեր կինը/ամուսինը, հայրը/մայրը, կամ զաւակները, եւ ապա մի քանի օր ետք ձեր տան դուռը թակէ՝ կարծէք ոչինչ եղած ըլլար, եւ ուզէր ձեր տուն մտնել այցելութիւն մը տալու համար, արդեօք պիտի ընդունէի՞ք զինք («բարեպաշտ» հաւատացեալները իրենց կարծիքը թող զգուշութեամբ յայտնեն, որովհետեւ այստեղ բարեպաշտութեան մասին խօսք չկայ, ո՛չ ալ կեղծ հաւատացեալի հագուստ հագած մարդիկ ըլլան ու ըսեն, թէ Քրիստոս մեզի ներել սորվեցուց, այո՛, ներել սորվեցուց անոնց, որոնք դարձի կու գան եւ կը զղջան իրենց գործածներուն: Այստեղ խնդիրը մարդկային փոխյարաբերութեան տարրական ըմբռնումն է): Կ՚ենթադրեմ, որ ո՛չ ոք նման քայլի մը պիտի երթար: Ընդհակառակը, թերեւս շատեր ամենէն կոպիտ ձեւով հակադարձէին, վռնտէին, իսկ ոմանք նոյնիսկ հարուածէին:

Հիմա Հայաստանի վարչապետին հետ պատահածը նոյնն է: Այսինքն, այս մարդը, աւելի քան տասն օրեր գրեթէ ամէն օր Հայ Առաքելական Եկեղեցին կ՚անարգէ, կը վիրաւորէ, կ՚այպանէ, ամենայն յետին մեղադրանքներով կը մեղադրէ (չըսէք Հայոց Հայրապետին հետ է իր խնդիրը, եթէ այդպէս կը կարծէք՝ այդ ձեր հարցերը դիտելու եւ քննելու կարճատեսութեան արդիւնքն է), հիմա եկած նոյն եկեղեցիին դուռը կը թակէ եւ կ՚ուզէ, որ զինք որպէս թագաւոր ընդունին: Լո՞ւրջ, ժողովուրդ: Եւ կան մարդիկ, որ կը մեղադրեն Պատրիարք Հայրն ու հոգեւորականները: Լո՞ւրջ, ժողովուրդ: Ի՞նչ է, կը կարծէք, որ Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւորականները այդքա՞ն անինքնասէր ու աննկարագիր են, որ այդպիսի բան ընեն, գլուխ ծռեն զիրենք անարգողին դիմաց, խոնարհին զիրենք նուաստացնողին դիմաց…: 

Դարձեալ կը կրկնեմ, ո՛չ ոք իր տան դուռը պիտի բանար այն մարդուն դիմաց, որ իր ընտանիքին անդամներէն ոեւէ մէկը անարգած ու անպատուած ըլլար:

Միայն մէկ պարագայի կարելի է այդ քայլին երթալ, այն ալ աստուածաշնչական վկայութեամբ, եթէ տուեալ անձը, այս պարագային Հայաստանի վարչապետը զղջումի նշաններ ցոյց տար եւ իրապէս որոշէր ներողութիւն խնդրել:

Նոր կտակարանին մէջ շատ գեղեցիկ առակ մը կայ՝ Անառակ որդիի առակը, որ որոշ Սուրբ Գիրքի մեկնիչներ ու մասնագէտներ կոչած են զայն Աստուածաշունչ Աստուածաշունչին մէջ: Այդ առակին մէջ կը կարդանք, թէ ինչպէս մարդ երկու զաւակներ ունէր: Օր մը, զաւակներէն մէկը իր բաժին ժառանգութիւնը կ՚ուզէ իր հօրմէն եւ զայն վերցնելով կը հեռանայ հայրենի տունէն: Օտարութեան մէջ իր ունեցուածքը ամբողջութեամբ կը մսխէ եւ ժամանակ կու գայ, երբ կը ստիպուի ամէն տեսակի աշխատանքներ կատարելու՝ կարենալ գոյատեւելու համար, նոյնիսկ խոզերուն առջեւ նետուած ուտելիքներէն կ՚ուտէ: Այս բոլոր նեղութիւնները կրելէ ետք կը յիշէ իր հօր տան մէջ ունեցած իր վիճակին ու բարօրութեան մասին եւ կ՚որոշէ վերադառնալ իր հօր տուն եւ խնդրել անկէ, որպէսզի զինք իր ծառաներէն մէկը համարէ: Եւ այդպէս ալ կ՚ընէ… Զարմանքը սակայն իր գագաթնակէտին կը հասնի, երբ հայրը ո՛չ միայն կ՚ընդունի ու կը ներէ զինք, այլեւ նախկին իր վիճակին կը վերադարձնէ (ամբողջ առակը կարդալ Ղկ 15.11-32):

Ոմանք պիտի հարցնեն այս ի՞նչ համեմատութիւն է: Շատ պարզ է: Փաստ է, որ Հայաստանի վարչապետը ամենէն նուաստացուցիչ խօսքերով ու արտայայտութիւններով յարձակած ու վիրաւորած է Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին եւ Հայ հոգեւորականութիւնը (հոգեւորականները եթէ սխալներ գործած են, ո՛չ մէկ աշխարհական իրաւունք ունի միջամուխ ըլլալու ու դատելու, որովհետեւ Աստուած ամէն բան կը տեսնէ ու գիտէ եւ Ան արդար դատաստան պիտի կատարէ: Մարդկային միջամտութիւնը Եկեղեցւոյ ներքին կարգերուն սատանայական գործ է եւ ո՛չ ոք իրաւունք ունի, դարձեալ կը կրկնեմ, ո՛չ ոք իրաւունք ունի միջամուխ ըլլալու Եկեղեցւոյ գործերուն եթէ աստուածային օծում չունի [անոնք որոնք կ՚ըսեն, թէ զեղծարարութեամբ որոշ հոգեւորականներ տիրացած են օծումի, այդպիսիներուն կ՚ըսեմ, դուք Աստուծմէ աւելի՞ կը հասկնաք ու կը տեսնէք…]), եւ այդ վիճակով, այսինքն՝ վիրաւորողի ու յարձակողի մարդը եկած է եւ կ՚ուզէ, որ զինք ընդունին ու դիմաւորեն: Ո՛չ մէկ զղջումի կամ ներողութիւն խնդրելու նշոյլ, ո՛չ մէկ անդրադարձ կատարելու փափաք: Նման պարագայի, ըստ իս, շատ բնական էր անոր հետ պատահածը Պոլսոյ մէջ: Իսկ եթէ Հայաստանի վարչապետը գիտակցի իր սխալին, զղջայ ու ապաշխարէ, ապա՝ «տունէն բաւական հեռու էր, երբ հայրը տեսաւ զինք ու գթաց. վազելով դիմաւորեց զայն, վիզին փաթթուեցաւ եւ համբուրեց» (Ղկ 15.20), վստահաբար նոյն վերաբերմունքին պիտի արժանանայ Հայ հոգեւորականներուն ու Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ: Այլապէս, բոլոր դռները պէտք է փակուին իր դիմաց (ասիկա իմ անձնական կարծիքս է):

Յ.Գ.- Իսկ անոնք, որոնք կը մեղադրեն Պոլսոյ Պատրիարքն ու հոգեւորականութիւնը՝ ըսելով, թէ ծաղր ու ծանակի ենթարկեցին մեզ աշխարհին առջեւ, պահ մը թող սթափին ու նային, թէ Հայաստանի վարչապետը ի՜նչի ենթարկած է ու կը շարունակէ ենթարկեցնել մեզ ամէն օր:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

21 յունիս 2025, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յունիս 26, 2025