ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Բարկասիրտ եւ ցասկոտ մարդիկը ինչպէ՞ս կը վարուին:
Պատասխան. Առակացին մէջ կը կարդանք. «Բարկասիրտ մարդը կռիւ կը հանէ եւ ցասկոտ մարդը շատ յանցանքներ կը գործէ» (Առ 29.22): Բարկութիւնն ու ցասումը մարդուն կեանքին մէջ բնական երեւոյթներ են, աւելին՝ անբաժանելի մէկ մասնիկն են մարդուն: Այնքան ատեն, որ մարդ կը տիրապետէ թէ՛ իր բարկութեան եւ թէ իր ցասումին վրայ, ապա ատոնցմէ վնաս չի՛ գար իրեն: Բայց երբ մարդ ատոնց վրայ իր ունեցած տիրապետութիւնը կորսնցնէ, ապա մարդը մէկ սխալէն ուրիշ սխալի, մէկ մեղքէն ուրիշ մեղքի մէջ կը յայտնուի, եւ ինչպէս Առակացի հեղինակը կը բնութագրէ կռուազան եւ յանցանքներ գործող կը դառնայ մարդը:
Պօղոս առաքեալ Սաղմոսներէն մէջբերում մը կատարելով, եփեսացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ կը գրէ. «Եւ ինչպէս սաղմոսերգուն կ՚ըսէ՝ “նոյնիսկ երբ բարկանաք՝ չըլլայ որ մեղանչէք”. եւ բարկացած չմնաք մինչեւ իրիկուն [Սղ 4.4]: Բնաւ առիթ մի՛ տաք սատանային» (Եփ 4.26-27): Իսկ Յակոբոս առաքեալի նամակին մէջ կը կարդանք. «Յիշեցէ՛ք, սիրելի՛ եղբայրներ, որ աւելի պատրաստակամ պէտք է ըլլաք լսելու, քան՝ խօսելու: Դիւրաւ մի՛ բորբոքիք: Գիտցէք թէ մեր բարկանալովը չենք կրնար Աստուծոյ արդար ծրագիրը իրականացնել: Հետեւաբար ձեզմէ թօթափեցէ՛ք ամէն աղտոտ սովորութիւն ու չար ցանկութիւն, եւ հեզութեամբ ընդունեցէք ձեր մէջ սերմանուած Աստուծոյ խօսքը, որ կրնայ ձեր հոգիները փրկել» (Յկ 1.19-21):
Շատեր կը հարցնեն, թէ մարդ ինչպէ՞ս կրնայ կամ ի՞նչ պէտք է ընէ, որպէսզի կարենայ յաղթահարել մեղքի առաջնորդող բարկութեան ու ցասումին: Պատասխանը Պօղոս առաքեալ ինք կու տայ, կողոսացիներուն գրած իր նամակին մէջ: Կը կարդանք. «Հետեւաբար մեռցուցէ՛ք ձեր մէջ երկրաւոր ցանկութիւնները, այսինքն՝ ձեզմէ դուրս վանեցէք պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, ինչ որ կռապաշտութիւն է. որովհետեւ այդ բոլորը Աստուծոյ անհնազանդ մարդոց գործերն են, եւ Աստուած պիտի պատժէ զանոնք: Նախապէս դո՛ւք ալ այդ բոլորը կ՚ընէիք, երբ տակաւին այդ ցանկութիւններով կ՚ապրէիք: Բայց հիմա ձեզմէ դուրս նետեցէք այդ բոլորը.- բարկութիւնը, զայրոյթը եւ չարութիւնը: Ձեր բերանէն որեւէ հայհոյութիւն կամ լկտի խօսք չլսուի» (Կղ 3.5-8):
Սուրբ Եփրեմ Ասորին կը գրէ. «Ով որ բարկացող է, այդպիսին համբերատարութենէն եւ սէրէ զուրկ է, շուտ կը մտահոգուի չնչին խօսքերէ, եւ վիճաբանութիւն կը հրահրէ չնչին եւ աննշան խնդիրներու մասին, եւ ուր որ տեղ չունի, այսինքն՝ զինք չեն ընդունիր, կ՚երթայ ու կը ներկայանայ այնտեղ: Արդարեւ, ո՞վ չի սգար այդպիսիին վրայ. ան թէ՛ Աստուծոյ եւ թէ՛ ալ մարդոց կողմէ արհամարհուած է»:
Վարք Հարանցին մէջ կը կարդանք. «Ծեր մը ըսաւ. երբ մէկու մը եղբայրը հակառակի իր հետ, եւ ան իր սիրտին մէջ չի՛ նեղուիր, ապա հրեշտակներուն կը նմանի այդպիսով. արդարեւ, եթէ հակառակեցաւ եւ որոշ ժամանակ ետք եկաւ ու հաշտուեցաւ, ասիկա պայքարողներու արարք է: Իսկ ան որ կը տխրեցնէ իր եղբայրներուն եւ կը տխրի անոնցմէ, ինչպէս նաեւ ատելութիւն կը պահէ իր սիրտին մէջ, այդպիսին սատանային հնազանդ է եւ հակառակ՝ Աստուծոյ, եւ Աստուած չի՛ ներեր այդպիսիին յանցանքները, եթէ ան իր եղբայրներուն չներէ»:
Իսահակ Ասորին կը գրէ. «Բարկութիւն ունեցողներու փողոցները մի՛ մտներ, որպէսզի սիրտդ բարկութեամբ չլեցուի եւ մթութիւնը չիշխէ հոգիիդ վրայ»: Եւ. «Երբ սիրտին ծովը հանգիստ է բարկութենէն եւ զայրոյթէն, անհասկնալի բացայայտումներ եւ աստուածային յայտնաբերումներ կը ներհոսին»:
Մարդ պէտք է ամէն ինչ ընէ, որպէսզի զերծ մնայ մեղքի տանող բարկութենէն եւ ցասումէն, եւ ընդհանրապէս ինքզինք կարենայ զսպել, որպէսի չբարկանայ: Բարկութիւնը, թէեւ արդարացի ալ ըլլայ, եթէ մարդ ինքն իրեն ուշադրութիւն չդարձնէ, այդ արդարացի թուացող բարկութիւնը ժամանակի ընթացքին կը մաշէ մարդուն ուշադրութեան զգացումը եւ կամաց կամաց դէպի մեղք կ՚առաջնորդէ, ուրկէ մարդ չի՛ կրնար դուրս գալ:
Մարդ պէտք է ինքզինք, իր առօրեան ու մտածումները Աստուծոյ յանձնէ եւ խնդրէ Անկէ, որպէսզի իրեն ուղղութիւն տայ եւ առաջնորդէ դէպի խաղաղ նաւահանգիստ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 156
Վաղարշապատ