ԽԻՂՃԻ ԵՒ ԶԷՆՔԻ «ԱՆԱՐԱՏՈՒԹԻՒՆ»Ը

Իսրայէլական՝ արաբ անզէն արեան ծարաւը յագեցնող կոտորածէն տասը տարի ետք, կոտորածէն հրաշքով ազատած՝ Սալէհ Խալիլ Իյսան պատմած է բանաստեղծ Թաուֆիք Զիատին իր վկայութիւնը ցեղասպանութեան մասին.

«Այդ օրը, Պիեարայի մէջ կ՚աշխատէի՝ հօրեղբօրս երկու տղաներուն հետ: Ժամը չորսէն քիչ մը վերջ մեր գործը աւարտեցինք, մեր շարժակաւոր հեծելանիւներուն (motorcycle) վրայ նստանք ու սկսանք վերադառնալ գիւղ: Ճամբուն վրայ հանդիպեցանք ուրիշ գործաւորներու ալ, որոնք ըսին մեզի, թէ գիւղին մէջ արգիլուած է տունէն դուրս գալ եւ կրակոցի ձայներ կու գան, բայց ոչ ոք գիտէ ինչո՞ւ համար: Այդպէս լսած էին: Տատամսելէ ետք, որոշեցինք շարունակել մեր ճամբան: Մեր թիւը կ՚աւելնար՝ մինչեւ հասաւ տասնհինգ գործաւորի: Գիւղէն 1 քիլօմեթր հեռու էինք: Իրական վախեր չունէինք: Մէկ ենթադրութեան մասին կը մտածէի…, այն է, որ սահմանապահ զօրքերուն՝ «Պլում», սպաները մեր դիմացը ելլեն: Թերեւս, սովորութեան համաձայն հայհոյեն մեզի, հարուածեն քիչ մը: Ուրիշ բանի մասին չմտածեցի:

Քիչ ետք, կրակոցներու ձայներ առինք: Սկսայ զգալ, որ հարցը վտանգաւոր է: Հօրեղբօրս տղուն ըսի. վերադառնա՛նք։ Ան սկսաւ քաջալերել զիս: Շէյխ մըն ալ կար մեր հետ՝ մօտաւորապէս վաթսուն տարեկան, ան ալ սկսաւ Քուրանէն այաներ ըսելով՝ քաջալերել մեզ: Մօտեցանք աւելի, որ գիւղին ամենէն մօտիկ տունէն ընդամէնը 100 մեթր հեռաւորութեան վրայ էինք արդէն:

Յանկարծ, սահմանապահ զօրքերէն մէկը մեր դիմացը ելաւ եւ արգելք հանդիսացաւ մեր յառաջանալուն: Կանգնեցէ՛ք: Մինչեւ այդ պահը այն ինչ կը պատկերացնէի՝ հարուածն էր…, եւ ո՛չ թէ մահը:

Շարժակաւոր հեծելանիւներէն իջանք… Այդ զինուորը հրամայեց մեզի մէկ շարքի վրայ կանգնիլ:

-Ուրկէ՞ էք դուք:

-Քաֆըր Քասէմէն, մէկ ձայնով պատասխանեցինք:

-Ո՞ւր էիք:

-Աշխատանքի:

Մեզմէ մօտաւորապէս 5 մեթր հեռացաւ, ուր իր ընկերներէն երկու հոգի կանգնած էին՝ իւրաքանչիւրին ձեռքը մէկական գնդացիր եւ բարձր ձայնով ըսաւ.

-Հնձեցէ՛ք զանոնք:

Չհաւատացի, մինչեւ որ փամփուշտները տեղատարափի նման սկսան թափիլ մեր վրայ: Առաջին կրակոցը մեր ոտքերուն, երկրորդը՝ քիչ մը վեր. միւսներուն հետ ինկայ: Կողքիս ձիու կառք մը կար, որու սեփականատէրը ձերբակալած էին եւ մեզի հետ կրակեցին անոր վրայ ալ: Կառքին ետեւ ինկայ. չեմ գիտեր ինչպէս: Իյնալէս վերջ միայն զգացի, թէ տակաւին ողջ եմ: Այս էր ամէնը: Զինուորները մեզմէ մօտաւորապէս 10 մեթր հեռացան:

Մի քանի վայրկեաններ ետք բեռնատար մը եկաւ: Կանգնեցուցին զայն: Հրամայեցին, որ մէջը եղողները իջնեն: Շատեր կային անոր մէջ (յետոյ իմացայ, որ անոնց թիւը քսաներեք հոգի եղած է) հողագործութեան «Ասմաիա» ընկերութեան աշխատողներէն:

Ան որ հրամայած էր, որ կրակեն մեզի, ան յառաջացաւ եւ հրամայեց անոնց, որպէսզի իջնեն եւ բեռնատարին ետեւը շարուին: Անոնք ինքնաշարժին ետեւը իրարու փակած շարուելէ ետք, հրամայողը հեռացաւ անոնցմէ եւ գոռաց.

-Հնձեցէ՛ք զանոնք:

Ոմանք փախան: Մեծամասնութիւնը ինկաւ…:

Երեք ոճրագործները վերադարձան այնտեղ, ուր որ ես էի եւ շարժակաւոր հեծելանիւներու միւս սպաննուած մարդիկը, եւ սկսան սպաննուածները իրարու վրայ նետել՝ ինձմէ 3 մեթր հեռաւորութեան վրայ: Անոնք մարկտոցներ օգտագործելով կը կրակէին եւ վիրաւորները վերջնականապէս կը սպաննէին:

Մօտեցան ինծի: Հեռու քաշեցին կառքը, որու երկաթեայ անիւը իր ամբողջ ծանրութեամբ ոտքիս վրայէն քալեց: Ակռանես կը կրճտացնէի, որպէսզի չպոռամ: Ձեւացայ, թէ մեռած եմ: Քաշեցին եւ զիս ալ հաւաքուած բլուրին վրայ դրին…, եւ հեռացան:

Բեռնատարին սպաննուածները մեզմէ 10 մեթր հեռաւորութեան վրայ հաւաքելէ ետք, եկաւ ուրիշ բեռնատար մը, որու մէջ երկու հոգի կար, զանոնք ալ սպաննեցին: Յետոյ ճիփ ինքնաշարժի մը ձայնը լսեցի, որ արեւելան ճամբայէն կու գար…, գիւղէն: Մարեցաւ, ձայն մը լսեցի եւ տեսայ մէկը իջաւ անոր մէջէն: Չհասկցայ, թէ ինչ խօսեցան, որովհետեւ 20 մեթր հեռաւորութեան վրայ էին ինձմէ: Ապա ինքնաշարժը եկած ճամբայէն վերադարձաւ:

Լռութեան պահ մը տիրեց:

Տեսայ, թէ երեք ոճրագործները կը քալեն ու կը նստին գիւղի ջրհօրին վրայ: Ապա բեռնատար մեքենայ մը եկաւ: [Թերեւս նկատեցիր, թէ իւրաքանչիւր խումբ նախորդ խումբէն մի քանի մեթր հեռու կը սպաննէին՝ գիւղին հակառակ ուղղութեամբ, որպէսզի եկող խումբը չտեսնէ իրմէ առաջ եկած խումբին ճակատագիրը]: Սակայն, ինքնաշարժը որ մատնանշեցի, սպաննուածներու կոյտերուն կողքէն անցան: Կը թուէր, թէ այլեւս ոճրագործները հոգ չէին ըներ, որ նոր զոհերը նկատէին կամ չնկատէին իրենցմէ առաջ եղողներուն ճակատգիրը: Ինքնաշարժը անցաւ սպաննուածներու կոյտին կողքէն, ուր որ ես կը գնտուի: Կանացի ձայներ լսեցի: Ինչպէս ետքը իմացայ, այդ ինքնաշարժին մէջ տասներեք կին եղած էր՝ տասներկու տարեկանէն վեր եւ չորս այր մարդիկ:

Յանկարծ, երեք ոճրագործները ինքնաշարժին ետեւէն վազեցին, կանգնեցուցին զայն եւ անոր մէջը եղողները իջեցուցին:

Մտածեցի. ինքնաշարժը ինձմէ 20-25 մեթր հեռու է: Ահաւոր ուժ մը զգացի, որ զիս կը սթափեցնէր: Կանգնեցայ եւ սկսայ վազել: Չեմ գիտեր ինչպէս ցատկեցի առջեւս եղող ցանկաթելին վրայէն: Ինքնաշարժին զուգահեռ ուղղութեամբ կը վազէի՝ առանց գիտակցելու: Անձրեւի նման փամփուշտները սկսան տեղալ իմ ուղղութեամբ: Փամփուշտներուն ձայնը խառնուեցաւ կիներու ճիչերուն եւ անոնց մարմիններուն գետին իյնալու ձայներուն: Զգացի, թէ փամփուշտները հագուստներուս մէջ կը մտնեն, միայն այն ատեն գիտցայ, թէ ո՞ւր եմ ես:

Կքեցայ: Յետոյ ձիթապտուղի այգիներուն մէջ սկսայ ձեռքերուս եւ ոտքերուս վրայ սողալ: Կը պատկերացնէի ձիթապտուղի այգին լեցուած զինուորներով եւ զինուորական մեքենաներով, եւ որեւէ մէկ վայրկեան կրնամ զարնուիլ անոնց: Մեծ ժայռի մը ետեւ, ձիթենիի մը տակ պահուտեցայ ու սկսայ մտածել մահուան մասին, որ որեւէ մէկ վայրկեան կրնար զիս սպաննել: Մինչեւ առաւօտ այնտեղ մնացի, մինչ արիւնը կը հոսէր երկու վէրքերէ՝ ձեռքէս ու ոտքէս: Առաւօտեան, երկու զինուորներ յայտնաբերեցին զիս եւ հիւանդանոց տարին:

Յաջորդ առաւօտ ոճրագործները միջոց մը փնտռեցին, որպէսզի ոճրագործութիւնը թաղեն: Կողքի գիւղէն՝ ալ-Ճալճուլիյէէն մարդիկ բերին Քաֆըր Քասէմի գերզմանատուն եւ հրամայեցին անոնց, որպէսզի քառասունեօթ հոգիի համար գերեզմաններ փորեն: Գերեզմանափորները ո՛չ մէկ բան իմացան ոճրագործութեան մասին: Անոնք մի միայն պէտք էր փորէին… Այդ օրուընէ սկսալ Քաֆըր Քասէմի գերեզմանատունը մեծցաւ, ժողովուրդի մը համար ժողովրդային սրբավայր ըլլալով, միւս կողմէ փաստ մը՝ հրէական զէնքի «անարատութեան» Իսրայէլի մէջ:

Ոճրագործութիւնը սպաննուածները թաղելով չվերջացաւ: Կոտորածը արեան չորացումով չվերջացաւ: Արդարեւ, որպէսզի հրէական ոճրագործութիւնը ամբողջացնէր իր պայմանները, պէտք է անպայման «հրէական խիղճը», որ նշանաւոր է զգացմունքայնութեամբ որեւէ մէկ բիծի, որ կը պատահի ոեւէ մէկ հրեայի՝ աշխարհի որ կողմն ալ ըլլայ, մտնելու մարդկայնութեան փորձարկումի փորձին մէջ: Պէտք էր, արդարեւ, փնտռել այս զգայուն խիղճին իրական գոյութիւնը: Արաբները սպաննելը եւ կամ անտարբեր գտնուիլը զանոնք սպաննելու կապակցութեամբ վերածուած էր բնականոն երեւոյթի մը հրէական ընկերութենէն ներս, որ դաստիարակուած է թշնամական բնազդ ունենալու այս արարածներուն նկատմամբ, որոնք կը խանգարեն Պաղեստինի մէջ հրէական «մաքրութեան» վճիտութիւնը: Տիրող էր սատիստական կամ ցնծալից լռութիւն մը: Լռութնենէն դուրս եկան միայն մի քանի գրիչներ, որոնք ցաւ զգացած էին այն հանգամանքէն, որ հրէական զէնքի լաւ համբաւի պայմանները խախտուած էին, որու մասին անընդհատ կը խօսէին անոնք, որոնք միշտ կը բարձրաձայնէին սիոնիստական ոճրագործութիւններու մասին: Նշանաւոր հրեայ բանաստեղծին՝ Նաթան Ալթրմանի բանաստեղծութիւնը չէր մերժուած կամ կորսուած արդարադատութեան Քաֆըր Քասէմ գիւղի մուտքին այնքան՝ ինչքան պաշտպանութիւն էր հրէական բռնաբարող ընկերութեան համբաւին:

«Պէտք չէ ուրիշ բանի մասին գրել:

Ո՛չ պատմութիւն եւ ո՛չ ալ բանաստեղծութիւն գրել, որովհետեւ արաբերէն լեզուն կը մերժէ լռութեամբ անցնիլ այս կեղտոտ արարքին վրայէն, որ Իսրայէլի մէջ պատահեցաւ»:

Ա՛յս է այս լեզուին բնութիւնը եւ ա՛յս են անոր յատկութիւնները:

Կ՚ըսեն. դատավարութիւն պիտի ընենք եւ կը վերջանայ…: Արդարութիւնը պիտի խօսի եւ անոր դատավճիռը պիտի յայտարարուի:

Կ՚ըսեն. դատական այդ գործողութիւնները ձգենք: Առաջին, բաւարա՞ր է այդքանը:

-Ո՛չ: Ատիկա ամէն ինչը չէ:

Արդարադատութենէն փախուստ չկայ, որովհետեւ որճրագործութիւնը անպայմանօրէն կ՚արթնցնէ օրէնքը:

Սակայն, դատավարութենէն առաջ եւ ետք՝ այս դատին մէծ սկզբունք մը պիտի պակսի:

Չի՛ կրնար բարկութիւն եւ ընդվզում չբորոբոքի մարդկային ընկերութեան մը մէջ՝ ուր այսպիսի կեղտոտութիւն պատահած է:

Ժողովրդային բարկութիւն, որ մարդկային եւ անհատական դժգոհութիւն կը կրէ:

Այր մարդոց եւ կիներու դժգոհութիւն:

Որովհետեւ, առանց ասոր արդարադատութիւնը մեքենայական արձագանգ կ՚ըլլայ, ծրագրաւորուած, մեքենայականացած:

Արձագանգ, որ պարապութեան մէջ կը դառնայ եւ ո՛չ թէ գիտակից զգացում ունեցող ժողովուրդի մը մէջ»:

«Տխրութեան սովորական օրագիր»

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2025