ՄԱՀԱԽՕՍԱԿԱՆ. ՎԱՌ ԿԱՆԹԵՂԻ ԼՈՒՌ ՊԱՀԱՊԱՆԸ (ի յիշատակ Տ. Բարսեղ ծայրագոյն վարդապետ Գալէմտէրեանի)
«Սիրտս կ՚արիւնի աշխարհի ցաւով,
Որքա՜ն տառապանք, Աստուա՛ծ իմ, չորս դիս»
Մուշեղ Իշխան
Վշտակիր, սակայն յոյսով լեցուն սրտով կը յայտնենք Երուսաղէմի Սբ. Յակոբեանց միաբանութեան նուիրեալ անդամ, Ս. Յակոբեանց մայր տաճարի հաւատարիմ պահապան եւ աղօթքի մշտարթուն մշակ Տ. Բարսեղ ծայրագոյն վարդապետ Գալէմտէրեանի վախճանումը։
Տ. Բարսեղ Հայրը ծնած էր 15 օգոստոս 1954-ին, Սուրիոյ Ճըսըր Շուղուրի շրջանը՝ բարեպաշտ հայ ընտանիքի մէջ։ Մանկութեան առաջին քայլերը, ինչպէս նաեւ ազգային ու հոգեւոր դաստիարակութեան սերմերը, ստացած էր Գարատուրանի ազգային վարժարանի մէջ, ուր վաղ տարիքէն իսկ կը յայտնուի իր լռիկ խոնարհութիւնը, եկեղեցասիրութիւնն ու ուսումնատենչ հոգին։
Ան կը սերէր ընտանիքէ մը, ուր եկեղեցական ծառայութիւնը ո՛չ միայն անձնական կոչում, այլեւ սերունդէ-սերունդ փոխանցուած հոգեւոր ժառանգութիւն մըն էր։ Հայր Բարսեղ ազգականական կապ ունէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան, երախտաշատ հոգեւորական երջանկայիշատակ Տ. Վահան եպիսկոպոս Տէրեանի հետ. նոյն ընտանիքէն է նաեւ Ուրուկուայի թեմի առաջնորդ Տ. Յակոբ արք. Գըլընճեան։
Այս հարազատ շրջանակը, որ նուիրեալ հոգեւորականներ տուած է Հայ եկեղեցիին, անշուշտ իր ներգործութիւնը ունեցած էր պատանիի հոգեւոր կազմաւորման վրայ։ Թէեւ Տ. Բարսեղ Հայրը քիչ կը խօսէր իր ընտանիքի հոգեւոր արմատներուն մասին՝ խոնարհաբար զերծ մնալով ամէն տեսակ ինքնագովութենէ, սակայն իր կեանքի ընթացքն իսկ կը վկայէր, թէ կը պատկանէր այն սերունդին, որու համար եկեղեցական ծառայութիւնը բնական շարունակութիւնն էր ընտանեկան դաստիարակութեան եւ հաւատքի։
Այս իմաստով ան ո՛չ միայն անհատական կոչումի ճամբայ ընտրեց, այլեւ դարձաւ իր ընտանիքի հոգեւոր աւանդութեան արժանի շարունակողը՝ նոր էջ մը աւելցնելով Հայ եկեղեցւոյ նուիրեալ սպասաւորներու շարքին։
1965-ին կ՚ընդունուի Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանը՝ դառնալով առաքելահիմն սրբավայրի հոգեւոր յարկին տակ կազմաւորուող այն սերունդի մէկ անդամը, որ իր ամբողջ կեանքը պիտի ընծայէր տնօրինական սրբատեղեաց ծառայութեան։ Ժառանգաւորացի ուսումնառութեան տարիները կ՚ըլլան իր հոգեւոր հասունացման, եկեղեցական գիտելիքի եւ վանական կոչման ամրապնդման տարիներ։
1974-ին աւարտելով Ժառանգաւորաց վարժարանը՝ յաջորդ տարուան յունիս 28-ին ձեռամբ հոգելոյս Տ. Շահէ արք. Աճէմեանի կը ձեռնադրուի սարկաւագ՝ յանձն առնելով Ս. Սեղանի սպասաւորութեան առաջին պատասխանատուութիւնը։ Իր ծառայասիրութեամբ եւ խոնարհ նկարագրով շուտով կ՚արժանանայ վանական իշխանութեան վստահութեան եւ սիրոյն։
1977-ին կ՚աւարտէ Ընծայարանը եւ նոյն տարուան մայիս 29-ին, ձեռամբ երջանկայիշատակ Տ. Եղիշէ Բ. պատրիարքի, կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ՝ վերակոչուելով Տ. Բարսեղ աբեղայ։ Այդ օրէն սկսեալ ամբողջապէս կը նուիրուի Ս. Յակոբեանց վանքին, ուր իր կեանքը պիտի դառնար անդադար աղօթք, ծառայութիւն եւ հնազանդութիւն։
1980-էն ի վեր Տ. Բարսեղ Հայրը ստանձնած էր Երուսաղէմի Սբ. Յակոբեանց տաճարի աւագ լուսարարի խիստ պատասխանատու պարտականութիւնը՝ լուռ ու աննկատ, սակայն անփոխարինելի ներկայութիւն մը սրբազան տաճարի առօրեային մէջ։ Ան տասնամեակներ շարունակ հաւատարմօրէն հոգաց Տիրոջ տան պայծառութիւնը, կանթեղներու մշտավառ լոյսը եւ սրբավայրի կարգ ու կանոնի պահպանութիւնը։ Իր ձեռքերով վառած կանթեղներուն լոյսը կարծես սրտին մշտավառ հաւատքին արտացոլումը ըլլար։
Յատկանշական է, որ Տ. Բարսեղ ծայրագոյն վարդապետի մինչեւ իր մահը՝ տասնամեակներ տեւած աւագ լուսարարի ծառայութիւնը եկեղեցական պարզ պաշտօնի ստանձնում մը չէր միայն, այլ նաեւ շարունակութիւն մը՝ պատմութեան խաչուած ճանապարհներու վրայ։
Ան այս պաշտօնը ստանձնած էր այն օրերուն, երբ Սբ. Յակոբեանց տաճարի աւագ լուսարար բարեյիշատակ Տ. Մանուէլ վրդ. Երկաթեան, Պոլիս այցելութեան ընթացքին, քաղաքական անբարենպաստ պայմաններու բերմամբ ձերբակալուած եւ բանտարկուած էր։ Սրբավայրի ներքին կեանքին մէջ անակնկալօրէն ստեղծուած այդ բացը կը պահանջէր հաւատարիմ եւ հաստատուն ձեռք մը, որպէսզի Տիրոջ տան լոյսը չմարի։
Այդ օրերուն էր, որ երիտասարդ, սակայն արդէն փորձառու եւ կարգապահ եկեղեցականը՝ Տ. Բարսեղ աբեղայ, հնազանդութեամբ եւ լուռ նուիրումով ստանձնեց աւագ լուսարարի պատասխանատուութիւնը։ Ան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին այս պաշտօնը կը նկատէր ո՛չ թէ անձնական պատիւ, այլ վստահուած աւանդ մը՝ եկեղեցական եղբայրութեան եւ ծառայութեան շղթայի մէջ։
Մեր անձնական զրոյցներուն ընթացքին յաճախ կը յիշեցնէր, որ ինք այդ պաշտօնը ստանձնած է Հայր Մանուէլէն, եւ այդ յիշատակումը կը հնչէր ո՛չ թէ որպէս պատմական մանրամասնութիւն մը, այլ որպէս եղբայրական հաւատարմութեան ու յիշողութեան արտայայտութիւն։ Իրեն համար Սբ. Յակոբեանց տաճարի կանթեղներուն լոյսը կը կապուէր նաեւ նախնեաց ծառայութեան շարունակութեան հետ՝ անընդհատ փոխանցուող լուռ վկայութիւն մը սերունդէ-սերունդ։
Այսպէս, Տ. Բարսեղ ծայրագոյն վարդապետի ծառայութիւնը դարձաւ ո՛չ միայն անձնական նուիրումի արտայայտութիւն, այլ նաեւ յիշատակի պահպանում՝ այն սերունդին, որ դժուար ժամանակներու մէջ նոյնպէս պահեց սրբազան տաճարի լոյսը։
Խոնարհ, մեղմ, աղօթասէր եւ կարգապահ՝ Տ. Բարսեղ ծայրագոյն վարդապետը եղաւ այն նուիրեալ վանականներէն, որոնք առանց աղմուկի, առանց ցուցադրութեան, իրենց ամբողջ կեանքը կը դարձնեն լուռ վկայութիւն։ Իր ներկայութիւնը Սբ. Յակոբեանց վանքին մէջ կը ներշնչէր կարգապահութիւն, վստահութիւն, այլեւ հանդարտութիւն ու աղօթքի մթնոլորտ, իսկ իր ձայնը՝ սակաւախօս, բայց միշտ ջերմ ու եղբայրական, կը մխիթարէր եւ կը քաջալերէր շրջապատողները։
Այս տողերը գրողիս համար Տ. Բարսեղ ծայրագոյն վարդապետը միայն Սբ. Յակոբեանց տաճարի նուիրեալ սպասաւորը չէր, այլեւ սաղիմական տարիներուս մէկ մտերմիկ ներկայութիւնը։
Այն տարիներուն, երբ կը բնակէի Պարտիզաթաղի մէջ, մեր սենեակները նոյն թաղին մէջ ըլլալուն՝ այդ մերձաւորութիւնը առիթ կու տար ո՛չ միայն եկեղեցւոյ մէջ, այլ նաեւ եկեղեցիէ դուրս յաճախակի շփումներ ունենալու։ Իրեն հետ հանդիպումները միշտ կը կրէին այն խաղաղ ու եղբայրական մթնոլորտը, որ բնորոշ էր իր էութեան։
Յատկապէս անմոռանալի կը մնայ այն օրը, երբ ինք անձամբ պտտցուց զիս Սբ. Յակոբեանց մայր տաճարին մէջ՝ ո՛չ միայն որպէս պարտաճանաչ լուսարար, այլ որպէս սրբավայրի կենդանի յիշողութիւն։ Իր առաջնորդութեամբ տաճարի կամարներուն տակ քալելը կը վերածուէր ուխտագնացութեան մը, ուր իւրաքանչիւր անկիւն եւ իւրաքանչիւր կանթեղ իր պատմութիւնը ունէր։
Առաւել եւս հոգեհարազատ էին Սբ. Յակոբեանց տաճարի աւանդատան մէջ մեր ունեցած զրոյցները։ Այդ լուռ ու սրբազան միջավայրին մէջ ան սիրով կը փոխանցէր իր յիշատակները՝ յատկապէս նախկին լուսարարապետ եւ Կ. Պոլսոյ պատրիարք երանաշնորհ Գարեգին արք. Գազանճեանի հետ գործակցութեան շրջանէն եւ իրմէ լսած պատմութիւններէն։ Իր խօսքերը պարզ յուշեր չէին միայն, այլ կենդանի շղթայ մը՝ սերունդէ-սերունդ փոխանցուող եկեղեցական յիշողութեան։
Չեն մոռցուիր նաեւ այն փոքրիկ, բայց ջերմ հաւաքները, երբ մայր տաճարի միաբաններ՝ եղբայր Կարէնի եւ եղբայր Լեւոնի հետ կը նստէինք թէյի սեղանի մը շուրջ։ Այդ պահերը կը դառնային եղբայրական հաղորդակցութեան ժամեր, ուր պարզ զրոյցները կը լեցուէին յիշողութիւններով եւ լուռ ուրախութեամբ։ Տէր Բարսեղ Հայրը այդ շրջապատին մէջ նոյնպէս կը մնար իր էութեան հաւատարիմ՝ համեստ, ժպտուն, լսող եւ խօսող միայն այն չափով, որքան հարկ էր սրտերը ջերմացնելու։
Այս բոլոր յիշատակները այսօր կը դառնան անջնջելի գանձեր։ Անոնք կը վկայեն, որ Տ. Բարսեղ ծայրագոյն վարդապետը ո՛չ միայն Տիրոջ տաճարի նուիրեալ սպասաւորն էր, այլ նաեւ մարդկային ջերմութեամբ լեցուն եղբայր, որ իր ներկայութեամբ կը սրբագրէր շրջապատի առօրեան։
Իր մէջ կային տագնապի պահեր՝ երբեմն բուռն, երբեմն լուռ ու ծանր, բայց միշտ ծնած ո՛չ թէ անձնական մտահոգութենէ, այլ համընդհանուր ցաւէն։
Ինչպէս բանաստեղծ Մուշեղ Իշխան կ՚ըսէ, «աշխարհի ցաւով հիւանդ էր հոգին»։ Այս խօսքը կարծես յատկապէս իրեն համար գրուած ըլլար։
Սուրիոյ ներքին պատերազմի տարիները խոր հետք ձգեցին իր հոգիին մէջ։ Քէսապ բնակող իր ազգականներուն վիճակը, հայաբնակ շրջաններու տագնապները, տեղւոյն քրիստոնեայ համայնքներուն անապահով կացութիւնը՝ օրեր ու գիշերներ կը ծանրանային իր մտածումներուն վրայ։ Երուսաղէմի հայկական ժառանգութեան պահպանութիւնը կը դառնար իր մտահոգութեան առանցքը․ կը խօսէր հողի, սեփականութեան, պատմութեան եւ ներկայութեան խաչմերուկին մասին՝ զգալով պատասխանատուութիւնը ո՛չ միայն որպէս վանական, այլ որպէս պատմական ներկայութեան պահապան։
Աւելին՝ Հայաստանի եւ Արցախի կացութիւնը կը խռովէր զինք։ Իր խօսքերուն մէջ կը զգացուէր հայրենիքի հանդէպ խոր կապ մը՝ հակառակ իր կեանքը գրեթէ ամբողջութեամբ վանքին մէջ անցուցած ըլլալուն։ Երբեմն այդ մտահոգութիւնները կը դառնային բուռն, երբեմն լուռ հեւք մը, որ կը թափանցէր իր ձայնին մէջ։
Այդպիսի պահերուն անհրաժեշտ էր ո՛չ թէ հակաճառել, այլ զսպել, մեղմել եւ մանաւանդ ունկնդիր դառնալ։ Կը ջանայի մխիթարել՝ յիշեցնելով, որ կան հարցեր, որոնց վրայ մեր անմիջական ազդելու կարողութիւնը սահմանափակ է, եւ որ հարկ է խաղաղել սիրտը այն իրողութիւններուն հանդէպ, որոնք մեր տիրապետութենէն դուրս կը մնան։ Բայց անկարելի էր ամբողջովին հանդարտեցնել զինք։ Իր նկարագիրն էր այդպէս․ չէր կրնար անտարբեր մնալ, չէր կրնար սահմանափակուիլ միայն իր առօրեայ ծառայութեամբ։ Ան կը կրէր իր մէջ համայն աշխարհի ցաւը…
Սակայն այս տագնապները թուլութիւն չէին, այլ սիրոյ արտայայտութիւն։ Իր մտահոգութիւնը կը բխէր պատասխանատուութենէ, պատկանելիութեան զգացումէ եւ հաւատքի խոր գիտակցութենէ։ Իր հոգին կը տառապէր, որովհետեւ կը սիրէր։
Այսպէս՝ Տ. Բարսեղ ծայրագոյն վարդապետը եղաւ ո՛չ միայն կանթեղներու լոյսը պահողը, այլ նաեւ լոյսի համար անհանգստացողը՝ այնպիսի հոգի մը, որ չէր կրնար հանգիստ մնալ, երբ աշխարհի որեւէ անկիւնի մէջ մարելու վտանգ կար։
Տ. Բարսեղ ծայրագոյն վարդապետը լուռ ծառայութեան մարդն էր, սակայն այդ լռութեան խորքին մէջ կային նաեւ գրիչի ու յիշողութեան աշխատանքի պտուղներ։ Ան կը գրէր։ Կը գրէր ոչ ցուցադրութեան համար, այլ որպէս պահպանութիւն, որպէս յիշողութեան ամրագրում եւ եկեղեցական ժառանգութեան փոխանցում։
Լաւ գիտէր Երուսաղէմի եւ Սուրբ Երկրի պատմութիւնը։ Տարիներու ընթացքին համբերութեամբ կազմած էր ճոխ ժամանակագրութիւն մը՝ յատկապէս Երուսաղէմի հայկական ներկայութեան եւ Սբ. Յակոբեանց վանքի կեանքին վերաբերեալ։ Այդ աշխատանքը իր համար պարզ պատմական հետաքրքրութիւն չէր, այլ հոգեւոր պարտականութիւն՝ անցեալի շղթան պահելու եւ յաջորդներուն փոխանցելու գիտակցութիւն։
Իր ձեռագիրները կը մնան այսօր մեծաւ մասամբ անտիպ։ Ժամանակին միջնորդած էի, որպէսզի իր կազմած ժամանակագրութեան ձեռագիրը մեքենագրուի եւ պահպանուի։ Այդպէս ալ եղաւ, սակայն հաւանաբար այդ աշխատութիւնը, ինչպէս միւսները, կը հանգչի իր անձնական արխիւին մէջ՝ սպասելով բացայայտման եւ արժեւորումի։
Տ. Բարսեղ Հայրը նաեւ մեծ հոգածութեամբ արձանագրած էր Սբ. Յակոբեանց տաճարի արարողակարգային կեանքը։ Կազմած էր կանոնակարգային յուշատետր մը, որ կը պահուի Ս. Ստեփանոսի աւանդատան մէջ, եւ ուր կը նկարագրուին տաճարի արարողութիւններու ընթացքը, կարգը եւ աւանդութիւնը. այսպէսով ան կը փորձէր ամրագրել այն, ինչ դարերով փոխանցուած էր բանաւոր կերպով ու յիշողութեամբ։ Այդ աշխատանքով ան ո՛չ միայն կը պահպանէր յիշողութիւնը, այլ նաեւ կ՚ապահովէր անոր շարունակութիւնը։
Նոյն հոգածութեամբ ան ձեռնարկած էր տաճարի պատմութեան եւ սպասքի արձանագրութեան գործին՝ կազմելով հատորներ, ուր դասաւորուած ու նկարագրուած էին սրբազան անօթները, սպասքը եւ տաճարի գանձարանին մաս կազմող նիւթերը։ Այս աշխատանքը անկասկած մեծ ծառայութիւն մըն է Երուսաղէմի հայկական ժառանգութեան պահպանութեան գործին։
Իր գրական վաստակին մէկ մասը նաեւ հրապարակային դարձած էր․ «Սիոն» ամսագրին մէջ ժամանակ առ ժամանակ լոյս տեսած էին անոր յօդուածները՝ պատմական, յուշագրական եւ եկեղեցական բնոյթի։
Այսպէս, Տ. Բարսեղ ծայրագոյն վարդապետը ո՛չ միայն սրբավայրի լոյսը կը պահպանէր, այլեւ անոր յիշողութիւնը։ Իր գրիչով եւ համբերատար աշխատանքով ան փորձեց ամրագրել այն, ինչ ժամանակը յաճախ կը սպառնայ մաշեցնել՝ վստահելով, որ յիշողութիւնը եւս ծառայութիւն մըն է եկեղեցւոյ հանդէպ։
Տ. Բարսեղ ծայրագոյն վարդապետին մէջ մանկական բան մը կար։ Անմեղութիւն մը, որ տարիները չէին մաշեցուցած։ Բարութիւն մը, որ չէր կոշտացած կեանքի փորձառութիւններէն։ Իր մէջ կը բնակէր պարզութիւն մը՝ հազուագիւտ եւ թանկագին, մանաւանդ այն միջավայրերուն մէջ, ուր կեանքը յաճախ կը կոփէ եւ կը խստացնէ մարդը։
Իր ժպիտը կը յիշեմ՝ մեղմ ու լուսաւոր, երբեմն՝ խոնարհ ամչկոտութեամբ երանգուած։ Կը յիշեմ նաեւ իր լուրջ ու մտահոգ դէմքը, երբ աշխարհի եւ եկեղեցւոյ հարցերը կը ծանրանային իր հոգիին վրայ։ Այդ երկու երեսները՝ մանկական պարզութիւնն ու հասուն մտահոգութիւնը, տարօրինակ ներդաշնակութեամբ կը միաձուլուէին իր մէջ։
Սակայն իր մէջ կար նաեւ արդար բարկութիւն մը՝ սրտէն բխած եւ սիրով սնուցուած։ Երբ կը տեսնէր անտարբերութիւն, անփութութիւն կամ անարդարութիւն՝ եկեղեցւոյ, ժառանգութեան կամ ժողովուրդի նկատմամբ, իր ձայնը կը խստանար, խօսքը կը սրուէր։ Այդ պահերը երբեք չէին ծնիր անձնական վիրաւորանքէ, այլ՝ խոր պատասխանատուութենէ։ Հայր-սուրբը չէր կրնար անտարբեր մնալ այն բաներուն հանդէպ, որոնք իր համար սրբազան էին։ Իր բարկութիւնը կարճատեւ էր, բայց անկեղծ․ արդար էր, որովհետեւ բխած էր սիրոյ եւ նախանձախնդրութեան աղբիւրէն։
Պարտաճանաչ էր մինչեւ մանրամասնութիւնները։ Նուիրուած՝ առանց աղմուկի։ Բարեհամբոյր՝ առանց ձեւականութեան։ Իր ներկայութիւնը կը ներշնչէր վստահութիւն եւ հանգստութիւն, իսկ երբեմն նաեւ՝ արթնութիւն։ Իր հետ ունեցած ամէն հանդիպում, ամէն զրոյց, այսօր կը վերածուի յիշողութեան գանձի։
Զինք պիտի կարօտնա՜մ շատ… Կան մարդիկ, որոնց բացակայութիւնը տարածութեան հարց չէ, այլ՝ ներքին լռութեան մը, որ յանկարծ կը ծնի սրտի մէջ։ Ան այդպիսին էր։
Երբեք պիտի չմոռնամ իր ժպիտը։ Երբեք պիտի չմոռնամ իր մտահոգ, բայց սիրով լեցուն հայեացքը։ Երբեք պիտի չմոռնամ նաեւ այն պահերը, երբ արդար բարկութեամբ կը խօսէր՝ պաշտպանելով այն, ինչ իր սրտին համար անփոխարինելի էր։
Անոնք, որոնք կը հեռանան այս աշխարհէն լուռ եւ խոնարհ կերպով, յաճախ ամենախոր հետքն են ձգողը։ Տ. Բարսեղ ծայրագոյն վարդապետը այդպիսիներէն էր։ Ան կը հեռանայ, բայց կը մնայ։
25 փետրուար 2026-ին, Երուսաղէմի մէջ, Տէրը զինք կանչեց Իր քով։ Հայր-սուրբը իր երկրային ուխտագնացութիւնը աւարտեց այն սրբավայրին մէջ, ուր անցուց իր կեանքի մեծագոյն մասը՝ ծառայելով Սուրբ Տեղեաց եւ Տիրոջ ժողովուրդին։
Այսօր, երբ կը յիշենք Տ. Բարսեղ ծայրագոյն վարդապետը, կը տեսնենք լուռ ծառայութեան օրինակ մը, վանական խոնարհութեան կենդանի մարմնացում մը եւ եկեղեցւոյ հանդէպ անսասան նուիրումի վկայութիւն մը։ Իր կեանքը դարձաւ աղօթք, իսկ աղօթքը՝ իր կեանքը։
Սրտանց ցաւակից եմ Սբ. Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեան՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ։ Թող Տ. Բարսեղ ծայրագոյն վարդապետի յիշատակը օրհնութեամբ մնայ բոլորիս սրտերուն մէջ, եւ թող Տէրը արժանացնէ Իր այս հաւատարիմ ծառան երկնային լոյսին ու յաւիտենական հանգստեան։
«Յիշեսցէ Տէր զհոգի ծառային Իւրոյ եւ հանգուսցէ զնա ի լոյս երեսաց աստուածութեան Իւրոյ․ ամէն»։
ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
