ԱԼ-ՄՈՒԹԱՆԱՊԻ ՓՈՂՈՑԸ

-Քնանա՞լ կ՚ուզես:

Առաւօտեան ժամը չորսին, դրան զանգը կ՚արթնցնէ քեզ: Գիտես այցելուն, սակայն անքունութիւնը ոստիկանէն աւելի զօրաւոր է: Առաւօտեան ժամը իննին, գրասենեակդ կ՚երթաս աշխատելու: Նախքան լուրերը կարդալդ, կը վայելես գաւաթ մը սուրճը: Ամէնօրեայ այցելուդ կու գայ եւ կ՚ըսէ. հետս եկուր: Կը հարցնես անոր. ձերբակալութի՞ւն, թէ՞ հարցաքննութիւն: Կ՚ըսէ. չեմ գիտեր: Կը հարցնես անոր, որ հետդ առնե՞ս ակռաներու խոզանակդ, սափռուելու գործիքներդ, ներքնաշորերդ. կը պատասխանէ. ժամանակ չկայ:

Սպային առջեւը կը նստիս: Քաղաքավարութեամբ կ՚ըսէ քեզի, Հերթսէլի նկարին տակէն. 

-Պատիւ է ինծի համար քեզ ձերբակալելը:

Կը հաճոյանաս անոր.

-Ինծի համար ալ պատիւ է, որ քեզի այս չարիքը շնորհեմ: Սակայն, կը բարեհաճիս ըսել ինծի, թէ ի՞նչ է յանցանքս:

Կ՚ըսէ քեզի.

-Դուն կը մեղադրուիս ձմերուկ մը պայթեցնելուն մէջ՝ կրկէսին դիմաց, որով պետութեան անվտանգութեան դպչած ես:

Ձմերուկ, պետութիւն եւ կրկէս. հազուադէպ ներդաշնակութիւն: 

Ձերբակալութեան օրինական ժամկէտը կը լրանայ: Ամէն ինչ այնտեղ օրինական է: Կ՚ենթադրես, որ քեզ դատարան պիտի տանին, որով կը վայելես դիտելով ինքն իրմով հիացող քաղաքդ՝ ոստիկանական օթոյի ճաղերուն միւս կողմէն: Կամ ալ յոյս կը փայփայես, ըստ սովորութեանդ եւ կը կռահես, թէ քեզ ազատ պիտի արձակեն:

-Սպասէ՛ քիչ մը:

Կը բողոքես՝ ապաւինելով օրէնքի ծայրին, բայց կ՚ըսեն քեզի.

-Ձերբակալութեան օրինական ժամկէտը լրանալէն ետք, տակաւին քեզ մէկ ժամ իսկ չեն պահած… ի՞նչ կը կարծես: Այստեղ օրէնքն է: Այստեղ Իսրայէլ է եւ ո՛չ թէ արաբական աշխարհը:

Կը մտածես արաբական աշխարհին մասին, որով սրտնեղութիւնդ կը խառնուի երազին… ու կը սպասես: Եւ ի՞նչ կը սպասես…: Քննիչ սպա՞ն, թէ՞ արաբական աշխարհը:

Ապա կը մտցնեն քեզի ուրիշ սենեակ մը: Այնտեղ կը տեսնես սպաներ եւ ծեր կին մը: Սպաներէն մէկը կը հարցնէ քեզի, եթէ եբրայերէն գիտես, ապա կը կարդայ քեզի մեղադրանքներու ցանկը: Դուն կը մեղադրուիս Իսրայէլ պետութիւնը քանդելուն մէջ:

Կը հարցնես.

-Նկատի ունիս պետութի՞ւնը, թէ՞ ձմերուկը:

Տգեղ ծեր կինը կ՚ըսէ քեզի.

-Յարգէ՛ դատարանը:

Զարմանքդ կը յայտնես.

-Ո՞ր դատարանը:

Ճահիճէն եկող ձայն մը կ՚ըսէ քեզի.

-Ա՛յս է դատարանը եւ ես ալ դատաւորն եմ [ծեր կինն է ըսողը]:

Այն ատեն կը հասկնաս, թէ յարգած են քեզ եւ քեզի համար դատարանը տեղափոխած են բանտ, սակայն կը մերժես անոնց քեզի ըրած այդ մեծարանքը:

-Ո՛չ, տիկին: Ո՛չ այս տեղը դատարան է եւ ո՛չ ալ դուն դատաւոր ես. այստեղ բանտ է եւ դուն բանտապահուհի ես:

Նիստը կ՚աւարտի, ձերբակալութեան ժամկէտը երկարաձգելով:

***

Տուն կը վերադառնաս վարձակառքով (taxi):

Վարորդին հետ մաքուր երբրայերէնով կը խօսիս: Տեսքդ չի՛ յայտներ ինքնութիւնդ: Վարորդը կը հարցնէ քեզի.

-Դէպի ո՞ւր, պարոն:

Կ՚ըսես.

-Ալ-Մութանապի փողոց:

Ծխախոտ մը կը վառես քեզի եւ վարորդին համար, որովհետեւ կիրթ է: Յանկարծ կ՚ըսէ.

-Ըսէ՛ ինծի, մինչեւ ե՞րբ պիտի տեւէ այս զզուելի վիճակը…, յոգնեցանք այլեւս:

Կը կարծես, թէ յոգնած է պատերազմական վիճակէն, հարկերու բարձրացումէն եւ կաթի սղնալէն: Կ՚ըսես անոր.

-Իրաւունք ունիս…, յոգնեցանք:

Կը շարունակէ.

-Մինչեւ ե՞րբ մեր պետութիւնը տակաւին պիտի պահէ այս արաբական զզուելի անունները: Պէտք է բնաջնջենք զանոնք եւ ջնջենք անոնց անուններն ալ գոյութենէն: 

Կը հարցնես անոր.

-Ո՞վ են ատոնք:

Անարգական ձեւով կ՚ըսէ.

-Արաբները, բնականաբար:

Կը հարցնես անոր պատճառին մասին, կ՚ըսէ.

-Որովհետեւ զզուելի են:

Անոր հնչիւնէն կը հասկնաս, որ ներգաղթող մըն է, Մըրաքըշէն եկած: Կը հարցնես անոր.

-Ես ա՞յդ աստիճանի զզուելի մըն եմ: Կամ դուն, ինձմէ աւելի՞ մաքուր ես, օրինակի համար:

Կը զարմանայ հարցումէդ:

-Ի՞նչ նկատի ունիս:

Կը հարցնես անոր, որպէսզի խելացի ըլլայ, կը գիտակցի, բայց չի՛ հաւատար:

-Խնդրեմ, բաւարար է կատակ ընես:

Երբ քարտդ կը տեսնէ, կը հաւատայ, թէ արաբ ես: Կ՚ըսէ.

-Նկատի չունիմ քրիստոնեաները, նկատի ունիմ իսլամները:

Կ՚ըսես անոր, թէ իսլամ ես: Կ՚ըսէ.

-Նկատի չունիմ իսլամները…, այլ՝ նկատի ունիմ գիւղացիները:

Կ՚ըսես անոր թէ գիւղէ մըն ես, որ քու պետութիւնդ քանդած է զայն՝ իր ուզածին պէս եւ ջնջած է անոր գոյութիւնը՝ ինչպէս ուզած է, կ՚ըսէ.

-Ամենայն յարգանք պետութեան:

Ինքնաշարժէն կ՚իջնես ու կ՚որոշես քալելով վերադառնալ տուն: Կարդալու յանկարծակի մարմաջ մը կը հարուածէ քեզ՝ կարդալու փողոցներուն անունները: Իրապէս, ջնջած են անոնց անունները. Սալահ ալ-Տին Շըլոմօ եղած է:

Դուն քեզի կը հարցնես.

-Ինչո՞ւ ալ-Մութանապի անունը պահած են:

Իսկ երբ ալ-Մութանապի փողոցը կը հասնիս, առաջին անգամ ըլլալով կը կարդաս անունը՝ եբրայերէն. այնպէս կը թուի քեզի, թէ «Ալ-Մոնթ Նըֆի» է եւ ո՛չ թէ ալ-Մութանապի, ինչպէս կը պատկերացնէիր:  

(«Տխրութեան սովորական օրագիր»)

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2025