ՍՈԼԻՍՏԸ

Քանի մը շաբաթ առաջ լաւ ու վատ կոչած իմ համերգներուս մէջ՝ լաւ համերգներէն մէկն էր ասիկա. թերեւս ալ՝ լաւագոյններէն, անմոռացներէն մէկը։ 

Այդ տարիներուն, Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբը հիմնելու կամ վերստին հիմնելու մտադրութեամբ Երեւան հրաւիրուած էր ամերիկահայ խմբավար Արամ Ղարաբէկեան։ 

Կը յիշեմ անոր եզակի ջանքերով հաւաքուած այն ատենուան լաւագոյն երաժիշտները՝ ջութակահարները, ալթիստները, թաւջութակահարներն ու քոնթրպասիստները։ Կը յիշեմ նաեւ անոնց որպէս Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբ՝ տուած առաջին համերգը։ 

Բացառիկ։ 

Բառին բո՛ւն իմաստով, բացառիկ խմբավար մըն էր մաէսթրօ Արամ Ղարաբէկեանը։ Դեռ ուսանած տարիներուս հասցուցած էի տարբերել զինք դիտելով քեզ վանող եւ ընդհակառակը՝ իր շարժուձեւերով ու արտայայտութիւններով գրաւող, դէպի երաժշտութիւն քաշող եզակի խմբավարը։ 

Ճի՛շդ անոնցմէ մէկն էր Ղարաբէկեանը։

Երեւանի Քամերային երաժշտութեան տան դահլիճի մտերմիկ կառուցուածքը, բարեբախտաբար, թոյլ կու տար մօտիկէն հետեւելու խմբավարին շարժումներուն, շնչառութեան, իսկ աջ ու ձախ կողմերը նստելու պարագային՝ դէմքի լրի՛ւ արտայայտութիւններն ալ տեսնելու։ Եթէ երաժշտութիւն լսող ես, եթէ կայ մէջդ այդ հուրն ու տարփանքը, ուրեմն այս բոլորը անպայմանօրէն նշանակութիւն ու արժէք ունենալու են քեզի համար։ 

Այդպիսին էի ես։ 

Ուսմանս տարիներուն ընթացքին, այս նուագախումբին ու անոր խմբավարին անունը կրող բոլոր, անխտիր՝ բոլոր համերգներուն ներկայ եղած եմ եւ ահա՛ անոնցմէ մէկն էր գերմանացի երաժշտահան Ռիխարտ Շթրաուսի «Metamorphosen» ստեղծագործութեան կատարումը։ 

Առանց խորանալու, «Metamorphosen»ը 23 լարայիններու (10 ջութակ, 5 ալթ, 5 թաւջութակ եւ 3 քոնթրըպաս) համար գրուած ստեղծագործութիւն մըն է։ Յատկանշականը այն է, որ նշուած գործիքներէն իւրաքանչիւրը իրեն համար ունի գրուած յատուկ բաժին մը, որ միւս գործիքներու բաժիններուն հետ առնչուելով պիտի ստեղծէ ընդհանուր «Meramorphosis»ը։ Այլ ձեւով կրնանք սապէս ներկայացնել այս ստեղծագործութեան առանձնայատկութիւնը՝ 23 սոլիստներու համար գրուած ամբողջականութիւն մը։ 

Ի՛նչքան գրեմ, բարեկամներ, առաւելաբար՝ երաժշատասէր բարեկամներ, իրօք՝ լսել պէտք է։ Եթէ չէք լսած, վստահեցէ՛ք, որ կերպարանափոխութիւն մը կ՚ապրիք՝ յիրաւի։

Քիչ մը պրպտելով, դժուար չէր գիտնալ, որ Երկրորդ աշխարհամարտի մօտաւորապէս աւարտին գրուած գործ մըն էր «Metamorphosen»ը, որուն ընդհանուր մթագնութիւնն ու ողբերգական տրամադրութիւնները կատարելապէս կ՚արտայայտեն հեղինակին ալ նշած՝ քաղաքակրթութենէ հեռու իրավիճակը։

Անցնիմ ամենակարեւորին.

Համերգի ազդին մէջ նշուած էր, որ այս ստեղծագործութեան կատարումը Հայաստանի մէջ փրեմիէրա (առաջին կատարում) մը պիտի ըլլար։ Այդ օրերուն հեռատիսիլի տարբեր կայաններ կը խօսէին այս համերգի պատրաստութիւններուն մասին։ Մաէսթրօ Ղարաբէկեանը յատկապէս կ՚ընդգծէր նուագողներէն իւրաքանչիւրին դերին կարեւորութիւնն ու անոր վարպետութեան անհրաժեշտութիւնը։ Կրկնուող տեսերիզները յաճախ ցոյց կու տային խստապահանջ խմբավարը գոհ պահելու բարձր նպատակին հասնելու համար ժամե՜ր շարունակ աշխատող երաժիշտները եւ այս բոլորը բազմապատիկ սրած էր առաջին այդ կատարման անհամբերօրէն սպասող թէ՛ հանդիսատեսին, թէ՛ երաժիշտին լարուածութիւնը։ 

Համերգը սկսած էր։

Դահլիճը՝ քար։ Մօտաւորապէս 23-25 վայրկեան տեւողութիւն ունեցող ստեղծագործութեան դեռ սկիզբն էր, երբ ալթիստներէն մէկը յուզմունքէն լալու սկսաւ։ 

Անձնապէս ինծի համար նորութիւն մըն էր ասիկա։

Աչքը իր առջեւ դրուած նօթաներուն, աղջիկը կը նուագէր, լալո՜վ կը նուագէր… Կատարելապէս երաժշտութեամբ տարուած ըլլալովս հանդերձ կը մտածէի. հիմա ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Նուագողին լացը ինքըստինքեան պիտի դադրի՞, յուզմունքը պիտի անցնի՞, մաէսթրոն բան մը պիտի ընէ՞, կրնա՞ր նուագողը քուլիս ղրկել, օրինակ։ Չէր կրնար. 23 սոլիստներէն մէկն էր ան։ 

Խոհերս կը շարունակուէին.

Լալէն կարմրած անոր աչքերը, այտերը, հոսող արցունքները զինք, քովինները չէի՞ն խանգարեր, թէ՞ մենք պարզապէս դիմացն էինք այս կատարուածին եւ մեզի համար ա՛յլ էր պատկերը։ Հո՛ն, բեմին վրայ իւրաքանչիւրն իր բաժինով տարուած, թերեւս չէին նկատած… 

Այսօր կը հասկնամ, որ սա՛պէս մտածելս, օր ու գիշեր ժամե՜ր շարունակ փորձերու ընթացքին միասին նուագող, մարդոց մատուցուելիք ամբողջակա՜ն այդ կառոյցը շիւղ առ շիւղ միասի՛ն հիւսող երաժիշտները կատարման օրը մտքիս մէջ՝ իրարմէ անջատելս ու անոնց՝ զիրար կամ իրենցմէ թէկուզ մէկուն յորդած յուզմունքը չզգալը ենթադրելս միա՛յն ու միայն իմ թերահասութեան արդիւնքն էր։

Սխալած էի՝ չարաչար։

Յուզմունքէն լացող ալթիստը չէ՛ր կրնար խանգարած ըլլալ թերեւս չլացող, բայց այդ յորձանուտէն հաւասա՛րապէս անցնող իր բոլոր ընկերները։ 

Աղջկան լացը չդադրեցաւ։

Ստեղծագործութիւնը վերջացաւ։ 

Ինչպէս միշտ, առաջին խոնարհումէն վերջ մաեէսթրոն քուլիս գնաց, քրտնած դէմքը լուացած ու մազերը թրջած վերադարձաւ բեմ, իր երաժիշտները ոտքի հանեց եւ ծայր մը քաշուեցաւ խումբին արժանացած ծափահարութիւնները միասին վայելելու համար։ 

Ոտք-ոտքի դրած կը լսենք ու ամենայն հեշտութեամբ կը դատենք, բայց՝ գիտցողը գիտէ, տքնաջան աշխատանք է։

Հապա լացող ալթիստը՞…

Բուռն ծափահարութիւններուն մէջ, իրեն մօտեցաւ մաէսթրոն, աղջիկը գլուխը խոնարհեց՝ կարծես ներողամիտ ըլլար իր լալուն համար… հմուտ երաժիշտը խմբավարի իր գաւազանը դեռ բռնած ձեռքերուն մէջ առաւ աղջկան ձեռքերը, ամուր սեղմեց, ջերմօրէն գրկեց իր երաժիշտը ապա՝ մնացած նուագողներու շարքին, ճի՛շդ անոր քովը կենալով հաւասարապէս ցոյց տուաւ քսաներեք նուագողները։

Չլսած, բայց սրտովս ընկալած խօսքերէն գեղեցկագոյնը կրնար ըլլալ այս պատկերը. 

«Ահա՛ մեր աշխատանքը, ահա եւ՝ մենք»։

Մէկէն իջած արցունքը բոլորի՛ն յուզմունքն էր, իսկութեան մէջ։ 

Խմբովին աշխատելու, միասնական նպատակ մը ունենալու, սիրով, հաւատքով միասին սխալելու, կրկնելու, միասին յոգնելու եւ այդ նպատակին հասնելու յուզմունքը իրօ՛ք վայելելու հաճոյքը այդ օրը աչքիս առջեւ տեսած, զգացած ու վստահած էի, որ «Metamorphosen»ը այլեւս չեմ մոռնար ես…

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երկուշաբթի, Յուլիս 28, 2025