ՆԻԿԻՈՅ ՍՈՒՐԲ ԺՈՂՈՎԸ՝ 325 Թ.
Նախկին դարերուն եկեղեցիները կը կառավարուէին առաքելական, սուրբ հայրերու եւ ժողովներու կանոններով՝ որոնք տարածուած էին բոլոր քրիստոնեաներու մէջ՝ բերանացի աւանդական եւ գրաւոր առանձին կանոններու ձեւով։ Գրաւոր կերպով եւ կանոնաւորուած 500 թուականներուն հռովմայեցի Դիոնեսիոս Կրտսերը կազմեց կանոններու առաջին ժողովածուն՝ թարգմանելով յունարէնէն լատիներէնի 10 ժողովներու կանոններ՝ 4 տիեզերական եւ 6 տեղական, սկիզբին ալ գրեց 50 Առաքելական կանոններ։
565 թուականին Յովհան Սքոլաստիկոսը հրատարակեց նոյն ժողովածուն աւելի կարգաւորուած եւ յաւելւածով։
Բացի եկեղեցական հրատարակութիւններէ սկսան դուրս գալ նաեւ քաղաքացիական օրէնքներ եկեղեցւոյ կառավարութեան վերաբերեալ։ 438 թուականին Կոնստանդիանոս Մեծէն սկսած մինչեւ Թէոդոս Մեծը հրատարակուած բոլոր օրէնքները համախմբուեցան Թէոդոսի օրէնսգրքի մէջ, որ կը կոչուի «Codex Theodosianus», ապա 534 թուականին անոնք մուծուեցան Յուստինիանոսի օրէնսգրքի մէջ՝ «Codex Justinianeus», որ բաժնուած է 12 գիրքի։
Կոնստանդին Ա. Մեծ (306-337), Հռովմի կայսր եւ Կ. Պոլսոյ հիմնադիր՝ որուն օրով քրիստոնէութիւնը ճանչցուեցաւ իբրեւ «հանդուրժելի կրօն» Հռովմէական կայսրութենէն, հրաւիրած է Նիկիոյ Տիեզերական ժողովը։
Ընդհանուր եկեղեցական կեանքը անփոփոխ, պնդացած ձեւեր չի ներկայացներ, ան մշտապէս կենդանի, գործունեայ ըլլալով՝ պէ՛տք է իր նոր երեւոյթները յարմարեցնէ դաւանանքի սկզբունքներու հետ։ Արդ, ո՞վ է եկեղեցւոյ մէջ օրէնսդրական մարմինը եւ կարգաւորող ուժը՝ Ազգային ժողո՞վը, հոգեւորականութի՞ւնը, թէ եկեղեցւոյ պետե՞րը։ Այստեղ կանոնիկներու կարծիքները կը տարբերին, Հռովմէական եկեղեցին կ՚ընդունի Պապի «անսխալականութիւն»ը եւ անոր միակ հեղինակութիւնը՝ կառավարելու Եկեղեցին եւ կանոններ սահմանելու։ Միւս եկեղեցիները կ՚ընդունէին միայն ընդհանուր եկեղեցական ժողովներու հեղինակութիւնը։
Հայերը ընդհանուր եկեղեցական ժողովներու հեղինակութիւնը կ՚ընդունէին միմիայն մինչեւ 450 թուականը եւ անոնց համար պարտաւորական ուժ ունէին Նիկիոյ, Պոլիսի եւ Եփեսոսի Տիեզերական ժողովները։ 450 թուականէն առաջ ալ, յետոյ ալ այդպիսի հեղինակութիւն ունէր հայոց համար միմիայն հայոց Ազգային Եկեղեցական ժողովը, իսկ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսներու կարգադրութիւնները՝ իբրեւ Օրինապահի եւ Աւանդապահի, կ՚ընդունուէին միմիայն այդ դէպքին՝ երբ կը յենուէին հայոց ժողովներու եւ ժողովրդական-աւանդական սովորութիւններու վրայ։
Նիկիոյ ժողովի կանոններուն մէջ յիշուած «եկեղեցական կանոն», «կանոն», «առաքելական կանոն» խօսքերը կը վերաբերին ուղղակի առաքելական կանոններուն։ Բացի Նիկիոյ ժողովէն՝ ե՛ւ միւս Տիեզերական ժողովները, ե՛ւ յատկապէս Անտիոքի ժողովը մեծ յարգանքով կ՚ընդունուէին անոր եւ անոնց հիման վրայ խնդիրներ կը վճռուէին։
Նիկիոյ ժողովի թուականի մերձաւոր ժամանակներուն կար ժողովածու՝ մօտ այն ձեւին, որ կը գործադրուի մինչեւ իսկ մեր ժամանակներուն։
Հայ Եկեղեցական իրաւունքի ընդհանուր աղբիւրներու չորրորդ բաժինը կը կազմեն երեք տիեզերական ժողովները։
Մինչեւ Դ. դարը Եկեղեցին կը կառավարուէր Առաքելական աւանդութեամբ եւ եկեղեցւոյ մէջ մտած սովորութեամբ։ Եկեղեցիներու միութիւնը, կապը, իրարու հետ ունեցած հաղորդակցութիւնը, պաշտպանութիւնը, կռիւը եւ դիմադրութիւնը կռապաշտութեան եւ հալածանքներու դէմ կ՚ըլլար ուղղակի՛ Աւետարանի գծած ճանապարհով, այն է՝ բանադրանքով, եկեղեցիէն հեռացնելով եւ միացած ուժերով դիմադրելով բռնի ուժերուն։ Դ. դարուն հանգամանքները փոխուեցան, երբ քրիստոնէութիւնը դարձաւ Հռովմէական կայսրութեան մէջ տիրապետող ուժ-կրօն, քաղաքացիութիւն ստացաւ. այն ժամանակ եկեղեցիները, մարմնաւոր իշխանութեան աջակցութիւնը եւ պաշտպանութիւնը ստանալով, կարողացան ազատ կերպով կայսերական հրովարտակներով ընդհանուր ժողովներ կազմել, միութիւնը ամրացնել եւ ընդհանուր կանոններ սահմանել բոլոր եկեղեցիներու համար։
Դ. դարուն եկեղեցական կանոններու գործադրման օգնեցին քաղաքական օրէնքները, եկեղեցական կանոնները ստացան քաղաքական օրէնքի ուժ։ Կոստանդիանոսի, Թէոդոսի եւ Յուստինիանոսի ամենամօտիկ աջակցութիւնը եւ պաշտպանութիւնը եկեղեցիին տուաւ արտաքին քաղաքացիական ուժ։
Որպէսզի ընդհանուր Եկեղեցական եւ Տեղական ժողովներու եւ սուրբ հայրերու կանոնները միանման եւ հետեւողական համակարգով գործադրուին բոլոր քրիստոնեայ աշխարհներու մէջ, ուշադրութիւն դարձուցին կազմելու ընդհանուր ժողովածուներ, նոր կանոններ մշակելու՝ միշտ ի նկատի ունենալ հին եւ նախկին ժողովներու կարգադրութիւնները
Հայ Եկեղեցւոյ մէջ մինչեւ 440 թուականը արդէն թարգմանուած կային երեք Տիեզերական ժողովներու Առաքելական կանոնները եւ գործադրութեան մէջ էին։
Նիկիոյ ժողովին մասնակցեցան 318 հայրապետ, որոնց մէջ էր Ս. Լուսաւորչի որդին Արիստակէս…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 27, 2025, Իսթանպուլ