ԹՇՈՒԱՌՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱՆՀԱՏԸ ԻՐԵՆՑ ԳՈՅԱԲԱՆԱԿԱՆ ՈՒ ԱՌՕՐԷԱԿԱՆ ԵՐԵՍԱԿՆԵՐՈՎ

Մեր քաղաքակրթական գործադրոյթը ինքնաբերաբար տիեզերական է եւ այսպէս ըսած՝ սրբածին առօրէական։ Եւ այս կէտին մարդկային էութիւնը ինքնզինք կը գտնէ ամբողջական գերազանցութեան ու կորսուածութեան միջեւ։ Իսկ գործաւորումն ու գործադրումը յաճախ մեզ տարած է դէպի անդունդ ու անյայտութիւն։

Պատկերացման, երեւակայութեան անսահմանութեան եւ անտրամաբանութեան գործադրումին ու իրագործման օրինաչափութեան մէջ եղած յաւերժական տարբերութիւններն ու յաճախ հակասութիւնները՝ ինչքան ալ մեզ մղած են ահռելի անըմբռնումներու, մենք ցարդ մշտապէս նախընտրած ենք երեւակայութիւնը եւ նոյնիսկ մեր իրագործած իրականութիւնը ցած դասակարգած ենք իրականութեան ունեցած ու ակամայ կերտած իրականութենէն, նոյնիսկ տեղ մը վանած, վախցած եւ ուրացած ենք զայն:

Վերադառնալով թշուառութեան արմատներուն ու մարդկութեան թշուառ ու չփրկուող հանգամանքին՝ կրնանք ըսել, որ կը թուի, թէ այդ մէկը ծագումէն ի վեր համատարած էր, տիրական ու անյաղթահարելի:

Թշուառութիւնը ի ցոյց մարդկան չ՚ըլլար, թշուառութիւնը չի բաժնուիր մասերու եւ չ՚ընդհանրանար. թշուառութիւնը միանձնեայ է ու տեւական: Այո, մենք արհեստագիտական յառաջդիմութեամբ յայտնապէս կամաց-կամաց կը մօտենանք մարդկային մարմնական թշուառութեան յաղթահարման եւ շատ հաւանական է, որ յառաջիկային վերջնականապէս յաղթահարենք չքաւորութիւնը եւ մարդկութիւնը լրիւ դառնայ ինքնաբաւ ու առանց զրկանքներու, տանջանքներու ապրի: Բայց, մեր յաւիտենական հարցը պիտի մնայ անլուծելի. այդ մէկը ընկերաբանական, հոգեբանական ու ոգեղէն մեր թշուառութիւնն է: Ինչպէ՞ս յաղթահարել զայն, ինչպէ՞ս փոխել ընդհանուր մարդկութեան ո՛չ միայն ՏՆԱ-ն, այլ ինքնին մարդ տեսակը: Դժուար է պատասխանել այդ հարցումին: Այդ տարածուող ու մա՛նաւանդ մեր դարուն կեանքի փիլիսոփայութիւն դարձած միտքը՝ պարզօրէն ապրելու ու առաւելագոյնը վայելելու, կը թուի կլանող։ Վայելել մինչեւ գոգը ապրուածութեան, փորձելով մաշեցնել ու մաշեցնել թշուառութիւնը ակամայ, ի հեճուկս մարդկային մեծ պատուէրի չգոյութեան կամ նոյնիսկ գոյութեան՝ անհատական մակարդակով վայելքը իբրեւ համամարդկային թշուառութեան մաշեցնելու միջոց օգտագործելուն:

«Վայելել մարմնի բոլոր բջիջներով ու մարմինը վերածել հաճոյականութեան ու ըմբոշխման-տառփանքի բացարձակ աղբիւրի, միեւնոյն ժամանակ հոգիի անձնական շրջագիծը յայտնաբերել, ընդլայնել ու տեղ մըն ալ խզել զայն», հաւանաբար այս համարուի անհատական ձեւի կամ անձնականութեան բաղադրադրոյթի բնաբանը՝ իմանալով հանդերձ, որ անկարելի համադրում մըն է այս մէկը:

Հոգեկան-ոգեղէն թշուառութիւնը անյաղթահարելի է՝ միաժամանակ արուեստագիտականօրէն ու գոյաբանութեամբ կլանիչ, այն մարդկային լինելութեան հիմնական հարցերէն մէկն է: Թշուառական-տառապեալ ըլլալու հանգամանքը կը դրսեւորուի մարդկային ապրուստի անհեթեթութեան հետ, ինչ որ անհեթեթ դպրոցի դիտարկումով լաւ բացատրուած է: Թշուառ ենք բոլորս մեր մինակութեան մէջ՝ մա՛նաւանդ թշուառ ենք ժամանակային ու յաւերժական մօտեցումներով, իսկ ամենակարեւորներէն մէկը՝ որ թշուառ ենք մտածումի ու իմացական այն եզրակացութիւններով, որ մենք անցողիկ ենք, մինչ այդ, յաւերժական ըլլալն իսկ մեզի համար լուծում չէ:

Տեղ մը մեր երջանկութիւնը կը կայանայ հանգրուանալուծման ու վազքի ժամանակային ընդելուզման, համալրման ու համադրման մէջ, իսկ ստեղծագործական առաւելապաշտութիւնը որքան խորտակիչ է մեզի համար (սկսեալ աթոմական ռումբերէն՝ հասնելով լոյսի արագութեան ձգտումին), ան կը մնայ մեր ինքնագոհութեան հասնելու միջոցներէն մէկը, եթէ չըսենք ամենահիմնականը:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•շար. 6 եւ վերջ

Երեւան

Շաբաթ, Մարտ 29, 2025