«ՎԱՂԱՀԱՍ ՄԱՀԵՐԸ»

Մելգոնեանի վէրքը կը շարունակէ արիւնիլ… Ճիշդ է, որ Մելգոնեան վարժարանը վերջին տարիներուն գրեթէ ամէն օր աւերակի տեսք մը ունէր։ Քիչ չէին այն մերձաւորները, որոնք տարբեր առիթներով ու խօսելով Մելգոնեանի մասին՝ կը յարէին, թէ միշտ ալ նախընտրած են այդ դարաւոր դպրոցի դարպասին անգամ չմօտենալ։ Հոգեկտրում մը կար, տխուր վիճակ մըն էր, որ կը տարածուէր՝ մանաւանդ անոնց համար, որոնք յոյզով մը, յիշատակով մը, եռանդով մը կապ մը ունեցած էին Մելգոնեանի հետ։ Այն վսեմական երկու հայերու՝ Աղա Կարապետի եւ Աղա Գրիգորի նուիրատուութեամբ բարձրացուած Մելգոնեանի կառոյցը, այո՛, միայն շէնք մը չէր։ Աշտարակ մը չէր մութին մէջ, պատսպարան մը չէր միայն Կիպրոսի տապերուն դէմ կամ լոյսի ու կրթութեան օճախ մը չէր միայն… այլ ոգի էր։ Ու բնաւ զարմանալի չէ, որ հակառակ դպրոցի վերին կարգերու աշակերտաց ունեցած բարձրագոյն արդիւնքներուն եւ անոնց կրթական կեանքի շարունակականութեան ապահովման եւ այլ տարբեր նիւթերու հազարումէկ յաջողութիւններուն՝ այսօր իր փակուելէն քսան տարի անց Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը (ՄԿՀ) կը շարունակէ մնալ շատերու մտահորիզոնին վրայ։

Փակ է անոր մայր դարպասը, փակ են անոր երկու շէնքերու մեծ դռները, փակ է դէպի ամէնօրեայ սեղանատուն տանող գլխաւոր մուտքը։ Փակ է ամէն ինչ ու լուռ է անոր դարաւոր զանգը։ Ամայի է Մելգոնեանը, աւերակ է Մելգոնեանը եւ առաւելապէս տխուր է այդ պատմական կառոյցը։ Կարծէք պատերազմ մը անցած է անոր բակերէն, անոր դասարաններէն, սրահներէն ու անցքերէն։ Պատերազմն է կարծէք, որ հարուածած է Մելգոնեանը ու զայն վերածած ուրուականներու դպրոցի մը։

Մելգոնեան վարժարանի փակման պայմաններուն մասին շատ գրուած է։ Հազար փաստ ու հազար հաշուարկ ներկայացուած է հանրութեան, սակայն, երբ դէմ յանդիման կ՚ըլլանք մեր իրականութեան հետ ու մեր աչքերով կը տեսնենք Մելգոնեանի այսօրուան տխուր վիճակը, ապա բոլոր տեսակի, բոլոր մակարդակի հաշուարկներն ու ներկայացուած փաստարկները կը դառնան աւելորդ ու անիմաստ։ Նոյնիսկ հարցումները, թէ ո՞վ կամ ովքե՞ր պատճառ հանդիսացան Մելգոնեան վարժարանի փակման ու անոր զանգերուն լռելուն՝ կը դառնան աւելորդ, որովհետեւ մեծ հաշուով այդ հարցադրումներու պատասխաններն իսկ պիտի չկարողանան փարատել խնդրի իրական ծալքերն ու դպրոցը փակելու որոշման իրական հետեւանքները. հետեւանքներ, որոնք միայն հարուած չտուին Կիպրոսի հայկական համայնքին, այլեւ ունեցան կողմնակի ազդեցութիւններ սփիւռքահայ կրթական ամբողջ համակարգին վրայ։

Եթէ արագ հայեացքով մը փորձենք յիշել այն պայմանները, որոնց հետեւանքով Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) որոշեց փակել Մելգոնեանը, ապա պիտի ըսենք, որ այդ պարագային հիմնական մտահոգութիւնը Մելգոնեանի «նիւթական բեռ» ըլլալու վտանգն էր, որ կրնար ծանր նստիլ ՀԲԸՄ-ի ուսերուն։ Այս բոլորը դիտարկելէ անդին, սակայն, ամենաէականն ու ամենատխուր փաստն է, որ այսօր Մելգոնեանի վերաբերեալ յստակ եւ լուրջ ծրագիր մը չկայ։ Ու այս ընդհանուր վիճակով Մելգոնեանի փակման խնդրին մէջ կու գան իրենց մեղսակցութիւնը ունենալ բոլոր անոնք, որոնք միայն կը քննադատեն, քսան տարիէ ի վեր մեղաւորներ կը փնտռեն ու չեն գտներ։ Անոնք վերջին տարիներուն գոհացան միայն այս նիւթին մասին այստեղ ու այնտեղ խօսելով ու Մելգոնեանի հոգեհանգիստը հանրային կերպով կատարելով։ Ու մեղաւոր են անոնք, որոնք չեն խօսիր, ամենակարեւորը՝ Մելգոնեանի ու Մելգոնեաններու պարագային ամենէն աւելի խոցուած է մեր հաւաքական ոգին. այն «հայու ոգի»ն, որուն մասին գրած էր Մելգոնեանի երբեմնի «բնակիչ»ն ու սպասարկուն Վահան Թէքէեանը եւ ա՛յն հայու ոգին, որուն համար նոյն Բարեգործականի ամենավսեմ ու մեծանուն բարերարները պատրաստ էին տալ գրեթէ ամէն ինչ։ Ուրեմն մեր ոգին է, որ խոցուած է, մեր ոգին վիրաւոր է ու եթէ այս հունով շարունակուի, ապա նոյն այդ ոգեղէն անկումն ու կորուստը մեզի պիտի տանի անկումէ անկում։

Այսօր սփիւռքի չորս ծագերուն դպրոց փակելու օրակարգը բոլորիս համար ամենէն աւելի ցաւալի նիւթն է ու տխուր է՝ անոնք, որոնք կոչուած են տնօրինելու մեր ազգի գործերը, որեւէ առիթով չեն ընդունած իրենց սխալները, ոչ ալ պատրաստ են լսելու այն սրտցաւ ձայները, որոնք կը խօսին, կը բարձրաձայնեն Մելգոնեանի կամ սփիւռքի ամենահեռաւոր ծայրերու հայկական դպրոցի մը, դպրոցներու մահուան մասին ու կը տագնապին։ Ու այդ վաղահաս մահերը դեռ կը շարունակուին, դեռ պիտի շարունակուին այնքան ժամանակ, որ մենք ազգովին չենք գիտակցիր, թէ ինչքան ներուժ, ինչքան աւիւն եւ ինչքան եռանդ կը կորսնցնենք՝ պարզ անոր համար, որ Մելգոնեանի նման պատմութիւն կերտած ամրոց մը կը շարունակէ փակ պահել իր դարաւոր դարպասները…

Ի դէպ, այս մտորումները կ՚ունենամ ամէն անգամ, որ սփիւռքի կրթական իրականութեան մասին կը խորհիմ։ Կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի հետ հանդիպումը այս վերջին մտածումներու հենքը հանդիսացաւ։ Ուշագրաւ էր, անշուշտ, որ Մահտեսեան շատ գործնական առաջարկներ ներկայացուցած էր ՀԲԸՄ-ին ու այդ առաջարկներու հիմքին եղած էր՝ գտնել միջոցներ կամ դրութիւններ ՄԿՀ-ն վերաբանալու համար։ Միջոցներ կարելի է գտնել, սակայն, կարեւոր է, որ Բարեգործականը դարձեալ իր հիմնական սեղանին վրայ դնէ այս պատիւ բերող կրթարանին խնդիրը։ Մահտեսեան Մելգոնեան վարժարանի ճակատագրին մասին կ՚ըսէ.

«Կիպրահայութեան նկատմամբ թէեւ կառավարութեան կողմէ նեցուկ ցոյց տրուած է, սակայն, դժբախտաբար, մենք չենք կրցած բաց պահել Մելգոնեան վարժարանը։ Շատ դիւրութեամբ կարելի էր Մելգոնեանը պահել եւ ես այս հարցով շատ առաջարկներ ունէի, բայց, դժբախտաբար, արձագանգ չեմ ստացած»։ Թէ արդեօք կարելի՞ է Մելգոնեանը վերաբանալ… Մահտեսեան կը պատասխանէ, որ այո՛, բայց, որոշ նախապայմաններով։ «Նա՛խ, էական է, որ վարժարանը կուսակցական յարում չունենայ։ Պէտք է ըլլայ զուտ կրթական հաստատութիւն մը, որովհետեւ փաստուած է, որ մենք այդ հանդուրժողականութիւնը կամ այդ հասունութիւնը չունինք մեր տարբերութիւնները ընդունելու համար։ Դժբախտաբար, այդ կուսակցական մօտեցումը Մելգոնեանէն ներս ներածուեցաւ եւ տուժողը եղաւ դպրոցը։ 2006 թուականին երբ երեսփոխան ընտրուեցայ, առաջին փորձս եղաւ Մելգոնեանի հարուստ մատենադարանը փրկելը։ Կիպրոսի պետական համալսարանի վերատեսուչին հետ խօսեցայ, որպէսզի այդ գիրքերը ժամանակաւորապէս համալսարան փոխադրուէին՝ մինչեւ որ այլ լուծում մը մէջտեղ գար։ Կը հաւատամ, թէ այս առաջարկը, կրնար դուռը բանալ հայկական ամպիոնի մը՝ այն իմաստով, որ Մելգոնեանը վերաբացուէր բոլորովին այլ ձեւաչափով ու գործէր, որպէս հայագիտական ամպիոն։ Ներկայ նախագահը ընտրարշաւին ատեն ըսած էր, որ հայկական ամպիոնի մը ստեղծումը պիտի ապահովէ։ Եթէ գրադարանի գիրքերը հոն փոխադրուէին, հայկական բաժին մը ըլլար, այս մէկը շատ պիտի օգնէր մեզի՝ այդ նպատակին հասնելու», ըսաւ Մահտեսեան։

Մեր զրոյցին ընթացքին Մահտեսեան յիշեցուց, որ գիրքերը եթէ որոշ ձեւով չպահպանուին, ապա ժամանակ մը ետք փոշիէն, խոնաւութենէն կը փճանան։ «Ըսեմ նաեւ, որ շատ արժէքաւոր գիրքեր այդտեղէն կորսուած են։ Ասկէ տասնչորս-տասնհինգ տարի առաջ պաշտօնական այցով Պոլիս կը գտնուէի։ Հոն ունին «Գոց շուկա»ն, ուր շատ հայեր կան, տեսայ սեղան մը, որուն վրան հայկական գիրքեր կուտակուած էին։ Անոնցմէ մէկ-երկու հատը վերցուցի, բացի եւ մէջը տեսայ Մելգոնեան վարժարանի կնիքը։ Այդ գիրքերը հոն դրուած կը ծախուէին։ Մելգոնեանի վերաբացման առաջարկս այն էր, որ եթէ ելմտական տեսակէտով ձեռնտու չէր բանալը, ապա կրնայինք մենք դռները բանալ կիպրացի յոյներուն առջեւ։ Ընդհանուր դասերը աշակերտութիւնը միասին կրնան ընել, իսկ յատուկ՝ հայագիտական դասընթացքները հայ աշակերտութեան համար կ՚ըլլան։ Ասիկա ելք մըն է ելմտական հարցը լուծելու համար։ Այլ ծրագիր մը ունիմ, որ կ՚ուզեմ յառաջիկայ տարիներուն իրականացնել՝ հայկական թանգարանի մը ստեղծումով։ Ինչպէս գիտենք, մենք մեծ պատմութիւն մը ունինք եւ երկար դարերէ ի վեր հայութիւնը ներկայութիւն ունի Կիպրոսի մէջ։ Առաջարկս է Մելգոնեանի տնօրէնի տունը թանգարանի վերածել։ Ասոր կողքին ԹՈՒՄՕ (արդի արհեստագիտութեան) կեդրոն մը կրնայ բացուի։ Իսկ անոր կողքին լողարան մը կը կառուցուի եւ ամրան դռները կը բանանք մեր սփիւռքի երիտասարդութեան առջեւ։ Այսպէս, աշխարհի տարբեր երկիրներէ հայ երիտասարդութիւնը քով-քովի կը բերենք՝ նոր սերունդի համար ծրագիրներ մշակելով», աւելցուց Մահտեսեան։

Հուսկ, կիպրահայութեան ներկայացուցիչը դիտել կու տայ, որ այսպիսի նախաձեռնութեան մը պարագային կարելի կրնար ըլլալ կառավարութենէն կարեւոր աջակցութիւն մը ստանալ՝ մանաւանդ, որ 2002 թուականէն ի վեր Արեւմտահայերէնը պահպանեալ լեզու հռչակուած է։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մարտ 29, 2025