ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Յիմարին հետ պէ՞տք է վիճաբանիլ:

Պատասխան. Առակացին մէջ կը կարդանք. «Իմաստուն մարդը, երբ յիմարին հետ վիճաբանութիւն ընէ, թէ՛ սրդողի եւ թէ ծիծաղի՝ հանգիստ չ՚ըլլար» (Առ 29.11): Յիմարին, իմա՛ տգէտ մարդուն հետ վիճաբանութիւնը ո՛չ մէկ արդիւնք կամ օգուտ կու տայ, որովհետեւ այդպիսին ինքն իր աչքին ամենէն իմաստունն ու գիտունն է աշխարհին մէջ: Իսկ այդպիսի մարդու հետ վիճաբանիլը թէ՛ ժամանակի կորուստ է եւ թէ վտանագաւոր է, որովհետեւ անոր յամառութեան եւ յիմարութեան պատճառով ամենէն իմաստուն մարդն իսկ կրնայ մոլորիլ ու սայթաքիլ եւ բարկութեան պատճառով մեղքի ճիրաններուն մէջ կ՚իյնայ:

Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսին ուղղած իր երկրորդ նամակին մէջ հետեւեալը կը թելադրէ. «Երիտասարդական ցանկութիւններէն փախի՛ր, եւ արդարութեան, հաւատքի, սիրոյ, խաղաղութեան ու սրբութեան հետամուտ եղիր, անոնց պէս՝ որոնք մաքուր սիրտով կ՚աղօթեն Աստուծոյ: Յիմար եւ անօգուտ վէճերէ հրաժարէ՛, գիտնալով որ անոնցմէ կռիւներ կը ծագին: Աստուծոյ ծառան պէտք չէ կռուի, այլ պէտք է հեզ ըլլայ բոլորին հանդէպ, կարող ըլլայ Աւետարանը սորվեցնելու, ներողամիտ ըլլայ՝ որպէսզի քաղցրութեամբ խրատէ հակառակորդները, որովհետեւ Աստուած միշտ ալ առիթ կու տայ, որ անոնք դառնան իրենց սխալէն եւ ճշմարտութիւնը ճանչնան, եւ զգաստանալով՝ դուրս գան սատանային որոգայթներէն, որոնց մէջ բռնուած՝ անոր կամքը կը կատարեն» (Բ. Տմ 2.22-26): Առաքեալին խօսքերը պարզ են եւ ուղղուած են թէ՛ հոգեւորականներուն՝ Աստուծոյ ծառաներուն եւ թէ բոլորին, որոնք կ՚ուզեն Աստուծոյ հաճելի կեանքով ապրիլ ու Անոր կամքը կատարել:

Սուրբ Անտոն Անապատական կը գրէ. «Ուր որ վէճ կայ, այնտեղ Աստուծոյ Հոգին չկայ։ Ճշմարտութիւնը հեզութեամբ յայտնի կը դառնայ, ոչ թէ գոռալով»։ Քրիստոնեայ մարդը պէտք է զգուշանայ եւ յիմարին՝ տգէտին հետ վէճի չբռնուի, որով առիթ տայ, որ Սուրբ Հոգին իրմէ հեռանայ: Սուրբ Անտոնի խօսքերը շատ յստակ են. հոն ուր վէճ ու վիճաբանութիւն կայ, Սուրբ Հոգին այնտեղ ներկայ չ՚ըլլար, ընդհակառակը կը հեռանայ: Ճշմարտութեան համար կամ անոր սիրոյ մղածդ պայքարը պէտք է իրեն հիմք ունենայ խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, եւ ո՛չ թէ վէճը կամ պարտադրանքը: Սուրբ Հոգին խոնարհներուն ընդմէջէն կը խօսի եւ կը գործէ: Հետեւաբար, մարդ պէտք է ինքզինք հեռու պահէ սին ու փուճ վիճաբանութիւններէ, որոնք ո՛չ մէկ օգուտ կու տան մարդուն:

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կը գրէ. «Վէճը ծնունդ կու տայ գոռոզութեան, իսկ լռութիւնն ու խոնարհութիւնը՝ իմաստութեան»։ Երբ մարդ վէճի բռնուի յիմարին հետ, անոր պնդումներու եւ յամառութեան դիմաց կը կարծէ, թէ ինք իմաստուն է եւ պիտի յաջողի համոզել զինք եւ դարձի բերել: Այն ինչ այդ զգացումը կեղծ է եւ հակառակ ազդեցութիւնը կը գործէ տուեալ անձին վրայ եւ իմաստութեան փոխարէն անոր հպարտութիւն ու գոռոզութիւն կու տայ, որով ինչքան յիմարը՝ տգէտը յամառի իր կեցուածքին մէջ, այդքանով ան կը բարկանայ եւ նոյն ձեւով կը վարուի, որով կամաց կամաց դէպի մեղք կ՚երթայ: Այն ինչ եթէ մէկ կամ երկու անգամ խօսելէ ետք՝ հասկնայ, որ դիմացինը ո՛չ մէկ բան կ՚ընդունի, լռէ եւ լռութեամբ ու իր կեանքի օրինակով փորձէ բան մը հասկցնել դիմացինին, շատ աւելի օգուտ կրնայ բերել, քան անիմաստ վիճաբանութիւնները: Աւելին, այդ լռութիւնը տուեալ մարդուն իմաստութիւնը կ՚աւելցնէ, որով ան իմաստութեամբ գօտեպնդուած կը կարենայ դիմագրաւել նման պարագաներ:

Սուրբ Եփրեմ Ասորի կը գրէ. «Խօսքդ թող աղի պէս սրբող ըլլայ եւ ոչ թէ այրող կրակ։ Մի՛ վիճիր, եթէ ոչ՝ սիրով»։ Մենք կոչուած ենք աղ ըլլալու, ինչպէս կոչեց մեզ մեր Տէրն ու Փրկիչը Յիսուս Քրիստոս, ըսելով. «Դուք էք երկրի աղը: Բայց եթէ աղը իր համը կորսնցնէ, ինչո՞վ պիտի աղեն զայն: Այլեւս ո՛չ մէկ բանի կը ծառայէ, հապա զայն կը թափեն, եւ մարդոց ոտքի կոխան կ՚ըլլայ» (Մտ 5.13): Մեր Տէրը հրաւիրած է մեզ, որպէսզի աղ ըլլանք եւ համեմենք մեր շուրջիններուն կեանքը: Իսկ համեմելու՝ համ տալու համար կարիք ունինք, որ մեր իւրաքանչիւր խօսքը կ՚արտասանենք՝ սիրով շաղախուած ըլլայ, որպէսզի իր բարիքը եւ օգուտը տայ: Եփրեմ Ասորին ալ նոյնը կ՚ըսէ՝ աւելցնելով, թէ ո՛չ միայն պէտք է աղ ըլլանք, այլեւ պէտք է զգուշանանք, որ մեր խօսքը այրող կրակ չըլլայ, որով ո՛չ միայն մեր դիմացինը կ՚այրէ, այլեւ առաջին հերթին մեզ կ՚այրէ ու կը սպառէ, եւ մեզ կը թափեն ու մարդոց ոտքի կոխան կ՚ըլլանք:

Վարք Հարանցին մէջ հետեւեալ պատումին կը հանդիպինք վիճաբանութեան մասին:

* Երկու վանական եղբայրներ ծեր վանականի մը մօտ կ՚երթան, խորհուրդ հարցնելու համար անկէ: Կ՚ըսեն.

-Հա՛յր, մենք խաղաղութեամբ կ՚ապրինք, միասին կ՚աղօթենք, կ՚աշխատինք եւ մեզ ո՛չինչ կը բաժնէ: Միայն մէկ բան կը պատահի. երբեմն կը փափաքին նիւթի մը մասին քննարկում կատարել, բայց չենք համաձայնիր: Այն ատեն կը սկսինք վիճիլ այնքան՝ մինչեւ որ մեզմէ մէկը յաղթէ:

Ծերը կ՚ըսէ.

-Դուք վէ՞ճ ունիք։

Անոնք կը պատասխանեն.

-Այո՛, մանր բաներու մասին: Օրինակ, ինչը աւելի լաւ է, ջուր խմել եւ յետո՞յ աղօթել, թէ՞ աղօթել եւ յետոյ ջուր խմել:

Ծերը քար մը կը վերցնէ ու կ՚ըսէ.

-Կը տեսնէ՞ք այս քարը: Ասիկա՛: Սկսէ՛ք այս քարին հետ վիճիլ: Ցոյց տուէք, թէ ո՞վ է ճիշդը:

Եղբայրները զարմացած կը նային ու կ՚ըսեն.

-Բայց հայր, ատիկա քար է, ան չի՛ պատասխաներ:

Ծերը կը ժպտայ.

-Եթէ կը փափաքիք խաղաղասէր ըլլալ եւ Աստուծոյ մօտենալ, այս քարին պէս եղէք: Երբ մարդ կը լռէ, նոյնիսկ եթէ միւսը կը սխալի՝ անոր փոխարէն Աստուած կը խօսի:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 152

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յուլիս 29, 2025