ԷՋ ՄԸ ԵՒՍ

Փլած տուներուն նմանող սրտերուն մէջ ոչինչ կը պահուի։ Այդպէս կը խորհէի, բայց սխալած եմ՝ չարաչար։ 

Քար չէին որ անոնք։ 

Լուսաւոր յոյս ու բաբախուն ոգիով լեցուն մեր սրտերը տարիներ առաջ շալկեցինք եւ գացինք հայրենիք։ Եօթը տարուան մէջ եօթը հարիւր անգամ «Որտեղից էք էրեխէք ջան», հարցումին պատասխանեցինք, «Էս ինչ լաւ հայերէն էք խօսում»՝ լսեցինք, զարմացանք, հապա՞ ինչերէն պիտի խօսէինք։ Չեն գիտեր, երեւի, որ այսպէս մեծցած ենք ու կը մեծնանք մենք, խորհեցանք ու հասկցանք, որ մեր խօսածը ուրիշ է։ Հասկցանք, որ պատմութեան դասերուն պէս վճռական գիտելիք մը չէ մեր ապրած լեզուներուն տարբերութիւնը։ Հասկցանք, որ սոսկ աշխարհագրական բաժանում մը չէր մեր արեւմտահայերէն, իսկ անոնց՝ արեւելահայերէն խօսիլը։ 

Մեր հայրենիքին մէջն էինք մենք. «Մէկ ազգ, երկու ժողովուրդ», «Մէկ լեզու՝ երկու ճիւղ», մէկ աս, երկու ատ՝ խօսք ու լոզունգ, բոլորը ընդունեցինք։ 

Համալսարանին, փողոցին, «սուպերմակետ»ին ու «մարշութնի»ին մէջ արեւելահայերէն խօսեցանք եւ մեր մէջի արաբախառն արեւմտահայերէնին վրայ խորո՜ւնկ շերեփով մը ռուսախառն արեւելահայերէն մը լեցուցինք։ 

Արդիւնքը ի՞նչ էր։ 

Մենք էինք։

Փախուստ չկար խառնուրդէն, բայց այն ատեն դեռ կարելի չէր հասկնալ, որ մեր պարագային՝ ամբողջական մէկ մը ըլլալը, երկուքի չբաժնուիլը դժուար է։ 

Հեռո՜ւ տուներէն բերած մեր լոյսով շարունակեցինք. «Իմ հեռաւոր հայրենիք»էն, «Հայր Մասիս» ու «Մայր Արաքս»էն, «Սարերդ ծաղկել, ձորերդ ծաղկել»էն, «Երազ Սեւան»էն, «սաւառնող արծիւ»էն, «Արազի ափին ծնած ընկեր»էն ու «երկիր դրախտավայր»էն անդի՜ն «Հայաստան» մը գտանք մենք. պատի նկարներէն, գիրքերէն, Շիրազէն ու յանգերէն դուրս իրական, շօշափելի հայրենիք մը։ 

Մատենադարանին ու Թանգարանին կողքին «նայթ քլապ»ներ, ուշ գիշերներուն փողոցի անկիւնները սպասող կանայք, անոնց համար կեցող մեքենաներ, սպաննուող մանուկներ, բռնաբարող հայրեր, կողոպուտ, կաշառք, խտրութիւն, գողութիւն. աշխարհի բոլոր երկիրներուն նմանող սովորական երկիր, այսօր պէտք է ըսել՝ «Պետութիւն» մը գտանք մենք։

Տարիներ շարունակ մեր մէջ սերմանուած, այլ արժէք ու իմաստ ունեցող, սրբութեան մը վերածուած մեր հայրենիքին ու սովորական այդ երկրին միջեւ կեցած՝ հոն, ճիշդ հոն լուսաւոր տուն մը փլեցինք մենք։ 

Տարիներ անցան։ Շատերս ծննդավայր վերադարձանք, բայց իսկութեան մէջ՝ դեռ հոն, նոյն տառապալից այդ մէջտեղն ենք մենք՝ փլատակներուն տակ։ 

Ժամանակը փոխուեցաւ։ Մեր ծննդավայրերը փոխուեցան, պատերազմներ եղան, համայնքներ ցրուեցան, դպրոցներ փակուեցան, վարչակարգեր տապալեցան, դիմակներ դրուեցան, մօրուքներ երկնցան, այլ տեղեր՝ կարճցան, մանուկներ, շատ մանուկներ մահացան, քաղաքներ ծախուեցան, գնուեցան, հրադադարներ եւ պայմանագիրներ կնքուեցան։ 

Եռուն մեր տարածաշրջանի կայուն խաղաղութեան համար մեր հայրենիքն ալ փոխուեցաւ։ Ինչ ըսեմ. շատ գեղեցկացաւ։ Մեր տարիներուն «հայաթ» ու բակերը համատիրութիւններ եղան, լոյսերը, մրցումները, բացումները, ասուլիսները, «ֆորում»ները, «փոտքասթ»ները, «վիտէօ»ները, յղումները, դէպի դրխատավայր «Արմենիա» հրաւիրող գովազդները շատցան...

Մենք ալ օտարներու պէս գացինք ու կ՚երթանք. Քաղաքամայր Երեւան այցելող զբօսաշրջիկները «Ազատութեան» եւ «Հանրապետութեան» հրապարակներ կը տեսնեն, մենք՝ կիսուած մէկ։ Անոնք եռագոյն կը տեսնեն, մենք՝ պարտութիւն, անոնք «Սիւնիք» կը տեսնեն, մենք՝ միջանցք, անոնք ժողովրդավարութիւն կը տեսնեն, մենք՝ բռնապետութիւն, անոնք «Մայր Աթոռ» կը տեսնեն, մենք՝ պղծուած սրբութիւն։ 

Խոստովանեցայ, որ դժուար է գրել. 

Մեր պատմութեան ամենաճակատագրական պահերուն պետութիւն-եկեղեցի միասնութիւնն է, որ պառակտուած մեր մէկը, երկուքն, երեքը միացուցած ու մէկտեղած է նոյն սկզբունքին, նոյն նպատակին, նոյն հաւատքին, անշեղ ու անփոխարինելի արժէքին՝ «հայրենիք»ին մէջ։ 

Մեզի բնորոշ բոլոր անիմաստ երկուութիւններուն, բոլոր անտեղի պայքարներուն մէջ, այսօր բարձրաձայն շեփորներով հպարտօրէն ընթացող ու աշխարհին հրապարակուող «իշխանութիւն-եկեղեցի» կոչուող «պայքար» ու «հակամարտութիւն» մըն ալ ունեցանք եւ «Քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն ընդունած առաջին պետութեան»՝ դարերէ ի վեր ուռեցնելով մեծցած այս փուչիկը այդ նոյն պետութեան ոստիկանութեան ոտքերուն տակ պայթեցաւ։ 

Ամօթալի էջ մը եւս դարձուցինք մեր պատմութեան մէջ։ 

Արդեօք դարձուցի՞նք։

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Հինգշաբթի, Յուլիս 3, 2025