ԱԿՆԱՐԿ - 102 - ԱԶԳԱՅԻՆԻ ՄԱՍԻՆ

Վերջին աւելի քան վեց տարիներու ընթացքին այլեւս զարմանալի ու տարօրինակ չէ, որ Հայաստանի ղեկին յայտնուող անձնաւորութենէն որոշ ժամանակը մէկ «նորութիւն» մը, «նորարար գաղափար» մը լսենք, որ չե՛ս գիտեր, թէ ո՞ր ախոռէն, կամ ո՞ր յիմարանոցէն կը բերէ: Այսպէս, այդ անձին եւ իր ղեկավարած արժէքներէ զուրկ վոհմակին վերջին յայտնագործութիւնը ազգայինի հասկացողութեան մասին է…:

Չեմ ուզեր շատ երկար գրել, պիտի բաւարարուիմ երեք մէջբերումներ ներկայացնելով մեր ընթերցողներուն, ձգելով որ ընթերցողը ինք կարդայ, խորհրդածէ եւ եզրակացութիւններու յանգի:

Այսպէս, Բիւզանդ Եղիայեան կը գրէ.

* Կը թափառինք դարձեալ. այս անգամ՝ սակայն, հայ անհատը չէ թափառողը: Հայ մարմինը աշխարհի ամէն կողմը ցրուելէ վերջ, այժմ սկսած է թափառիլ հայ միտքը: Յաճախ յուսախաբ ազգային համախումբ կեանքը իրագործելու հետապնդումներէն, երբեմն գրաւուած համամարդկային փրկութեան մէջ ազգային փրկութիւն խոստացող մեծ տեսլականներով, հայ մտածումը սկսած է ազգային սահմաններէն դուրս փնտռել իր նիւթերը: Օտար երկիրներու քաղաքական շարժումները, օտար պետական վարչաձեւերը եւ ընկերային տեսութիւնները բնականաբար պիտի հետաքրքրէին զմեզ, եւ յաճախ մեր ազգային կեանքը անոնցմով շրջանակուած կամ պայմանաւորուած է: Բայց անոնք պէտք չէ ներկայանան մեզի իբր վերջնական նպատակներ եւ զբաղեցնեն զմեզ աւելի քան մեր սեփական սահմաններուն մէջ եւ մեզի յատուկ նպատակները:

Այս մտայնութիւնը ազգային նահանջի նոր երեւոյթ մըն է: Ո՛չ մէկ օտար ազգի շարժումը կամ յաղթանակը իմաստ ունի մեզի, եթէ ան չի կրնար բիւրեղացուիլ ազգային շարժումի մը: Յարիլ, համամարդկային իտէալներու անունով հետեւիլ մեր ժողովուրդի կացութեան անհամապատասխան նպատակներու, վատնել է մեր ժամանակը եւ ազգային ուժը: 

Ամէն ազգ, ի՛նչ քաղաքականութեան ալ հետեւի, էապէս ի՛ր ազգային քաղաքականութիւնն է, որուն կը հետեւի: Ամէն վարչաձեւ, ի՛նչ յաղթանակներ ալ տանի կամ ի՛նչ դրութիւններ վարէ, նախ եւ առաջ ի՛ր երկրի ժողովուրդին կացութեան համապատասխանող դրութիւն մըն է, զոր կը յառաջացնէ: Մենք եւս, եթէ տակաւին ազգ կը դաւանինք մենք զմեզ, պիտի կարենանք իրագործել մեր ազգային պահպանումն ու մեծութիւնը, յառաջացնելով մեզի յատուկ ազգային գործունէութիւնները եւ փնտռելով մեր սեփական խնդիրները լուծելու ճամբաները, ոչ թէ ուրիշ ազգերու յատուկ խնդիրները՝ լուծելու ձեւերը ընդօրինակելով:

Այս նկատումները զմեզ պէտք է բնական կերպով տանին առաջին եզրակացութեան, թէ առանց մերժելու ընդհանուր մարդկութեան նպատակներուն իրականութիւնը, պէտք է գործենք այն համոզումով, թէ մարդկութեան հասնելու միակ իրական եւ արդիւնաւոր ճամբան ազգային սահմաններու մէջէն կ՚անցնի: Ինչպէս համայնքին կամ ազգին կրնանք պատկանիլ միայն ընտանիքի սահմաններու զօրութեամբ, նոյնպէս ամբողջ մարդկութեան՝ միայն ազգին ճամբաներով: Կրնանք հետեւիլ քաղաքական այս կամ այն վարչաձեւին, կրնանք յարիլ ընկերային մեր նախընտրած վարդապետութեան, կրնանք մնալ եկեղեցական մեր կապերուն մէջ առանց մերժելու նոյնը ուրիշներուն. բայց այդ բոլորին հետ պէտք է կարենանք պայծառ պահել այն գիտակցութիւնը, թէ մեր ազգութիւնը փոխած չենք ըլլար ատոնցմով: Մեր հաստատութեանց, կազմակերպութեանց նայիլ կարենալու ենք նախ ազգային տեսակէտէն. մարդկային խնդիրները տեսնել կարենալու ենք ազգային դիտարաններէն: Ասիկա ազգայնամոլութիւն չէ, որուն հարկ է անդրադառնանք առանձին:

***

Նիկոլ Աղբալեան կը գրէ.

* Երկու հիմնական գաղափարներ կան, որ ազգային գիտակցութեան հիմնաքարերը պիտի կազմեն, կրթութիւն մայրենի լեզուով, կրթութիւն ազատութեան համար. հետեւապէս, ազգային քաղաքական տենչերի արծարծում կրթութեան միջոցով եւ նոր հայութեան պատրաստութիւն: Նոր սերունդին պիտի ներարկել զօրաւոր ազգային գիտակցութիւն քաղաքական իմաստով: Նրան պէտք է ներշնրել, որ իր ազգը ընդունակ է հանրօգուտ ազգային մշակոյթ ստեղծելու, որի ապացոյցը տուած է դարերի ընթացքին եւ որ այդ մշակոյթը կարող է զարգանալ եւ արմատանալ միմիայն ազատ պայմանների մէջ եւ սեփական հայրենքում: Նրան պէտք է համոզել, որ այս գործի համար անհրաժեշտ է որ նա հայ մնայ եւ հայ պահի իր սերունդը եւ եթէ ինքն ու իր ընկերները չկարենան ստեղծել ազատ հայերնիք ու պետութիւն՝ այդ սրբազան տենչը պէտք է փոխանցեն իրենց զաւակներին:

***

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետը ներկայ ժամանակներուն Եկեղեցւոյ դէմ կատարուող մնայուն յարձակումներուն մասին անդրադառնալով, եւ այդ յարձակումներու ետին տեսնելով հայրենական սրբութիւններէն եւ ազգային ինքնագիտակցութենէն զրկելու փորձեր, այսպէս կը գրէ.

* Ցաւով կ՚անդրադառնանք, որ այսօր չեն դադրած մեր ժողովուրդը իր հայրենական սրբութիւններէն, ազգային ինքնագիտակցութենէն զրկելու փորձերը, եւ նոյն ձեւով կը շարունակեն հարուածներ ուղղել դէպի հայոց հաւատքի անառիկ բերդը: Անցեալի թշնամիներուն պէս շատերը կը փորձեն նաեւ մեր օրերուն յարձակիլ Եկեղեցւոյ վրայ, աղճատել հայոց բիւրեղեայ հաւատքը, որպէսզի թուլնայ ու տկարանայ մեր ազգը, կորսնցնէ «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» ապրելու եւ պայքարելու վճռականութիւնը: Աղանդաւորական կազմակերպութիւններ եւ օտար գաղափարախօսութիւններ կը փորձեն քարկոծել հայոց գիտութիւնը, դպրութիւնն ու մշակոյթը, մեր ազգին ու հայրենիքին գոյութիւնը դարերու հոլովոյթի ընթացքին պահպանած ու պաշտպանած Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցին: Եւ եթէ անցեալին օտարները չարահնար յարձակումներ կը գործէին մեր հաւատքին, մեր Եկեղեցւոյ վրայ, ապա այսօր այդ սրբապղծութիւնը կը ջանան իրականացնել նաեւ հայորդիներու` աղանդաւորներու թակարդն ինկած մոլորեալներու, սրբութիւն չհանդուրժող անձերու, ինչպէս նաեւ վատ մտաւորականներու ձեռքով: Վստահ ենք, որ պատմութիւնը արդարացիօրէն պիտի դատապարտէ այդպիսիները, ինչպէս դատապարտուած են մատնիչներն ու ուրացողները (Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետ):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յունուար 30, 2025