ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔ
-Ինչո՞ւ համար այս շփացածութիւնը: Կրօնքս ու ազգութիւնս ժառանգեցիր, եւ ընտրելու մէկ վայրկեան իսկ չդիմագրաւեցի: Եւ հիմա կը հարցնեմ ձեզի. ձեզմէ ո՞վ ընտրեց հրեայ ըլլալ…, ո՞վ:
-Այս է քու եւ իմ տարբերութիւնը. ես պարզապէս հրեայ չեմ, այլ՝ ընտրեցի հրեայ ըլլալ:
-Ինչպէ՞ս:
-Ատիկա չբացատրուելիք իրողութիւն մըն է: Հրէութիւնը բացի հրեայէն ո՛չ ոք կը հասկնայ: Այս է պարծանքիս աղբիւրը, որ դուն շփացածութիւն կը կոչես:
-Կը հասկնամ, որ դուն ընտրած ես սիոնիստ ըլլալ…, իսրայէլացի ըլլալ: Ա՞յդ ըսել կ՚ուզես:
-Ճիշդ այդ չէ՛, որ ըսել կ՚ուզեմ: Ըսել կ՚ուզեմ, որ ընտրեցի հրէութիւնս եւ անոր պարտաւորութիւնները:
-Եւ ինչպէ՞ս կը զգեստաւորուի այդ պարտաւորութիւնը:
-Պատմական հայրենիքով:
-Եւ ի՞նչ է պատմական հայրենիքը. այն եւս քեզի պէս մո՞ւթ է: Ընտրեցի՞ր զայն, թէ՞ ժառանգեցիր:
-Մութ է եւ յստակ միաժամանակ: Ընտրեցի եւ ժառանգեցի զայն միաժամանակ:
Խօսողը մտաւորական մըն էր: Ան կ՚ըմբոստանար այդ տարբերութիւններուն համար, որ ոմանք կը դնէին հրէութեան, սիոնիստութեան եւ իսրայէլութեան միջեւ: Ան կը կարծէր, թէ հրէութիւնը չէր ամբողջանար առանց սիոնիստութեան, իսկ սիոնիստութիւնը չէր կատարելագործուեր առանց իսրայէլութեան: Այստեղէն մեկնեով, լքել սիոնիստութիւնը, կը նշանակէր լքել հրէութիւնը: Իսկ երբ անկէ խնդրես գործնական ճշգրտում պատմական հայրենիքի եզրին, կը յիշեցնէ քեզի այն նշանաւոր զրոյցը, որ Պեն Կորիոնի եւ արաբ մտաւորականի մը միջեւ տեղի ունեցած է 1936-ին, երբ Պաղեստինը սիոնական երազ մըն էր: Պեն Կորիոնին հարցուած է այդ պատմական հայրենիքի մասին եւ ան պատասխանած է, թէ այն հրէական գաղութատիրութեան բաց տարածքն է:
-Եւ ի՞նչ է այդ տարածքը:
-Իսրայէլի երկիրը:
-Եւ ի՞նչ են անոր սահմանները:
-Իսրայէլի երկրին սահմանները պատմութեան մէջ գիտելի են:
-Սակայն սահմանները արհեստականօրէն կառուցուած բաներ են: Այսօր այստեղ կ՚ըլլան եւ վաղը՝ այնտեղ:
-Իսրայէլի երկիրը այն երկիրն է, որ Միջերկրականի արեւմտեան, իսկ անապատի արեւելեան միջեւ է, Սինայէն հարաւ եւ Յորդանան գետի ակունքներէն հիւսիս:
-Դուն Յորդանանն ալ կը միացնես:
-Անշուշտ. Յորդանանի գետը, արդարեւ, Իսրայէլի երկրին սահման մը չէ: Այն գետ մըն է, Իսրայէլի երկրին մէջ:
Հայիիմ Ուայզման կ՚ըսէր. «Ես գիտեմ, թէ Աստուած խոստացաւ իսրայէլացիներու Իսրայէլի երկիրը, սակայն չե՛մ գիտեր այս սահմանները, որոնք Տէրը նշանակած է»:
Այն ատեն, միլիոնաւոր արաբներ կը ծիծաղէին Ուայզմանի եւ Պեն Կորիոնի երազներուն վրայ: Իսկ երբ ներկայիս կը նայիս գաղտնի սահմաններուն, որ «Տէրը նշանակած է», եւ որ անդրանցած է Պաղեստինը, կը նկատես, որ «Իսրայէլեան իրականութիւնը» աւելի ընդարձակ է քան՝ «սիոնիստական երազը», ինչպէս նաեւ հրէական պատմութիւնը. եւ կը յիշես այն գրողը, որ քեզի ըսած է. «Այս է քու եւ իմ տարբերութիւնը. ես պարզապէս հրեայ չեմ, այլ՝ ընտրեցի հրեայ ըլլալ»:
Արդեօք դարձեալ կը խնդա՞ս, ինչպէս յիսուն տարի առաջ արաբները խնդացին, կամ քու երազներդ ժառանգ կը ձգես այն երեխաներուն, որոնք բռնագրաւողին պատճառած աւերակներուն վրայ կը ծնին:
***
-Կ՚ուզե՞ս վայելել փողոցը:
-Սիրելիս, ծննդեանս տարեդարձին կը փափաքիմ, որ նուէրդ ինծի ըլլայ թնդանօթ մը, կամ հրասայլ մը, կամ ռուսական արտադրութեան զէնք մը:
-Քեզի պիտի նուիրեմ թնդանօթ մը, որու մէջ միասին քնանաք, սիրելիս: Ուրիշ ձեւ մը փորձենք:
-Ո՛չ, բաց երկինքին տակ պիտի քնանամ քեզի հետ, Սուէզի ափին:
-Հա, հա, հա:
-Հա, հա, հա:
Կը քալես փողոցը: Կը նստիս սրճարան մը: Կը ճամբորդես հանրակառքով եւ կը լռես:
Ինքնութիւնդ յայտարարելու չե՛ս հրաւիրուած: Լռութիւնդ ամէն ինչ կ՚ըսէ: Այս է միակ կեցուածքը, որ կրնաս ունենալ, երբ հրէական այս սիրերգութիւնը կը լսես: Վճիտ բառերու դարաշրջանը աւարտեցաւ: Սիրերգութիւն եւ լուսին պիտի նուիրեմ քեզի: Ո՛չ: Ի՜նչ հեռու է տարբերութիւնը անապատին մէջ լողացող երեւակայութեան եւ արուեստագիտութենէն ու յաղթանակէն շինուած երեւակայութեան միջեւ: Ներկայիս, սիրոյ բառերը միախառնուած են վերջին ժամուան զարգացումներուն եւ արդիական զէնքերուն հետ: Հաճոյքը չի՛ ներդաշնակուիր բնութեան իրերուն հետ:
Իսրայէլի մէջ ապրող արաբը այսպէս յետմնաց եղաւ նոյնիսկ սիրելուն մէջ: Երկար ժամանակ պահանջուեցաւ իրմէ, որպէսզի սորվի իր ընկերուհիին փաղաքշէ վարդով: Հապա քանի՜ դարերու կարիք ունի այս արարածը, որպէսզի սորվի այս սիրերգութիւնը. ո՜վ սիրելիս…, քեզի թնդանօթ պիտի նուիրեմ:
Եւ ի՞նչ բանի մասին կը մտածէ: Ինչպէ՞ս կը քնանան թնդանօթներուն մէջ: Եւ ինչպէ՞ս զաւակներ կը ծնին թնդանօթներուն մէջ: Եւ ինչպէ՞ս կը պտտին թնդանօթներուն մէջ: Կամաց կամաց… այս է իսրայէլեան ապահով տունը: Այս է սիրոյ բոյնը: Եւ ա՛յս է ապագան:
***
-Իսկ Նոր տարիին ի՞նչ կ՚ընես:
Փողոց կ՚իջնես, փնտռելու համար գեղեցիկ քարտ մը, որպէսզի ընկերոջ մը ղրկես: Բայց ի՞նչ կը գտնես. ո՛չ իսկ վարդի նկար մը, ո՛չ ալ ծովեզերքի մը, թռչունի մը կամ կնոջ մը գծանկարը: Բոլորը առեւանգուած են, իրենց տեղը տալու համար թնդանօթին, հրասայլին, օդանաւին, լացի պատին, գրաւուած քաղաքներուն, ինչպէս նաեւ Սուէզի այս քարտերուն փոխանցուած ջուրերուն: Իսկ երբ ձիթենիի ճիւղը կը տեսնես՝ կը նկատես, որ այն գծուած է ֆրանսական արտադրութեամբ ռազմական օդանաւի մը թեւին:
Իսկ երբ գեղեցիկ աղջիկ մը տեսնես՝ կը նշմարես, որ զէնքերով զինուած է: Իսկ երբ քաղաքի մը նկարին վրայ իյնայ աչքդ՝ կը նկատես, որ անոր ենթապատկերը զինուորի կօշիկ մըն է: Սիրտդ գետին կ՚իյնայ: Քեզի կը մնայ մէկ կողմ քաշուիս՝ դէպի մարդաշատ փողոցին անկիւնը, որպէսզի առիթ տաս հազարաւոր ձեռքերուն, որոնք երկարած են տօնական գունաւոր քարտերուն…, զորս կը ղրկեն աշխարհի հրեաներուն, արտայայտելով պատմական յարութեան ուրախութիւնը եւ առասպելի վերադարձը: Իսկ դուն ընկերոջդ բացի սիրտի լռութենէն ուրիշ բան չես ղրկեր, որ չի՛ ալ հասնիր:
Յանկարծ փողոցին զբօսահանդէսը (carnival) անակնկալի կը բերէ քեզ: Լոյսը կը յարձակի վրադ այնպէս, ինչպէս կը յարձակէր վրադ, երբ դուն մութ բանտախուցէն դուրս կ՚ելլէիր: Աղաւնի-երեխաներու խումբեր… զէնքերով զինուած: Խաղը զէնք է, հաճոյքը զէնք է:
Իսկ դո՞ւն. մանկութեանդ եւ երիտասարդութեանդ մէջ բացի փայտէ ձիէ մը ուրիշ բան չկայ…:
(«Տխրութեան սովորական օրագիր»)
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ