ԱՐԱԲԵՐԷՆԻ ՄՂՁԱՒԱՆՋԸ…
Ստիպուած էի եօթ տարեկան տղաս առնել եւ Ֆրանսա մեկնիլ դպրոցական տարւոյն կէսին, որովհետեւ Մարսէյլ ծնած ըլլալուն եւ Երուսաղէմ ապրելուն համար կարգ մը հարցեր յառաջացած էին, ուրեմն պաշտօնական թուղթերու պատճառով մեկնեցանք եւ գիտէինք, որ կրնանք երկար մնալ այնտեղ։
Այդպէս ալ եղաւ։ Ութ ամիս մնացինք։ Բնականաբար տղաս ֆրանսական դպրոց յաճախեց, երկու ամիսէն ո՛չ միայն «էշը ցեխէն կը հանէր», այլ բաւական լաւ ֆրանսերէն կը խօսէր, ատկէ երկու ամիս ետքն ալ արդէն սահուն կը կարդար։ Շատ ուրախ եւ հպարտ էի պզտիկ հանճարովս, որովհետեւ որպէս մայր զաւակդ բացառիկ է. ինք ալ շատ արագ ըմբռնած էր իրեն համար բոլորովին անծանօթ լեզու մը։
Նոյնիսկ երբ Երուսաղէմ վերադարձանք, օր մը վանքին դուռէն Շահան սարկաւագը, որ պատասխանատու էր ստացուած նամակներուն, թերթերուն, հեռաձայնի եւ այլ հաշիւներու թուղթերուն, որոնք վանքին հասցէով կու գային, հեռաձայնեց.
-Եթէ տղադ տունն է, շատ արագ վար ղրկէ, կարեւոր է։
Մտածեցի շտապ յանձնելիք բան մը ունի կ՚երեւի։
Տղաս վերադարձաւ գրեթէ քսան վայրկեան անց, տարօրինակ էր…
-Ինչո՞ւ ուշացար, ինչո՞ւ կանչած էին…
-Մամ ֆրանսացի խումբ մը եկած էր, իրենց համար թարգմանութիւն ըրի։
-Ի՞նչ թարգմանութիւն…
-Ինչ որ Շահանը ըսաւ…
-Եւ ի՞նչ ըսաւ…
-Եկեղեցին ժամը երեքին կը բացուի։ Վանք չէք կրնար մտնել, որովհետեւ prive՛e է, բայց եկեղեցիին բակը կրնաք նկարուիլ։ Հարցումներ հարցուցին եւ ես Շահանին ըսածները թարգմանեցի, որ մենք դպրոց ունինք, մատենադարան ունինք, ակումբ ունինք եւ այդ բառը ֆրանսերէնով չէի գիտեր, ուրեմն ըսի, «Նորայր սրբազանին տունը»։
Տղաս ձեռագրատունը բացատրած էր որպէս «Նորայր սրբազանին տունը»։
-Բայց Նորայր սրբազան երբ ըսիր, անոնք ճանչցան, թէ ո՞վ է ան…
-Չեմ գիտեր, բայց ըսի, որ քու ընկերդ է եւ ինծի մի՛շտ շոքոլա կը ղրկէ։ Նկարուեցան հետս, կարծեմ շատ սիրեցին զիս, մէկը ըսաւ quel gentil petit garçon.
Նորայր Արք. Պօղարեանին քով ես ձեռագիր կը կարդայի թեզիս համար եւ որովհետեւ տղաս կը գանգատէր, թէ գործէն ետք փոխանակ տուն գամ Նորայր սրբազանին քով կ՚երթամ, տուփ մը իր սիրած շոքոլայէն առած էի եւ ամէն անգամ, որ Նորայր սրբազանին քովէն գայի, հատ մը կու տայի, ըսելով.
-Նորայր սրբազանը շատ լաւ բաներ լսած է քու մասիդ, որ աշխատասէր ես, հնազանդ ես, ուրախ ես, որ մամադ իր քով ձեռագիր կը կարդայ, անոր համար այս շոքոլան ղրկեց։
Օր մըն ալ տղաս սրբազանին կը հանդիպի եւ կ՚ըսէ.
-Սրբազան շոքոլային տեսակը փոխէ հաճիս, ձանձրացայ նոյն տեսակ շոքոլա ուտելէ:
Երուսաղէմ դառնալնէս ետք նոյնը չէր պարագան արաբերէն լեզուին հետ։
Երբ մեկնեցանք, քանի մը արաբերէն տառ սորված էր դպրոցը, սակայն ութը ամիս Ֆրանսա ո՛չ լեզուն լսած էր, ո՛չ ալ տառերը տեսած, որպէսզի յիշէ։ Ընկերները բնականաբար բաւական յառաջացած էին արաբերէն լեզուին մէջ, արդէն կը կարդային, կը գրէին, իսկ տղաս ետ մնացած էր։ Խնդրեցի ուսուցչուհիէն, որպէսզի ինք անձնական դասեր տայ, քանի որ ամենալաւը ինք գիտէ, թէ ինչ սորվեցուցած է։ Ուսուցչուհին չկամեցաւ ըսելով, որ պզտիկ է, շուտ կ՚ըմբռնէ, առանձին դասերու պէտք չկայ։
Բայց այդպէս չեղաւ, տղաս մէկ անգամէն մերժեց արաբերէնի դասերը սորվիլ։ Չնայած տունը սպասուհիին հետ արաբերէն կը խօսէր, բայց, այդ ինչպէս կ՚ըսեն շուկայի լեզու էր։ Արաբերէն տառերը գծագրութիւն ըլլային կարծես։ Ալ ամէն մէկ դաս սորվեցնելու համար ինչ խոստումներ պիտի տայի, բոլոր քմահաճոյքները պիտի կատարէի.
-Արփիակ տղաս, մէկ հատիկս, պէտք է սորվիս, ես եւ մամին ուսուցչունիներ ենք, անկարելի է, որ մեր զաւակը չուզէ արաբերէն սորվիլ։
-Պիտի չսորվիմ, միայն Ֆիֆիին հետ արաբերէն պիտի խօսիմ, ես արաբերէն չեմ սիրեր, անոր տեղ ֆրանսերէն պիտի խօսիմ։
Միւս բոլոր առարկաներուն հետ, որոնք կը դասաւանդուէին դպրոցը, ոչ մէկ խնդիր ունէր, ինչպէս կ՚ըսեն «Ջուրի պէս կը կլլէր»։ Բայց արաբերէնը դարձաւ մեր մղձաւանջը… Տարիներու մեր մանկավարժական փորձառութիւնը չկրցաւ տղուս համոզել, որ արաբերէնը լաւ լեզու է եւ մենք հոս կ՚ապրինք, ուրեմն պէտք է սորվիս։
Այդ շրջանին ես երկու գործ ունէի, տուն կու գայի շատ յոգնած։
Օր մը դեռ դուռը չբացած դուրսէն կը լսեմ մօրս ջանքերը, համոզելու որ տղաս արաբերէն գիրը գրէ։ Դուռը բացի.
-Մամ հասիր, մամին (մայրս) ոչ մէկ ուզածս պիտի ընէ եղեր, եթէ արաբերէն չսորվիմ։
-Շատ լաւ կ՚ընէ, ես ալ կը միանամ մամիին։
-Պիտի չսորվիմ։
-Պիտի սորվիս։
-Ո՛չ։
-Այո՛։
Չեմ գիտեր ինչ եղաւ ինծի, թերեւս շատ յոգնած էի, այնպիսի անվայել բան ըրի թէ՛ որպէս մայր եւ թէ որպէս ուսուցչուհի։ Ես, որ կը դողամ գիրքերու վրայ, արաբերէնի դասագիրքը առի իր առջեւէն երկուքի բաժնեցի եւ պատին նետեցի…
-Կը բաւէ՛ ալ, արաբերէն պիտի սորվիմ, արաբերէն պիտի չսորվիմ, ամէն օր նոյն պատմութիւնը… Համբերութիւնս հատաւ սա արաբերէնին երեսէն։
Մայրս ու տղաս ապշած, զարմացած նայեցան ինծի։ Մայրս տղաս առաւ ու տարաւ ննջարան։
Երեսս առի ափերուս մէջ եւ այնպէս լացի այդ վայրկեանի անկարողութեանս համար…
Մինչեւ այսօր չեմ ներած անձս այդ վարմունքիս համար։ Երբե՛ք, երբե՛ք այդպէս չեմ խօսած տղուս հետ, երբեք չեմ ուզած տեղեակ ըլլայ նեղութիւններուս, դժուարութիւններուս։ Ամենայոգնած վիճակիս մէջ անգամ մանկացած՝ խաղացած եմ հետը, երգելով անկողին դրած, չքնացած միասին աղօթած ենք իր խնդրանքները դարձնելով նաեւ իմս, որ շատ կ՚ուրախացնէր զինք, որ նոյն բաները կը խնդրէինք Աստուծմէ։ Աւելի վերջ, ո՛չ միայն մայր եւ որդի, այլ լաւ ընկերներ եղած ենք եւ ենք մինչեւ այսօր։
Տղուս քնանալու ժամն էր, սենեակը գացի անկողինին վրայ ծունկի կ՚աղօթէր, արցունքները առատ կը հոսէին, այնքան սրտանց կու լար եւ կ՚աղօթէր.
-Աստուած պապա, մամաս շատ բարի է, բայց այսօր ես մամայիս շատ նեղացուցի, ինչ կ՚ըլլայ այս գիշեր հոգիս առ, թող վաղը գերեզմանիս գայ եւ ըսէ. «Խեղճ չօճուխ արաբերէնին երեսէն մեռաւ»։
Տարիներ ետք տղաս համալսարանին մէջ արաբ ընկերներ ունեցաւ եւ այնպէ՜ս տիրացաւ արաբերէն լեզուին…
Իսկ ես… Դեռ ծանրութիւն կայ կուրծքիս վրայ, որ կը խեղդէ զիս… Տղուս աղօթքը փոխած էի։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
30 յունուար, 2025, Երուսաղէմ