ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ
 Յարգելի խմբագիր՝ Արա Գօչունեան,
Յարգելի խմբագիր՝ Արա Գօչունեան,
Այս երկտողովս կու գամ սրտանց շնորհաւորել ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, իր հիմնադրութեան 118-ամեակին առթիւ:
Սոյն թուականի նշումը արդէն ինքնին հաստատում մըն ալ է եւ յստակ փաստ, որ հայ մամուլի մեծ ընտանիքին պատկանող ԺԱՄԱՆԱԿ-ը ունի մէկ դար եւ աւելի հսկայ վաստակ մը:
Անկասկած, ան՝ իբրեւ հայ մտքի արդար ծնունդ, հասած է եւ տակաւին կը հասնի իր գաղութի բոլոր կարիքներուն, ազգային, գրական, գեղարուեստական, հոգեւոր եւ մշակութային հարցերու կողքին, հոգեկան հաճոյքի ապրում եւ վայելք բերելով իր հետ, ընթերցողի մտքին եւ հոգիին:
Անոր համար ԺԱՄԱՆԱԿ-ը մնաց եւ տակաւին կը շարունակէ մնալ արդար եւ մաքուր պատկերն ու հայելին «մերին» սիրելի Պոլիսին: Հաստատօրէն, ընթերցողը մամուլի իր անուան կապուած է սիրով ու ակնածանքով:
Արդ, յարգելի խմբագիր,
Շնորհաւորական այս ջերմ տողերուս, նաեւ կը կցեմ անկեղծ մաղթանքներու եւ արդիւնաւէտ նոր տարիներու շարքն ալ, միաժամանակ մաղթելով յարատեւութիւն եւ բարգաւաճում:
Սիրելի ԺԱՄԱՆԱԿ,
Միշտ մնա՛, պատնէշի վրայ եւ յաջողութեամբ շարունակէ հասարակական առողջ կարծիք մշակելու խոնարհ ճանապարհդ:
Ուստի.- Բարի երթ, եւ վարձքը կատար ժրաջան խմբագիր՝ պր. Արա Գօչունեանին եւ իր շուրջ հաւաքուած հայ մամուլի սպասարկու «հերոսներուն»:
Յարգանքներով ՝
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ