ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակացի հետեւեալ համարը. «Թզենիին հոգ տանողը անոր պտուղը կ՚ուտէ եւ իր տէրը պահպանողը պատիւ կը գտնէ» (Առ 27.18):
Պատասխան. Շատ պարզ է. անոնք որոնք պարտէզ ունին, կամ երբեւէ հողին հետ գործ ունեցած են, գիտեն, որ եթէ հողին լաւ նային, այլ խօսքով իրենց ունեցած հողին մէջ տնկած ծառերուն կամ բոյսերուն լաւ խնամք տանին, ապա իրենց տարած խնամքին դիմաց լաւ արդիւնք պիտի ստանան եւ կատարելապէս արժանի կը դառնան ճաշակելու հողին տուած բարիքները:
Նոյնն է պարագան մարդկային յարաբերութեան. երբ մէկը ոեւէ մէկ ուրիշի մը մօտ կ՚աշխատի, հաւատարիմ կ՚ըլլայ իր տիրոջ, հլու եւ հնազանդ կերպով կը կատարէ անոր թելադրութիւններն ու հրամանները, ապա անպայմանօրէն իր տէրը կը վարձատրէ զինք՝ պարտ ու պատշաճ վարձատրութեամբ:
Նոյնը կը վերաբերի նաեւ հոգեւոր կամ հաւատքի կեանքին: Իւրաքաչիւր մարդ, որ հաւատարիմ կը մնայ Աստուծոյ պատուիրաններուն եւ կը գործադրէ զանոնք, ապա Աստուած այդպիսին կը վարձատրէ Իր առատ օրհնութիւններով ու բարիքներով: Աւելին, հոգեւոր կեանքի պարագային մարդ պէտք է միշտ կառչած մնայ Իր Տիրոջ, որովհետեւ Տէր Յիսուս կ՚ըսէ. «Ով որ ուզէ Ինծի ծառայել՝ պէտք է Ինծի հետեւի, եւ Ինծի ծառայողը պիտի ըլլայ հոն՝ ուր Ես կը գտնուիմ: Եւ Հայրս պիտի պատուէ Ինծի ծառայողը» (Յհ 12.26): Իսկ Պօղոս առաքեալ խօսելով մշակի՝ այլ խօսքով աշխատողի վարձքին մասին, կը գրէ. «Ծանր աշխատանքը տանող հողագործը նախ ի՛նք արժանի է արտին բերքէն վայելելու» (Բ. Տմ 2.6):
Իսկ Աստուծոյ հաւատարիմ մնացողներուն եւ Անոր՝ մեզի աւանդ տուածը խոհեմութեամբ օգտագործողներուն կրկնապատիկ օրհնութիւն կը սպասէ (կարդա՛ Մնասներու առակը, Ղկ 19.11-28):
Հ. Առակացին մէջ կը կարդանք. «Դժոխքն ու կորուստը չեն կշտանար, մարդուն աչքերն ալ չեն կշտանար» (Առ 27.20). ինչպէ՞ս հասկնալ այս համարը:
Պ. Այստեղ իմաստուն հեղինակը մարդուն աչքերը կը նմանցնէ դժոխքին եւ կորուստին: Արդարեւ, ինչպէս որ դժոխքն ու կորուստը չե՛ն կշտանար իրենց մէջ մարդոց հոգիները ընդունելէ, այդպէս ալ մարդուն աչքերը չեն կշտանար իրենց տեսածներով: Մարդը միշտ կը սիրէ նորութիւններ տեսնել եւ ատոր համար երկրէ երկիր կը ճամբորդէ, նոր բաներ տեսնելու համար: Ներկայիս, երբ աշխարհը այլեւս մարդուն ափին մէջ է, մարդը կը ձգտի տիեզերքին, որովհետեւ իր աչքերը չե՛ն կշտանար տեսնելէ եւ տեսնելէ:
Մարդուն աչքերը միայն կը կշտանան Երկնային Փեսայով, այլ խօսքով՝ Աստուծմով: Միայն Քրիստոսի՝ Աստուծոյ տեսութեամբ եւ Անոր ներկայութիւնը զգալով է, որ ո՛չ միայն մարդուս աչքերը կը կշտանան, այլեւ իր հոգին կը յագենայ իր Արարիչով ու Փրկիչով:
Սուրբ Օգոստինոս Երանելին այս համարին մասին կը գրէ.
* Ա՛յս է քրիստոնէութեան էութիւնը՝ հռչակել Տէր Յիսուսի անձը՝ զոհաբերուող սէրը եւ ընդունիլ զԻնք որպէս հոգիի դրախտ. այդ պատճառով ալ Ան կը բացագանչէ. «Ով որ ծարաւ է՝ թող Ինծի գայ եւ խմէ» (Յհ 7.37). «Ով որ ծարաւ է՝ թող գայ, եւ ով որ կ՚ուզէ՝ թող ձրիաբար առնէ կեանքի ջուրէն» (Յյտ 22.17):
Այսպիսով, հոգին պէտք է իմանայ ճամբան, որ աշխարհի քաշող հոսանքներուն եւ մարմինի մոլորեցնող ցանկութիւններուն մէջէն կ՚անցնի եւ երբ տեսնէ, թէ իր Սիրելին Ինքզինք որպէս աստիճան կը ներկայացնէ անոր՝ որպէսզի անով երկինք բարձրանայ, իր վախճանական հայրենիքը, ըսելով անոր. «Ես եմ ճամբան եւ ճշմարտութիւնը» (տե՛ս Յհ 14.6):
Իսկ եթէ զգաց աշխարհի ուրախութիւնները, հաճոյքները, հոգերն ու ծանրութիւնները, մարմինին ցանկութիւններն ու ներգործութիւնները, ինչպէս նաեւ սատանային պատերազմն ու խաբեբայութիւնները, կը յայտարարէ անոր. «Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը: Ան որ Ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի» (Յհ 11.25):
Երբ ան առաջնորդի կարիք զգայ, որ աջակցի եւ հոգ տանի իրեն, ապա կը յայտնէ անոր. «Ե՛ս եմ իրաւ Հովիւը: Իրաւ հովիւը իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար» (Յհ 10.11):
Իսկ եթէ իր ներսիդին պարապութիւն զգայ, որ կը փափաքի ունենալ առատաձեռն, անկողմնակալ, մեղմ, համբերատար եւ փեսայ մը, որ կը լսէ իր գաղտնիքները, որուն օգնութեան կը կանչէ եւ կ՚օգնէ իրեն, ինքզինք իրեն որպէս ընկեր կ՚առաջարկէ՝ մեղաւորներուն եւ մաքսաւորներուն, ինչպէս նաեւ փեսայ՝ Իրեն հաւատացողներուն:
Ասիկա այն դրախտն է, որ անսպառ է եւ անսահմանօրէն կը յորդի, որ մեզի այնքան յագեցուածութիւն կու տայ՝ ինչքան որ կրնանք ընդունիլ, կը խնդրէ բոլորէն, որպէսզի ընդունին զԻնք. «Ահա Ես դրան առջեւ եմ ու կը բախեմ: Եթէ մէկը Ինծի դուռը բանայ, ներս պիտի մտնեմ եւ անոր հետ պիտի ընթրեմ» (տե՛ս Յյտ 3.20), իսկ եթէ չբանայ դուռը Ինծի, դարձեալ պիտի բախեմ, եւ դարձեալ ու դարձեալ պիտի բախեմ, թերեւս անոր սիրտը փափկանայ եւ բանայ Ինծի համար դուռը, որովհետեւ կը սիրեմ զինք:
Մարմնացած եկաւ, որպէսզի հոգիին իր ուրախութիւնը վերադարձնէ ու լիացնէ զինք եւ անկէ հեռացնէ մտահոգութիւնը:
Ո՜վ իմ խեղճ հոգիս, ի՞նչ կը խնդրես:
Եթէ իմաստութիւն կը փնտռես, ապա Յիսուսը պիտի գտնես իմաստութեան արմատն ու ակը, այլեւ՝ Ի՛նք իսկ է իմաստութիւնը:
Իսկ եթէ զօրութիւն եւ կարողութիւն ուզես, ապա Ի՛նքն է Ամենակարողը:
Եթէ հաճոյք եւ ուրախութիւն փնտռես, ապա Ի՛նքն է ճշմարիտ ուրախութեան աղբիւրը:
Եթէ կարօտցար գինովնալու, ապա Անոր սէրը կը գինովցնէ հոգին:
Եթէ անօթեցար հացի համար, ապա Ի՛նքն է կեանքի հացը:
Եթէ հիանաս հարուստով մը, ապա Ի՛նքն է ամէն ինչի Արարիչը:
Իսկ եթէ հանգիստ փնտռեցիր, Անոր մէջ միայն հանգիստդ կը գտնես…: Ընդունէ՛ զԻնք, որովհետեւ ուրիշ ո՛չ ոք պիտի կշտացնէ քեզ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 134
Վաղարշապատ