ՄՈՒԹ ԿԵՆՍՈՒԺ. ՆՈՐ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐԸ ԿԱՍԿԱԾԻ ՏԱԿ ԿԸ ԴՆԵՆ ԲՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔՆԵՐԸ
Միջազգային գիտական խումբի հետազօտողները նոր տուեալներ ստացած են մութ կենսուժի բնոյթի մասին՝ առեղծուածային ուժի, որ պատասխանատու է տիեզերքի արագացուած ընդարձակման: Պարզուած է, որ մութ կենսուժը կը յաջողի փոխուիլ ժամանակի ընթացքին. բան մը, որ կը հակասէ կայուն նկատուող տեսութիւններուն: Այս եզրակացութիւնները կատարուած են օգնութեամբ DESI (Dark Energy Spectroscopic Instrument) յատուկ հեռադիտակին, որ տեղադրուած է Կիտ Փիք աստղադիտարանին մէջ, Արիզոնա, ԱՄՆ: Պաշտօնական զեկոյցը հրապարակած է DESI-ի կայքէջը:
*
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ԳՈՐԾԷ DESI-Ն
DESI-ն յառաջադէմ գործիք մըն է, որ դիտարկման մը ընթացքին, քսան վայրկեանի մէջ երկնային հինգ հազար մարմիններ միաժամանակ կ՚ուսումնասիրէ, կը ճշդէ անոնց տարիքն ու հեռաւորութիւնը, կը կազմէ տիեզերքի մանրամասն քարտէսներ՝ հետեւելով անոր եղափոխութեան տարբեր փուլերուն:
Ի՞ՆՉ ՅԱՅՏՆԻ Է ՄՈՒԹ ԿԵՆՍՈՒԺԻ ՄԱՍԻՆ
Տիեզերքի ընդարձակման փաստը հաստատուած է դար մը առաջ: 1990-ականներու վերջաւորութեան գիտնականները պարզեցին, որ այդ հոլովոյթը տեղի կ՚ունենայ արագացումով եւ այս երեւոյթը բացատրելու հիմնական վարկածը դարձաւ մութ կենսուժի գաղափարը: Ըստ ժամանակակից պատկերացումներուն՝
- Մութ կենսուժը կը կազմէ տիեզերքի 70 առ հարիւրը,
- Մութ նիւթը՝ 25,
- Սովորական նիւթ՝ միայն 5:
Մութ կենսուժը ժամանակի ընթացքին անփոփոխ պիտի մնար, ինչպէս տակաւին կ՚ենթադրէր Ալպերթ Այնըշթայն իր ընդհանուր յարաբերականութեան տեսութեան ծիրին մէջ: Սակայն DESI-ի վերջին տուեալները ցոյց կու տան, որ մութ կենսուժի ազդեցութիւնը վերջին միլիառաւոր տարիներու ընթացքին կրնար տկարանալ:
Առաջին փոփոխութիւններու նշանները. տարի մը առաջ տիեզերքի ընդարձակման արագացումն աւելի մեծ էր, քան՝ այժմ: Այս կրնայ նշանակել, որ մութ կենսուժի ազդեցութիւնը աստիճանաբար կը նուազի: Այս կը հակասէ նախորդ պատկերացումներուն:
ԱՊԱԳԱՅ ՀԵՏԱԶՕՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Յառաջիկայ հինգ տարիներու ընթացքին գիտնականները կը նախատեսեն ստուգել այս նոր վարկածը՝ յաւելեալ տուեալներու օգնութեամբ: Այս հարցին մէջ անոնց կ՚օգնեն ո՛չ միայն DESI-ն, այլեւ՝ այլ մեծ գիտական նախագիծեր:
Եթէ մութ կենսուժի փոփոխականութեան վարկածը հաստատուի, այդ կը կարողանայ յառաջացնել իսկական յեղափոխութիւն մը բնագիտութեան մէջ, համեմատելի՝ տիեզերքի արագացուած ընդարձակման յայտնագործութեան հետ:
Մութ կենսուժի նոր յատկութիւններու յայտնագործումը կրնայ արմատապէս փոխել մեր պատկերացումները տիեզերքի եւ անոր ապագայ զարգացման մասին: Հետազօտութիւնները կը շարունակուին եւ յառաջիկայ տարիներուն մենք, հնարաւոր է, ականատես կ՚ըլլանք աստղագիտութեան ամենէն մեծ յառաջընթացներէն մէկուն:
9 ԱՄԻՍ՝ 8 ՕՐՈՒԱՆ ՓՈԽԱՐԷՆ
18 մարտ 2025-ին, 9 ամիս տիեզերքին մէջ գտնուելէ ետք, ՆԱՍԱ-ի աստղանաւորդներ Պուչ Ուիլմոր եւ Սոնի Ուիլիըմզ վերջապէս վերադարձան Երկիր:
Անոնց առաքելութիւնը Միջազգային տիեզերակայանին մէջ (ՄՏԿ) պիտի տեւէր միայն ութ օր, սակայն «Պոյինկ» ընկերութեան «Սթարլայնըր» տիեզերանաւը արհեստագիտական խնդիրներ ունեցաւ եւ այդ պատճառով երկարաձգուեցաւ կեցութիւնը տիեզերքի մէջ:
«ՍԹԱՐԼԱՅՆԸՐ»Ի ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ
Առաքելութիւնը առաջին իսկ օրէն բախեցաւ արհեստագիտական խնդիրներու: Աստղանաւորդները ՄՏԿ ժամանած էին «Պոյինկ Սթարլայնըր» տիեզերանաւով, որ նախատեսուած էր դառնալ նոր սերունդի ղեկավարուող տիեզերանաւերու մաս: Սակայն արդէն ՄՏԿ-ի հետ միացման ժամանակ հինգ շարժիչներու անսարքութիւնը անկարելի դարձուց անոնց վերադարձը Երկիր:
Այդ պատճառով ՆԱՍԱ-ն ստիպուած էր յետաձգել անոնց վերադարձը: 2025 թուականի փետրուարին «Սթարլայնըր»ի վրայ յայտնաբերուեցաւ հելիումի արտահոսք, նաեւ՝ այլ արհեստագիտական խնդիրներ, ներառեալ՝ չորս շարժիչներու խանգարումը: Այս կացութիւնը ՆԱՍԱ-ն կանգնեցուց բարդ, բայց անհրաժեշտ որոշման առջեւ. գործածել այլ տիեզերանաւ: Փոխարինող տարբերակ ընտրուեցաւ «SpaceX Crew Dragon»ը, որ ՄՏԿ ժամանած էր 2024 թուականի սեպտեմբերի վերջին օրերուն, հերթական արշաւախումբի փոփոխութեան համար:
ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒՄԸ
Այսպիսով, երկու շաբաթի փոխարէն՝ աստղանաւորդները ՄՏԿ-ին մէջ անցուցին 286 օր, Երկրի շուրջը 4576 անգամ դառնալով: Այդ ընթացքին անոնք շարունակեցին աշխատանքը՝ իրականացնելով գիտական փորձեր եւ այլ հետազօտութիւններ:
Սոնի Ուիլիըմզ արձանագրեց նոր մրցանիշ՝ որպէս ՄՏԿ-ի մէջ ամենէն շատ ժամանակ անցուցած կին: Պուչ Ուիլմոր, իր կարգին, յայտարարեց, որ իրենք պատրաստ էին նման իրավիճակի եւ անհանգստութիւն չէին զգար առաքելութեան ձգձգման պատճառով:
ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԵՐԿԻՐ
Վերջապէս, 2025 թուականի 18 մարտին աստղանաւորդները վերադարձան Երկիր «SpaceX Crew Dragon» տիեզերանաւով, որ յաջողութեամբ անջատուեցաւ ՄՏԿ-էն: Տիեզերակայանէն մինչեւ Երկրի մակերես հասնելու համար պահանջուեցաւ 17 ժամ: Սարքը անցաւ մթնոլորտի խիտ շերտերով եւ յաջող էջք կատարեց՝ գործածելով անկարգելներու համակարգը: Էջքը տեղի ունեցաւ Ֆլորիտայի ափերուն մօտ, ուր աւարտեցաւ անոնց գրեթէ իննամսեայ առաքելութիւնը:
«Էջքը տպաւորիչ էր: Մենք ունէինք իտէալական պայմաններ ջուրի վրայ էջքի համար», նշեց ՆԱՍԱ-ի ներկայացուցիչ Ճէյտըն Ճենինկս:
ԱՍՏՂԱՆԱՒՈՐԴՆԵՐՈՒ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ
Վերադարձէն ետք Սոնի Ուիլիըմզ շնորհակալութիւն յայտնեց նման առաքելութեան մաս կազմելու հնարաւորութեան համար: Հակառակ կեցութեան երկարաձգման՝ ան նշեց, որ տիեզերքը լքելու կարօտ կը զգայ, բայց միաժամանակ հպարտ է իր նուաճումներով:
Պուչ Ուիլմոր եւս ընդգծեց, որ իրենք պատրաստ էին նման շրջադարձի եւ մտահոգութիւն չունէին: «Մենք միշտ հասկցած ենք, որ տիեզերական թռիչքները կրնան անկանխատեսելի ըլլալ: Այս մեր առաջին նման փորձը չէր», ըսաւ ան:
ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ
Ռուս վեթերան տիեզերագնաց Ս. Կրիկալեւ բացատրեց, որ երկարատեւ տիեզերական առաքելութիւններէն ետք աստղագնացները պէտք է անցընեն վերականգնողական փուլ, քանի որ մարդու մարմնի կազմուածքին մէջ տեղի կ՚ունենան մասնկային (molecular) մակարդակի փոփոխութիւններ:
Հիմնական խնդիրները կապուած են ծանրութեան կորուստի, ոսկորներու խտութեան նուազման եւ մկանային զանգուածի թուլացման:
«Վերականգնումը սովորաբար կը տեւէ մօտ երկու ամիս: Թէեւ անոնք վտանգի տակ չէին, նման երկարատեւ առաքելութիւններէն ետք մարմինը կը պահանջէ քանի մը ամիս, Երկրի ձգողականութեան յարմարելու համար», նշած է Կրիկալեւ:
ՅԱՅՏՆԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, ՈՐ ԿԸ ՓՈԽԷ ՄԵՐ ՏԵՍԱԿԷՏԸ ՏԻԵԶԵՐՔԻ ՄԱՍԻՆ
Աստղագէտները ուշագրաւ յայտնագործութիւն մը ըրած են. ամենէն հեռաւոր յայտնի ծիր կաթինի՝ JADES-GS-z14-0-ի մէջ թթուածին յայտնաբերուած է: Այս բացայայտումը կարելի դարձուցած է Չիլիի Ատակամա անապատի մէջ տեղակայուած ALMA աստղադիտարանին շնորհիւ: Ուսումնասիրութեան արդիւնքները կատարուած են երկու անկախ հետազօտական խումբերու կողմէ, հրապարակուած են «Astronomy and Astrophysics» (A&A) կայքին մէջ: Այս յայտնագործութիւնը վերանայման կ՚ենթարկէ մեր պատկերացումները այն մասին, թէ որքա՛ն արագ ձեւաւորուած է տիեզերքը:
JADES-GS-Z14-0. ՊԱՏՈՒՀԱՆ ԴԷՊԻ ՏԻԵԶԵՐՔԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆ
JADES-GS-z14-0-ը, որ յայտնաբերուած է 2023 թուականին, կը գտնուի մեզմէ 13 միլիառ լոյսի տարի հեռաւորութեան վրայ: Այդ կը նշանակէ, որ այն լոյսը, որ մենք կը տեսնենք այսօր, արձակուած է այն ժամանակ, երբ տիեզերքը միայն 300 միլիոն տարեկան էր, անոր ներկայի 14 միլիառ տարիքէն շուրջ 2 առ հարիւր: Գիտնականները նման մարմինները կը նկատեն պատուհան դէպի տիեզերքի կանուխ ժամանակաշրջան, երբ կը ձեւաւորուէին առաջին աստղերն ու ծիր կաթինները:
ԱՆՍՊԱՍԵԼԻ ՀԱՍՈՒՆՈՒԹԻՒՆ
JADES-GS-z14-0-ի մէջ թթուածինի յայտնաբերումը զարմացուցած է աստղագէտները: Սովորաբար նման երիտասարդ վայրերու մէջ կը գերակշռեն թեթեւ տարրերը՝ ջրածինն ու հելիումը, որոնք ստեղծուած են տակաւին Մեծ պայթումի ժամանակ: Ծանր տարրերը, ինչպիսին է թթուածինը, կը յառաջանան աւելի ուշ, երբ աստղերը միջուկային համադրումի (սենթեզ) ընթացքին «կ՚այրեն» թեթեւ տարրերը, ապա պայթում՝ տարածելով նոր նիւթեր: Սակայն այստեղ ծանր տարրերու քանակը 10 անգամ աւելի էր, քան կը սպասուէր: «Այդ նման է պատանիի մը յայտնաբերման այն վայրին մէջ, ուր պէտք է ըլլայ նորածին մը», նշեց Լէյտենի աստղադիտարանի փրոֆեսէօր եւ հետազօտութեան ղեկավար Սանտեր Սխաուս: Ըստ անոր, JADES-GS-z14-0-ը ձեւաւորուած եւ «հասունցած» է անհաւանական արագութեամբ: Այս կը ստիպէ վերանայելու նախկին տեսութիւնները:
ALMA-Ի ԴԵՐԸ ՅԱՅՏՆԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Յայտնագործութեան հիմնական գործիքը ALMA-ի հեռադիտակներու զանգուածն էր, որ արձանագրեց թթուածինի տկար ճառագայթման ազդանշանները: Այս տուեալները ոչ միայն հաստատեցին տարրի գոյութիւնը, այլեւ թոյլ տուին չափել հեռաւորութիւնը բացառիկ ճշգրտութեամբ: Նման մանրամասնութիւնը կ՚ընդգծէ ALMA-ի հզօրութիւնը՝ հեռաւոր տիեզերքի ուսումնասիրութեան գործին մէջ:
Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Թթուածինի յայտնաբերումը կը վկայէ այն մասին, որ JADES-GS-z14-0-ի մէջ արդէն ձեւաւորուած եւ անհետացած է աստղերու առաջին սերունդը եւ աստղերու ձեւաւորման, եղափոխութեան գործընթացները տիեզերքին մէջ տեղի ունեցած են աւելի արագ, քան ցարդ կ՚ենթադրուէր:
Այս յայտնագործութիւնը միայն սկիզբն է։
ALMA-ի շնորհիւ մենք յաջողեցանք անցեալին նայիլ որեւէ ատենէ աւելի խոր եւ այժմ կը սպասենք նոր բացայայտումներու, որոնք կը պատմեն, թէ ինչպէ՛ս քաոսէն ծնած է մեր աշխարհը:
ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ ԵՆ ՏԻԵԶԵՐՔԻ «ՄԱՆԿՈՒԹԵԱՆ» ԱՄԵՆԱՄԱՆՐԱՄԱՍՆ ՊԱՏԿԵՐՆԵՐԸ
Միջազգային աստղագէտներու խումբը, Փրինսթընի համալսարանի մասնագէտներու ղեկավարութեամբ, ներկայացուցած է տիեզերքի ամենամանրամասն պատկերները՝ ճշդելով այն պահը, երբ ան միայն 380 հազար տարուան էր: Հետազօտութիւնը հրապարակուած է համալսարանի պաշտօնական կայքէջին մէջ:
Ստացուած պատկերները ցոյց կու տան տիեզերական միքրոալիքային խորապատկերը (CMB), ճառագայթումը, որ յաղթահարած է աւելի քան 13 միլիառ տարուան ճամբայ՝ նախքան Երկիր հասնիլը: Հետազօտութիւնը իրականացուած է Չիլիի Ատակամայի աստղադիտակի (ACT) նախագիծի ծիրին մէջ՝ ոչ միայն քարտէսագրելով նիւթի բաշխումը, այլեւ հետեւելով անոր շարժումին, լոյսի բեւեռացման վերլուծութեան միջոցով:
ԼՈՅՍԻ ԲԵՒԵՌԱՑՈՒՄԸ
Գիտնականները մանրամասն ուսումնասիրած են CMB-ի բեւեռացումը, որ հնարաւորութիւն տուած է յետագծել, թէ ինչպէ՛ս ջրածինը եւ հելիումը տեղաշարժած են տիեզերքին մէջ: Այս տուեալները բացառած են բազմաթիւ այլ տեսութիւններ, որոնք կ՚առաջարկէին տիեզերքի զարգացման այլընտրանքային վարկածներ:
ՏԻԵԶԵՐՔԻ ԶԱՆԳՈՒԱԾՆ ՈՒ ՏԱՐԻՔԸ
ACT-ի տուեալներու շնորհիւ կարելի եղած է յստակեցնել տիեզերքի հիմնական յարաչափերը (parameter): Ըստ նոր հաշուարկներու, անոր տարիքը կը կազմէ 14 միլիառ տարի: Դիտարկուող տիեզերքի զանգուածը 1900 զետա-արեգակ (գրեթէ երկու թրիլիոն արեգակի զանգուածի համարժէք): Ընդ որում, այս զանգուածի միայն հինգ առ հարիւրը սովորական նիւթ է, իսկ մնացեալը մութ նիւթ եւ մութ կենսուժ (energy) են:
ԱՊԱԳԱՅ ՀԵՏԱԶՕՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հետազօտութիւնը հնարաւոր դարձած է հինգ տարուան դիտարկումներու շնորհիւ՝ գործածելով բարձր զգայունութեան սարքեր: Ստացուած տուեալները ո՛չ միայն կ՚ընդարձակեն վաղ տիեզերքի վերաբերեալ պատկերացումները, այլեւ կը բանան նոր հետազօտական ուղղութիւններ՝ աստղագիտութեան եւ տիեզերական ոլորտին մէջ:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան