ԱՇԽԱՏԻԼ՝ ՃԱՀԻՃԷ ՀԵՌՈՒ
Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կը ձեւաւորուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Իրան նոր աքցան մը, որու մէջ էնաեւ Լիբանանը։ Ուաշինկթընի կեցուածքները բաւական կը տատանին յաչս Պէյրութին։
Լիբանանի քաղաքական շրջանակները վերջերս շունչ մը առին այն լուրով, թէ ԱՄՆ-ի յատուկ բանագնացՄորկան Օրթակոս հրաժարական տուած էր։ Խորքին մէջ, բանագնացները կը կատարեն բարձրագոյնղեկավարութեան յանձնարարութիւնները։ Ան պաշտօնի նոր կոչուած շրջանին յուսադրած էր Լիբանանը, որ շատլաւ հասկցած էր, թէ դէպի նոր փուլ մը պիտի տեղափոխուի։ Հիասթափութիւնը, սակայն չէր ուշացած, երբ Օրթակոսշատ խիստ ոճով մը Լիբանանէն պահանջած էր արագօրէն զինաթափել «Հիզպուլլահ»ը։ Իսկական հարցադրումնալ այս կէտին վրայ էր. արդեօք ԱՄՆ չէր գիտե՞ր, թէ այդ շրջանին ահաւոր էր այդ բանը։ Արդարեւ, Իսրայէլի կողմէԼիբանանի դէմ վերջին պատերազմէն ասդին «Հիզպուլլահ» վերածուած էր «վիրաւոր առիւծի» մը։Անվստահութեան նոր հարց մը գոյացաւ Լիբանանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ, ինչ որ վերածուցաւ հեռավարվիճաբանութեան։ Անշուշտ, ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան իւրաքանչիւր քայլ, շարժում կամյայտարարութիւն հիմնուած կ՚ըլլայ ներքին համոզումներու կամ որոշումներու վրայ։ Երբ ԱՄՆ ուզէ ճկունացնելորոշում մը կամ աւելի վաղ յայտարարուած տեսակէտներ, ապա կը փոխէ իր բանագնացը եւ սա կը նշանակէ նորէջի մը բացուած ըլլալը։ Ճիշդ այսպէս տեղի ունեցաւ Լիբանանի պարագային։ Այդ երկրին համար բանագնացնշանակուեցաւ Թոմ Պարաք, որ Սուրիոյ մէջ դիւանագիտական բարձր պարտաւորութիւններ ստանձնած էր եւ ունիաւելի մեղմ տեսակէտներ եւ ընկալումներ։ Այս բոլոր իրադարձութիւնները, ուղղակի կամ անուղղակի, ԱՄՆ-ինախագահ Տանըլտ Թրամփի դէպի Մերձաւոր Արեւելք շրջագայութեան պայմանաւորած համայնապատկերինվրայ տեղ կը գտնեն։
Սպիտակ տան քաղաքականութեան իրական կնքահայրն է Սէուտական Արաբիոյ Մուհամմէտ պին Սելմանթագաժառանգը, որու կատարած տնային աշխատանքին շնորհիւ Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարա Ռիատի մէջտեսակցեցաւ Թրամփի հետ։ Այսպէսով, երեւելի դարձաւ, որ ԱՄՆ-ի համար շատ աւելի կարեւոր է Սուրիոյ հետաշխատիլը՝ քան թէ մխրճուիլը Լիբանանի ներքին խնդիրներուն եւ անոնցմով գոյացած ճահիճներուն մէջ։ ԱՄՆմիշտ գերադասած է միջնորդաւորուած բանակցութիւնները, փոքր երկիրներու պարագային ազդեցութեան լծակ-ներ կիրառելը։ Սա, անշուշտ, նոր չէ եւ այս փուլին երկրորդական դիրքի վրայ պիտի դնէ Լիբանանի ընդհանուրկարգավիճակը։
Մինչ ԱՄՆ-ի յայտնի պահանջները ծանօթ են, անդին արաբական կարեւոր աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ«Հիզպուլլահ»ի ռազմական ներուժի վերականգնումը հաւանական է։ Պէյրութի օդակայանին, նաեւ Սուրիա-Լիբանան (Թեհրան-Պաղտատ-Դամասկոս) ցամաքուղիին փոխարէն, «Հիզպուլլահ» ընտրած է Պէյրութինաւահանգիստը՝ Իրանի զինամթերքի փոխադրութեան համար։ Տխուրն այն է, որ ԱՄՆ «Հիզպուլլահ»իզինաթափման խնդիրը կը կապէ Լիբանանէն տրուելիք օգնութիւններուն հետ։ Ըստ Ուաշինկթընի՝ ոչ ոք պիտիօժանդակէ Լիբանանին, եթէ «Հիզպուլլահ» շարունակէ պահել իր զինամթերքը։
Անշուշտ, այս բոլորը Իրան-ԱՄՆ մեծ պայքարի փոքր շերտն է։ Այս թղթածրարը, որ սկսած է բեռ դառնալԻրանի համար, յառաջիկային եւս պիտի օգտագործուի ԱՄՆ-ի կողմէ։ Եթէ «Հիզպուլլահ» պատրաստ է հաւատալ իրզինեալ պայքարին, ապա Իրան չի կրնար մերժել անոր խնդրանքները։ Այլ խօսքով, Իրան պարտաւոր է«Հիզպուլլահ»ի զէնքի ծարաւը յագեցնել՝ տեղ մը հաշուի նստելով այն բոլոր խօսակցութիւններուն ու ներքինկարգով հնչած մեղադրանքներուն հետ, որոնք ուղղուած են իրեն։ Ի հարկէ, այդ մեղադրանքները կապ ունինԻսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ վերջին պատերազմի ընթացքին ի յայտ եկած բացթողումներուն հետ, որոնցպատճառով ալ «Հիզպուլլահ»ի մեծ կարողութիւններու տէր կրօնական թէ աշխարհիկ ղեկավարութիւնը, մէկխօսքով, գլխատուեցաւ։
Պարզ է, որ «Հիզպուլլահ»ը առաջուանը չէ։ Նոյնիսկ Իրան տեղ մը համամիտ է, որ ան դադրիտարածաշրջանային ուժ ըլլալէ եւ կամաց-կամաց դառնայ Լիբանանի ներքին խաղացող մը։ Մէկ կողմէ Իսրայէլ, իսկ միւս կողմէ Շարայի Սուրիան արդէն ունին «Հիզպուլլահ»ը զսպելու ամբողջ ներուժը։ Իսկ բոլորովին ուրիշհարց մըն է, թէ Լիբանանի բանակը ինչպէ՛ս պիտի վարուի «Հիզպուլլահ»ի հետ։ Սա է, որ շատ աւելի վտանգաւորկէտի մը կրնայ առաջնորդել Լիբանանը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան