ԱԿՆԱՐԿ - 145 - ԾՆՈՂ-ԶԱՒԱԿ ՓՈԽՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ (Ժխտական երեւոյթներ, դատողութիւններ, առաջարկներ եւ լուծումներ)
Ծնող զաւակ փոխյարաբերութիւնը մեր օրերուն կարելի է ըսել վերածուած է նուրբ արուեստի մը, որու, ցաւօք, ծնողներու մեծամասնութիւնը չեն տիրապետեր կամ չեն ուզեր տիրապետել:
Այսօրուան ծնողներէն շատերու համար զաւակ դաստիարակելը ո՛չ թէ նուիրական առաքելութիւն մըն է, այլ՝ ծանր պարտաւորութիւն մը, որ ժամանակ կը խլէ, կը խանգարէ ծնողներու առօրեայ կեանքը, զբաղումներն ու հետաքրքրասիրութիւնները: Շատերու համար թերեւս տարօրինակ թուին այս բոլորը, բայց ցաւօք իրականութիւն են:
Առ այդ, այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք գրութիւն մը, հայրենի գրող, հոգեբան, շարժանկարի ուրուագիծ գրող (screenwriter-scriptwriter), լրագրող՝ Արփի Վանեանի մտածումները, գաղափարները եւ ներկայացուցած առաջարկները ծնող-զաւակ առողջ եւ կառուցողական փոխյարաբերութեան մասին, որ վերցուցած ենք հեղինակի դիմատետրի էջէն եւ արեւմտահայերէնի վերածելով կը դնենք մեր ընթերցողներու տրամադրութեան տակ:
***
• Երբ ծնողները կը դիմեն ինծի, ըսելով. «Երեխաս կռուազան է (aggressive), անհանգիստ, տագնապային, չ՚ուզեր սորվիլ, ծոյլ է», ես միշտ կը հարցնեմ.
-Ինչպիսի՞ն է ձեր սպասումները անկէ:
Պատասխանները միշտ «բարի մտադրութիւններու» մէջ փաթեթաւորուած են.
«Ան կրնայ, բայց չ՚ըներ»:
«Պէտք է միշտ լաւագոյնը ընէ»:
«Ես կ՚ուզեմ, որ իր ապագան ապահով ըլլայ, ատոր համար պէտք է…»:
Այս բոլորը կը բացայայտեն երեխային վրայ դրուած ակնկալիքներուն անտեսանելի եւ ծանր բեռը:
• «Լաւ սորվելու» ծանր բանաձեւը:
Ամենէն շատ տարածուած ճնշումներէն մէկը հետեւեալն է. «Պէտք է անպայման լաւ սորվիս, որպէսզի լաւ մարդ դառնաս, լաւ գործ ունենաս, յարգեն քեզ, ընտանիքդ կարենաս պահես»:
Հակասութիւնը այն է, որ այս բանաձեւը յաճախ կը հնչէ ա՛յն ծնողներէն, որոնք թէ՛ լաւ սորված են, թէ՛ լաւ գործ ունին, թէ՛ յաջողութիւն ունին, բայց տուն կու գան յոգնած եւ տառապած՝ այդպէս ալ իրենց ընտանիքի անդամներուն որակեալ ներկայութիւն (յուզումնային (emotional) ուշադրութիւն) չտրամադրելով: Եւ ուղղակի ա՛յդ երեխան տարիներով անուշադրութեան եւ սիրոյ պակասի մթնոլորտի մը մէջ կը մեծնայ: Երեխան ենթագիտակցօրէն կ՚ընկալէ, որ յուզումնային բացակայութիւնը կը փոխարինուի «լաւ սորվելու» պարտադրանքով, թէ՝ «լաւ սորվիլը» հաւասար է տառապելու եւ յոգնելու:
• Երեխային մօտ ներքին լարուածութիւնը կը սկսի, երբ՝
Անոր արժէքի չափորոշիչը միայն գնահատականներն ու արդիւնքները կը դառնան:
Խաղն ու հանգիստը «շռայլութիւն» կը համարուին:
Սիրոյ չափաբաժինը կախում ունի կարգապահութենէն եւ յաջողութենէն, լաւ գնահատականներէն, համալսարան անվճար ընդունուիլէն, եւ այլն (պայմանական սէր):
Եւ երեխային մօտ հիմք կը դրուի խոցելի (traumatic) համոզմունքին, թէ՝ «ես արժէքաւոր եմ միայն այն ատեն, երբ կը կատարեմ ծնողներուս սպասելիքները եւ չեմ հիասթափեցներ»:
Արձագանգը երկու ճանապարհով կը դրսեւորուի.
Թշնամական (aggressive) դրսեւորում. ներքին ճնշումը դուրս կու գայ թշնամութեամբ, զայրացկոտութեամբ՝ որպէս բողոք (պայքարի հակազդեցութիւն):
Ներքին ճնշում. երեխան օրինակելի, յարմարուած կը դառնայ, բայց ներքին լռութեան եւ ինքնախեղման գերի: Ան կը կորսնցնէ իր իսկական ինքնութիւնը՝ բաւարարելու համար ուրիշները:
• Երեխայի հոգեբանական խոցելիութիւնը կը ծնի յաճախ ո՛չ թէ բռնութենէն, այլ՝ սրտանց «բարութեան» մէջ փաթթուած քրոնիկական ճնշումէն:
Յիշեցէ՛ք. երեխան ձեր անկատար ցանկութիւններուն իրականացնողը չէ: Ան առանձին ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ է, ով կրնայ աճիլ միայն առանց ՊԱՅՄԱՆԱԿԱՆ ՍԻՐՈՅ եւ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ մթնոլորտի մէջ:
• Եթէ դուք այս տողերուն մէջ ձեր իրավիճակը կամ ձեր երեխային վարքը ճանչցաք, ապա գիտցէք՝ փոփոխութիւնը ինքնաճանաչումէն կը սկսի:
• «Դուն չհասկցող ես, յիմար ես, ապուշ ես»:
Այս բառերը՝ «յիմար», «չհասկցող», ո՛չ թէ ժամանակաւոր զայրոյթի պոռթկումներ են, այլ՝ միջուկային հաղորդագրութիւններ, որոնք ձեր երեխային ինքնութեան հիմքը կը քանդեն:
Երբ երեխան ծնողէն՝ իրեն համար ամենէն կարեւոր մարդէն այս պիտակաւորումները կը լսէ, ան չի՛ մտածեր, թէ՝ «ծնողս յոգնած է». ան կը մտածէ, թէ՝ «ես այսպիսին եմ»: Երեխան ծնողի բառերը ներքին օրէնքի կը վերածէ, որու համաձայն պէտք է ինքը ապրի:
Այս խոցելիութեամբ մեծցած մարդը մշտապէս կը տառապի՝
Ինքնավնասարարութեամբ՝ (self-sabotage) ան յաջողութեան չի՛ հասնիր, որովհետեւ ենթագիտակցօրէն համաձայն է, թէ՝ «յիմարը չի կրնար յաջողիլ»:
Արտաքին գովեստի կախուածութեամբ: Ան անվերջ կը փնտռէ մարդիկ, որոնք կ՚ապացուցեն, թէ ինք լա՛ւն է, բայց չի՛ հաւատար անոնց:
Ամօթի զգացումով: Ան ամօթ կը զգայ իր միտքերուն, զգացմունքներուն ու ցանկութիւններուն համար, քանի որ կը կարծէ, որ ատոնք «յիմար» են:
Այս պիտակաւորումները ո՛չ թէ ձեր իսկութիւնը, այլ՝ ուրիշ վախի եւ անզօրութեան արտայայտութիւնն էին: Դուք պէտք է դուրս գաք այդ մութ սենեակէն, ուր դուք փակուած էք ձեր ծնողի բառերուն պատճառով:
Բուժումը կը սկսի անկէ, երբ դուք գիտակցաբար այդ պիտակները կը հերքէք: Դուք այդ բառերը չէ՛ք: Դուք բարդ, բազմաշերտ, իմաստուն մարդ էք: Սկսէք դարձեալ սահմանել ձեր իսկութիւնը՝ առանց անցեալի դատավճիռներուն:
Յիշէ՛, քու արժէքդ չի՛ կրնար գնահատուիլ ուրիշի մը բարկութեան պահուն [արտասանած] բառերով:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ