ՀԵՌԱՒՈՐ ՍԵՆԵԱԿԻ ՄԷՋ ԵՂՈՂ ԲՈՒՆ
Հնդկական «Ա…» պարբերականին դեկտեմբեր ամսուան բոլոր նկարները լաւ էին, սակայն անոնց մէջ ամենէն լաւը անկասկած անձրեւէն թրջուած գունաւոր բուի մը նկարն էր…: Անոր գեղեցկութիւնը կը կայանար վայրկեանին դիպուկ ըլլալն ու լաւ անկիւնը…: Այս բոլորէն կարեւորը, բռնելն է բուին իսկական նայուածքը, որ անլուսին գիշերուան խաւարին մէջ պահուտած է:
Սենեակիս մէջ էի. ամուրիի սենեակ՝ մերկ պատերով, որ կը նմանի իր միայնակի զգացումներուն, գետինը թուղթերով աղտոտած է, որ ո՛չ ոք գիտէ, թէ ուրկէ՞ եկած են: Երեք բարակ ոտք ունեցող սեղանին վրայ իրարու վրայ բարդուած գիրքեր, իսկ սեղանին չորրորդ ոտքը աւելի համար որպէս պոչ գործածուած է, իսկական պոչին կորսուելէն ետք: Հագուստները դրան վրայ մի քանի տեղ ծակած եւ ի վերջոյ իր ներկայ տեղը գտած երկար գամի մը վրայ իրարու վրայ կախուած են:
Ես ինծի ըսի նայուածքս կեդրոնացնելով գեղեցիկ բուի նկարին վրայ.
-Այս նկարը պատերէն մէկուն վրայ պէտք է կախուի. ասիկա, անկասկած, սենեակին կեանքի եւ մասնակցութեան նշոյլ մը կու տայ…:
Իրապէս, նկարը անկողինին դիմացի պատին վրայ փակցուցի եւ զայն շրջանակեցի սրճագոյն թուղթով մը, որպէսզի ձեւով մը պատին հետ միաձուլուի: Արուեստի գործ էր, հետեւաբար, իր ճամբան առաւ դէպի սենեակ, եւ ես պէտք է ինքզինքս շնորհաւորէի այս նկարը առնելուս համար:
Կէս գիշերին երբ անկողին մտայ, նկարը անակնկալի բերաւ զիս: Սենեակին լոյսը քիչ մը տկար էր, եւ այս էր թերեւս պատճառը, որ նկարը ինծի շա՜տ տգեղ թուեցաւ: Բուին գլուխը սովորականէն աւելի մեծ էր, այն խորհդանշականօրէն կը յիշեցնէր գէշ աղէկ տափակցած սիրտ մը: Կտուցը կտրուկ կերպով կորացած էր, լայնաշերտ մանգաղի նմանելով: Աչքերը մեծ ու կլոր էին, որոնց վերի մասը կը կորսուէր բարկացած յօնքերուն տակ: Աչքերուն մէջ վայրենի բարկութիւն կար, հակառակ ատոր, նայուածքը յուսահատ վախ կը պարունակէր՝ հերոսական հպարտութեամբ միախառնուած, եւ շատ կը նմանէր մարդու մը, որ յանկարծ իրավիճակի մը մէջ կը յայտնուի, ուր պէտք է որոշում կայացնէ կամ մեռնելու եւ կամ փախչելու: Դէմքը վախցնող էր եւ կարծէք կլոր ու փայլող աչքերը կենդանի շող ունէին, որ սենեակի լռութեան մէջէն կը դիտէր ու իր կենդանի դողով գանկիս մէջ կը թափանցէր, եւ սուր ճիչով մը կ՚ըսէր.
-Կը յիշե՞ս…, ասկէ առաջ անգամ մը մենք հանդիպած էինք:
Աղօտ լոյսը մարեցի եւ գլուխս թաղեցի ամրան կպչուն քրտինքով աղտոտած ծածկոցին տակ, սակայն եւ այնպէս, կը տեսնէի բարկացած ու վախցած աչքերը, որոնք խաւարը կը թափանցէին եւ ինծի կը նայէին: Բուին դէմքը, որ այդ այդ պահի ճնշումը կ՚արհամարհէր, որու մէջ մահուան կամ փախուստի ընտրութիւնն էր, գամուած էր գլուխիս մէջ, կարծէք նայուածքս անկէ չէի շեղած՝ յամառօրէն, նայուածքը որ բարկացած կերպով զզուելի ծաղրանքով կը քսուէր ինծի…: Եւ ապարդիւն էին բոլոր փորձերը, որպէսզի կարենայի այդ նկարը գլուխս պոկել: Բան մըն էր, որ մերկ սենեակին եւ զգացումիս մէջ մտաւ եւ խզուեցաւ մահացուցիչ լռութիւնը, այն սուր ճիչին մէջ, որ տակաւին դուրս կու գար կորացած սեւ կտուցէն.
-Կը յիշե՞ս…, ասկէ առաջ անգամ մը մենք հանդիպած էինք:
Պահ մը զգացի, որ այս դէմքը լաւապէս կը ճանչնամ եւ թէ անոր հետ կապուած եմ յիշատակով մը, որ պէտք չէ՛ ջնջուի: Այո՛, ես կը ճանչնամ այդ սուր, բարկացող եւ դիմացկոտ աչքերը՝ սարսափեցնող վայրկեանի մը որոշում առնող…, սակայն ո՞ւր հանդիպած են, ե՞րբ, ինչպէ՞ս:
Ամէն ինչ թանձր մշուշով պատուած երեւցաւ, սակայն եւ այնպէս հեռուէն փայլող յիշատակ մը կար, բայց մութ էր եւ հեռուին մէջ թաղուած: Հաստ ամբարտակ մը կայ, որ միտքս կը փակէր այդ յիշողութենէն, սակայն ես պէտք է յիշէի: Արդարեւ, բուի բարկացած աչքերը այնպիսի կտրուկ զգացողութիւն մը կը ներշնչէին իմ մէջս, թէ նախապէս մենք զիրար ճանչցած ենք…, բայց ե՞րբ, ինչպէ՞ս եւ ո՞ւր:
Անկողինէս ելայ, հասկնալով որ անկարելի է քնանալ այդ ծանրութեան տակ: Լուսամփոփս վառեցի, ապա գունաւոր նկարին առջեւ կայնեցայ: Աչքերը տակաւին լայն ու բարկացած են, որ տափակցած տարօրինակ դէմքին վրայ արմատացած են: Կորացած կտուցը լայնաշերտ սեւ մանգաղի նման տակաւին կը շարունակէր զզուելի ծաղրանքը: Իսկ մոխրագոյն փետուրը կոպիտ կարմիրով մը նկարուած, անձրեւի ջուրէն թրջուելէ ետք աղտոտ բուրդի պէս կը հաւաքուէին:
Պահ մը ետք, յիշատակը զօրաւոր, բարձր բախումով մը ինկաւ եւ ինծի յանկարծակի գլխապտոյտ մը պատճառեց: Թանձր մշուշին մէջէն փայլեցան բոլոր այն բաները, որոնք վախնցող բուն յիշեցուց ինծի, եւ ինծի թուեցաւ, թէ մենք իրապէս զիրար լաւապէս կը ճանչնանք:
***
Մօտաւորապէս տասն տարի առաջ էր: Փոքրիկ գիւղիս մէջ էի, որու տուները ուս ուսի դրուած են, անոր ցեխոտ թաղերուն մէջ: Հիմա կը յիշեմ այդ բոլորը որպէս ուրուականներ: Այն ատեն երեխայ էի. առանց ընտրութեան իրաւունքի ականատես կը դառնայինք, թէ ինչպէս Պաղեստինը թիզ-թիզ կ՚իյնար եւ թէ ինչպէս մենք թիզ-թիզ կը ետեւ կը քաշուէինք: Հին հրացանները մարդոց կոշտ ձեռքերուն մէջ էին, որ մեր աչքերուն առջեւէն կ՚անցնէին որպէս արիւնալի առասպելներ, իսկ ռումբերու հեռաւոր ձայները կը յուշէին մեզի, թէ պատերազմ էր եւ թէ՝ կային կիներ, որոնք իրենց ամուսինները կը կորսնցնէին, երեխաներ՝ իրենց հայրերը, մինչ անոնք պատուհաններէն լուռ կերպով մահուան հրապարակին կը նայէին:
Չեմ գիտեր դէպքը ո՞ր օրը պատահեցաւ, նոյնիսկ հայրս ալ այդ մոռցած է: Ճակատագրական օր մըն էր, որ աւելի մեծ էր քան զայն կարենային պարունակել անուն մը կամ թիւ մը: Այդ օրը ինքնին մեծ ժամանակներու նշանն էր, անոնցմէ, որոնք պատմութեան ընթացքին մէջ կը դրուին, որպէսզի մարդիկ ըսեն, օրինակ. «Այդ պատահեցաւ ցեղասպանութենէն մէկ ամիս ետք»…: Անպայմանօրէն այդ օրերէն օր մըն էր, այլապէս զայն խոթած կ՚ըլլայինք թիւի մը, անունի մը կամ վայրի մը տակ:
Յարձակումը կէս գիշերին մօտ սկսաւ եւ հայրս մօրս ըսաւ, մինչ իր ծանր հրացանը ուսէն կը կախէր.
-Այս անգամ մե՜ծ յարձակում մըն է…:
Մենք՝ պզտիկներս, կրակոցներու ձայներէն գիտցանք, թէ նոր զէնքեր էին, եւ թէ յարձակումը այս անգամ այնպիսի ուղղութենէ մըն է, ուրկէ նախապէս չէր եղած…, եւ թէ այրող ռումբեր ինկած են գիւղին մէջտեղը, որով տուն մը եւ փոքրիկներ այրած է: Եւ երբ ցած պատուհանէն նայեցանք, երազողի մը նման տեսանք կռացած կիներու ուրուականներ, որ դիակներ կը քաշէին դէպի գիւղ, եւ ականջ դնողը կրնար լաւապէս լսել խեղդուող հեկեկոցը: Անոնցմէ մէկը, -ըստ մօրս ըսածին-, միաժամանակ թէ՛ իր ամուսինը եւ թէ ալ իր դիմադրողականութիւնը կորսցնուցած էր:
Յանկարծակի յարձակումէն մէկ ժամ ետք, մեր մարդիկը ետ քաշուեցան: Դժոխքը մեր գիւղին կռնակին ելած էր եւ մեզի թուեցաւ, թէ աստղերը մեր տուներուն վրայ կ՚իյնան: Մինչ այդ, կին մը, որ մեր տան պատուհանին տակէն կ՚անցնէր դիակ մը քաշելով ու շնչահեղձ ըլլալով կ՚ըսէր.
-Կացիններով կը կռուին…:
Մեր գիւղի մարդոց համար կացիններով կռիւը տարօրինակ չէր, որովհետեւ կացինը անոնցմէ իւրաքանչիւրին զէնքն էր՝ անոնց հրացաններուն մէջիններէ դատարկուելէն ետք, որով ան իր ուսին վրայ կը շալկէր զայն՝ սողալով չոր փուշերուն վրայէն, ապա պատերազմիկները իրենց խոնաւ խրամատներէն կը տեսնէին ծնկաչոք մարդու մը ուրուականը, որ իր ձեռքերը գլուխէն վեր կը բարձրացնէր ինչքան կրնայ, մինչ իր ափերուն մէջ քարացած կ՚ըլլար իր ծանր կացինը, ապա կացինը կ՚իջնէր ու իրարու զարնուող լայն եւ խեղդող ձայն մը կը լսուէր, սակայն խաւարը կուլ կու տար երկարող հառաչանքը, որուն կը յաջորդէր կատաղի խռմփոց մը, եւ ապա ամէն ինչ կը լռէր:
Ուրեմն, կացիններու կռիւը սկսած է, այդ կը նշանակէ, թէ մարդիկը սկսած են իրարու հետ բախուիլ, եւ բազմաթիւ դիակներ թշնամիներու գիծերուն վրայ կորսուած են, իրենց ափերը յամառօրէն քարացուցած կացինին, իսկ քիթերը ամենայն հանգստութեամբ անուշ հողին վրայ դրած եւ խաղաղութեամբ պառկած:
Մեր գիւղը սկսաւ փոքրանալ եւ մարդոց ուրիշ բան չմնաց բացի իրենց տուները վերադառնալէ: Տեսանք, նաեւ, որ մեր հայրն ալ յոգնած տուն կը դառնայ, սակայն ո՛չ մէկ վայրկեան կորսնցուց, այլ անմիջապէս մօտեցաւ հի՜ն դարակի մը, որու մօտենալ արգիլուած էր մեզի համար, այնտեղէն վերցուց ատրճանակ մը, եւ վստահ ըլլալէ ետք, որ մէջը փամփուշտ կայ, զայն մօրս երկարեց ու իր աչքերով ցոյց տուաւ մեզ՝ ես ու եղբայրներս, ապա գոցեց այդ դարակը ու փողոց վերադարձաւ:
Մեծ քոյրս ամէն ինչ հասկցած էր ու սկսաւ լալ՝ իր գլուխը ափերուն մէջ թաղած, մինչ մայրս ատրճանակը բռնած իր ափերուն մէջ դողալով պատուհանին մօտեցաւ: Այդ վայրկեանին մեր եւ դրացիներուն միջեւ եղող հին դրան -որ երբեք չէինք գործածեր-, թակոցին ձայնը լսուեցաւ. մեր ծեր դրացին դողդոջուն ձայնով կը պոռար.
-Բացէ՜ք, բացէ՜ք…:
Մայրս երբ դուռը բացաւ, բարձր ճռռաց, իսկ ծերունին վախցած ներս վազեց, նայեցաւ մեզի ու ապա մօրս մօտեցաւ եւ անոր ականջին բան մը փսփսաց, մինչ մայրս անհամաձայնութիւն կը յայտնէր: Ապա դարձալ աւելի մեծ եռանդով փսփսաց անոր ականջին, մայրս վարանեցաւ ապա գլուխը շարժեց համաձայնութիւն յայտնելով, եւ ինծի նշան ըրաւ, որպէսզի հետեւիմ ծերունիին դէպի իր տունը…:
Ծերունիին ետեւէն մտայ տաք սենեակ մը, որ գունաւոր գորգերով ծածկուած էր: Սկսայ ուշադրութիւն դարձնել անոր, մինչ ան վարագոյր մը կը բանար եւ անոր ետեւէն փոքրիկ սնտուկ մը հանելով ձեռքերուս մէջ կը դնէր: Զգացի, որ սնտուկը կարծածէս աւելի ծանր էր, որով գլուխով հարցուցի եւ անոր լերկ բերանէն պատասխանը եկաւ.
-Ասոնք ռումբեր են, որ ողբացեալ տղաս պահած էր այստեղ:
Ափսոսանքով գլուխը շարժեց: Ուշադրութիւն դարձուցի «ողբացեալ» բառին, որ նախապէս այս սենեակին մէջ չէր գործածուեր, ո՛չ ալ միւս սենեակներուն մէջ: Վախի զգացում ունեցայ, մինչ ծերուկը շարունակեց.
-Հրեաները գրեթէ գիւղ կը մտնեն: Եթէ ասիկա քովս գտան, ապա կը կատղին:
Բառերը դանդաղեցան եւ սկսաւ իր մատը շարժել դէմքիս առջեւ՝ զգուշացնելով զիս.
-Դուն փոքրիկ ես եւ կրնաս պարտէզէն անցիլ: Կ՚ուզեմ, որ այս սնտուկը պարտէզին վերջաւորութեան թաղես, մեծ թզենիին տակ…, ետքէն թերեւս ատոնց կարիքը ունենանք…:
Ուրախացայ հերոսական գործի մը մասնակից դառնալուս համար, որով ուղղուեցայ դուռէն դուրս, սակայն երբ ինքզինքս պարտէզ տանող ճամբուն վրայ գտայ, ահաւոր վախ մը պատեց զիս, եսս դողալով սկսաւ հետս խօսիլ, ըսելով որ թափեմ ձեռքիս մէջ եղածը եւ տունս վերադառնամ: Սակայն, ենթադրեցի, որ մայրս անպայմանօրէն պատուհանէն կը դիտէ զիս: Երկինքը ռումբերու ճաճանչէն գրեթէ լուսաւորուած էր եւ անոնցմէ ելած կայծերը կը փայլատակէին հորիզոնին վրայ՝ կոտրտուած գիծեր պատկերելով, որոնք պայծառ լոյսով կ՚աւարտէին: Սարսափեցնող լռութեան պահերուն որոնք կը յաջորդէին իւրաքանչիւր կրակոցի, կը լսուէին մեր մարդոց ձայները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իրենց ձեւերով պատերազմի մէջ կ՚երգէին. երգ, որ կարծես ուրիշ աշխարհէ մը կը բարձրանար, աշխարհ մը, ուր մարդը կը մեռնի ակռաներով սեղմելով գեղեցիկ երգի մնացորդին վրայ, ապա զայն կ՚ամբողջացնէ այնտեղ՝ երկինքին մէջ:
Կռացած կերպով պարտէզը անցայ: Փամփուշտները կը շօշափէին ծառերը ցած սուլոցով, իսկ ծեր թզենին պարտէզի վերջաւորութեան կանգնած էր…: Երբ հասայ անոր, անհասկնալի եռանդ մը զգացի եւ սկսայ կարծր ճիւղով մը փորել…: Երբ սնտուկը փոսին մէջ ձգեցի, կտրուկ գոռոցի ձայն մը լսեցի ծառին վրայէն…: Ահաւոր կերպով վախցայ, որով ծունկերս գետնին դպան եւ դողալով ծառի ճիւղերուն նայեցայ…, եւ ապա տեսայ զայն, մեր գիւղէն երկինք բարձրացող ճաճանչներուն մէջէն…: Կանգնած էր այնտեղ, կը նայէր ինծի լայն ու բարկացած աչքերով, որոնցմէ մէկը ծածկուած էր յօնքին տակ…: Անոր կտուցը կռացած էր լայնաշերտ սեւ մանգաղի մը նման, իսկ անոր մեծ գլուխը տափակցած սրտի մը նման օրինաւոր կերպով կ՚օրօրար: Անոր փետուրները գիշերուան սկիզբը իջած անձրեւէն թրջած էին: Անոր աչքերուն մէջ փայլատակեց այն զայրոյթը՝ տարօրինակ վախին հետ միախառնուած: Ան առանց աչքերը թարթելու խաւարին մէջէն կը նայէր ինծի:
Կուրծքիս տակի սասրափը խաղաղեցաւ եւ գործս շարունակեցի: Աւարտելէ ետք, ուշադրութեամբ նայեցայ բուին, որ իր նախկին վիճակին մէջ էր տակաւին եւ ռումբերուն լոյսերը իր աչքերուն վախցնող ստուերներ կու տային: Ինծի թուեցաւ, թէ կը յամառի իր հակառակորդի դիրքին վրայ կանգնելու եւ թէ պիտի մնայ այդտեղ հակառակ այդ բոլոր փամփուշտներուն եւ մահուան:
Կամաց եւ հանդարտ կերպով սկսայ տուն վերադառնալ: Բոլոր վախերս որ մինչ բուն տեսնելս ունէի՝ հեռացան ինձմէ…: Սակայն, չկրցայ պահ մը կանգ չառնել ու ետ դառնալով չնայիլ անոր. ան դարձեալ իր տափակցած գլուխը կը շարժէր մարդկային խոր նախազգուշացումի կերպարով: Հեռաւոր ռումբի մը փայլատակումէն ես անոր աչքերուն մէջ տեսայ այն խիզախ ընդդիմութիւնը՝ քիչ մը վախցած, բայց դիմացկուն իրավիճակի ճնշումին տակ ընտրութիւն կատարելու՝ փախչելու կամ մահանալու:
Առաւօտը բացուելու վրայ է եւ ես տակաւին մերկ պատին վրայ փակցուած գունաւոր նկարին դիմացն եմ: Յիշողութիւնը յոգնեցուց զիս, սակայն տարօրինակ հանգստութիւն մը զգացի յանկարծ. ահաւասիկ, ես երկար ժամանակ ետք դարձեալ կը հանդիպիմ բարկացող բուին, եւ ո՞ւր. առանձնացած սենեակի մը մէջ, որ ատելի առանձնութիւն կը շնչէ, հեռու գիւղէս, որ հերոսութեան եւ մահուան բոյրով կը բուրէր: Իսկ բուն, տակաւին փակած էր պատին եւ ինծի կը նայէր հեռաւոր ժամանակներէ, մինչ իր կոր կտուցէն սուր ճռռոց մը կու գար.
-Ո՜վ խեղճ…, հիմա յիշեցի՞ր զիս:
«12-րդ անկողինին մահը»
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ