ՆԱԽԿԻՆՆԵՐԸ (Բ.)
Գեղեցիկ պարտաւորուածութիւններուն կատարելապէս գիտակից Տիգրան Պետրոսեանը «անպարտելիին» յաղթած էր ու 1963 թուականի մայիսի 20-ին պատուաբեր էջ մը արձանագրած էր պատմութեան մէջ։
Այդ թուականին, այսօրուան հարցա-զըրոյցներու, տեսերիզներու, քոփի-փէյսթ շարուող կենսագրականներու հեղեղէն հեռու՝ մանկութենէն ճատրակը սիրած Տիգրանը Վրաստանի մեծահասակներու ախոյեան եղած է, բայց՝ «Դասերդ սորվիր, ճատրակը քեզի հաց չի տար», ըսած է անոր հայրը...
Պիտի ուզէի դժգոհիլ մեր մեծերուն կենսագրականներուն մէջ շատ յաճախ կրկնուող «...քեզի հաց չի տար» արտայայտութենէն, բայց իրողութիւն չէ՞, որ մինչեւ այսօր ալ կախման այդ կէտերուն տեղը գրաւելիք բոլոր մասնագիտութիւնները, ընտրութիւնները, ձիրքերն ու արուեստները դեռ ու տակաւին «հաց չտալու» նոյն կացութեան մէջ են։
Ամէն ինչ տակն ու վրայ եղած մեր աշխարհին մէջ չփոխուող իրողութիւններէն մէկն է ասիկա։
1966 թուականին, աշխարհի ախոյեան Տիգրան Պետրոսեանը Պորիս Սփաս-քիին դէմ պիտի խաղար: Ըստ ճատրակի յայտնի մասնագէտներու կանխատեսութիւններուն, յաղթանակը Սփաս-քիինն էր։ Հետզհետէ բարձրացող հոգեբանական ճնշումը իր բարձրակէտին հասած էր «Պորիս Սփասքին կը գրոհէ Օլիմպոսը»՝ խաղէն առաջ լոյս տեսած գրքոյկով։
Օլիմպոսը Սփասքին չգրոհեց։
Պետրոսեանը յաղթեց։
«Կը կարծեմ, որ Սփասքիին անյաջողութեան պատճառներէն մէկն ալ, իր յաղթանակի մասին կազմուած համընդհանուր կարծիքն էր եւ անոր մարզիչին գրած գրքոյկը. ողջունելի էր այդպիսի բան գրել, բայց աւելի լաւ կ՚ըլլար, եթէ խաղէն յետոյ գրուէր», ըսած է Պետրոսեանը եւ յայտնած, որ ան երբեք պիտի չզարմանայ, եթէ երեք տարի վերջ, իր մրցակիցը կրկի՛ն Սփասքին ըլլայ...
Հաճոյախօսութիւն չէր ասիկա. Պետրոսեանը պարզապէս կանխատեսած էր, որ գալիք տարիներուն ո՛չ մէկ ճատրակ խաղացող կրնայ գերազանցել Սփասքիին: Եւ ահա 1969-ին, Պետրոսեանի կանխագուշակումը իրականացաւ եւ անոր դիմաց կրկի՛ն Սփասքին էր:
«Կարծեմ, թէ Պետրոսեանը «Աշխարհի ախոյեան» կոչումի բեռէն կ՚ուզէ ազատիլ», ըսած էր ճատրակի նախկին ախոյեան Դաւիթ Պրոնշթէյնը՝ մրցախաղի շեմին։
«Ճատրակի բո՛ւն պայքարն է, որ զիս կ՚ոգեւորէ. երբ նուաճուած է ցանկալին, մարդու եռանդը անխուսափելիօրէն կը մարի», պատասխանած է ախոյեանը։
Միթէ նուաճուած չէ՞ր ցանկալին։
Ան ո՛չ միայն աշխարհի ախոյեան էր, այլ՝ միջազգային «կը-րանտմասթըր». ճատրակ խաղացողի մը շնորհուող բարձրագոյն տիտղոսը։
Եւ պատահեցաւ անխուսափելին. աշխարհի 9-րդ ախոյեանը այդ խաղին պարտուեցաւ։
«Շատերու կարծիքով, «ախոյեան» կոչումին կորուստը բաւական ծանր հարուած էր: Տարօրինակ է, բայց ես դիւրութեամբ ընդունեցի զայն. երկա՜ր տարիներ «ախոյեան» եղայ, հիմա ալ «նախկին ախոյեան» կ՚ըլլամ», ըսած է Պետրոսեանը:
Ի զուր ըսուած չեն կրնար ըլլալ ծանրակշիռ այս խօսքերը։
Հոգեւոր այս պարզութիւնը, մտաւոր հաւասարակշռուածութիւնը, լայն տեսադաշտն ու խորաթափանց այս հայեացքը «կրանտմասթըր»ին պէս չե՛ն շնորհուիր, այլ կը նուաճուին սիրով, տենչով, ինքնաճանաչողութեամբ, համեստութեամբ, առնելէն աւելի՝ տալով, լալ ու ժպտալով, պարզապէս գոյութիւն չունենալով, այլ՝ լիարժէք ապրելով։ Այդպէս է, որ տարօրինակ չի համարուիր «նախկին ախոյեան» մը ըլլալը։
Բախտաւո՞ր ենք մենք, որ այսօր հեշտութեամբ մեզի հրամցուած տեսերիզներուն մէջ պարզօրէն կրնանք դիտել ճատրակի մեծ խաղերու աւարտին պարտուողներուն (երբեմն նաեւ յաղթողներուն) մարդակային քաղաքավարութենէ ու հոգեմտաւոր նուազագոյն խորութենէ հեռու՝ զարմանալի պահուածքը...Մարզանք, բարոյական սկզբունքներ, ազնուութիւն, համեստութիւն, հանդուրժողականութիւն, այլասիրութիւն... գրքունակ համարուելու չափ անգտանելի բարքեր։
Այսօր, շատ յաճախ կը հնչէ Հայաստանի անունը ճատրակի վերաբերող միջազգային միջոցառումներու ընթացքին։ Պատուաբեր տեղեր կը գրաւեն մեր տղաքը։ Ինչպէ՞ս չարձանագրել, որ միանգամայն անփոխարինելի եղած է Տիգրան Պետրոսեանի ներդրումը Հայաստանի մէջ ճատրակի զարգացման գործին մէջ. անոր մահէն ետք, իր անունով կոչուած է 1970-ին Երեւանի մէջ բացուած «Ճատրակի տունը», որուն հիմնաքարը տեղադրած է ինքը՝ Պետրոսեանը եւ որուն մօտիկ կանգնած է արձանը աշխարհի ախոյեանին, միջազգային կրնատմասթըրին, «Երկաթէ Տիգրան»ին, «Վագր»ին, ճատրակի տեսաբան ու վերլուծաբանին, «Ճատրակային Մոսկուա» ամսագրին եւ «64» շաբաթաթերթի խմբագիրին եւ փիլիսոփայական գիտութիւններու թեկնածու՝ Տիգրան Պետրոսեանին, հայկական մարզական աշխարհի ամենափայլուն անուններէն մէկուն, որով Հայաստանը աւելի ճանաչելի դարձաւ ամբողջ աշխարհին...
Վերջապէս՝ ինչո՞ւ Տիգրան Պետրոսեանը։
Ախոյեանները կը փոխուին։ Նոր ախոյեաններ ունինք այսօր, Հայաստանի ինքնիշխան Հանրապետութեան նպաստն ու քաջալերանքը հազի՜ւ վայելող բացառիկ մարզիկներ, մարզիչներ, վարպետներ, յամառօրէն դիմադրողներ, դիմացողներ, հեռացողներ եւ այլ պետութիւններու դրօշին տակ մրցող հռչակաւոր հայեր, որոնց յաղթանակներու լուրերուն տակ ա՛լ կը վիճինք մենք. ուրիշի մը համար կերտած հայուն յաղթանակը մե՞րն է, թէ՞ ուրիշինը... հեռացո՞ղը մեղադրել, թէ՞ հեռացնո՛ղը։
Հայաստանի «նոր պետութեան» մէջ քօղարկուած մեր պարտութիւններն ու կասկածելի մեր յաղթանակները պիտի շարունակուին, անկասկած, «միջանցք» ու «խաչմերուկ»ներ պիտի գծուին հոն, բայց վստահ եմ՝ պիտի չմոռցուին «հին»երը, մեր նախկինները, քանի որ ա՛յսօր, վա՛ղը, որեւէ ատեն, ո՛ւր որ ըլլայ, անոնց հնչող անունը պիտի յիշեցնէ «մեր» Հայաստանը...
•վերջ
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ