ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Առակաց 29.12-ին մէջ կը կարդանք. «Սուտ խօսքերու ականջ դնող իշանին բոլոր ծառաները չար կ՚ըլլան»: Ինչպէ՞ս պէտք է հասկնալ այս համարը:
Պատասխան. Ընդունուած է ըսել ու կարծել, թէ ինչպիսին է ծնող մը, այդպիսին կ՚ըլլայ նաեւ իր զաւակը: Ինչպիսին է ղեկավար մը, այդպիսին կ՚ըլլան նաեւ իր հպատակները: Եւ՝ ինչպիսին է առաջնորդ մը (հոգեւոր թէ քաղաքական) այդպիսին կ՚ըլլան իրենց ենթակաները:
Առակացին այս համարը ձեւով մը ընդունուած այս ընկալումին լուսաբանութիւնն է, հակառակ կողմէ դիտուած, ուր իմաստունը կը բացատրէ մեզի, որ եթէ իշխանը սուտ խօսքերու ականջ կը դնէ եւ դնելէ անդին՝ կը հաւատայ ու կ՚առաջնորդուի այս սուտերով, ապա զինք շրջապատողները՝ ծառայ թէ ազատ, իր նման եւ իրմէ աւելի չար կ՚ըլլան:
Ծնողները, ղեկավարները, իշխանները, թագաւորները, առաջնորդները պէտք է զգոյշ ըլլան իրենց վարք ու բարքին եւ գործունէութեան մէջ, որովհետեւ իրենք պատասխանատու են ուրիշներու եւս. զաւակներու, քաղաքացիներու եւ հաւատացեալներու: Արդարեւ, անոնք պէտք է բարի օրինակ ծառայեն եւ ո՛չ թէ հակառակը: Պէտք է միշտ դրական լիցքեր տան իրենց զաւակներուն, հպատակներուն եւ ենթականերուն, որպէսզի կարենան իրենց առօրեայ կեանքը լաւագոյն կառավարեն:
Սուրբ Եփրեմ Ասորին կը գրէ. «Յիմար խորհրդականը կոյր դռնապահ է, իսկ իմաստուն խորհրդականը՝ վստահութեան ամրոց»: Վերը յիշատակուածները պէտք է վստահութեան ամրոց ըլլան իրենց զաւակներուն, հպատակներուն ու ենթականերուն եւ ո՛չ թէ կոյր դռնապահ, ուրկէ կարելի ըլլայ ամէն տեսակի չարիք ու փորձանք անցընել:
Լաւ ու օրինակելի տիպար պիտի ըլլան, որովհետեւ ինչպէս ըսի, իրենք պատասխանատուներ են նաեւ ուրիշներու: Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս մի քանի առիթներով կը հրաւիրէ մեզ, որպէսզի նմանինք Իրեն: Այսպէս, Մատթէոսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Ինծի՛ եկէք դուք բոլորդ, յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ, եւ Ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի: Ձեր վրայ առէք Իմ լուծս եւ Ինձմէ սորվեցէք, որովհետեւ հեզ եմ եւ սիրտով խոնարհ, եւ դուք ձեր հոգեկան հանգստութիւնը պիտի գտնէք: Քանի Իմ լուծս դիւրաւ տանելի է եւ բեռս՝ թեթեւ» (Մտ 11.18-30): Իսկ Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Գիտէ՞ք ինչ ըրի ձեզի: Դուք զիս՝ «Վարդապետ» եւ «Տէր» կը կոչէք, եւ ճիշդ կ՚ընէք, որովհետեւ իրապէս ալ եմ: Արդ, եթէ Ես՝ որ Տէր եւ Վարդապետ եմ՝ լուացի ձեր ոտքերը, դուք ալ պարտաւոր էք իրարու ոտքերը լուալ: Ես ձեզի օրինակ մը տուի, որպէսզի դուք ալ իրարու ընէք այն՝ ինչ որ Ես ձեզի ըրի: Լա՛ւ գիտցէք, թէ ծառան իր տիրոջմէ մեծ չէ եւ ոչ ալ ղրկուածը՝ զինք ղրկողէն: Եթէ ասիկա գիրտէք, երանելի պիտի ըլլաք՝ եթէ գործադրէք զայն» (Յհ 13.12-17): Անդին, Տէր Յիսուս նաեւ միշտ կը խրատէ մեզի նմանելու մեր Երկնաւոր Հօր, երբ կ՚ըսէ. «Արդ, դուք կատարեալ եղէք, ինչպէս որ ձեր Երկնաւոր Հայրը կատարեալ է» (Մտ 5.48). «Գթասիրտ եղէք, ինչպէս որ ձեր Երկնաւոր Հայրն ալ գթասիրտ է» (Ղկ 6.36). «Իմ պատուէրս է՝ որ սիրէք իրար, ինչպէս Ես ձեզ սիրեցի» (Յհ 15.12): Վերջին համարին մասին Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը այսպէս կը գրէ. «Քրիստոս ո՛չ միայն կը հրամայէ սիրել, այլ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս։ Չի՛ ըսեր՝ սիրէք ըստ ձեզ, այլ՝ ինչպէս Ես»։ Իսկ Սուրբ Աթանասը Տէր Յիսուսին նմանիլը այսպէս կը բացատրէ. «Ան մարդ եղաւ, որպէսզի մարդիկ աստուածային դառնան։ Քրիստոսի նմանիլը սրբութեան ուղին է»։
Մարդը կոչուած է նմանելու Տէր Յիսուսին եւ որպէսզի կարենայ նմանիլ՝ պէտք է հեռու մնայ ամէն տեսակի մեղքերէ ու չարութիւններէ: Մանաւանդ պաշտօն զբաղեցնող մարդիկ պէտք է զգոյշ ըլլան եւ հեռու մնան չար գործերէ ու սովորութիւններէ, ինչպէս նաեւ մեղքերէ, որպէսզի զիրենք շրջապատող մադրիկն ալ իրենց նման չար չըլլան, ինչպէս կը թելադրէ Սողոմոն Իմաստունը: Ընդհակառակը, պաշտօն զբաղեցնող մարդիկ եւ յատկապէս հոգեւորականները, առաջին հերթին պէտք է նմանին իրենց Թագաւորին ու Առաջնորդին՝ Տէր Յիսուսին եւ իրենց օրինակելի ընթացքով լաւ օրինակ հանդիսանան իրենց հետեւորդներուն:
Մարդը, սակայն, պաշտօն ունեցող կամ սովորական մարդը, չի՛ կրնար Տէր Յիսուսի նմանիլ, եթէ չհրաժարի ինքն իրմէ, այսինքն՝ ինքն իր անձէն, իր քմահաճոյքներէն, իր կամքէն: Այնքան ատեն որ մարդ ենթակայ է իր քմահաճոյքներուն, կամքին ու եսին, չի՛ կրնար նմանիլ Տէր Յիսուսի, սակայն, եթէ յաջողի հրաժարիլ ինքն իր անձէն՝ կամքէն, եսէն ու քմահաճոյքներէն, ապա իր մէջ կ՚արտացոլացնէ Տէր Յիսուսը, ներքին խաղաղութիւն կը գտնէ, միտքը կը խաղաղի եւ աշխարհիկ մտահոգութիւններն ու մտատանջութիւնները այլեւս չե՛ն նեղեր զինք:
Թովմա Գեմբացին իր «Նմանութիւն Յիսուս Քրիստոսի» գիրքին մէջ գեղեցիկ կերպով կը խօսի սեփական անձէն հրաժարելու մասին, այսպէս.
* Յիսուս. Որդեա՛կ, լքէ՛ անձդ ու կը գտնես զիս: Մի՛ նախընտրեր ոչինչ, մի՛ կապուիր ոչինչի եւ միշտ կը շահիս: Որովհետեւ քեզի գերագոյն աստիճանի լիացում եւ գերագոյն աստիճանի առատ շնորհ կը տրուի այն ատեն, երբ անվերադարձօրէն հրաժարիս դուն քեզմէ:
Հաւատացեալ. Տէր, քանի՞ անգամ պէտք է անձէս հրաժարիմ եւ սիրտս ինչէ՞ն անջատեմ:
Յիսուս. միշտ եւ ամէն վայրկեան, ինչպէս փոքր, այդպէս ալ մեծ իրողութիւններու մէջ: Ո՛չ մէկ բացառութիւն չեմ ընդունիր, կը կամենամ քեզ ամէն ինչէ ազատ տեսնել: Ուրիշ ձեւով ինչպէ՞ս կրնաս Իմս ըլլալ եւ Ես քուկդ, եթէ ներքնապէս ու արտաքնապէս չես հրաժարիր կամքէդ: Ինչքան շուտ կատարես այս մէկը, այդքան աւելի լաւ հոգեվիճակի մէջ կը գտնես դուն քեզ. եւ ինչքան աւելի լիովին եւ անկեղծօրէն, այնքան աւելի հաճելի կ՚ըլլաս Ինծի եւ կը շահիս:
Ոմանք կը հրաժարին, բայց որոշ վերապահումներով. ամէն բան ինծի չե՛ն յանձներ, եւ հետեւաբար՝ իրենց անձով կը մտահոգուին: Ոմանք ալ սկիզբէն ամէն բան կը նուիրեն, բայց ետքէն, երբ փորձութիւնը կը սկսի, ետ կը վերցնեն իրենց նուէրը, այդպիսով՝ չյառաջադիմելով առաքինութեան մէջ: Այդպիսիները երբեք չեն հասնիր մաքուր սիրտի իրական ազատութեան եւ իմ մտերմութեան քաղցրիկ շնորհին, եթէ չհրաժարին ամէն ինչէ եւ եթէ իրենք զիրենք չմատուցեն որպէս ամէնօրեայ զոհ. առանց այս պայմանին չկայ եւ ո՛չ ալ կրնայ ըլլալ հոգեսփոփ միութիւն Ինծի հետ:
Յաճախ ըսած եմ քեզի եւ հիմա ալ նոյնը կը կրկնեմ. լքէ՛ անձդ, հրաժարէ՛ դուն քեզմէ եւ ներքին մեծ խաղաղութիւն կը վայելես: Ամէն բան տուր, ամէն բան ստանալու համար: Ո՛չ մէկ բան կամեցիր, ամէն ինչ մոռցիր:
Ձգտիր հասնիլ Ինծի մաքրութեամբ եւ յարատեւութեամբ եւ կ՚ունենաս զիս: Սիրտդ ազատ կ՚ըլլայ եւ ստուերները ուսերուդ վրայ չե՛ն ծանրանար: Աշխատէ՛ ասոր համար, ասիկա՛ խնդրէ աղօթքներուդ մէջ, ասիկա՛ փափաքէ. աղքատանալ անձնասիրութենէդ եւ որպէս աղքատ հետեւիլ աղքատ Յիսուսին. մեռնիլ անձիդ համար եւ յաւերժ Իմ մէջս ապրիլ: Այն ատեն միայն ունայն մտապատկերներն ու ցնորքները, յանցապարտ խռովքներն ու աւելորդ մտահոգութիւնները կ՚անէանան: Այն ատեն նաեւ քեզմէ կը հեռանայ սարսափը եւ սատակումով կը մեռնի նպատակաշեղ սէրը («Նմանություն Յիսուս Քրիստոսի», Թովմա Գեմբացի, թարգմանեց (արեւելահայերէն)՝ Մաշտոց Վահէ Ղազարեան, Երեւան, 2021, էջ 153-155 - Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Վարանդ Քորթմոսեան):
•շար. 153
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ