ԺԱՄԱՆԱԿ, ԶԳԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆ, ԱՊՐՈՒՄ
Հայկական ասացուածքը կ՚ըսէ. «Լեցուր ժամանակդ», զայն կրնանք համարել փիլիսոփայական ու խոր: Մարդկային ժամանակը եթէ գոյութիւն ունի նոյն մարդկային զգացողութեան սահմանումով, այդ մէկը ինքն իրմէ չի կրնար ըլլալ տիեզերական, քանի նախ մարդով կը բանի, իսկ մարդով բանելու բանաձեւն ու գոյականութիւնը ժամանակին՝ նոյն այդ ժամանակի այսպէս ըսած՝ լեցնելն է: Այո, ամենամեծ լեցուիլը, լիացումը նոյնիսկ տարրաբանութիւնը մեր ժամանակին՝ ինքնին մեր ծնունդով կ՚ըլլայ (ըլլայ ան հաւաքական մարդկային տեսակի յառաջացումը կա՛մ անհատական մարդու երկիր մոլորակի վրայ յայտնուիլը): Ժամանակը վախճան կառուցող է, կարծես մեր միջոցաւ ու մեզ ժամանակայնացնելով: Ինչքան ալ ժամանակը բնագիտութեամբ, գոյաբանութեամբ ու տիեզերագիտութեամբ արագութենէ ու տարածութենէ կախեալ է, ան հակասաբար մարդկային էոյթին հետ չափուած է եւ իր ծնունդին ու մահուան համար կ՚իմաստաւորուի։ Այս կէտին, տեղ մը, մարդկութիւնը միշտ կը բախի իր իսկ ստեղծած գիտութեան հետ ու նոյն ժամանակային առումով տեւաբար կը կասկածի իր ընկալումներէն։ Հաւանաբար, գոյութենական ջանքը ժամանակային պարտուածութիւնը թօթափելու համար է, ինչ որ մարդկութիւնը մշտապէս փորձած է ընել: Ի վերջոյ, ժամանակի յաղթահարումը ո՛չ միայն հասնիլն է առօրէական «նուաճումներու»՝ ժամանակայնացնելով արարքագործումները, այլ գիտութեան ստեղծումն ու գործակատարումն է՝ մարդկութիւնը ինքն իր մէջ ժամանակը հասկնալու, վերծանելու եւ զայն նուաճելու մղումով: Մարդկային տեսակի ծագումն ու ժամանակայնացումը մարդկութիւնը ինչքան ալ ժամանակային դարձուցած է, միեւնոյն ատեն մարդկային ոգեղինութեան արմատներու փնտռտուքի սերմ մը յառաջացուցած է, նոյնինքն ժամանակի միջոցաւ: Կարծես բացարձակ ժամանակը ներառած, սլացուցած եւ առաքելացուցած է մարդկութիւնը, քանի ան կաղապարած է զայն: Եւ մենք փոխանակ ժամանակ սպառելու՝ ժամանակներ երազող ենք ու մենք մեզ արարչագործելով կ՚ուզենք ըլլալ բան մը ու տեղ մըն ալ համոզուած ենք, որ ժամանակ ստեղծող ենք:
Ինչպէ՞ս կը ստեղծենք ժամանակը՝ անհատական ու հաւաքական, ընդհանուր ու սեփական, կարճ ու երկար, խոր ու թեթեւ ժամանակը:
Մեր ժամանակը:
Ժամանակ լեցնելու մեր ի վերուստ կամ ակամայ առաքելութիւնը աստուածային է, երբ ստեղծագործութեան կ՚երթայ, սակայն, միեւնոյն ատեն ստեղծագործական տառապանքը վտանգաւոր է մեզի համար՝ այն իմաստով, որ ան չ՚ապահովեր իրեն իսկ կերտած ու ձգտած յաւերժութիւնը: Մարդու ժամանակային թանկագործութիւնը ստեղծագործութիւնն է, բայց, ինչո՞ւ նոյն չափով (կամ աւելի-պակաս) մարդ արարածը հակուած է զուարճանքի, վայելքի ու պարզագոյն ապրումներու ինքզինք յանձնելու։ Այդ թաքուն իմացութենէն կ՚երեւի, որ ինչքան ալ ստեղծագործական ժամանակը ամենամեծն է, բայց այդ մէկը մեզի պիտի չտայ յաւերժութիւնը կամ ժամանակային շրջանցումը: Մարդս գերին է իր այս երկուութեան՝ ստեղծագործական աստուածայնութեան կերտում եւ առօրէական անցողիկութեան ըմբոշխնում: Կեանքի ժամանակայնութիւնը այս երկուքին միջեւ կ՚ընթանայ: Մեր քաղաքական, ընկերային, կրօնական, տնտեսական ու տարբեր զբաղումներուն մէջ իրականացուած ժամանակը վաւերական է ու լի այն չափով՝ ինչքան ապրուած է, իսկ ապրիլ կը նշանակէ ըմբոշխնում, մինչ ըմբոշխնում կը նշանակէ անցողիկութիւն կամ կրկնուող զենիթներ: Ուտել-յագենալ, սիրաբանիլ-լիանալ, մարզանք ընել-ձեւի հասնիլ… եւ այլն: Բոլոր այս շրջակազմը ժամանակը լեցնելու կողքին զայն հասկնալ կը հետապնդէ, որ յաւերժապէս ալ տեղ մը չի գար, հակառակ մարդկային մեծ յառաջընթացին՝ մա՛նաւանդ մեր դարուն:
Աւելիին ձգտումը մարդկային հոգին ո՛չ միայն ընչաքաղ կը դարձնէ, այլ տեւաբար փախուստ կը բերէ՝ դէպի առջեւ նոյնինքն ժամանակէն: Հոս իմաստագործումը կը կայանայ աս մօտեցման հետ․ քանի ժամանակը մեզ ներփակեց ծնունդով, ուրեմն մենք ալ պէտք է ձգտինք առաւելագոյնին, անծայրածիրին, անվերջանելիին ու հասկնանք զինք ու իր թաւալումը: Ժամանակի յուզականութեան, ափսոսման ու վիպապաշտման ալ առաքելութիւնը մարդկային ոգիին տրուած է տեղէ մը, ուրկէ կը ծլի մարդկայնութեան ու մարդապաշտութեան տեսականացումը: Երբ չկայ ստեղծագործուող, վեւերացուող, պատմականացուող, ապագայացուղ ու գեղեցկացուող-սիրականացուող ժամանակ, նաեւ չկայ մարդու ոգեղէն արարածում: Ոգեղէն արարածումն ալ կը կատարուի ժամանակի զգայացմամբ ու այսպէս ըսած՝ յաւերժաքաղցրացմամբ։ Մենք տեւաբար ժամանակի վրայ լացող, միեւնոյն ատեն ժամանակ կերտող ենք։ Իսկ մեր մէջ եղած ու մեր իսկ կերտած ժամանակի կարօտը այնքան անսահման է, տանջող է ու ներշնչող, որ մեզի անսանձաբար կը մղէ մշտապէս փոխաբերական վրէժխնդրութեան մը՝ նոյն մեր կերտած ժամանակէն, որպէսզի գերազանցենք զայն ու հասնինք աւելի մեծ, տիեզերական ու լիածին ապրուածութան մը: Ճիշդ այս կէտին է մեր ժամանակայնութիւնը՝ անցեալ եղած կարօտահրաբացումով եւ անկէ աւելի մեծը կերտելու ընթացքաւորումով:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
•շարունակելի…